Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
«Յովհաննէս Եւ Հռիփսիմէ Ճիվելեկեան» Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէին, 13 յունուարին հանդիսաւոր արարողութեամբ մը Ֆութհիլի Հայ կեդրոնը անուանակոչուեցաւ «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելեկեան երիտասարդական կեդրոն»` շնորհիւ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին իշխանական նուիրատուութեան:
Այս նպատակին համար «Լեռնավայր» կոմիտէին յառաջացուցած յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց ձեռնարկի հանդիսավար Մանուկ Ջուխաճեանը, որ ընդգծեց Մելքոնեան ամոլին ցուցաբերած նշանակալի հոգածութիւնը` Փասատինայի հայ համայնքին նկատմամբ, դիտել տալով, թէ հայապահպանման ինչպիսի՛ աշխատանք պիտի տարուի այսուհետեւ «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելեկեան երիտասարդական կեդրոն» անունը կրող այս կեդրոնին մէջ, ուր կը գործեն ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Հայ դատի, ՀԵԴ-ի եւ կրտսերներու խումբեր, որոնց շնորհիւ համայնքը կը շնչէ հայօրէն:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ անուանակոչութեան հոգեւոր արարողութիւնը` գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, որուն յաջորդեց «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելեկեան երիտասարդական կեդրոն» անգլերէն եւ հայերէն գրութեամբ ցուցատախտակի քողազերծումը:
Սրբազան հայրը ջերմօրէն ողջունեց նուիրատու ամոլը եւ բարձրօրէն դրուատեց անոնցմէ իւրաքանչիւրի ծնողներուն եկեղեցասիրութիւնն ու հաւատքը` հայ ազգին ու Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ, ապա շնորհաւորեց Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելեկեաններուն անունով կեդրոնին անուանակոչումը` իբրեւ ազգասիրութեան խօսուն օրինակ:
Այնուհետեւ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք: «Լեռնավայր» կոմիտէի անունով Արման Պաղտոյեանը խօսք առնելով` «համայնքի սիւները» անուանեց բոլոր այն բարերարները, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեամբ կը սատարեն հայ կեդրոններու եւ ազգային կառոյցներու գոյատեւման եւ կենսունակութեան:
ՀԵԴ Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» ուխտի ատենապետ Դրօ Մկրտիչեանը անգլերէնով իր ելոյթին մէջ շնորհաւորեց կեդրոնին անուանակոչութիւնը` շեշտելով ՀԵԴ-ի աշխատանքներու ամրապնդման նպաստող սոյն կեդրոնի գոյութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ սփիւռքեան կեանքին մէջ հայապահպանման կարեւոր կռուան:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց բարերար Հուրի Մելքոնեանը: Ան ներկայացուց իր ծնողները եւ անոնց տոհմային ծագումը, թէ ինչպէ՛ս ճողոպրած են թրքական եաթաղանէն եւ տարագիր հայութեան բնորոշ` ինչպիսի՛ ոդիսականներ ապրած են: Մելքոնեանը նաեւ նշեց, որ իր ծնողները հասակ առած են ՀՅ Դաշնակցութեան հովանիին ներքոյ եւ կանուխ տարիքէն մաս կազմած` անոր շարքերուն:
Այնուհետեւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Մելքոնեան եւ Ճիվելեկեան ընտանիքներուն ուղղուած իր ողջոյնի խօսքերուն ընդմէջէն վեր առաւ հայու այս տեսակի կերպարը` իբրեւ աստուածահաճոյ տիպար հայութեան կեանքին մէջ եւ բարձր գնահատեց անոնց իրագործած բարեգործութիւնները սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:
Երեկոյին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Արա Սահակեանը, որ մեկնաբանեց հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու փունջ մը:
Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը Ընդունեց Քալիֆորնիոյ Փախկառավարիչի Պաշտօնին Թեկնածու Էլենի Քունալաքիսի Այցը
16 յունուարին արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ամերիկացի դիւանագէտ Էլենի Քունալաքիսի, որ յառաջիկայ նոյեմբերի ընտրութիւններուն թեկնածու պիտի ներկայանայ Քալիֆորնիոյ փոխկառավարիչի պաշտօնին: Քունալաքիս անցեալին վարած է Հունգարիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը:
Դիւանագէտին կ՛ընկերանային «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի նախագահ Մարիա Մեհրանեանը եւ ընտրապայքարի Հարաւային Քալիֆորնիոյ ելեւմտական պատասխանատուներէն Քրիսթինա Քեկէեանը:
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք առաջնորդ սրբազանը Էլենի Քունալաքիսի ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ համայնքին ու Ազգային առաջնորդարանի առաքելութեան մասին:
Քունալաքիս, իր կարգին, տեղեկութիւններ հաղորդեց իր դիւանագիտական ասպարէզին, ինչպէս նաեւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ ճամբով իր հասարակական գործունէութեան մասին:
Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Քունալաքիսի ծառայութիւններուն մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն մէջ:
Լոս Անճելըսի Հայութիւնը Մեծարեց «Կրեմմի»-ի Թեկնածուներ Տիգրան Մանսուրեանն Ու Կոնստանդին Օրբէլեանը
13 յունուարին, Սթիւտիօ Սիթիի «Պիսթրօ Կարտըն» ճաշարանին մէջ կայացած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, Լոս Անճելըսի հայութեան ներկայացուցիչները առիթը ունեցան մեծարելու վերջերս երաժշտական «Կրեմմի» մրցանակի թեկնածուներ դարձած Տիգրան Մանսուրեանն ու Կոնստանդին Օրբէլեանը:
Փրոֆ. Փիթըր Քաուի բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց մեծարեալներուն յատկանշական իրագործումները: Ան նաեւ յիշեցուց, որ այս տարի կը զուգադիպի Երեւանի օփերայի հիմնադրութեան 85-ամեակին, իսկ հայկական օփերայի 150-ամեակին:
Տաղանդաւոր յօրինող Տիգրան Մանսուրեան, որ արժանացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին, երկու անուանակարգերու մէջ առաջադրուած է երաժշտական «Կրեմմի» մրցանակին: Արդարեւ, Մանսուրեանի հեղինակած «Ռեքուիեմ»-ը ներկայացուած է իբրեւ թեկնածու «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն» անուանակարգերու մրցանակներուն:
Իսկ միջազգային հռչակ վայելող դաշնակահար եւ խմբավար Կոնստանդին Օրբէլեան, որ արժանացած է Ռուսիոյ պատուոյ արուեստագէտի կոչումին, առաջադրուած է իբրեւ թեկնածու «Լաւագոյն դասական մեներգի ալպոմ» անուանակարգի մրցանակին` «Սվիրիտով. հեռացող Ռուսիա» ստեղծագործութեան համար:
Նշենք, որ «Կրեմմի»-ի 60-րդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 28 յունուարին, Նիւ Եորքի մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ դաշնակահար Արտաշէս Քարթալեանը:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Տնօրէնին Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
12 յունուարին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին այցելութիւնը:
Հանդիպումին ներկայ էին` առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը, Ազգային վարչութեան անդամ դոկտ. Գալուստ Ակոբեանը, Խնամակալ մարմինի ու Ազգային առաջնորդարանի Հայերէնի վերաշխուժացման մարմինի անդամ դոկտ. Յասմիկ Պարանը եւ Հայերէնի վերաշխուժացման մարմինի անդամ Ժորա Մանուչարեանը:
Դոկտ. Փանոսեան Լոս Անճելըս կը գտնուէր «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եռօրեայ գիտաժողովի մը առիթով, որուն նպատակն էր հայկական վարժարաններու տնօրէններուն ծանօթացնել հայերէնի դասաւանդութիւնը աւելի յաջող դարձնելու միջոցները: Առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կարեւոր ներդրումը` ընդհանրապէս հայ կրթական մարզի զարգացման եւ հայոց լեզուի պահպանութեան ճիգերուն մէջ: Ան մօտէն ծանօթացուց Ազգային առաջնորդարանի հրատարակութիւնները, որոնք կ՛ընդգրկեն հայերէնի, հայոց պատմութեան ու Հայ դատի դասագիրքերը, հոգեւոր ու մշակութային հատորներ, ապա նաեւ անդրադարձաւ` Հայերէնի վերաշխուժացման մարմինին կազմութեան տուն տուող մտահոգութիւններուն, մարմինին տարած աշխատանքին ու մշակած ծրագիրներուն:
Իր կարգին դոկտ. Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին` հանդիպումը կազմակերպելուն համար եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց սատար հանդիսանալու կրթական եւ հայոց լեզուի պահպանութեան համար Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներուն:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ներկաները ունեցան կարծիքներու փոխանակման եւ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման մէջ նախնական համաձայնութիւններու կայացման:
Սուրիա
ՄԱՀԱԵՄ-ի Նախագահը Կը Պարգեւատրէ Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանը
Ուրբաթ, 12 յունուար 2018-ին, գլխաւորութեամբ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի (ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ) եւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի (ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ) միութեան Կեդրոնական մարմինի անդամները ժամանեցին Հալէպ` գումարելու լիանիստ ժողովը` առաջին անգամ Հալէպի մէջ, Սուրիոյ պատերազմի վեց տարիներու ընդհատումէն ետք:
Վեր. նախագահը եւ Կեդրոնական մարմինի անդամները հանդիպում ունեցան Հալէպի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու ժողովներուն եւ եկեղեցական մարմիններուն հետ:
Հանդիպումի աւարտին միութեան նախագահը` ՄԱՀԱԵՄ-ի եւ Կեդրոնական մարմինին անունով բարձր գնահատեց եւ շնորհաւորեց վեր. համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանը` Սուրիոյ հայ համայնքէն եւ յատկապէս` եկեղեցական եւ ընկերային ոլորտներէն ներս իր մատուցած նուիրական ծառայութեան ու նպատակադրուած ձեռքբերումներուն համար, որոնք կը միտէին եկեղեցական միութեան եւ քրիստոնէական ապրող վկայութեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «Խաչին լուծը ծանր եւ պատասխանատուութիւն է կրողին համար, սակայն միաժամանակ քաղցր է»:
Իր խօսքի աւարտին վեր. նախագահը վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին լամբակը զարդարեց ոսկեայ խաչով:
Այս պատեհ առիթով վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը ըսաւ. «Աստուծմէ կը գոհանամ սուրիահայ ժողովուրդին, Հայ աւետարանական համայնքին գործօն առկայութեան եւ ՄԱՀԱ եկեղեցիներու միութեան ողջմիտ առաջնորդութեան համար եւ կը խոստանամ, իմ պարտականութեանս գիտակից, շարունակել հաւատարիմ ծառայութիւն մատուցել սուրիահայութեան ընդհանրապէս եւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն ու հաստատութիւններուն ի մասնաւորի, Աստուծոյ հովանիին ու առաջնորդութեան ներքեւ»: Ապա ան բարձր գնահատեց ու շնորհակալ եղաւ միութեան նախագահին սոյն գնահատանքին ի տես եւ մաղթեց Տիրոջը առաջնորդութիւնն ու շնորհքը բոլորին համար:
Քանատա
Հայերէն Առաջին Տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով
Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի, 13 յունուարին Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի «Պաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակին նուիրուած գիտաժողով եւ «ՈՍԿԱՆ» վաւերագրական տեսանիւթի առաջին ներկայացում: Ձեռնարկին հովանաւորն էր Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան ամոլը:
42 վայրկեան երկարող վաւերագրական տեսանիւթի ներկայացումէն ետք Երեւանի հետ հեռակայ դրութեամբ կապ հաստատուեցաւ բեմադրիչ Յակոբ Փափազեանին եւ ֆիլմարտադրող Նուէր Մնացականեանին հետ:
Գիտաժողովին վեր. տոքթ. Մանուէլ Ճինպաշեան ներկայացուց «Հինգերորդ դարու Աստուածաշունչի առաջին հայերէն թարգմանութենէն մինչեւ Երեւանցիի տպագիր օրինակը. պատմական ակնարկ մը» նիւթը, Բաբգէն արք. Չարեան` «Հաւատքի ու ազգակերտման պատմական զուգահեռներ. տպագիր առաջին հայերէն Աստուածաշունչի ներազդեցութիւնը», իսկ Խաժակ արք. Յակոբեան` «Հայերէն Աստուածաշունչի կանոնական կառոյցը եւ Ոսկան Երեւանցիի տպագրած տարբերակը» նիւթերը:
Թեհրան
«Հայաստան Եւ Իրան. Հողի Յիշողութիւն» Ցուցահանդէսը
16 յունուարին տեղի ունեցաւ Իրանի Ազգային թանգարանին մէջ երեք ամիսներու վրայ երկարող «Հայաստան եւ Իրան. հողի յիշողութիւն» ցուցահանդէսի փակման արարողութիւնը:
Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեանը իր ելոյթին մէջ նշեց, որ իրանցի եւ հայ ժողովուրդներու կապը առաւել եւս կ՛ամրապնդուի, եթէ անոնք արմատաւորուած ըլլան երկու երկիրներու պատմա-մշակութային յարաբերութիւններով: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Իրանի Ազգային թանգարանի տնօրէնութեան հետ համախորհուրդ, ապագային եւս պիտի կազմակերպուին նման ձեռնարկներ:
Իրանի Ազգային թանգարանի տնօրէն Ճեպրէիլ Նոքանտէ հաստատեց, որ անցնող երեք ամիսներու ընթացքին թանգարանը պատիւը ունեցած է իր յարկին տակ ցուցադրելու Հայաստանի մշակութային պատմութեան վերաբերող արժէքաւոր նմուշներ: Ան յայտնեց, որ տեղի ունեցած են նաեւ ձեռնարկներ եւ իրանցի ու հայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ 6 գիտական նիստեր:
Ան ըսաւ, որ ցուցահանդէսը ունեցած է աւելի քան 45 հազար այցելու, որոնց 70 տոկոսը իրանցիներ, իսկ 30 տոկոսը` արտասահմանի բնակիչներ:
Յունաստան
Յունաստանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանին Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
11 յունուարին Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան ամանորեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին հետ:
Ընդունելութեան ներկայ էր Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանը: Շնորհաւորական բարեմաղթութեանց կարգին, այցելութիւնը նաեւ առիթ եղաւ խորհրդակցելու ընթացիկ տարուան մէջ կայանալիք համահայկական ծրագիրներու եւ աշխատանքներու մասին, որոնց շուրջ անհրաժեշտ է համախմբուած պահել յունահայ համայնքին կարողականութիւնը եւ աշխուժ մասնակցութեամբ սատար հանդիսանալ այդ բոլոր ծրագիրներուն յաջողութեան: