Լիբանանի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները` վարչակառավարականէն ընկերային-տնտեսական, ուսուցիչներու խոստացուած աշխատավարձերու յաւելումներու առկախումէն մինչեւ կենսոլորտի, փտածութեան եւ քաղաքացիական շարժում անուան տակ առաջադրուող բազմաթիւ խնդիրներ, սուր կերպով իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն:
Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ ներպետական հակասութիւններու սրումը դրսեւորուած հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն միջեւ հեռակայ բանավէճով: Որքան ալ ընդգծուի այդ հակասութեան վարչական բնոյթը եւ հանգստեան կոչուած թոշակառուներու ստանալիք իրաւունքներուն հետ կապուած թնճուկի երեւոյթը, այնուամենայնիւ համակողմանի համոզումի կը վերածուի այն, որ խնդիրը ըստ էութեան քաղաքական ենթահող ունի:
Այս բոլորին առընթեր, հրապարակային եւ տեղեկատուական շրջանառութեան մէջ կը դրուի ընտրական օրէնքի բարեփոխման հրամայականը շեշտող վերլուծաբանութիւնը, որ եթէ մէկ կողմէ կ՛արծարծէ ընտրական օրէնքին բացթողումները, կասկածի տակ առնելով ժողովրդավարական կարգերու կիրարկման ապահովութիւնը, միւս կողմէ հասարակական ընդհանուր ենթագիտակցութեան մէջ ընտրութիւններու յետաձգման հաւանականութիւնը արմատներ նետելու առիթ կ՛ընծայէ:
Մինչ, ո՛չ միայն ընտրական օրակարգով, այլ ընդհանրապէս սահմանադրական ընթացակարգի փուլերու յարգումներու մօտեցումները եւ մանաւանդ պաշտօնավարման ժամկէտներու աւարտի թուականները անխախտելի պահելու պետական որոշ կեդրոններու պնդումները կը տարհամոզեն բոլոր անոնք, որոնք ընտրութիւններու յետաձգման հաւանականութեան մասին շրջանառուող հրապարակումներու կը հետեւին:
Քաղաքական այս խճանկարին մէջ ժողովրդահաճոյ յայտարարութիւնները, լիբանանցի ժողովուրդը կենսոլորտային աղէտէ փրկելու համար նախաձեռնուած քարոզչական գործողութիւնները մտածել կու տան ներկայ ժամանակը ընտրարշաւային նպատակներու համար լիարժէք օգտագործելու մղումներու մասին:
Ժողովրդահաճոն իր մէջ ունի նաեւ զգայացնցումի գործօնը. եւ այն ինչ որ զգայացունց է, շատ արագ տեղ կը գրաւէ ոչ անպայման հաւաստիութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցոյց տուող լրատուամիջոցին համար:
Այսպէս է, որ իրականութեան չհամապատասխանող յայտարարութիւնը առանց ստուգման ենթարկուելու կը հարուածէ մամլոյ նշանակէտը եւ անպատասխանատու յայտարարութիւնը կը գրաւէ մամուլի լուրերուն առաջին հորիզոնականը:
Այս տեսաբանութենէն անցնինք վերջին օրինակին: Լիբանանեան ծովափը հարուածած աղբերու ալիքին մակընթացութեան սկզբնագօտիին մասին առանց ստուգուելու կատարուած յայտարարութիւնը, փոխանակ յետ ստուգման շրջանառութեան մէջ դրուելու, ընդօրինակութիւն-տեղադրում (քափի փէյսթ) այսօրուան մակերեսային լրագրողականութեամբ կը գրաւէ նկատելի տարածականութիւն եւ կ՛ազդէ հանրային կարծիքին վրայ:
Աղբերու պատճառով ծովային ապականում եւ կենսոլորտային տագնապ, այո գոյութիւն ունին: Հանրութիւնը այս մասին իրազեկելու համար պէտք է յենիլ կենսոլորտի մասնագէտներու հետաքննութիւններու եւ անոնց եզրակացութիւններուն վրայ` տագնապին լուծում բերելու աշխատանքներուն ձեռնարկելու համար:
Արագ ժողովրդահաճոյախօսութեան մղումով կատարուող իրողութիւններու աղաւաղումը, հարցերու լուծման ճիշդ ճանապարհը մատնացոյց չեն ըներ:
Այս բոլորը կրկնակի սխալներու տեղի կու տան, եթէ կատարուին ոչ թէ կենսոլորտի միջազգային չափանիշներու պահպանման ակնկալութեամբ, այլ զուտ ընտրական հաշուարկներով:
Վերադառնանք ընտրութիւններուն եւ նախատեսենք, որ քաղաքացիական նման պահանջներ հասկնալիօրէն մաս պիտի կազմեն խորհրդարանական ընտրարշաւներու հռետորաբանութեան, կարգախօսերուն, պահանջներուն եւ քուէահաւաքի աշխատանքներուն:
Հայկական քաղաքական շրջանակները – խօսքը չի վերաբերիր քաղաքական այդ շարժումներուն ներառած հայ անհատներուն – եւ յատկապէս Դաշնակցական շրջանակները եւս քաղաքացիական խնդիրները կը ներառեն իրենց ընտրական ծրագիրներուն մէջ. մէկ առաջնային տարբերութեամբ` առաջադրելով այնպիսի լուծումներ, որոնք այսօրուան պայմաններու նկատառումով կը նպատակադրեն իրականացնել արմատական եւ հեռանկարային լուծումներ համալիբանանեան տարողութիւն ստացած տագնապին: