20-րդ դարուն արեւմտեան աշխարհի եւ միջազգային քաղաքական գետնի վրայ բռնատիրական-ամբողջատիրական կարգերը ցնցող, ամէն տեսակի խտրականութեան դէմ խօսող եւ ընկերային ու տնտեսական արդարութեան ձայնը բարձրացնող աստղ մը փայլեցաւ Օլաֆ Փալմէ անունով:
«Սկանտինաւեան ընկերվար-ժողովրդավարութիւն.- Գ. Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարական մտածողութեան զարգացման հոլովոյթը» խորագրեալ յօդուածիս մէջ (լոյս տեսած` «Ազդակ»-ի 9 նոյեմբեր 2017-ի թիւին մէջ) նշած էի, որ Օլաֆ Փալմէի ղեկավարութեան ժամանակաշրջանին պիտի անդրադառնամ այլ յօդուածով մը, որովհետեւ Փալմէն իր իւրայատկութիւնը ունի Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարական ուղղութեան զարգացման մէջ եւ յատկապէս` 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն ծաւալած «նոր ձախ» շարժման վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան առումով:
Օլաֆ Փալմէ ծնած է 30 յունուար 1927-ին, Շուէտի մէջ: Կրակոտ ու գաղափարապաշտ երիտասարդ մը` շուտով կը դառնայ տեղական աշխատաւորական ու ընկերվար-ժողովրդավարական շարժման սիւներէն մէկը: 1947-1948 տարիներուն Փալմէ ուսանելու կրթաթոշակ կը ստանայ Միացեալ Նահանգներու Քենիըն քոլեճին մէջ: Միացեալ Նահանգներու մէջ ան կը հանդիպի սեւամորթներու նկատմամբ գոյնի հիմքի վրայ խտրականութեան, առաւել եւս ազգային եկամուտի անարդար վերաբաշխման երեւոյթին, որ կը մարմնաւորուէր համատարած աղքատութեամբ: Իր Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ Փալմէ համակրի ընկերվարութեան եւ իր վերադարձին (1949) կ՛անդամակցի Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան` գործելով կուսակցութեան երիտասարդական թեւին մէջ: 1955-ին ան կը դառնայ Շուէտի Ընկերվար- ժողովրդավարական երիտասարդական միութեան խորհուրդի անդամ: Փալմէի կարծիքը հետեւեալն էր ընկերվարութեան մասին. «Ես կը տեսնեմ, որ ընկերվարութիւնը կը հաստատուի իբրեւ աստիճանական ու դաստիարակչական ընթացք, ուր մարդիկ աստիճանաբար կը ստանան պատասխանատուութիւնները, որոնք տրուած են դրամատէր փոքրամասնութեան»:
1950-ականներուն Փալմէ կ՛այցելէ Ասիոյ ցամաքամասի հարաւն ու հարաւ-արեւելքը (Հնդկաստան, Սրի Լանքա, Թայլանտ, Պուրմա, Ինտոնեզիա եւ Սինկափուր): Այստեղ ան կը տեսնէ գաղութատիրութեան ծանր հետեւանքները` բռնագրաւուած երկիրներու բնիկ ժողովուրդներուն շահագործումը բռնագրաւող ուժերուն կողմէ: Փալմէ կ՛անդրադառնայ դէպի Հնդկաստան եւ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան եւ իր գաղափարական ուղղութեան վրայ այդ այցելութեան ունեցած ազդեցութեան` ըսելով. «Ես դարձայ ընկերվարական, երբ այցելեցի Հնդկաստան եւ տեսայ սոսկալի աղքատութիւնը այն ժամանակ, երբ մարդիկ սարսափելիօրէն հարուստ էին»:
Ահա այս զարգացումներուն բերումով կը կազմուի Փալմէի գաղափարական ուղղութիւնը, որ ընդգրկած էր աւանդական ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, պսակուած` հակագաղութատիրական, հակացեղապաշտ եւ բոլոր զրկուածներուն հետ միջազգային համերաշխութեան սկզբունքներով (ներառեալ` ազգային-ազատագրական պայքար):
Փալմէի կողմէ Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարութեան ստանձնման ժամանակաշրջանը շրջադարձի յատուկ պահ մըն էր դէպի միջազգայնօրէն ձեւաւորուած «նոր ձախ» շարժում` յարմարցնելով ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը «նոր ձախ»-ի խաղաղասիրական, կնոջական, ազգային-ազատագրական եւ արմատական ժողովրդավարութեան ուղղութիւններուն:
Նախ եւ առաջ Փալմէ կը զարգացնէ ընկերային բարեկեցութեան համակարգը` հասնելու համար հասարակական աւելի համեստ խաւերուն: Սկսելով բանուորութենէն, ան աւելի լայն իրաւասութիւններ կու տայ արհեստակցական միութիւններուն` աշխատավայրերուն մէջ որոշում տալու հարցերուն շուրջ, ինչպէս` աշխատավարձի, աշխատանքի ընդունման եւ աշխատանքէ ազատ կացուցելու հարցերը: Կառավարութիւնը նաեւ աշխատանքի բնութեան շուրջ կ՛օրինականացնէ, որ մաքուր եւ ապահով միջավայրի մը մէջ աշխատի բանուորը: Փալմէ նաեւ կը բարձրացնէ հարկային տոկոսը մեծ ընկերութիւններուն վրայ` Շուէտը դարձնելով Եւրոպայի մէջ ամէնէն բարձր հարկային համակարգ ունեցող պետութիւնը (որոշ պարագաներու` հասցնելով մինչեւ իսկ 80 տոկոսի): Ան կը կատարէ եկամուտներու վերաբաշխում` հսկայական ներդրումներ կատարելով ընկերային ապահովագրութեան, առողջապահական եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս` ատամնաբուժութեան ապահովագրութիւն, բնակարանային յատուկ յատկացումներ կարիքաւոր մարդոց համար եւ հաշմանդամներու թոշակային ապահովագրութիւն: Նորութիւն մտցնելով Շուէտի մէջ` Փալմէ երկրին դռները կը բանայ բռնատիրական կառավարութիւններու հակամարդկային ոճիրներէն փախստականներուն առջեւ, կը ջնջէ կառավարութեան հերթական հանդիպումները Շուէտի թագաւորին հետ` այսպիսով նուազեցնելով թագաւորին իրաւասութիւնները:
Երկրի արտաքին քաղաքականութիւնն ալ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Շուէտը իր արեւմտեան ամերիկամէտ միտումներէն շրջադարձ կատարեց եւ դարձաւ առաջին արեւմտաեւրոպական պետութիւնը, որ յայտարարեց անկողմնակալութիւն կամ չէզոքութիւն: Նաեւ, եւրոպական քաղաքականութեան մէջ Շուէտը առաջին պետութիւնը եղաւ, որ բացայայտօրէն կը դատապարտէ ամբողջատիրական, ցեղապաշտ, ռազմապաշտ եւ հակաժողովրդավարական կարգերն ու արտաքին զինուորական միջամտութիւնները: Փալմէ քննադատեց Վիեթնամի պատերազմը, Հարաւային Ափրիկէի մէջ ցեղային խտրականութեան քաղաքականութիւնները, Չիլիի բռնապետ Փինոշէի յեղաշրջումը, իսկ միւս կողմէ` իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հարաւային Ամերիկայի մէջ զինեալ պայքարին` ընդդէմ բռնատիրական կարգերուն, Հարաւային Ափրիկէի մէջ հակացեղապաշտ ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ` համայնավարական պետութիւններուն մէջ կիրարկուած հակաժողովրդավարական քաղաքականութիւններուն:
Այսօր Փալմէն (իր գաղափարներով) եւս դարձած է յիշողութեան առարկայ, մանաւանդ` պետական յաւելեալ աջակցութեամբ ընկերային ապահովագրութեան իմաստով, որովհետեւ այսօր աշխարհը (ներառեալ` Հայաստանը) կը դիմագրաւէ նոր-ազատականութեան կողմէ կիրարկուած խստամբերական, եկամուտի անարդար բաշխման, հարկային անարդար քաղաքականութեան (նուազեցնելով մեծ ընկերութիւններու վրայ ծանրաբեռնուած հարկային տոկոսը) վրայ հիմնուած ընկերային-տնտեսական լուրջ հարցեր, ինչպէս` աղքատութիւն, անտունիներու գոյութիւն եւ արտագաղթ: Ուստի, աւելի քան որեւէ ժամանակ4 հրամայական կը դառնայ, որ աշխարհի մէջ գործող բոլոր ընկերվարական կուսակցութիւնները վերադառնան իրենց ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան արժէքներուն` կեցնելու համար նոր-ազատական յորձանքը: