ՍԱՌԱ ԳՈԲՈՅԵԱՆ
Անգլերէնէ թարգմանեց` ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Շաբաթավերջին բոլորը գացին հայկական «փիքնիք»-ի, իսկ ես ինքզինքս բանտարկեցի սենեակիս մէջ ու մերժեցի ընկերանալ անոնց:
Վերադարձին յայտնեցին, որ Շիքակոյէն ժամանած փեսացուն անակնկալօրէն անհանգստացած էր եւ զայն փոխադրած էին հիւանդանոց, ուր անմիջապէս կուրաղիի գործողութեան մը ենթարկուած էր: Կը նշանակէ, որ քանի մը շաբաթ պէտք է հիւանդանոց մնայ: Խնդիրը ինքնաբերաբար լուծուած էր: Կը մեղքնայի մարդուկին, միեւնոյն ժամանակ հանգստացած էի: Այս մէկէն ալ ազատած էի:
Մեր դրացի Կելենեանները յայտնեցին նոր փեսացուի մը ժամանումը: Բոլորս միասին դարձեալ գացինք «փիքնիք»-ի:
Դասաւորած էին, որ երկուքս միասին քալենք եւ իրարու ծանօթանանք: Կը զգայի, որ ամէնքը զիս կը դիտէին: Անգլիայէն ժամանած հայուհիին:
Տուն վերադարձին հօրեղբօրս առաջին հարցումը եղաւ.
– Well, ի՞նչ կը մտածես:
– Չհաւնեցայ,- պատասխանս դարձեալ կատղեցուց հօրեղբայրս:
– Մարդը ո՛չ կոյր է, ո՛չ ալ կաղ: Արհեստաւոր է: Ունի իր հնակարկատի կրպակը: Հայերէն գրել-կարդալ գիտէ, եւ ամենակարեւորը` ամերիկեան քաղաքացի է: Ամերիկա մնալու պայմանաժամդ ամիսէ մը կ՛աւարտի:
Խօսելիք չունէի: Սէրը ուրկէ՞ կու գայ: Ըստ երեւոյթին, այդ մէկուն մասին մտածած չէի: Մեր հայրենիքին մէջ ինչպէ՞ս երկար տարիներ իրարու հետ կ՛ապրէին, երբ նախքան ամուսնութիւնը նոյնիսկ զիրար տեսած չէին ըլլար:
Այդ շաբթուան ընթացքին Կելենեան ընտանիքը քանի մը անգամ մեր տունը այցելեց` նոր փեսացուին մասին տեղեկութիւններ տալու: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ Ամերիկա եկած էր 16 կամ 17 տարեկանին: Իր զարմիկներուն հետ Շիքակօ կը բնակէր: Վախը մտաւ մէջս: Այնքան երկար լացի, որ կարծեցի պիտի անհանգստանամ:
Յաջորդ կիրակի դարձեալ «փիքնիք»-ի էինք: Բաւական տարիքոտ մարդ մը սկսաւ հարցուփորձել զիս: Հօրեղբայրս մօտենալով` հարցուց այդ անձին ո՛վ ըլլալը: Գաղափար չունէի, թէ ո՛վ էր այդ անձը: «Չեմ ուզեր, որ անծանօթ մէկու մը հետ խօսիս», զգուշացուց հօրեղբայրս: Պատասխանեցի` ըսելով, որ պարզապէս ուզեցի քաղաքավար ըլլալ եւ … սկսայ լալ:
Աւելի ուշ գիտցայ, որ այդ մարդը իր զարմիկներուն գրած է, որ գան եւ տեսնեն աղջիկ մը, որուն հետ հաւանաբար կարենայ ամուսնանալ: Զարմիկները չափազանց ուրախ էին: Անոնք բոլորն ալ իրմէ աւելի տարիքոտ էին: Անոնցմէ մէկը տակաւին ամուրի էր, իսկ երկուքը` ամուսնացած, սակայն պատերազմին անոնց ընտանիքները սպաննուած էին:
«Փիքնիք»-էն ետք սոյն անձը, իր զարմիկները եւ Ռէյսին գտնուող իրենց ազգականներէն քանի մը հատը եկան մեր տունը: Քաշուեցայ ննջասենեակս, դուռը փակեցի ու լացի: Հօրեղբայրս եկաւ մօտս` խրատելու եւ համոզելու.
– Ըստ երեւոյթին, շատ շնորհքով մարդիկ են: Ընկերացիր ինծի եւ ծանօթացիր միւսներուն: Երբ Հայկ Գոբոյեանը մօտենայ քեզի, ոտքի ել եւ ձեռքդ երկարէ իրեն եւ ամէն բան կը յստականայ:
– Ո՛չ: Այդ մէկը չեմ կրնար ընել,- ըսի արցունքներս սրբելով:
– Անխելքութիւն մի՛ ըներ: Եթէ քեզ հաւնած չըլլար, իր զարմիկներուն Շիքակոյէն բերել չէր տար, որ քեզ տեսնեն:
Գացի ու երեսս լուացի: Աչքերս կարմրած էին: Մտայ նստասենեակ ու նստայ դողդողալով: Հայկ ելաւ տեղէն եւ ուղղուեցաւ դէպի ինծի: Հօրեղբօրս պատուէրը գործադրեցի: Ոտքի ելայ, ձեռքը թօթուեցի, ապա մնացեալ հիւրերուն հետ:
Զարմիկներուն մեկնելէն ետք հօրեղբայրս Հայկին ըսաւ, որ եթէ իսկապէս կը փափաքի ամուսնանալ հետս, ուրեմն իր ժամացոյցը պէտք է ձգէ իմ մօտս:
– Ժամացոյցս հետս առնելու մոռցեր եմ,- ըսաւ, ապա` դրամապանակէն հանեց 20 տոլարնոց մը ու տուաւ ինծի: Այդքան մեծ գումար բնաւ չէի տեսած: Ստացած գումարս երկարեցի հօրեղբօրս եւ անդրադարձայ, որ թնճուկը քակելու յոյս չունէի:
Հօրեղբօրս բարեկամներէն պարոն Գոսեանը հետս առանձին խօսելու առիթ մը ստեղծեց` ըսելու, որ ինք Հայկը լաւ կը ճանչնայ, լաւ բնաւորութեամբ անձ մըն է եւ յաջորդ օր բոլորս հրաւիրեց իր տունը ընթրիքի, եւ զիս նստեցուցին Հայկին քով: Իրարու հետ ոչ մէկ բառ փոխանակեցինք:
Ընթրիքէն ետք պարոն Գոսեանին դուստրը` Վիրճինիան, Հայկին եւ ինծի «ստիպեց», որ դուրս ելլենք միասին քալելու: 10 վայրկեանէն աւելի քալեցինք` առանց իսկ իրարու հետ բառ մը փոխանակելու: Մտանք պաղպաղակավաճառի մը մօտ, զիս հիւրասիրեց պաղպաղակով ու վերադարձանք տուն: Առաջին անգամն էր, որ այր մարդու մը հետ առանձին կը քալէի:
Յաջորդ օր Հայկը չերեւցաւ: Ոչ թէ կը սիրէի, այլ պարզապէս հաճելի էր իրեն հետ ըլլալ, եւ որեւէ պատճառաբանութիւն չէի գտներ մերժելու իր ամուսնութեան առաջարկը:
Յաջորդ օր դարձեալ եկաւ եւ միասին գացինք ճաշարան մը: Դարձեալ իրարու հետ ոչ մէկ բառ փոխանակեցինք:
Ընտանիքս ուրախ էր, որ ամէն ինչ դէպի լաւ սկսած էր յառաջանալ:
Հայկական սովորութիւններուն համաձայն, նշանտուքը նոյնքան կարեւոր է, որքան` ամուսնութիւնը:
Հայկը` իմ ապագայ ամուսինս, գործէն արձակուրդ առաւ եւ ժամանեց Ռէյսին, ուր մենք կը բնակէինք: Հօրեղբայրս, իր կինը, զարմուհիս` Հելէնը եւ Շամշոյեան ընտանիքը` բոլորս միասին գացինք քաղաքին կեդրոնը` ամուսնական մատանի մը գնելու: Ամերիկայի անգործութեան դժուար տարիներն էին, սակայն հօրեղբայրս ընտրեց այդ ժամանակուան ամենաարժէքաւոր մատանին: Նշանտուքի հաւաքոյթի թուականը որոշուեցաւ, հրաւիրեց իր բոլոր ընկերները, եւ պատրաստուեցաւ հայկական ճաշերով լեցուն սեղան մը, որուն մէկ մասը տրամադրուած էր քաղաքապետարանին կողմէ, ինչպէս` հաց, ալիւր եւ բրինձ:
Հայկին պարտաւորութիւնն էր նշանտուքի հագուստը, որ պատրաստուած էր հօրեղբօրս լաւ բարեկամներէն մէկուն կողմէ: Երկար թեւերով, վարդագոյն, գեղեցիկ հագուստ մը:
Այդ տարիներուն, հայ կղերականի չգոյութեան պատճառով, Շիքակոյէն Հայկին բարեկամներէն մէկուն «Հայր Մեր»-ով Հայկ մատանին անցուց մատս, իսկ կնքամայրս դաստակիս անցուց ապարանջան մը: Նշանտուքի միակ նուէրները, զորս ստացայ:
Օրը բաւական լաւ անցաւ, սակայն ուրախ չէի: Համոզուած էի, որ այլընտրանք չունէի: Ընդունած էի ամուսնութեան առաջարկը, որպէսզի հօրեղբայրս անձնասպանութիւն չփորձէ:
Նշանտուքին յաջորդ քայլը, առանց ժամանակ կորսնցնելու, ամուսնութիւնս էր, որպէսզի կարենայի 6 ամսուան յաւելեալ կեցութեան վիզա մը ապահովել: Պայմանները ամբողջացնելէ ետք տեղի ունեցաւ մեր պետական պսակը` Ռէյսինի կառավարական շէնքին մէջ: Որպէս վկայ` ներկայ էին տէր եւ տիկին Կիւլենեանները:
Հայկ պէտք էր անմիջապէս վերադառնար Միլուաքի: Դրացիները եկան շնորհաւորելու: Տեղեակ չէի, թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ:
– Աւելի ուշ կղերականի մը օրհնութեամբ պիտի ամուսնանա՞նք,- հարցուցի:
– Ամուսնացած ես,- վստահեցուցին: – Միտքդ փոխելու պարագային, պէտք է, որ ամուսնալուծուիք:
Հասկնալով որբանոցներու մէջ հասակ առած ըլլալս` հօրեղբօրս մօտիկ բարեկամներէն, Ռէյսինէն տէր եւ տիկին Վարդուկեանները եւ իրենց աղջիկը` Էվանժէլին, մեծ օգտակարութիւն ունեցան: Տիկին Վարդուկեանը, հակառակ օտար ըլլալուն, Ռէյսին հայկական գաղութին մեծ ներդրում ցուցաբերած էր: Հայկին, ինծի եւ քանի մը բարեկամներ հրաւիրեց իր բնակարանը:
Ճաշէն ետք նկատելի էր թուղթէ պատրաստուած հովանոց մը, որուն վրայ գրուած էր` «Սառա՛, վերցուր զիս», եւ երբ վերցուցի հովանոցը, նկատեցի բաւական մեծ թիւով փաթթուած տուփեր: Տիկին Վարդուկեանը ըսաւ, որ բանամ այդ տուփերը: Խոհանոցի մէջ ամէնօրեայ գործածուելիք ապրանքներ էին: Աւելի ուշ իմացայ, որ այդ հաւաքոյթին կու տան «Շաուըր» անունը:
Երախտագիտութիւնս յայտնեցի Վարդուկեան ամոլին:
Մինչեւ այդ օրը որեւէ տեղեկութիւն չունէի Հայկին մասին, նոյնպէս տեղեակ չէի, թէ ան, ի՛նչ կը մտածէ իմ մասիս. սակայն այդ օր արտայայտուեցաւ, որ շատ լաւ տպաւորուած էր իմ անգլերէնի տիրապետումէս եւ հպարտ էր ինձմով եւ ճիշդ որոշում կայացոուցած էր` տեղի չտալով եւ քանի մը անգամ Ռէյսին երթալ-գալով եւ հարցուփորձելով զիս:
Վերջապէս ինծի այնքան երկիւղ պատճառող եկեղեցական ամուսնութեան թուականը հասաւ: Հայկին Շիքակօ բնակող 3 զարմիկները յանձն առած էին հարսանիքին ծախսերը: Հայկական սովորութիւն է, որ հարսանիքին ծախսերը պարտաւոր է հոգալ տղուն կողմը: Կնքամայրս, որ Հայկին ազգական էր, ժամանեց Շիքակոյէն եւ զիս տարաւ վարսայարդարի մը: Առաջին անգամն էր, որ կը յաճախէի վարսայարդարի մը: Երկար, սեւ մազերս լուաց եւ պատշաճ կերպով սանտրեց: Երբ Շիքակօ հասանք, գրեթէ կէս գիշեր էր եւ արցունք չէր մնացած աչքերուս մէջ:
Փոխ առնուած ճերմակ հարսանեկան հագուստ մը հագած էի: 10 տարեկան զարմուհիս Հելէն` խանդավառ էր: Ինքն ալ հագած էր ճերմակ հագուստ մը եւ մեր «ծաղիկ թափողն» էր, սակայն ծաղիկ չկար:
Հարսանիքը տեղի ունեցաւ Հայկին զարմիկներէն մէկուն բաւական մեծ տան մէջ: Հելէնը հարսանեկան հագուստիս փէշը բռնած` կը հետեւէր ինծի ննջարանէն նստասենեակ, ուր հաւաքուած էին բաւական մեծ թիւով հիւրեր, որոնց մեծամասնութիւնը ինծի անծանօթ էր:
Հարսանիքը տեղի ունեցաւ հայ կղերականով մը, որմէ ետք ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ տան գետնայարկը, ուր կարելի էր գտնել տարբեր տեսակի հայկական ճաշեր, ինչպէս նաեւ` ոգելից ըմպելի եւ գարեջուր, զորս ես կ՛ատէի եւ բնաւ չէի համտեսած: Ամերիկայի անգործութեան տարիներն էին, եւ շատ քիչեր միայն նուէր բերած էին: Ընդունելութիւնը տեւեց մինչեւ կէս գիշեր:
Լոս Անճելըս, 2018
(Շար. 2)