Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Սուրիա. Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանը Կը Մասնակցի «Մատատ» Կեդրոնին Կազմակերպած Գիտաժողովին

$
0
0

«Բերիոյ Նիւզ»-ը կը յայտնէ, որ շաբաթ, 20 յունուար 2018-ին Դամասկոսի «Շերաթոն» պանդոկի մէջ, «ՄԱՏԱՏ» հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Ազգային ինքնութիւնը, Սուրիոյ ճգնաժամի լոյսի ներքեւ ընթերցումներ եւ ակնարկներ» խորագիրով գիտաժողովը:

Կազմակերպուած գիտաժողովին մասնակիցները հաստատեցին ազգային ինքնութեան ամրապնդումը, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հասարակութեան միասնութիւնը. անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ազգային ինքնութեան վտանգ հանդիսացող գործօններուն:

Մասնակիցները ընդգծեցին պատերազմի ընթացքին ազգային ինքնութեան մարտահրաւէրները քննարկելու կարեւորութիւնը:

Գիտաժողովին զանազան թեմաներով իրենց մասնակցութիւնը բերին սուրիացի քաղաքական, մտաւորական եւ այլ խաւի ակնառու անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին էր նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, քաղաքական գործիչ, մտաւորական եւ թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեանը:

Դոկտ. Արիսեանը ելոյթ ունեցաւ «Սուրիական ինքնութիւնը եւ սուրիահայերը` իբրեւ մշակութային բազմազանութեան օրինակ» խորագիրով. ան ներկայացուց հայկական ինքնութեան փուլերը` ընդգծելով հայկական տարողութիւնը սուրիական ինքնութեան մէջ եւ սուրիական տարողութիւնը հայկական ինքնութեան մէջ, հաստատելով, որ` «Սուրիահայերը կը ներկայացնեն սուրիական հասարակութեան մշակութային բազմազանութեան ամենաուժեղ օրինակը»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>