ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կ՛ըսեն, թէ մարդուս միտքն է իր գիրքը,
Ուր ամէն օր բառ մը կ՛աւելնայ սրտատրոփ,
Կամ` յոյս մը աղօտ, սէր մը ցաւոտ,
Եւ կամ` հինցած երազ մը կասկածոտ:
Կ՛ըսեն նաեւ, թէ մարդուս սիրտն ալ գիրք մըն է,
Որ իր տարիքին չափ մեծ ու հին,
Բազմատեսակ իր էջերով
Անցեալն կը կապէ իր ներկային:
Շատեր կ՛ըսեն, թէ մարդուս հոգին է իր գիրքը,
Որ իբրեւ սաղմոս, շատ յաճախ,
Կը թղթատուի երկիւղով, եւ որուն մէջէն կը բխին,
Խունկն ու աղօթք անսահման:
Բայց… ինծի համար`
Կեանքս, բաց գիրք մըն է յստակ,
Որ, իբրեւ տարիքիս հարազատ հայելի,
Աչքերուս մէջ ամրացած տեսիլքներով,
Սրտիս` մխրճուած յոյզերով,
Եւ հոգւոյս մէջ դրոշմուած ապրումներով,
Ու մանաւանդ մտքիս հեքիաթային երազանքներով,
Ամէն օր մատներովս ուրախ եւ ազատօրէն,
Եւ յաճախ ալ արտասուքովս է,
Որ զայն կը թղթատեմ ջերմօրէն: