Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Մեր Սրբութիւն Սրբոցն Է Հայոց Ազատատենչ Ու Մարտունակ Բանակը (Հայոց Բանակի Օր)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Շատեր կրնան մեզ մեղադրել հայոց բանակին տրուած վերոգրեալ բնորոշումին պատճառով: Ուրիշներ կրնան այպանել` ըսելով, թէ ազգային կեանքին մէջ, յատկապէս հոգեմտաւոր շտեմարանին, գոյութիւն ունին բազում նուիրական եւ անկրկնելի արժէքներ, որոնք նաեւ սրբութիւն սրբոց են մեզի համար, պէտք է ըլլան:

Աւելի՛ն. կրնան ըլլալ նաեւ օտարներ-օտարականներ, որոնք, այսպէս ասած, արդի ժողովրդավար մտածողութենէ թելադրուած, չընդունին տրուած նման մակդիր թէ յորջորջում, եւ մեզ ամբաստանեն իբրեւ ֆաշականներ կամ զինուորապաշտներ:

Եթէ երբեք ունինք պատասխան, այդ ալ ուղղուած պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք չունին բաւարար գիտութիւն եւ ճանաչողական ընկալումներ, ինչ կը վերաբերի մէկ կողմէ հայոց պատմութեան, եւ միւս կողմէ` հին թէ նոր աշխարհակարգերու ձեւաւորումին նպաստող թաքուն թէ բացայայտ ռազմավարութիւններու:

Փաստօրէն, կայսրութիւններու ծնունդէն մինչեւ մոնկոլական արշաւանքներ, ցարական ախորժակներէն մինչեւ յեղափոխական մակընթացութիւններ, Առաջին աշխարհամարտէն մինչեւ Երկրորդ համայնաքանդ պատերազմներ, նոյնն է եղած ազգերու թէ պետութիւններու միջեւ ծագած զինուորական գործողութիւններու հիմքը` անյագ տիրակալութիւնն ու դիմացինը բնաջինջ ընելու բարբարոսութիւն:

Իսկ վա՜յ այն ազգերուն թէ պետութիւններուն, որոնք ականջալուր չեն եղած անցեալի դառն պատումներու հրամայական պահանջին` սեփական բազուկին ապաւինելու եւ ատով ազգային արժանապատուութիւն պահպանելու նուիրական հայեցակարգին:

Ի փառս հայութեան եւ անոր ազատատենչի ու մարտունակի կերտուածքին, հակառակ ներքին ու արտաքին ահաւոր դէպքերու եւ անախորժ դասաւորումներու, ինչպէս մօտիկ անցեալի` ֆետայական անհաւասար մարտերու թէ մայիսեան փառահեղ ճակատամարտերու (1918) ընթացքին, հասնելով մինչեւ արցախեան գոյամարտ, հայութիւնը` շնորհիւ իր բազուկին, կրցաւ գերազանցել ինքզինք, փշրել ստրուկի շղթաները, յաղթել թշնամիին եւ կերտել հայոց նոր ճակատագիրը:

28 յունուար:

Թէ ինչո՛ւ նման մտորումներ սպիտակ թուղթին կը յանձնենք մանաւանդ  այս տօնին առիթ, որովհետեւ հայոց ժամանակակից պատմութեան օրագրութեան մէջ անիկա տօներու տօնն է, պէ՛տք է ըլլայ, վերապրումի եւ յաղթանակի խորանն է, պէ՛տք է ըլլայ, ազգային արժանապատուութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան կռուանն է, պէ՛տք է ըլլայ, Արարատի պաշտամունքի եւ դարաւոր երազներու իրականացման ամէնէն ապահով ճանապարհն է, պէ՛տք է ըլլայ:

Կ՛ըսեն, որ բանակը պետութեան մը պաշտպանական համակարգն է, մեզի համար շատ աւելին է, ազգի գոյութեան հիմքն է:

Կ՛ըսեն, որ բանակը ժողովուրդի մը անվտանգութեան երաշխիքն է, մեզի համար աւելի քան այդպիսին է, բնաջնջումէ փրկող միակ ապաւէնն է:

Կ՛ըսեն, որ բանակը հայրենիքի մը սահմանները պահպանող միակ կառոյցն է, մեզի համար կառոյցէ մը աւելի` գոյութենական պաշտպանութեան խարիսխն է:

Կ՛ըսեն, որ բանակը խիզախութեան, մարտունակ ոգիի ամրապնդման, զոհողութեան,  անսակարկ նուիրումի եւ զինուորական կրթութեան դպրոց է, մեզի համար այս բոլորին առընթեր` Արարատին հասնելու միակ ու անփոխարինելի կաճառն է:

Այո՛, հայոց բանակը մեզի` հայութեան համար հերոսապաշտութեան եւ հայրենիք կերտելու սրբազան հաւատամքն է, եզակի ամրոցը:

Այլ խօսքով` առանց մարտունակ բազուկի եւ հերոսական սխրանքի չէ՛ եղած հայութիւն եւ չի կայանար Հայաստան:

Այլ խօսքով` եթէ երբեք ստրկատիրութեան դարեր ապրած ենք ու գոյատեւած, ատոր գինը շատ սուղ վճարած են յետնորդ սերունդներ, ազգ մը ամբողջ:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայութիւնը վերջին քսանհինգ տարիներուն մօտէն առնչակից եղած է հայոց բանակին վերաբերող ամէն մանրամասնութեան եւ միշտ աջակից` անոր յառաջդիմութեան եւ առաւել ամրապնդման:

Ահա թէ ինչո՛ւ Արցախի ազատագրական պայքարի օրերէն մինչեւ ապրիլեան քառօրեայ մարտեր (2016), մեր քաջարի տղոց ու հետագային ստեղծուած սպայական կազմին ու սարքին հանդէպ, հայութիւնը միշտ ալ գուրգուրանքով եւ երախտագէտի զգացումներով յագեցած է, ի տես հայ զինուորի ցոյց տուած եզակի քաջութեան եւ հայրենապաշտութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ ազգ մը ամբողջ կը տառապի, կը ցաւի ու կ՛անհանգստանայ, երբ քսանամեայ նորակոչիկ զինուոր մը զոհ կը դառնայ անզգուշութեան թէ թշնամիի արձակած անարգ փամփուշտի:

Ահա թէ ինչո՛ւ ի խորոց սրտի կը  վշտանանք, երբ հայրենիքի սահմաններուն վրայ հայ զինուորի մը կորուստին լուրը կը հասնի մեզի:

Ահա թէ ինչո՛ւ կը պոռթկանք, կը բողոքենք ու մեր ցասումը բարձրագոռ կը յայտնենք, երբ ականատես կ՛ըլլանք հայ զինուորի հանդէպ ցուցաբերուած անհոգի ու անտարբեր վերաբերումի, պաշտպանական միջոցառումներու թէ զինական գոյքերու ոչ բաւարար առկայութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ մեր մղկտուած հայհոյանքը կ՛ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք առանց խպնանքի կարգախօսեր ու խրատներ կը բարբաջեն, փոխանակ բանալու իրենց վաւաշոտ քսակները եւ հոգալու հայ զինուորի մը բժշկական ծախսերուն կամ անոր ընտանիքին նիւթաբարոյական պաշտպանուածութիւնը ապահովելու:

Ճիշդ է, որ տարուէ տարի հայոց բանակին ուժական ու արհեստագիտական կարողականութիւնը կը բարելաւի, անվտանգութեան երաշխիքի թէ պաշտպանական համակարգի գործառոյթները առաւել կ՛ամրապնդուին, սահմաններու թէ դիրքերու պաշտպանուածութիւնը կ՛արդիականանայ, զինուորաճարտարապետական ուժեղ աշխատանքներ կ՛իրականացուին, այդուհանդերձ, տակաւին, գրեթէ շաբաթական դրութեամբ կը լսենք ու կը կարդանք հայ զինուորի մը նահատակութեան գուժը:

Իրօք, նահատակութիւնը հայ զինուորին կոչումն է, ամենաթանկագին արժէքը: Սակայն, թշնամին ազերիին կիրարկած զինուորական քաղաքականութիւնը մեզ պէտք է մտահոգէ, անհանգստացնէ, այն առումով, որ անիկա պատճառ կը դառնայ բազմաթիւ անգին զոհերու, եւ, այսպէս կոչուած, խաղաղ օրերու «դանդաղ մահուան»:

Միւս կողմէ, ճիշդ է նաեւ այն, որ հայոց բանակի հակահարուածները կ՛ունենան իրենց ուժեղ ազդուութիւնը, կը կատարեն զսպիչ դեր, կը պատճառեն ահ ու սարսափ, սակայն, բաղդատած թշնամիի դարանակալ յարձակումներուն, անոնք նուազ են եւ ոչ բաւարար: Ուրեմն ի՞նչն է ակնկալուածը, եթէ ոչ «ակն ընդ ականի» անփոխարինելի սկզբունքը, անկրկնելի Նիկոլ Դումանի ուսմունքը:

Ահաւասիկ մեր օրերու հրամայական պահանջը, ո՛չ միայն սաստել թշնամին, այլ նաեւ հասցնել այնպիսի ուժեղ հարուած, որ ան երկար ատեն մնայ շլմորած եւ ուժասպառ, չունենայ կարողութիւնն ու համարձակութիւնը վերստին մտնելու անհաշիւ արկածախնդրութիւններու յորձանուտին մէջ:

Ազգ-բանակ:

Անկեղծ ասած, հայութեան ու հայրենիքի պաշտպանուածութեան վիթխարի նուաճում մըն է ազգ-բանակ հայեցակարգը: Անիկա ազգային քաղաքական գերազանց մտածողութիւն մըն է, որով կարելի պիտի ըլլայ դիմակայել 21-րդ դարու բոլոր մարտահրաւէրներն ու թշնամական ոտնձգութիւնները:

Հայ քաղաքական միտքը անով կը պայծառանայ, կ՛ուժեղանայ եւ կ՛ամրանայ:

Հայ դիւանագիտական համակարգը կը դառնայ աւելի ինքնավստահ ու պահանջատէր, որոշիչ դերակատարութեամբ ընդգծեալ եւ կողմնորոշող:

Հայրենիքի տնտեսական, ընկերային թէ ճարտարարուեստի կառոյցներու  վիճակը կը բարելաւուի, կ՛ունենայ յենարան, կ՛ըլլայ հակամէտ յառաջդիմութեան եւ զարգացման:

Հայութիւնը կը բռնէ հզօրացման ուղին ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի, իրմէ կը վանէ ազգային ահաւոր բարդոյթներ, որոնցմէ պէտք է շուտափոյթ ձերբազատիլ, որպէսզի կարենայ դասուիլ ինքնաբաւ ժողովուրդներու շարքին:

Քաջ հաւատացողն ենք, որ հայութեան միակամութիւնը, հայոց բանակին շուրջ համախմբուածութիւնն ու անսակարկ աջակցութիւնը բաւարար ազդակներ են ստեղծելու այնպիսի պաշտպանական համակարգ, որով Հայաստան պիտի կարենայ շրջանցել բազում դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ:

Էականը գիտակցիլն է, որ հայ զինուորին բարոյահոգեբանական կառուցուածքը որքան ամուր եւ աշխուժ ըլլալ, նոյնքան ուժեղ եւ հզօր պիտի ըլլայ անոր կռուելու պատրաստակամութիւնը:

Արդ, հայ զինուորին նիւթական բարձր վարձատրութիւնը, ընտանեկան հատուցումն ու բացարձակ գուրգուրանքը հայ պետական այրերու եւ կառոյցներու համար անյետաձգելի հրամայական է, որով պիտի փաստարկուի հայութեան Արարատասիրութիւնն ու հայրենապաշտութիւնը:

Եթէ կարենանք հայ զինուորին փառքը հիւսել իր ողջուց, արդէն նպաստած կ՛ըլլանք ծնունդ տալու այնպիսի քաջարի սերունդներու, որոնցմով Արարատն անգամ պիտի հպարտանայ, ինչպէս որ ամբողջ հայութիւնը հպարտացաւ եւ խոնարհեցաւ հայ զինուորի կատարած սխրանքին առջեւ, 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ մարտերուն:

Հայ զինուորին եւ սպային ուղղուած ամէն խօսք, խորքին մէջ ուղղուած է ամբողջ ազգին ու պետականութեան: Հետեւաբար, կշռադատուած ամէն բառ, ի սրտի ելած ամէն աղօթք, ճշմարիտ սէր ու յարգանք, ըստ էութեան ուղղուած կ՛ըլլայ հայոց նոր ճակատագրին, որուն պաշտպանութեան կոչուած է հայ զինուորը:

Փա՛ռք հայ մարտունակ բազուկին, հա՛յ զինուորին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>