Պաշտպանութեան բանակի ներկայիս ունեցած հզօրութիւնը 2016 թուականի մարտունակութեան համեմատելի չէ:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով, այս մասին յունուար 24-ին հրաւիրած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը:
Խօսելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի 2017 թուականին կատարուած աշխատանքներուն մասին` Լ. Մնացականեանը ըսած է, որ համարժէք միջոցներ ձեռնարկուած են առաջին հերթին մարտական զօրահաւաքային պատրաստակամութեան մէջ:
«Կառուցուածքային փոփոխութիւններու պարագային, բոլոր առումներով, մեր հնարաւորութիւնները աճած են, փոխուած են մօտեցումները պահեստազօրայիններու հետ, եւ հաւաքներու միջոցով աւելցած է ռազմական կրթութուն ստացած պահեստազօրներու քանակը` բոլոր մասնագիտութիւններով, աւելի շատ` հրասայլային, հակահրասայլային եւ հրետանային ստորաբաժանումներու մասնագէտներու», ըսած է պաշտպանութեան նախարարը եւ` աւելցուցած, որ հիմնական շեշտը կը շարունակէ մնալ մարտական հերթապահութեան, ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ դիրքապահ զինծառայողներու համար աւելի բարենպաստ պայմաններու ստեղծման վրայ:
Նախարարը նշած է նաեւ, որ կատարելագործուած են բոլոր ճարտարապետական, ամրաշինական կառոյցները, կահաւորուած են նոր դիրքեր: Փորձած են զարգացնել ճանապարհային ցանցը, որ այնքա՛ն կարեւոր է մարտական գործողութիւններու ժամանակ` հիմնական ուշադրութեան կեդրոնը պահելով անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման խնդիրը:
«Հրետանիի, հակաօդային պաշտպանութեան հնարաւորութիւնները եւս նախկինին հետ համեմատելի չեն: Աւելցուած է նաեւ նշանուղիներու եւ մեր յարձակման ընթացքին խոցուող նշանակէտերու քանակը ինչպէս գիշերային, այնպէս ալ ցերեկային պայմաններուն մէջ: Արհեստագիտական-թիկունքային ապահովման հարցերով եւս մեծ ծաւալի աշխատանքներ տարուած են, եւ հիմնական շեշտը դրուած է դաշտային պայմաններու մէջ միաւորումներու, զօրամասերու, ստորաբաժանումներու կենսագործունէութեան ապահովման վրայ», ըսած է Լ. Մնացականեանը: