Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ինչո՞ւ Անունները Այդքան Կարեւոր Են

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երբ հարցը կը վերաբերի քաղաքականութեան եւ միջազգային դիւանագիտութեան, անունները կարեւոր են: Մենք գիտենք, որ կարեւոր են, որովհետեւ մարդիկ իրենց անունները յաճախ կը փոխեն: Անցեալ շաբաթ երկու հասցէներ փոխուեցան:

————————————————————

Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը ինքզինք գտաւ տեղակայուած ոչ թէ Ուիսքոնսին փողոցին մէջ, այլ` Պորիս Նեմցով Փլազայի, որ անուանուած էր ի պատիւ ռուս ընդդիմադիր ղեկավարին:

Եւ Թուրքիոյ մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան փողոցը այժմ կը կոչուի Ֆահրէտտին Փաշա փողոց:

Թրքական կացութիւնը անմիջապէս 2018 թուականի իրադարձութիւն է,  թուիթըրեան արձանագրութեան պատճառով: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքի ոստիկանապետ Շեֆի Քհալֆան Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողանը խաբեբայ անուանեց: Այդ մասին արաբ պաշտօնատարը հետեւեալը գրած է իր «Թուիթըր»-ի էջին մէջ. «Էրտողան միւս ղեկավարներէն կը տարբերի անով, որ ան  խաբեբայ է»:

Կարճ ժամանակ ետք արաբ ոստիկանապետի արձանագրութեան միացան «Թուիթըր»-ը գործածող շուրջ 1000 անձեր:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլա պըն Զայէտ Նահիան «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած էր, որ դար մը առաջ  Օսմանեան կայսրութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար Ֆահրէտտին փաշա վատ վերաբերում ունեցած է արաբներուն հանդէպ, երբ ան Մետինա քաղաքի կառավարիչ եղած է:

«Երբ 1916 թուականին թուրք Ֆահրի փաշան ներխուժեց Մետինա, թալանեց ժողովուրդին ունեցուածքը, առեւանգեց շատեր եւ Մետինայէն բազմաթիւ ձեռագիրներ գողցաւ: Այդ գողութեան մասին գիտէի՞ք: Ահաւասիկ այս է Էրտողանի պապերուն եւ իսլամ  արաբներու յարաբերութիւնը», գրած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլա պըն Զայէտ Նահիանը:

Վերագրումին կ՛ընկերանար մեղադրանք մը, որ Թուրքիոյ ներկայիս նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախնիները նոյնպէս մեղսակից են  վատ վերաբերմունքին:

Պարոն Էրտողան գոհ չէր մնացած:

Թրքական պատկերասփիւռը ցուցադրեց փողոցներու փոխուած անունները:

«Արաբ նախարարը պէտք է իր տեղը գիտնայ», ըսաւ Էրտողան, ըստ որուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները խաթարուած է «դրամով եւ քարիւղով»:

Ուրեմն այժմ Թուրքիոյ մէջ ԱՄԷ-ի դեսպանատունը «կը նստի» փողոցի մը վրայ, որ վերանուանուած է այդ հին օրերու կառավարիչին անունով: «Յաջողութիւն` ատոր հետ», աւելցուցած է Անգարայի քաղաքապետը` թուիթըրեան արձանագրութեամբ մը:

Օր մը ետք Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան պաշտօնական հասցէն փոխուեցաւ` Ուիսքոնսին փողոցէն Պորիս Նեմցով Փլազայի, մայրաքաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Մարի Չէի եւ Ֆիլ Մենտըլսընի ներկայացուցած օրինագիծի վաւերացումով:

Պորիս Նեմցով ռուս ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ էր, որ սպաննուած էր Քրեմլինի  մօտ, 2015 թուականին: Ռուսիոյ մէջ քաղաքագէտ մը դեսպանատան փողոցի անուանափոխումը «նենգութիւն» անուանեց:

Վ. Փութինը բուռն կերպով քննադատող Պորիս Նեմցով սպաննուած է 2015-ին

Ասոնք միայն վերջին օրինակներն են անուններու ուժի եւ կարեւորութեան  դարերու  ճանաչման:

Իրան

Եթէ դուք առցանց փնտռէք Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ  դեսպանատան հասցէն, ձեզի կը տեղեկացուի, որ ատիկա Ֆերտուսի պողոտայի թիւ 198-ն է:

1980-ականներու սկիզբին իրանցիները լաւ էին անունները փոխելու հոլովոյթին մէջ: Տապալած շահին վարչակարգին անունները կրող հազարաւոր փողոցներ եւ շէնքեր անուանափոխուեցան իսլամական յեղափոխութեան նուիրուած անուններով:

Առաջին քայլը առին խումբ մը ուսանողներ, որոնք 1981-ին Իրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան փողոցին անունը` «Չըրչիլ», փոխեցին «Պոպի Սենտս փողոց»-ի` ի յիշատակ Իրլանտայի յեղափոխական բանակի նշանաւոր գործիչին, որ զէնքեր պահելու յանցանքով Բրիտանիոյ իշխանութիւնները բանտարկած էին, եւ որ բանտին մէջ մահացաւ հացադուլի պատճառով: Բրիտանիա պաշտօնապէս զայն կը նկատէր թշնամի:

Դեսպանատունը, սակայն, այս խնդիրը ձեւով մը շրջանցեց` օգտագործելով նոր մուտք մը, որ կը բացուէր պարսիկ ազգային բանաստեղծ նկատուող Ֆիրտուսիի անունը կրող փողոցին վրայ, ուրեմն ապահով էր, որ ապագային պիտի չանուանափոխուի:

Երկրի Անուանափոխում

Եթէ փողոցի մը անուանափոխումը վիճայարոյց է, ամբողջ երկրի վերանուանումը ճակատագրական է:

Այլեւս դուք չէք լսեր կամ կարդար «Վերին Վոլթա» արտայայտութիւնը: Պուրքինա Ֆասօ (կամ ուղղամիտ մարդոց երկիրը) մեզի կ՛ըսէ, թէ ասիկա երկիր մըն է, որ այլեւս չի պատկանիր ֆրանսական գաղութատիրութեան: Ճշդուած էր, որ  տարածքը նշելու լաւագոյն միջոցը կ՛ըլլայ զուտ աշխարհագրական:

Եուկոսլաւիոյ մէջ հակամարտութիւնը եւ տարանջատումը 1990-ական թուականներուն  վերականգնեցին մակեդոնական պետութեան գաղափարը:  Բայց Մակեդոնիա նոյնպէս անունն է Յունաստանի սահմանային շրջանին:

Ուրեմն, ի՞նչ անուանել նոր երկիրը: Անկախ Մակեդոնիա՞: Մակեդոնիոյ Հանրապետութի՞ւն:

Այդ օրերէն ի վեր բանակցութիւններ կ՛ընթանան, գրեթէ` ապարդիւն:

Մ. Նիմեց կը յուսայ, որ Յունաստան եւ Մակեդոնիա կը լուծեն իրենց անուանակոչութեան վէճը

Անցեալ շաբաթասկիզբին Մաթիու Նիմեց, ՄԱԿ-ի բանագնացը, որ տասնամեակներէ ի վեր կը փորձէ լուծել հարցը, ըսաւ, որ այժմ հարցին լուծումը աւելի մօտ է:

Փողոցի, Երկրի, Մարդոց Անուններ

Անունները կարեւոր են, երբ կը խօսիք փողոցի, երկրի կամ մարդու մասին:

Բռնցքամարտի աստղ Քասիուս Քլէյ, երբ իսլամացաւ, իրեն համար շատ կարեւոր էր, որ աշխարհը զինք ճանչնայ որպէս Մոհամետ: Վեց յաւելեալ տարի տեւեց, մինչեւ որ Միացեալ Նահանգներու թերթերը դադրեցուցին զինք կոչել Ալի, որ ըստ բռնցքամարտիկին «ստրուկի անուն» էր:

Եւ պատճառը, որ մենք շատ կարեւորութիւն կու տանք անուններուն, այն է, որ անունները աշխարհին բան մը կը թելադրեն մեր մասին:

Կրնայ իւրայատուկ բան մը ըլլալ:

Պրազիլցի ֆութպոլիստները ընդհանրապէս այլ անուններ, կեղծանուններ ունին: Էտսոն Արանթես տը Նասիմենթօ գրեթէ ոչինչ կը նշանակէ: Փելէ ամէն բան կը նշանակէ:

Փելէ

Թէեւ ֆութպոլի թագաւորը իր ինքնակենսագրական գիրքին մէջ գրած է, որ չի գիտեր, թէ Փելէ անունը ուրկէ՛ եկած է եւ ի՛նչ կը նշանակէ:

Ուրեմն, ուժ մը կայ անունը ընտրելու համար, ուժ մը` այդ անունը փոխելու եւ, ինչպէս կրօնն ու դիցաբանութիւնը մեզի կ՛ըսեն,  ուժը` պահելու այդ անունը:

Որդեգրուածներու Անունները

Ընկերոջս հետ որոշած ենք երեխայ մը որդեգրել: Մեզի ըսուեցաւ` ինքնութեան կարեւորութեան մասին երեխայի մը, որ կը տառապի կորուստէ եւ վախէ: Նոյնպէս նշուեցաւ, որ երեխայի մը ծննդեան անունը (որքան ալ չսիրես այդ անունը) փոխելը կրնայ վնասակար ըլլալ:

Երեւակայեցէ՛ք, որ քու անունէդ բացի` ոչինչ ունիս, եւ ատիկա քեզմէ կը խլեն նոր ծնողներդ, որոնց մասին քեզի ըսուած է, որ քեզ պիտի սիրեն եւ պաշտպանեն:

Հրէական աւանդութեան մէջ միայն Երուսաղէմի տաճարի քահանայապետին կ՛արտօնուէր արտասանել Աստուծոյ անունը, նոյնիսկ այն ժամանակ` տարին անգամ մը:

Եգիպտացի աստուածուհին Իսիս ստացաւ արեւու աստուած Ռայի ամբողջական զօրութիւնը, երբ գիտցաւ իր իսկական անունը:

Այնպէս որ, մեր անուանումները կրնան կախարդական ըլլալ:

Անունները կարեւոր են:

Օգտագործուած աղբիւր՝ «Պի. Պի. Սի.»

————————————–

Այս առթիւ վերյիշենք մեր բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց Անունները» բանաստեղծութենէն հատուածներ

Հայոց Անունները

Անուն կայ, որ վարդի բոյր է,
Կայ, որ սարի պաղ աղբիւր է,
Կայ, որ քեզ տուն կանչող քոյր է,
Կայ, որ անուշ մօր համբոյր է,
Կայ, որ ձեռիդ եղբեր սուր է,
Հայ անունը` պատիւը մեր`
Միշտ լաւ գործի ծնունդ անմեռ:

Անուն էլ կայ, բայց ո՞րն ասես,
Կատակով են դրել կարծես,
Մէկը մէկից անտոհմ ու սին`
Էլ անճաշակ Լիւքս ու Տորկսին,
Էլ Իլոնա, էլ Ալֆրէտ,
Էլ Ժոռժեթա, էլ Վան-Շիլպերթ,
Էլ Ռիտա, էլ Պատեֆոն,
Էլ Քլարա, էլ Անելկա,
Թէ թարգմանես` ի՞նչ դուրս կը գայ,-
Ծաղր ու ծանակ մեր ուստրերին,
Եւ առաւել մեր դուստրերին:
Բայց ծիծաղից վատթարը կայ`
Հանդիպում ես եօթ աղջկայ`
Եօթից մէկն է Վարդ կամ Նարգիզ,
Միւսներն` Լուիզ, Լարիս,
Եւ դեռ Էլլա, կամ` Նովելլա,
Մարդ չգիտի խնդա՞յ, թէ լայ.
Միթէ՞ չկար, որ չեն դրել,
Հայ մի անուն մարդավայել,
Որ կնքել են Արգենտինա,
Կարծես երկրի քարտէզ է նա:

Ծիծաղում ես, բայց ծիծաղն ի՞նչ,
Ուր է հայոց անունը ջինջ,
Հազարից մէկն հազիւ ունի
Անուշ անունն իր հայրենի.
Մի Յասմիկ է, հազար Էլլա,
Մի Անահիտ, այնքա՜ն Պելլա,
Մի Արտաւազդ, այնքա՜ն Համլետ,
Որ վիճում են մեր անուանց հետ,
Թէ` եթէ բանն այսպէս գնայ,
Էլ ձեր հայոցն ո՞ւր կը մնայ…

Հայ անունն եմ ես ձեզ ասում:
Դուք հասկացէք հայոց լեզուն,
Ու թող ծաղկի կեանք ու գինով`
Ամէն մի ազգ` իր անունով:
Մեր անունն էլ մի միտք ունի.
Ի՞նչ պակաս է մի Աղաւնի,
Անունն ինքն էլ աշխարհի մէջ
Անուշ մի կանչ խաղաղատենչ,
Ո՞վ է բռնել մեր կոկորդից`
Որ ձեռք քաշենք Հայկ ու Վարդից,
Հայկ անունն եմ ես ձեզ ասում
Դուք հասկացէք հայոց լեզուն,
Ամէն անուն մի բառ է ճոխ`
Աւանդավէպ` ազգդ պահող.
Մի Վարդան է երբ մէկն ասում`
Աւարայրն է հետդ խօսում,
Բաւ է պոկես ի սէր այլոց
Հայ կնիքից անունն հայոց:
Ա՜խ, ի՞նչ ասեմ ես այն հային,
Որ սէր չունի էլ ազգային,
Որ մայր հողից չի ամաչում,
Իր հայ որդուն Ճոն է կանչում:
Այս է ցաւը, ով մտակոյր,
Պահիր անունդ հայրենաթուր
Պահիր ազգդ պատուոյ գահին:
Հայ անունն էլ կեանքն է հային
Հայոց լեզուով աստուածային:

Ես մէկն ասի, դուք յիշեցէք
Մեր անուններն հազար ու մէկ,
Հազար բարի գործից ծնուած`
Սերունդներով ոսկեջրած,
Մեզ աւանդուած, որ զրահենք,
Մեր հայ ազգը յաւերժ պահենք:
Քանզի ամէն ազգի անուն
Իր տարազն է, իր մայր լեզուն,
Իր սրբութիւնն յաւերժական.
Եւ օրէնքն է ողջ մարդկութեան`
Իր ազգինը ով չսիրի
Թշնամին է ողջ ազգերի.
Ինչո՞ւ հագնես ձեւ ամէնի,
Երբ քոնն ունես, ով քաղքենի,
Երբ իր գոյնից, իր անունից,
Իր մայր լեզուից ձեռ քաշողը:
Վերջն էլ կը տայ իր մայր հողը…

Յ. ՇԻՐԱԶ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>