Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Արագահաս Սուրբ Սարգիս

$
0
0

ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԵՐԵԱՆ
Ժողովրդապետ` Գիւմրիի
Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ

Հայ ժողովուրդը Առաջաւորաց պահքի յաջորդող շաբաթ օրը կը նշէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը, որ, զուգադիպելով միեւնոյն ժամանակաշրջանին, թիւրիմացաբար հանրութեան մօտ ստեղծած է այն տպաւորութիւնը, թէ ասիկա այն պահքն է, որ նուիրուած է ի յիշատակ Սուրբ Սարգիսի վկայութեան:

Վկայութիւնները, վարքերն ու ներբողները ծնունդ առած են քրիստոնէական կրօնին հետ, ծառայելով իբրեւ հզօր գաղափարական զէնք` անոր տարածման եւ հաստատման գործընթացին:

Վկայաբանութիւնները յայտնուեցան քրիստոնեաներուն դէմ յարուցուած մեծ հալածանքներու շրջանին, անոնք նուիրուած են քրիստոնէութեան համար նահատակուողներուն: Իսկ վարքերը` կեանքը խաղաղ ձեւով աւարտած եկեղեցական հայրերուն կամ ընդհանրապէս բարեպաշտ մարդոց: Վկայաբանութիւնը կենսագրական բնոյթի պատում է, ի տարբերութիւն վարքին, որ կ՛ընդգրկէ սուրբի կեանքին ամբողջ  պատմութիւնը: Վկայաբանութիւնը մարտիրոսի կեանքին ամենանշանակալի հատուածին ներկայացումն է,անոր նահատակութեան հետ կապուած իրադարձութիւններու բաժին մը, ուր միայն հպանցիկ ակնարկ կայ անոր վկայութեան նախորդող կեանքին մասին: Իսկ այստեղ կարեւորագոյնը վկային տանջանքներուն եւ խոշտանգումներուն նկարագրութիւնն է:

Օտար ազգերու ազդեցութիւն կը կրեն հայ վկայաբանութեան ամէնէն կանուխ յիշատակութիւնները, որոնք ընդհանրացած կերպարներ են: Այստեղ դժուար է նշմարել զուտ ազգային նկարագիր, եթէ անշուշտ ուշադրութիւն չդարձնենք այն հանգամանքին, որ նկարագրուող իրադարձութիւններու վայրը` Հայաստանն է: Այսպէս օրինակ` հակառակ անոր որ Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ հայ չէր, բայց աստուածային տնօրինումով առաջնորդուած, իր որդւոյն` Մարտիրոսին հետ` հեռանալով Յուլիանոս ուրացող թագաւորի հալածանքներէն, ապահով վայր մը գտնելու միտումով, իբրեւ ապաստան ընտրեց հայոց երկիրը, ուր արդէն քրիստոնէութիւնը կայացած կրօն էր: Հայերը զիրենք գրկաբաց ընդունելով` մեծ պատիւներ տուին անոնց: Սակայն, զգուշանալով Յուլիանոսի զայրոյթէն եւ խոյս տալու վերահաս աղէտէն, թելադրեցին Սուրբ Սարգիսին եւ իր որդւոյն ապաստանիլ Պարսկաստան, ուր հեթանոսներու քստմնելի արարքներուն զոհ գնաց որդին` Մարտիրոսը: Իսկ ինք` չենթարկուելով պարսիկ Վռամշապուհ թագաւորի հրահանգին, զոր արձակած էր իր ազատազրկման օրերուն, մնաց անսասան իր հաւատքին եւ սկզբունքներուն մէջ: Թագաւորը դահիճին հրամայեց գլխատել զինք: Ան, երբ բագինին մօտեցաւ, իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած` ըսելով. «Ո՛վ Տէր, Քրիստո՛ս Աստուած իմ, անոնք, որոնք կը յիշեն իմ անունս իրենց նեղութեան մէջ եւ կը կատարեն իմ նահատակութեանս յիշատակը` ուխտով եւ պատարագով, ինչ որ խնդրեն քեզմէ, անսա՛ անոնց եւ շնորհէ՛ խնդրանքները»:

Պարսիկ տասնչորս զօրակալներու ներկայութեամբ, դահիճի կառափնատելու պահուն, երկինքէն լոյս մը կը ծագի: Ի տես այս հրաշքին, տասնչորս զօրակալները քրիստոնէութիւնը դաւանելով իրենք այս վսեմ վարդապետութեան վկաներ եւս կը դառնան:

Ս. Սարգիս զօրավարը օժտուած է արագահաս, բարեխօս եւ շնորհատու յատկանիշներով. առ այդ, ժողովուրդը դժուարին անել պարագաներուն անոր միջնորդութիւնը կը հայցէ:

Սուրբ Սարգիս զօրավարին վկայաբանութիւնը կ’եզրափակենք հայ եկեղեցւոյ դաւանանքի եւ սովորութեան շուրջ` «Գիր հաւատոյ» խոստովանութեան ընդարձակ գրութեան մէջ, Ներսէս Շնորհալի հայրապետի ներկայացուցած համառօտ որդիսականով.

«Մեր տօնած Սարգիսը, բարեպաշտ իշխան մըն էր Կապադովկիոյ մէջ, Մեծն Կոստանդիանոսի եւ անոր որդիին օրով, որուն յաջորդեց ամբարիշտ Յուլիանոսը: Սարգիս` հալածուելով այս վերջինէն, անցաւ Պարսկաստան` Շապուհ թագաւորին մօտ: Այնտեղ շատ մը զինուորներ քրիստոնեայ դարձուցած ըլլալուն համար, մարտիրոսութեան վճիռ ընդունեց իր որդիին հետ, նոյն Շապուհ թագաւորէն: Եւ որովհետեւ իր վախճանման օրը զուգադիպեցաւ յունուար ամսուն 30-ին, հետեւաբար, որոշեցին անոր յիշատակը տօնել այն շաբաթ օրը, որ կը յաջորդէ Առաջաւորաց պահքին: Տրուած ըլլալով, որ Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ հայ չէ, այնուամենայնիւ, հայ ժողովուրդը յաւուր պատշաճի զինք կը մեծարէ եւ իր սուրբերուն կարգին կը դասէ»:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>