Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ամերիկա` «Կաթի Եւ Մեղրի Երկիր» (3)

$
0
0

ՍԱՌԱ ԳՈԲՈՅԵԱՆ
Անգլերէնէ թարգմանեց` ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ի՜նչ փորձառութիւն… Ահաւասիկ ամուսնացած եմ անձի մը հետ, որուն հետ քանի մը բառ միայն փոխանակած ենք: Տեղեակ չէի, թէ ո՛ւր պիտի տանի զիս, բնակարան մը ունի՞, թէ՞ ոչ: Ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս սպառած էի:

Հայկին ըսուած էր, որ իր հարսին հետ պէտք է առանձնանայ: Կեանքիս ամենատխուր օրը: Մեր ամուսնութեան թուականը` 28 սեպտեմբեր 1935:

Միասին քալեցինք` առանց իրարու հետ մէկ բառ իսկ փոխանակելու: Հասանք մօտակայ պանդոկ մը եւ հոն է, որ տեղեկացայ, թէ ի՛նչ կը պատահի` որպէս ամուսնացած զոյգ, եւ վախէս կը դողայի:

Պանդոկին մէջ մնացինք երկու օր, ապա վերադարձանք Հայկի զարմիկին տունը: Ուրախ էին, որ իրենց ամենակրտսեր զարմիկը` Հայկ, ամուսնացած էր ուսեալ աղջկան մը հետ: Այդ էր իրենց գլխաւոր մտածումը:

Քանի մը օր մնացինք հոն, ապա գացինք Միլուաքի: Չէի գիտեր` ո՞ւր պիտի բնակինք: Բնաւ այդ մասին չէր արտայայտուած, իսկ ես բնականաբար չէի հետաքրքրուած:

Հասանք Լինքըն պողոտայ: Բացաւ նորապսակ զոյգին բնակավայրին դուռը: Չէ՛: Ո՛չ պանդոկ էր, ո՛չ ալ տուն: Հնակարկատի արհեստանոց մըն էր` իր լման սարքերով, նաեւ` քանի մը կօշիկի ներկարարի աթոռներ: Խանութին ետեւի մասը կը գտնուէին` անկողին մը, աթոռ մը եւ շատ փոքր պատուհան մը, բնական կազէ օճախ մը, քանի մը աման, քանի մը գաւաթ եւ փոքր, շա՛տ փոքր սեղան մը, որուն վրայ   երկու հոգի հազիւ թէ կարենային միասին ճաշել: Կողքին` փայտէ աստիճան մը, ուրկէ կարելի էր իջնել գետնայարկը, ուր կը գտնուէր բաղնիք մը եւ լուացարան մը: Ունէինք նաեւ տաք ջուր:

Այդ շրջանէն մարդ չէի ճանչնար: Գոսեանները կը բնակէին քաղաքի հիւսիսային մասը: Ինքզինքս առանձին կը զգայի:

Հայկին օրական եկամուտը կը տարուբերէր 30-50 սենթի միջեւ: Կ՛ապրէինք շաբաթը 5 տոլարէն նուազ գումարով: Այդ տարիներուն կապոց մը հացի գինն էր 10 սենթ, իսկ 12 հաւկիթի համար կը վճարէինք 12 սենթ:

Գնումներ կատարելու դժուարութիւն ունէի: Շատեր չէին հասկնար անգլիական շեշտով խօսած անգլերէնս: Նպարավաճառէն «պիսքըթ» կ՛ուզէի եւ չէր հասկնար: Աւելի ուշ սորվեցայ, որ Ամերիկայի մէջ «քուքի» կը կոչուի:

Երկու շաբաթէն աւելի է, որ ամուսնացած էինք եւ տակաւին զիրար լաւ չէինք ճանչնար:  Հայկին զարմիկներէն մէկուն կինը օր մը եկաւ եւ ամուսնիս հարցուց, թէ կրնա՞մ 5 փոքրերու հոգատարութեամբ զբաղիլ: Մայրերնին ինքնաշարժի արկած մը անցուցած էր եւ բաւական երկար պէտք էր հիւանդանոց մնար: Բնականաբար իմ կարծիքս չհարցուցին, եւ որոշողը եղաւ Հայկը:

Փոխադրուեցայ փոքրերուն բնակավայրը: Չորսը դպրոց կը յաճախէին: Միայն մէկը, որ երկու տարեկան էր, տունը կը մնար: Օրս կ՛անցընէի այդ փոքրիկին հետ: Շաբաթավերջերուն Հայկը կու գար ինծի այցելութեան:

Այդ շրջանին մէջ բաւական հայեր կ՛ապրէին, եւ գրեթէ բոլորը կ՛աշխատէին նոյն գործարանը: Գրեթէ բոլորին ծանօթացայ հանրային բաղնիքի մէջ: Տուները բաղնիք չունէին այդ տարիներուն, եւ լոգանքի համար բոլորը կը յաճախէին թաղին անկիւնը գտնուող հանրային բաղնիքը:

Բաւական ժամանակ ետք տիկին Գաչիկեանը դուրս եկաւ հիւանդանոցէն, սակայն տակաւին ի վիճակի չէր տան գործերով կամ երեխաներով զբաղելու, եւ ես իրենց մօտ մնացի շուրջ 3 ամիս:

Մինչ այդ նամակ մը ստացայ ամուսնոյս Ռէյսին բնակող ազգականներէն մէկէն: Տիկին Շամշոյեանը անհանգիստ էր, եւ պէտք էր երթայի հոգ տանելու իր 9  տարեկան զաւկին: Քանի մը հագուստ առի հետս ու գացի Ռէյսին` Շամշոյեաններուն բնակարանը, ուր մնացի աւելի քան մէկ ամիս:

Ռէյսին գտնուած միջոցիս նամակ մը ստացայ ամուսինէս, որ կը տեղեկացնէր, թէ իր զարմիկներէն մէկուն աղջկան հարսանիքի պատրաստութեան համար պէտք էր երթայի իրենց մօտ` օգտակար հանդիսանալու:

Քանի մը ամիս եղած էր մեր ամուսնութեան, եւ շատ քիչ ժամանակ անցուցած էի մեր տան մէջ: Ամէն կողմէ կը կանչէին օգնութեան: Երբեմն կը մտածէի` ա՞յս է ամուսնական կեանքը: Ամուսին ունենալ եւ իրարմէ հեռու ապրիլ:

Օր մը ամուսինէս նամակ մը ստացայ: Կը յայտնէր, որ անմիջապէս վերադառնամ տուն: Տիկին Շամշոյեանը ամբողջովին չէր ապաքինած, եւ կը քաշուէի ըսելու, որ պէտք է վերադառնամ տուն: Կը սպասէի, որ ամուսինս ընէր այդ առաջարկը:

Նոյն շրջանին 6 ամսուան կեցութեանս պայմանաժամը աւարտեցաւ: Ամերիկեան Գաղթականական գրասենեակի օրէնքներու համաձայն, պէտք էր վերադառնայի Անգլիա եւ դարձեալ մուտք գործէի` որպէս ամերիկեան քաղաքացիի մը կինը, սակայն նիւթական կարողութիւնը չունէինք Անգլիա երթուդարձի տոմս մը գնելու: Նամակ մը գրեցի Գաղթականական գրասենեակ` պարզելով մեր նիւթական նեղ կացութիւնը եւ խնդրելով, որ փոխանակ Անգլիա երթալու`  երթամ Քանատա ու ապա վերադառնամ Ամերիկա: Քանատա շոգեկառքով քանի մը ժամուան հեռաւորութիւն է: Բարեբախտաբար ընդունեցին խնդրանքս:

Քանատա հասնելուս` ուղղակի կորսուած էի: Ոչ ոք ունէի զիս դիմաւորող եւ տեղեակ չէի, թէ ո՛ւր է ամերիկեան դեսպանատունը: Մեծ դժուարութեամբ կարողացայ գտնել: Հոն ֆիզիքական ընդհանուր քննութիւն մը կատարեցին` վստահ ըլլալու համար առողջական վիճակիս մասին: Մանկութեանս վատառողջ եղած էի, բարեբախտաբար ամէն ինչ լաւ ընթացաւ եւ վերադարձայ Ամերիկա: Այժմ թռչունի մը նման ազատ էի: Ոչ ոք իրաւունք ունէր զիս դուրս դնելու:

Ամիսներ հոս ու հոն թափառելէ ետք, վերջապէս մուտք գործեցի ամուսնոյս փոքրիկ «տնակը»` իր չափէն աւելի աղքատիկ կահաւորումով:

Կիրակի օրերը Ռէյսին կ՛երթայինք «փիքնիք»-ի կամ այլ հաւաքներու, սակայն եւ այնպէս, ինքզինքս առանձին կը զգայի: Պակաս բան մը կար:

Յաճախ կ՛այցելէի շրջանի ամերիկեան տարբեր եկեղեցիներ: Կը ծանօթանայի նոր մարդոց: Ինքզինքս նուիրած էի Աստուծոյ: Այդ բարի Աստուածը, որ հրաշքով մը զիս ազատեց ու բերաւ այս սքանչելի երկիրը:

* * *

Ամուսինս ինծի պէս հաւատացեալ չէր: Ամերիկա չգաղթած` իր գիւղի եկեղեցւոյ մէջ  դպրութիւն ըրած էր, սակայն Ամերիկա հաստատուելէ ետք բնաւ եկեղեցի չէր այցելած: Ինծի կը հարցնէր, թէ ինչո՞ւ պէտք է սորվինք աղօթքները, իսկ ես կը բացատրէի, որ աղօթք սորվելու կարիքը չունինք: Պարզապէս երբ Աստուծոյ հետ կը խօսինք, ինչպէս երկու անհատներ, այդ խօսակցութիւնը կը կոչուի աղօթք:

Պնդումներուս վրայ օր մը ինծի ընկերացաւ եւ գացինք ամերիկեան եկեղեցի մը: Հայկական եկեղեցի չունէինք այդ տարիներուն, իսկ երեկոյ մը նկատեցի, որ արցունքոտ աչքերով Աւետարան կը կարդայ: Այդ մէկը մեծ մխիթարութիւն էր ինծի համար:

Հաճոյքի վայրեր չէինք այցելեր: Միակ հաճոյքս Աստուծոյ տունը յաճախելն էր: Եկեղեցի յաճախելով`  քանի մը նոր մարդոց ծանօթացայ, բոլորն ալ` ինծի պէս աստուածավախ: Հայկը միայն մէկ անգամ հետս այցելեց եկեղեցի:

Երկու աղջիկներու մայր էի: Իլոյիս եւ Լիւսի: Տրուած ըլլալով, որ որբանոցներու մէջ անցուցի մանկութեանս ու պատանեկութեանս տարիները, եւ բարձրագոյն ուսում ստանալու առիթը չընծայուեցաւ ինծի, այդ պատճառով մեր կարելին ըրինք, որ մեր երկու աղջիկները ստանան բարձրագոյն ուսում: Երկուքն ալ յառաջադէմ աշակերտուհիներ էին: Երկրորդական վարժարանը,  ինչպէս նաեւ քոլեճը աւարտեցին բարձր յիշատակութեամբ:

Իլոյիզ իր բարձրագոյն ուսումը ստացաւ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ եւ նոյն համալսարանի ուսանող Ճէյմ Նիլլի հետ ընտանիք կազմեց: Ճէյմին հայրը պատուելի էր: Թեքսասէն ժամանեց եւ ինք կատարեց մեր զաւակներուն պսակի արարողութիւնը: Աւելի ուշ, երէց աղջիկս` Լիւսի, դարձեալ Քալիֆորնիոյ մէջ ընտանիք կազմեց Ճորճ Սթենտի հետ: Ճորճին հայրը նոյնպէս  պատուելի էր:

Հիանալի փեսաներ ունիմ, զորս կը սիրեմ այնքան, որքան` իմ հարազատ աղջիկներս:

Բախտաւորուած եմ 4 թոռներով: Իլոյիս եւ Ճիմ ունին մանչ մը եւ աղջիկ մը` Պրենթ եւ Լիզա, իսկ Լիւսի եւ Ճորճ` երկու մանչ զաւակներ` Մարք եւ Սթիվըն:

Ճիմ եւ Իլոյիզ միսիոնարներ են: Առաքելութեամբ մեկնեցան Պարսկաստան: Դժուար էր բաժանումը: Առաջին թոռնիկս` Պրենթ, երկու տարեկան էր: Որքան ալ բաժանումը դժուար ըլլար, ուրախ էի, որ Աստուծոյ նուիրուած առաքելութեամբ մը մեկնած էին:

Պարսկաստան մնացին ամբողջ 8 տարի: Երկրորդ թոռնիկս` Լիզա, Պարսկաստան ծնած է:

Յեղափոխութեան դժուար տարիներուն հոն էին, սակայն Աստուծոյ օրհնութիւնը  իրենց վրայ էր: Միացեալ Նահանգներ վերադարձան 1969-ին: Կարելի չէ նկարագրել ուրախութիւնս, երբ բոլորը դիմաւորեցի:

Երբ առաքելութենէն վերադառնալու ժամանակը եկաւ, անկարելի էր Պարսկաստան վերադառնալ երկրի քաղաքական խառնակ վիճակին պատճառով: 1980-ին ուղարկուեցան Պէյրութ, սակայն հոն եւս եղբայրասպան կռիւներ տեղի կ’ունենային:

Ամուսինս` Հայկ, մահացաւ 23 ապրիլ 1982-ին, 86 տարեկանին: Մահէն կարճ ժամանակ ետք երկու աղջիկներս իրենց ընտանիքներով ներկայ գտնուեցան իրենց հօր յուղարկաւորութեան: Յուզիչ վերամիացում մըն էր, սակայն բոլորս ալ կը հաւատայինք, որ օր մը բոլորս իրարու դարձեալ պիտի միանանք երկինքի արքայութեան մէջ:

Կը հաւատամ, որ ամուսնոյս մահը Աստուած այնպէս մը դասաւորած էր, որ աղջիկներս իրենց ընտանիքներով ներկայ գտնուին յուղարկաւորութեան:

Հայկ, եթէ 6 ամիս աւելի երկար ապրէր, աղջիկս` Էլոյիս եւ իր ընտանիքը վերջին հրաժեշտը պիտի չկարենային տալ իրենց հօր եւ մեծ հօր: Իրենց Պէյրութ վերադարձէն ետք օդակայանը ամիսներով փակ մնացած էր, եւ պատերազմի դաժան  օրերը համտեսած էին, բայց եւ այնպէս, Աստուծոյ կամքով, ողջ առողջ վերադարձած էին Ամերիկա:

Բազմաթիւ անգամներ ամերիկացի բարեկամներ հետաքրքրուած են ազգութեամբս:

Հպարտօրէն` «Armenian» պատասխանած եմ: Մեծամասնութիւնը չէին լսած Armenia, Հայաստանի մասին: Իրենց կը բացատրէի, որ հայերը պետականօրէն քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգը եղած են եւ Հին կտակարանին մէջ երկու անգամ յիշուած է Հայաստան անունը, երբ Նոյեան տապանը կանգ առաւ Հայաստանի ամենաբարձր լերան` Արարատի գագաթին:

«Ձեր լեզուն յունարէնի կամ ռուսերէնի նմանութիւն ունի՞», յաճախ կը հարցնէին: Բոլորին նոյն պատասխանը կու տայի: Մեր լեզուն իւրայատուկ է եւ որեւէ լեզուի նմանութիւն չունի: Հայոց լեզուն միայն մեզի կը պատկանի:

Ամերիկահայերը, նաեւ` աշխարհի չորս կողմը, ամէն տարի ապրիլ 24-ին կ՛ոգեկոչեն 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը` ներկայութեամբ ամերիկացի քաղաքական մարդոց:

Ամերիկացի բարեկամներուս յաճախ կը յիշեցնեմ, որ մէկ ու կէս միլիոն հայեր սպաննուեցան թուրքերու կողմէ, հարիւր հազարներով բռնեցին գաղթի ճամբան, սնանեցան խոտ ուտելով: Տասնեակ հազարաւոր որբ երեխաներ հասակ առին ամերիկեան որբանոցներու մէջ, եւ հակառակ այս բոլորին` հայերը տակաւին կ՛ապրին ու կը բարգաւաճին: Կը պահեն իրենց աւանդութիւններն ու մշակոյթը: Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքի ամենայայտնի վաճառականները, փաստաբանները, եւ ճարտարարուեստի մարդիկը հայեր են:

Լոս Անճելըսի մէջ ունինք բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ եւ վարժարաններ: Նոր սերունդը առիթը ունի սորվելու մեր մայրենին:

Ուիսքանսընի մէջ կան աւելի քան 600 ընտանիքներ, որոնց մեծամասնութիւնը կը բնակի Ռէյսինի մէջ: Ռէյսինի եւ Միլուաքիի մէջ ունինք երկու հայկական եկեղեցիներ:

Տարիներ առաջ Ուիսքանսընի քաղաքապետ Լուսէյը ապրիլ 24-ը հռչակեց սուգի օր` յարգելու համար յիշատակը 1915-ի հայ զոհերուն:

Ընտանիքէս, թոռներէս, զարմիկներէս եւ հրաշալի բարեկամներէս բացի, բոլոր անոնք, որոնք կարդացին կեանքիս պատմութիւնը, կ’ուզեմ իւրաքանչիւրին յայտնել, թէ որքան երանելի եւ երջանիկ ենք, որ կը բնակինք երկրի մը մէջ, որ կը կոչուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Յաճախ կը մտածեմ` ի՞նչ պիտի ըլլար վիճակը, ինծի պէս տասնեակ հազարաւոր որբերու վախճանը, եթէ գոյութիւն չունենար American Relief Society մարդասիրական կազմակերպութիւնը: Մեծ մասը պիտի ըլլար սովամահ, իսկ ինծի պէս քիւրտ ընտանիքի մը քով ապաստանած հայերը քանի մը տարիէն պիտի քրտանային եւ բռնի իսլամանային:

Շնորհիւ այդ սքանչելի կազմակերպութեան` ինծի պէս հազարաւոր հայեր պահած են իրենց հայ ինքնութիւնը, իրենց կրօնը:

Երախտապարտ եմ եւ հանդերձ ընտանեօք նուիրուած ենք քրիստոնեայ եկեղեցւոյ եւ մարդասիրական միութիւններու:

Աստուծոյ հրաշքով է, որ մնացի հայ: Մնացի քրիստոնեայ: Ինծի պէս Ամենակալ Աստուծոյ նուիրուած են նաեւ երկու աղջիկներս` իրենց ընտանիքներով:

Փափաքս է, որ եթէ վստահ չէք ձեր փրկութեան, դիմեցէ՛ք մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի, որ ձեզի պիտի պարգեւէ նոր կեանք մը:

Յաւիտենական կեանք մը:

 

Լոս Անճելըս, 2018
(Շար. 3 եւ վերջ)          


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles