Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունուար Գ. –Անկախութեան 100-ամեակին Առիթով

$
0
0

Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը որոշակի պատասխանատուութեան մը դիմաց կը դնէ գաղութիս միութենական եւ կրթական պատասխանատուները: Պատասխանատուութիւն` յոբելենական այս տարին լիարժէքօրէն յիշատակելու ու ձեւական տօնակատարութիւններէն քայլ մը անդին անցնելով` զայն ուղենիշի վերածելու:

Անկախութեան խորհուրդը նորահաս սերունդներուն փոխանցելը 100-ամեակի ձեռնարկներու ծրագրաւորումին հիմքը պիտի հանդիսանայ, պէ՛տք է հանդիսանայ, որովհետեւ մենք մէկ մասն ենք հայոց պետութիւն, հայկականութիւն կոչուող այդ ամբողջութեան ու անոր ուժը զգալու, ապրելու, բայց մանաւանդ ապրեցնելու համար ոչ միայն ճշգրիտ կերպով պիտի գնահատենք անոր դերը, այլ մեր ընելիքը եւս կարեւորութեամբ պիտի սահմանենք` հեռու մնալով կրաւորականութենէ ու գործուն մասնիկը դառնալով հայութեան ու հայկականութեան:

Սփիւռքի պայմաններուն մէջ ապրող մեր սերունդները պէտք է իմանան մեր պատմութեան այս լուսաւոր էջին խորհուրդը, անկախ պետականութեան ստեղծման համար մաքառող մեր ժողովուրդին ձգտումներուն մայիս 28-ով պսակադրումը. այն ժողովուրդին, որ Ցեղասպանութեան մոխիրներէն փիւնիկի նման յառնեցաւ եւ համաշխարհային մեծ ընտանիքին մէջ իր արժանաւոր տեղը գրաւեց:

Իմանալը բաւարա՞ր է սակայն: Իմանալով ու ճանչնալով, ճանչնալով ու բան մը փոխելով, այդ արժէքներուն վրայ արժէք մըն ալ աւելցնելով` պիտի արդարացնենք մեր գոյութիւնը: Այլապէս,  տօնակատարութիւններու հմայքով գինովցած` անապագայ հաւաքականութեան մը պիտի վերածուինք:

Անկախութեան 100-ամեակն է…

100-ամեակին պատգամը նախ պիտի հնչէ մեր վարժարաններէն ներս: Այնտեղ, դասապահերու նեղ ժամերէն դուրս գալով, որքան շահեկան պիտի ըլլայ կազմակերպել պատմութեան յատուկ աշխատանքային պահեր, զրոյցներ, բանավէճեր, արտադասարանային ծրագիրներ, օգտագործել լսատեսողական միջոցներ ու համացանցային բազում կարելիութիւններ: Այլ խօսքով, մղել մեր աշակերտները, որ հետաքրքրուին, պրպտեն, ճանչնան իրենց արմատներն ու որոնեն իրենց իսկ դերը անոնց կառչած մնալու մեր տքնութեան մէջ:

Յետոյ, այդ պատգամը պիտի արտացոլայ մեր միութիւններու դաստիարակչական ծրագիրներուն ընդմէջէն, ու մենք պահ մը հարց պիտի տանք, թէ որքանո՞վ են անոնք ժամանակակից, ինչպիսի՞ աղբիւրներ պէտք է օգտագործել` վերամշակելու այդ ծրագիրներն ու ներկայ պահանջներուն յարմարեցնել զանոնք: Ի՞նչ է դերը միութենական այն երիտասարդին, որ մասն է հայրենի եւ սփիւռքացած ժողովուրդի մը, որ ունի անկախ հայրենիք, բայց նաեւ` անկատար տենչեր: Ո՞ւր կը սկսի անոր պայքարը եւ ո՞ւր կ՛աւարտի, որքանո՞վ կը համեմատուի ան մեր նախնիներուն մղած պայքարին հետ:

Եթէ կարենանք ճշդել մեր երիտասարդութեան դերը, անոր առաջնահերթութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ օգնել անոր` գտնելու իր արմատներուն ու ազգային իղձերուն կառչած մնալու յստակ ուղին, այն ատեն, հաւանաբար, ճշգրտօրէն արժեւորած պիտի ըլլանք 100-ամեակներն ու անոնց խորհուրդը:

«Գ.»

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>