Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 127-ամեակը հանդիսաւոր ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ կիրակի, 21 յունուար 2018-ի յետմիջօրէին: «Սարդարապատ» նորաբաց կեդրոնին սրահը նեղ էր արդէն ճշդուած ժամէն առաջ իսկ ժամանած հոծ բազմութեան համար: Ուշագրաւ ու մանաւանդ գօտեպնդող երեւոյթ էր երիտասարդութեան տիրական ու մեծաթիւ ներկայութիւնը:
Հանդիսութիւնը ձեռնհասութեամբ վարեցին ՀՅԴ ՇԵՄ-ի ընկերներ Գոհար Յակոբեանը եւ Սերոբ Պապափիլաւեանը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, ՀՅԴ ՇԵՄ-ի անունով, Վարդենի Եագուպեանը, որ հակիրճ պատմականով ներկայացուց Դաշնակցութեան անցած ու գծած 127-ամեայ ուղին, ապա հրաւիրեց Շուէտի ՀՅԴ կոմիտէն` յանձինս Սմբատ Գրիգորեանի, որ արտասանէ իր խօսքը: Ան շեշտը դրաւ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհահայեացքին եւ յեղափոխական էութեան ու նկարագիրին վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց համայնքին մէջ կուսակցութեան մեծ ընտանիքին ծաւալած միամեայ գործունէութեան հանգանակը:
Ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ-ն բնութագրող ծաւալուն ու բաւականին ամբողջական տեսերիզ:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով հանդէս եկան` Մարինա Երէցեանը` ներկայացնելով «Պիտի գնանք» երգը, Մերի Սիմոնեանը` «Դու իմ հայրենիք» երգը, Համազգայինի «Այգ» պարախումբը` ներկայացնելով հայկական պարերու փունջ մը, իսկ Սէրլի Մարգէեանը եւ Նանսի Խաչատուրեանը միասնաբար ասմունքեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-էն հատուածներ:
Օրուան պատգամը տուաւ Հրաչ Վարժապետեանը, որ ներկայացնելէ ետք Դաշնակցութեան անցնող տարուան քաղաքական ու Հայ դատի իրագործումները յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, իր խօսքին առանցքը դարձուց Հայաստանը` արցախեան օրակարգ, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւն, յառաջիկայ ընտրութիւններ եւ համակարգի ճակատագրական փոփոխութիւն, սահմաններ-հայոց բանակ, պետականաշինութեան շարունակուող գործընթաց եւ մասամբ նորին: Ան եզրափակեց` ըսելով, որ հայրենիքն է, ներկայ մեր Հայաստանն է մեր մտքին ու հոգիին թռիչք ու իմաստ տուող միակ ու անփոխարինելի կռուանը եւ ամուր հիմնաքարը մեր ցարդ չլուծուած սրբազան Դատին ու մանաւանդ անսասան խարիսխը` մեր վախճանական նպատակին, ամբողջական Հայաստանին:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ յեղափոխական երգերու խանդավառ մթնոլորտի մէջ` կատարողութեամբ գաղութի սիրուած երգիչ Համօ Երէցեանի եւ իր նուագախումբին: