Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Հայկական Երուսաղէմի Պաշտպանութիւնը Համահայկական Առաջնահերթութիւն Է». Արամ Ա. Կաթողիկոս

$
0
0

17-18 յունուար 2018-ին Գահիրէի «Ազհար» իսլամական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը` «Ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմին» ընդհանուր խորագիրով: Համագումարին հրաւիրուած էր իր խօսքը ուղղելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ համագումարին` իրեն հետ ունենալով Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանը: Նկատի ունենալով յիշեալ համագումարին կարեւորութիւնը` «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ նորին սրբութեան հետ` անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վեհափա՛ռ տէր, ի՞նչ էր նպատակը Երուսաղէմի հարցին շուրջ Գահիրէի մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Երուսաղէմը միաստուածեան երեք կրօններու` հրէութեան, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան համար սուրբ քաղաք նկատուած է: Հակառակ այն իրողութեան, որ Երուսաղէմը քաղաքական զանազան ուժերու ենթակայ եղած է պատմութեան ընթացքին, սակայն ան կրօնական նկարագիրը միշտ պահած է: Իսրայէլի ստեղծումէն ետք, Երուսաղէմը բաժնուեցաւ եւ ենթակայ դարձաւ իսրայէլեան ու յորդանանեան պետութեանց: Քրիստոնեաներն ու իսլամները մնացին յորդանանեան բաժնին մէջ. իսկ 1967-ին, արաբ-իսրայէլեան պատերազմին, Երուսաղէմի յորդանանեան բաժինը գրաւուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, եւ Երուսաղէմը ամբողջութեամբ մնաց Իսրայէլի սահմաններէն ներս: Երուսաղէմի պատկանելիութեան հարցը նկատուած է միջազգային համայնքին ու յատկապէս Միջին Արեւելքի կարեւոր խնդիրներէն մէկը: Իսրայէլ միշտ շեշտած է Երուսաղէմի` Իսրայէլի պատկանելիութիւնը, իսկ պաղեստինցիները` ստեղծուելիք պաղեստինեան պետութեան պատկանելիութիւնը. երկու կողմերն ալ Երուսաղէմը նկատած են իրենց պետութեան մայրաքաղաքը: Նկատի ունենալով Երուսաղէմի ներկայացուցած առանցքային կարեւորութիւնը` անոր պատկանելիութեան վերջնական որոշումը ձգուած է պաղեստինեան ու իսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Արդարեւ, վերջին քանի մը տասնամեակներուն բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած է Երուսաղէմի հարցը, սակայն կողմերու ունեցած տարբեր պատկերացումներուն միջեւ կարելի չէ եղած միջին լուծում մը գտնել: Ամերիկայի նախագահին շուրջ ամիս մը առաջ կատարած յայտարարութիւնը` Երուսաղէմը նկատելու Իսրայէլի մայրաքաղաք, բնականաբար մեծ ուրախութեամբ ողջունուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, սակայն սուր հակազդեցութիւն յառաջացուց թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ՛ իսլամական աշխարհէն ներս: Բողոքի ու դատապարտումի ալիքներ բարձրացան կրօնական եւ քաղաքական, իսլամ թէ քրիստոնեայ շրջանակներէն: «Ազհար»-ին նախաձեռնութիւնը պէտք է դիտուի այս խորքին վրայ:

Հ.- Ինչո՞ւ «Ազհար»-ի կողմէ եղած է նման նախաձեռնութիւն մը:

Պ.- Ինչպէս ըսինք, թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ՛ իսլամական կեդրոնները զօրեղ կերպով հակազդեցին Ամերիկայի նախագահին այս որոշման: Քրիստոնէական աշխարհին մէջ Վատիկանը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը, եկեղեցիներ, նաեւ արեւմտեան երկիրներու պատասխանատուներ դատապարտեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահին միակողմանի որոշումը: Նոյն մօտեցումը ունեցան նաեւ իսլամական երկիրները: «Ազհար»-ը նկատուած է կարեւոր կեդրոն մը սիւննի իսլամական աշխարհին մէջ` իր կրօնական համալսարանով եւ կրօնաքաղաքական խնդիրներու վերաբերեալ իր որդեգրած կեցուածքներով: Հետեւաբար բնական էր, որ ան նման նախաձեռնութեան դիմէր:

Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւններ տալ մասնակիցներուն մասին:

Պ.- Շուրջ երեք հարիւր մասնակիցներ ներկայ էին համագումարին: Մասնակիցներու կարգին կը գտնուէին` նախկին նախագահներ, վարչապետներ, գործող նախարարներ, հոգեւոր պետեր, միջազգային կազմակերպութիւններու վերին պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ` ակադեմական մարզի աչքառու ներկայացուցիչներ: Ներկաներուն մեծամասնութիւնը իսլամ երկիրներէ եկած էր. քրիստոնէական ներկայութիւնը յարաբերաբար ծաւալուն չէր: Երեք պատրիարքներ եւ տասնեակ մը եպիսկոպոսներ ներկայ էին, ինչպէս նաեւ` Վատիկանի ու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչները: Ըստ երեւոյթին, յատուկ հրաւիրեալներ միայն ներկայ էին: Իսլամական աշխարհէն շիիներու ներկայութիւնը խորհրդանշական էր, առաւելաբար` քաղաքական պատճառներով: Հրաւիրուած էին Երուսաղէմի իսլամ ու քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը: Իսլամ կրօնական պատասխանատուներ ներկայ էին, սակայն քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր բացակայ էին: Երուսաղէմէն եկած էին հրեայ օրթոտոքս խումբին պատկանող կրօնական ներկայացուցիչներ, որոնք խիստ քննադատութեան ենթարկեցին իսրայէլեան ներկայ իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը պաղեստինցիներուն նկատմամբ:

Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, համագումարի ընթացքին տրուած զեկոյցներն ու կատարուած քննարկումները ի՞նչ ձեւով ընթացան:

Պ.- Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարը երկու բաժիններէ բաղկացած էր: Առաջին բաժինը բացման նիստ էր, որուն ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին` Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս, «Ազհար»-ի նախագահ շէյխ Ահմատ Թայեպ, Վատիկանի ու ԵՀԽ-ի ներկայացուցիչները եւ իսլամ քանի մը պետութիւններու խորհուրդներու նախագահները: Համագումարին երկրորդ բաժինը բաղկացած էր չորս ենթաբաժիններէ, իւրաքանչիւրը` Երուսաղէմի տարբեր երեսները լուսարձակի տակ բերող: Քննարկումներ տեղի չունեցան, այլ միայն զեկոյցներ ներկայացուեցան: Համագումարը կը վայելէր Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն հովանաւորութիւնը:

Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, ի՞նչ մօտեցում որդեգրուեցաւ Երուսաղէմի գծով:

Պ.- Համագումարին նպատակը Երուսաղէմի պաշտպանութիւնը ըլլալով ընդդէմ Իսրայէլի քաղաքականութեան ու Ամերիկայի նախագահին յայտարարութեան, բոլոր խօսքերը բնականաբար կեդրոնացան Երուսաղէմի վրայ` զայն նկատելով երեք միաստուածեան կրօններու քաղաքը, ինչպէս նաեւ` պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաքը: Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ արտասանուած խօսքերն ու մօտեցումները ընդհանրապէս երկդիմի, միակողմանի ու անորոշ էին: Այսպէս, երբեմն միացեալ Երուսաղէմը կը նկատուէր պաղեստինեան մայրաքաղաք, երբեմն՝ միայն արեւելեան Երուսաղէմը. իսկ երբեմն միացեալ Երուսաղէմի վրայ իսրայէլեան եւ պաղեստինեան միացեալ հովանաւորութեան մասին կը խօսուէր: Իսկ կրօնական գետնի վրայ յատուկ կերպով կը շեշտուէր Երուսաղէմի քրիստոնէական, իսլամական ու արաբական նկարագիրը: Նաեւ տեսակէտներու տարբերութիւն կար Երուսաղէմ այցելութեան հարցին շուրջ. այսպէս, Պաղեստինի նախագահը յաճախակի կերպով շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Երուսաղէմ այցելել եւ ուխտագնացութիւններ կազմակերպել` պատգամ մը տալու Իսրայէլին եւ համայն աշխարհին, թէ Երուսաղէմը միայն Իսրայէլին չի պատկանիր, եւ թէ` Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերջին որոշումը մեզ հեռու չի կրնար պահել Երուսաղէմէն: Ներկաներէն ոմանց մօտ նաեւ կար այլ մօտեցում. հարկ է կեցուածք ճշդել Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող բոլոր փորձերում դէմ` մերժելով Երուսաղէմ երթալ: Այս շփոթը, աւելի ճիշդը` հակասական տեսակէտները հետեւանք են ընդհանրապէս իսլամական ու յատկապէս արաբական աշխարհին պարզած ներքին պառակտումներուն ու բաժանումներուն:

Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, որքանո՞վ զօրեղ էր քրիստոնէութեան ձայնը համագումարէն ներս:

Պ.- Ճիշդ է, որ թուային իմաստով քրիստոնեայ ներկայացուցիչները քիչ էին, սակայն քրիստոնէական ձայնը զօրեղ կերպով արձագանգեց համագումարի բոլոր նիստերուն: Նախ երեք հոգեւոր պետերը` ղպտի, մարոնի եւ մենք, մեր խօսքերուն մէջ շեշտակիօրէն անդրադարձանք Երուսաղէմի քրիստոնէական նկարագիրին, քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ իրաւունքներուն: Այս գծով նաեւ յաճախակի ակնարկութիւններ եղան իսլամներուն կողմէ` Պաղեստինի նախագահէն սկսեալ: Մեր զեկոյցին մէջ բաժին մը յատկացուցած էինք Երուսաղէմէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան: Կը խորհինք, որ այս ուղղութեամբ աւելի հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանք պէտք է կատարուի քրիստոնէական կեդրոններուն ու յատկապէս Վատիկանի, ԵՀԽ-ի եւ միջեկեղեցական կառոյցներու կողմէ: Յայտնենք, որ մեր մատնանշած հարցերուն ու երեւոյթներուն մասին նաեւ անդրադարձանք մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին:

Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, իմացանք, որ դուք ձեր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձած էք հայ եկեղեցւոյ ներկայութեան` Երուսաղէմի մէջ:

Պ.- Բնականաբար, մեր եկեղեցւոյ մասին պէտք էր արտայայտուէինք նման միջազգային համագումարէն ներս: Մեր մասնակցութեան առաջին ու հիմնական նպատակը այս էր: Չմոռնանք, որ մեր եկեղեցին 638 թուականէն սկսեալ ներկայութիւն եղած է Երուսաղէմէն ներս. ունեցած ենք եպիսկոպոս, եկեղեցիներ ու ուխտատեղիներ, ինչպէս նաեւ` համայնք: 1311-ին Երուսաղէմի հայոց եպիսկոպոսը Եգիպտոսի սուլթանին կողմէ ճանչցուած է որպէս պատրիարք, իսկ 1853-ին Օսմանեան կայսրութիւնը յոյն եւ լատին պատրիարքութիւններու կարգին Հայ եկեղեցւոյ նաեւ լայն իրաւասութիւն տուած է սրբատեղիներու գծով: Երուսաղէմի մէջ ունեցած ենք կազմակերպ համայնք` իր կրթական, մշակութային ու համայնքային կառոյցներով: Դժբախտաբար, քաղաքական պայմաններու բերումով մեր համայնքի զաւակներէն շատեր հեռացան Երուսաղէմէն: Համագումարի մեր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցինք Երուսաղէմին նաեւ հայկական նկարագիրը, մեր իրաւունքները եւ մեր ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը Երուսաղէմին:

Հ.- Մեր ժողովուրդն ու եկեղեցին, Վեհափա՛ռ տէր, ինչպէ՞ս կրնան Երուսաղէմի գծով իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտել:

Պ.- Ինչպէս գիտէք, Երուսաղէմը մեր նուիրապետական չորս աթոռներէն մէկն է. ան Հայ եկեղեցւոյ անքակտելի մասը կը կազմէ: Մեր եկեղեցին ազգային եկեղեցի ըլլալով` մեր ազգը իր եկեղեցիով ու հայրենիքով անհրաժեշտ է, որ յատուկ հոգածութիւն շարունակէ ցուցաբերել Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան նկատմամբ: Քաղաքական պայմաններու բերումով Երուսաղէմը որոշ իմաստով մեկուսացած է: Ստեղծուած ներկայ կացութիւնը կրնայ նոր դժուարութիւններ յառաջացնել քաղաքէն ու ընդհանրապէս շրջանէն ներս: Հետեւաբար հայկական Երուսաղէմի պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ համահայկական առաջնահերթութիւն: Զանազան առիթներով թէ՛ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը, թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ թէ՛ Հայաստանի պետութիւնը տարբեր կերպերով իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են Երուսաղէմի պատրիարքութեան: Մեծապէս գնահատելի է, հակառակ դժուարութիւններուն, Երուսաղէմի պատրիարքութեան ամուր կապուածութիւնը ու հաւատարմութիւնը մեր սրբատեղիներու առնչուած դարաւոր աւանդութիւններուն ու իրաւունքներուն: Արդ, հարկ է պաշտպանել ու առաւել ամրապնդել հայկական ներկայութիւնը Երուսաղէմէն ներս: Կրօնականին առընթեր, հայկական ներկայութիւնը Երուսաղէմէն ներս քաղաքական որոշակի նշանակութիւն ունի: Երուսաղէմի մէջ գտնուող եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրը պետական-քաղաքական յենարաններ ունի. այսպէս, լատին պատրիարքութիւնը` Վատիկանը, յոյն պատրիարքութիւնը` Յունաստանը եւ Կիպրոսը, ղպտի եկեղեցին` Եգիպտոսը, լուտերական եկեղեցին` Գերմանիան, անկլիքան եկեղեցին` Անգլիան, ռուս եկեղեցին` Ռուսիան: Անհրաժեշտութեան պարագային այս երկիրները կը միջամտեն Իսրայէլի, Պաղեստինի կամ Յորդանանի պատասխանատուներուն մօտ: Յիշեալ երկիրները պէտք է գիտնան, որ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը առանձին չէ, իրեն նեցուկ ու պաշտպան ունի Հայաստանի պետութիւնը, Հայ եկեղեցին ու ողջ սփիւռքը: Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, որ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը իր համայնքով, իր կառոյցներով, կալուածներով ու իրաւասութիւններով պաշտպանելու նպատակով համահայկական տարողութեամբ մնայուն յանձնախումբ մը յառաջացնել` Հայաստանի պետութեան եւ մեր եկեղեցւոյ ու կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ, բնականաբար` Երուսաղէմի պատրիարքին հետ խորհրդակցաբար: Նման նախաձեռնութիւն մը կարեւոր յենարան ու լծակ կրնայ հանդիսանալ Երուսաղէմի պատրիարքութեան` դուրս գալու իր ինքնամփոփ վիճակէն եւ աւելի ինքնավստահութեամբ յարաբերութիւն մշակելու իր շրջապատին հետ: Կը խորհինք, որ յառաջիկային ստեղծուելիք համազգային խորհուրդը պէտք է նման համահայկական բնոյթ ունեցող հարցերով զբաղի:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>