Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Այս կարճ յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ երիտասարդութեան ներկայ կացութեան. հարց մը, որ մանաւանդ վերջին տարիներուն անընդհատ կը չարչրկէ մարդկութեան ուղեղը: Բայց մանաւանդ կ՛ուզեմ շեշտը դնել հայ երիտասարդին վրայ: Առաջին իսկ հայեացքով բոլորս կը տեսնենք, որ այսօրուան հայ երիտասարդութիւնը այն չէ, ինչ որ էր 50-60 տարի առաջ: Այսօր գրեթէ բոլորը կրթութեան տէր են, եւ պէտք է ըսեմ, որ մեծամասնութիւնը համալսարան յաճախած կամ աւարտած է:

Այս իմաստով, բաւական զարգացած եւ յառաջդիմած երիտասարդութիւն ունի հայ ազգը: Սակայն ազգային կեանքին մէջ այդ զարգացած երիտասարդութիւնը այդքան ալ աշխուժ չէ եւ չի կրնար ինքզինք դրսեւորել իր ամբողջ ներուժով: Յաճախ հայկական օրաթերթերուն մէջ կը հանդիպինք յօդուածներու, որոնք կ՛անդրադառնան խորհրդաժողովի մը, որ նուիրուած կ՛ըլլայ մեր ազգային խնդիրներուն, եւ սակայն քիչ է երիտասարդ ներկաներուն թիւը նման ժողովներուն: Յաճախ կը լսենք քննադատութիւններ, որոնք ուղղուած կ՛ըլլան մեր երէց սերունդին, որ տեղ չի տար երիտասարդութեան` արտայայտուելու, այլ միշտ հանդիսատեսի եւ հետեւողի դիրքին մէջ կը պահէ զայն: Ի վերջոյ,  մամլոյ լսարաններէն առնուած նկարները մեզի ցոյց կու տան երէց եւ նոյնիսկ ալեհեր մարդոց պատկառելի թիւ մը, մինչ անոնց տեղ պէտք է ըլլան երիտասարդները, որոնք, ո՞վ գիտէ, ի՛նչ կարեւոր գործերով զբաղած կ՛ըլլան եւ իրենց մասնակցութիւնը չեն բերեր իրենց ձայնն ալ լսելի դարձնելու համար:

Չեմ ուզեր դատաւորի դեր խաղալ եւ ամբաստանութեան թիրախը ճշդել, այլ միայն ըսեմ, որ մեղքի մեծ բաժինը ի՛նքը` երիտասարդութիւնը ունի: Նախ եւ առաջ արժէ նշել, որ լսարաններ այցելելու համար յատուկ պայմաններ լրացնելու կարիք չկայ, այլ մարդուն փափաքն ու պատրաստակամութիւնը տիրական են հոս: Հետեւաբար իւրաքանչիւր անձ կրնայ անոնց մասնակցիլ, զինք հետաքրքրող հարցումներ ուղղել եւ պատասխաններ ստանալ, ինչպէս նաեւ` իր տեսակէտը արտայայտել: Երկրորդ, մենք` երիտասարդներս, ունինք բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց լուծման յետաձգումը կրնայ աղէտալի հետեւանքներու յանգիլ, եւ չենք կրնար միշտ յոյս դնել մեր երէց ընկերներուն վրայ եւ անոնց վստահիլ, այլ պարտաւոր ենք մասնակից դառնալ խնդիրներու լուծման:

Հոս կարելի է զուգահեռը գծել ծանօթ երեւոյթի մը հետ: Եթէ մարդ ցաւ մը ունի եւ բժիշկին չ՛երթար ու զայն տեղեակ չի պահեր, բժիշկը պիտի չկռահէ, չգայ եւ չբուժէ հիւանդը: Նոյնն է երիտասարդներուս այսօրուան պարագան: Ինչո՞ւ մեր բիւր խնդիրներով խճողուած ներկան եւ որոշ յստակացումի պահանջ ունեցող ապագան պատահականութեան կը ձգենք` մտածելով, որ մեծերու աշխատանքով կամ նոյնիսկ ինքնիրեն կը լուծուի ամէն բան: Զանազան առիթներով կազմակերպուած ձեռնարկներու ընթացքին կը լսենք կոչեր եւ յայտարարութիւններ, որոնք կը միտին երիտասարդութիւնը աշխուժացնել, ազգային կառոյցներուն հետ գործակցութեան մղել, ինչպէս նաեւ` խրատ տալ, որ նեցուկ եւ թիկունք կանգնինք երէց սերունդին: Եւ խուլ կը ձեւանանք տակաւին: Բայց արդեօք կամք ու կորով չունի՞նք ծուլութեան եւ կասկածամտութեան սահմաններէն դուրս գալու եւ փոփոխութիւններ յառաջացնող ազդակ դառնալու: Ազգային հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն մաս կազմելու փոխարէն` մեր աշխուժ մասնակցութիւնը բերելու եւ ձայնը լսելի դարձնելու փոխարէն` կը նախընտրենք ոչինչ ընել, կեանքի լաւագոյն տարիները հաճոյքով անցընել եւ ժամանակ մը ետք, քաղցր մոռացութենէն սթափելով եւ դառն իրականութեան վերադառնալով, կը սկսինք յանդիմանել մեր մեծերը, որոնք իրենց «քարացած» մտայնութեամբ եւ «մաշած» գաղափարներով չեն կրնար լուծում մը գտնել երիտասարդութինը հիւծող խնդիրներուն: Մենք զմեզ չխաբենք: Պէտք չունինք սպասելու, որ մէկը գայ եւ մեր վիճակով հետաքրքրուի ու տեղեկանայ, ոչ ալ ժամանակը դեղ ու միջոց նկատենք մեր այսօրուան լճացած վիճակը փոխելու եւ հարցերուն լուծումներ բերելու, այլ մենք մեր կամքով եւ մեր խօսքով բարձրաձայն մեր կարծիքը արտայայտենք, նոյնիսկ եթէ միտքերու բախում ունենանք մեր մեծերուն հետ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս ազգային խնդիրներուն եւ յատկապէս երիտասարդութեան առնչուած հարցերուն լուծումներ գտնելու մէջ մեր մասնակցութիւնը բերենք եւ պատրաստակամութիւն ցուցաբերենք:

Բարեբախտաբար մեր թերթերը, որոնց կարգին նաեւ «Ազդակ»-ը, կ՛ողջունեն երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւնը, առիթ կ՛ընծայեն մեզի, որ յօդուածներ ստորագրենք եւ այդ միջոցով թերթի ճամբով կարելի կ՛ըլլայ երեւոյթները քննարկել եւ վերլուծել, մեզ հետաքրքրող հարցերը լուսարձակի տակ բերել, ինչպէս նաեւ` ազգային կեանքին մէջ մեր ներգրաւուածութիւնը փաստել:

Յարգելի՛ ընկերներ, այսօրուան համացանցի դրութիւնը եւ արհեստագիտական դիւրութիւնները կարելիութիւն կու տան մեզի մեր խօսքը եւ տեսակէտը անդադար հնչեցնելու, բայց մանաւանդ կարեւոր կը նկատեմ մամլոյ հետ մեր յարաբերութիւնները` ըլլան նամակներով կամ յօդուածներով: Գրենք, առաջարկներ ներկայացնենք, մեկնաբանութիւններ տանք, գաղափարական հասունութիւն եւ առողջ միտք բուրող յօդուածներ ստորագրենք: Ինչպէս նախապէս ըսի, հոգ չէ, եթէ միտքերու բախում ունենանք մեր մեծերուն հետ, քանի որ, ինչպէս կ՛ըսեն, «Վէճի ընդմէջէն ճշմարտութիւն կը ծնի»: Ըլլանք ընթերցասէր, մենք զմեզ քաղաքականացնելու ձգտինք եւ կը կարծեմ, որ այդպիսով վստահութիւնը կը վայելենք մեր երէց ընկերներուն քով: Կը հաւատամ, որ ղեկավար շրջանակները մեր այս աշխուժ ներկայութենէն խանդավառուած` ոչ թէ թերթով, այլ ուղղակի մեզի հետ պիտի նստին հարցերը քննարկելու, մեր առաջարկները լսելու, կարծիքներ առնելու, եւ կը կարծեմ, որ մեզի առիթ եւ տեղ պիտի տան գործի դաշտ մտնելու: Յաճախ կ՛ըսեն, որ` «Մենք դարբիններն ենք մեր ճակատագրին»: Կը կարծեմ, թէ որոշ ճշմարտութիւն կայ այս խօսքերուն մէջ: Անշուշտ չենք կրնար կեանքի ընթացքը մեր հակակշիռին տակ առնել, սակայն կրնանք մեր կարելին ընել եւ ազգային պարտքը կատարած ըլլալու գոհունակութիւն զգալ: Բնական է, որ ամէն մարդ միշտ ալ դէպի լաւը փոփոխութիւններ կ՛ուզէ, այլապէս ստեղծուած դժուար կացութեան փոխուիլը կը յուսայ, սակայն պատմութիւնը կը փաստէ, որ անհնար է տեղ մը նստիլ ձեռնածալ եւ հրաշքի մը սպասել: Փոփոխութիւնը յարատեւ աշխատանքի ծարաւ է:  Հարիւր տարի առաջ մեր հասակակիցները յեղափոխութիւն կը ծաւալէին, հանրապետութեան հիմը կը դնէին: Մենք այսօր դեռ որքա՞ն վերապահ պիտի մնանք: Կը բաւէ այլեւս…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>