Image may be NSFW.
Clik here to view.
Բարե՛ւ ձեզ, սիրելինե՛ր,
Արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը որոնողներ,
յոյսի եւ փողոցի անուշիկ զաւակներ, բարե՛ւ,
տասնմէկ տարի առաջ Հրանդ Տինքը այս մայթին վրայ ծոծրակէն կրակելով սպաննեցին:
Ամիսներ առաջ Հրանդի տան եւ «Ակօս»-ի շուրջ հետախուզելով` կրակող խումբ կազմակերպած ժանտարման, ոստիկանութիւնը եւ գաղտնի սպասարկութեան ծառայողները այդ օր, այս մայթին վրայ, սրճարաններուն մէջ, բոկեղավաճառ խանութներուն մէջ նստած` երկար ժամանակէ ի վեր իրենց ծրագրած ոճիրի գործադրման կը սպասէին:
Ոճիրը, ըստ ծրագրուածի, գործադրուելէն եւ նշանառուին փախուստ տալէն վստահ ըլլալէն ետք, այս անգամ, ոճիրը քննել ձեւացնելով, փորձեցին ոճիրին հետքերը վերացնել, փաստերը աղաւաղել, հաւաքել տեսախցիկներուն արձանագրութիւնները, որոնք պիտի ջնջէին հետագային:
Հակառակ անոր որ ոճիրը ամբողջութեամբ արձանագրած էին, «իբր թէ» փաստեր կը հաւաքէին, «իբր թէ» հարցաքննութիւն «կ՛ընէին»: Եւ այս «իբր թէ»-ները բնաւ չվերջացան:
Այդ օր պետութիւնը այստեղ էր: Պետութիւնը այստեղ էր իր ոստիկանութեամբ, ժանտարմաներով եւ գաղտնի սպասարկութիւններով: Սակայն ոչ թէ Հրանդ Տինքի կեանքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար եւ ապրելու իրաւունքը պահպանելու համար, այլ` վստահ ըլլալու համար, որ կրակողները իրենց գործը տեղին կը կատարեն:
Հրանդ Տինքի սպանութիւնը քաղաքական ոճիրներու եւ սպանութիւններու առաջինը չէր անշուշտ եւ դժբախտաբար չեղաւ վերջինը:
Սակայն Հրանդ Տինքի սպանութիւնը հասարակութեան մէջ հակազդեցութիւն մը արթնցուց, որ իրենց հաշիւներէն դուրս էր: «Ա՛լ կը բաւէ» ըսել տուաւ: Հարիւր հազարաւորներ միացան յուղարկաւորութեան օրը, ու անոնք այժմ չեն կրնար փակել դատը, որ պիտի ուզէին քանի մը կրակողով փակել:
***
Օսմանեան կայսրութենէն` հանրապետութիւն, միակուսակցական համակարգէն` բազմակուսակցական կեանք, զինուորական իշխանութենէն` մենատիրական վարչակարգ, համակարգեր կը փոխուին, բայց պետութեան բնաւորութիւնը, գործելակերպը եւ զուլումը կը շարունակեն նոյնը մնալ:
Հասան Ֆեհմիի ոճիրէն մինչեւ Սապահէտտին Ալի, Ապտի Իփեքճիէն մինչեւ Տողան Էօզ, Ուղուր Մումճուէն մինչեւ Մուսա Անթեր` պետական պաշտօնեաներու դեր խաղացած եւ մարդասպաններուն պաշտպանած բոլոր ոճիրները պետութեան «քաղաքական սպանութիւններու աւանդութեան» մէկ մասնիկն են եւ պետութեան գոյութենական գործօններէն են:
Ունենալով տարբեր անուններ` մարդասպանները միշտ նոյնն են: Համիտիէ գունդերէն մինչեւ Թաշքիլաթը մահսուսա, Սեֆերպերլիքի քննիչ յանձնախումբերէն մինչեւ Քոնթըրկերիլլա, յատուկ պատերազմական ատեաններէն մինչեւ Ժիթեմ…
Իսկ այսօր` «Ոստիկանութեան յատուկ ուժեր», «Ժանտարմայի յատուկ ուժեր» եւ անպատժելիութեան զրահով վահանուելու ինքնավստահութեամբ` «Ժողովրդական յատուկ ուժեր»:
Շրջան մը ֆեթհուլլայականներուն հետ ուս-ուսի տուած` էրկենեքոնականներուն դէմ, իսկ յետոյ էրկենեքոնականներուն հետ միացած` բոլոր յանցանքները կը նետեն ֆեթհուլլայականներուն:
Քանի որ մեքենան նոյն մեքենան է, փոխուողը միայն մեքենագէտն է: Մի՛ նայիք այսօր` իբր թէ հակառակ բեւեռներու վրայ են, իրարու աչք կը փորեն, ասոնք նոյն հարթակին, նոյն գործիքին կցորդն են:
Ասոնց կռիւը սահմանուած է պետութիւնը ձեռք անցընելով եւ ձեռք ձգած դիրքերու իշխանութեամբ իրենց տիրութիւնը յաւիտենական դարձնելով:
Ասոնց հոգը չեն` ժողովրդավարութիւնը, խաղաղութիւնը, արդարութիւնը, մարդկային իրաւունքները:
Սակայն նոյնն է իրենց մղձաւանջը եւ նոյն վախէն կը սնանին ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը:
Ասոնց առաջին ինքնապաշտպանական գիծը ճշմարտութիւնը քողարկելն է, որմէ մահացու կը վախնան: Քանի որ գիտեն` ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի գայ եւ հաշիւ պիտի պահանջուի Հայոց ցեղասպանութեան համար, Տէրսիմի համար, Մարաշէն մինչեւ Սըվազ, Իլհան Էրտոսթէն մինչեւ Մեթին Կէօքթեփէ, Թայպեթ Ինանէն մինչեւ Քեմալ Քուրքութ, մինչեւ Սեւակ Պալըքճը, Հրանդ Տինքէն մինչեւ Թահիր Էլչի:
Ճշմարտութիւնը քողարկելու եւ իշխանութեան շարունակութեան համար մշտական թշնամի հայերը, քիւրտերը, ալեւիները, ձախակողմեանները եւ ընդդիմադիրները կեղեքելու համար հրոսակներ կը ստեղծէ պետութիւնը, ձեռքերը արիւնով ոճրագործները գործի կը լծէ: Նախկին ոճիրները ծածկելու համար նոր ոճիրներ կը գործէ:
***
Առաւել եւս, ասիկա աշխարհին մէջ ամէն տեղ այսպէս է: Պետութիւն կոչուած համակարգը արիւնով, բռնութեամբ եւ վայրագութեամբ կը սաստէ ամէն տեսակ ազատական տենչ, ամէն տեսակ հաւասարութեան եւ արդարութեան պահանջ: Սակայն իր դէմ կը գտնէ Պրոմեթեւսները, Սպարտակները, Ռոզա Փարքսերը, Մանտելաները, Մարտին Լուտեր Քինկերը, Կանտիները եւ Փլազա Տել Մայոյի մայրերը:
Անթիւ ու անհամար դիմադրողականները, որոնց անուններն իսկ չենք գիտեր…
Եւ ի վերջոյ դիմադրողականները յաղթական կ՛ըլլան: Մանտելան բանտէն կ՛ազատի, ցեղապաշտ պետական համակարգը կը փլուզուի, եւ ինք կը դառնայ նախագահ: Հնդկաստանի մէջ Կանտին եւ հետեւորդները ի վերջոյ իրենց երկրէն կը վտարեն անգլիացի գաղութատէրերը: Ռոզա Փարքս իր ուզած դուռէն կը մտնէ հանրակառք եւ կը նստի իր ուզած տեղը:
Տասնչորս տարի առաջ, հարիւր տարուան ճշմարտութիւնը քողարկելու համար Հրանդ Տինքը աչքէ հանեցին: Իշխանութեան պայքարը անոր կեանքին վրայէն տարին: Այսօր եւս, իրենց կռիւները անոր վրայէն, այս անգամ դատավարութիւններու միջոցով կը տանին:
Կը շարունակեն իրենց հաշիւներ մաքրելուն մէջ շահագործել Հրանդ Տինքը, որուն կեանքը առած էին տասնմէկ տարի առաջ:
Կ՛ուզեն, որ հաւատանք իրենց նոր գրած թատերախաղին, եւ կ՛ուզեն, որ դադրինք զիրենք հետապնդելէ: Ըստ այս նոր թատերախաղին, Հրանդ Տինքի դահիճները իշխանութեան պայքարի պարտուած կողմն են, որոնց հետ տակաւին երէկ ձեռք-ձեռքի էին:
Ձեր գրած իւրաքանչիւր թատերախաղ ճշմարտութեան պզտիկ բաժինն է, պարոննե՛ր, չէք կրնար մեզ խաբել այսպէս, գրեցէ՛ք տեղ մը` կ՛ուզենք ճշմարտութիւնը եւ ամբողջ ճշմարտութիւնը: Գիտենք, որ ասիկա շատ դժուար է: Բայց եւ այնպէս, պիտի չհրաժարինք ոճրագործը մատնանշելէ եւ դատապարտելէ:
«Աշխարհը վտանգաւոր վայր մըն է ոչ թէ աթոռ շինողներուն պատճառով, այլ` անոնց, որոնք առանց բան մը ընելու նստած կը մնան» (Ալպերթ Այնըշթայն):
Ինչպէս աշխարհի միւս եւ նման երկիրներուն մէջ` այստեղ եւս բռնակալը իր ուժը կ՛առնէ հանդիսատեսներէն, իր հանդիսատեսներուն շնորհիւ կը զօրանայ, «ուժ»-ը կը դադրի «ոճիր» ըլլալէ` հանդիսատեսներէն առնուած լռելեայն հաւանութեամբ: Ոճրագործները չեն դատապարտուած, ոճիրները մնացած են անպատիժ:
1915-ի Ցեղասպանութիւնը իր հանդիսատեսները ոչ միայն վերածեց վկաներու, այլ այս մեծ աղէտի ընթացքին եւ ետքը գործուած բոլոր ոճիրներու մեղսակիցի վերածեց: Միայն դիմադրողականներուն, անարդարութեան դէմ կեցողներուն ձեռքերն են, որ մաքուր են:
Որովհետեւ Լեւինաս կ՛ըսէ, թէ` «Ուրիշին վրայ անսահման իշխանութիւնը միայն սպանութեամբ կարելի է: Սակայն մեռցնելով` մեռած կ’ըլլայ թիրախ ենթական»:
Որովհետեւ, այնքան ատեն որ չենք առերեսուիր Ցեղասպանութեան հետ, այդ մեծ աղէտին հետ, մեր կեանքը կը շարունակէ մնալ բռնութեան գերին, եւ փաստ է, որ ճիշդ այդպէս ալ եղաւ:
Որովհետեւ, ինչպէս Արենտթ կը յիշեցնէ, «Եթէ չարիքը մէկ անգամ պատահած է, պատճառ չկայ, որ մէկ անգամ եւս չպատահի: Ապրուածը կ՛արձանագրուի գիտակցութեան մէջ, եւ որքան որ անցեալին, այնքան ալ ապագային կը վերաբերի»:
Չարիքին ոտնաձայնները աւելի բարձր կը լսուին ամէն օր, կ՛ապրինք օրեր, որոնք կը սպառնան մեր ամբողջ կեանքին վրայ:
Արտակարգ իրավիճակը շարունակական եւ մնայուն վիճակի հասցուած է:
Օրինական կուսակցութեան մը համանախագահները, խորհրդարանի անդամները նետուած են բանտ, ընտրուած քաղաքապետներ արձակուած են իրենց պաշտօններէն: Լրագրողներ, իրաւապաշտպաններ, այլ երկիրներու հետ կեղտոտ յարաբերութիւններու պատճառով կը շարունակեն մնալ բանտերու մէջ:
Արտայայտութեան ազատութիւնը վերացած է: Լրագիրներ, հեռատեսիլներ փակուած, գիրքեր հաւաքուած են:
«Օրէնքի ուժով հրահանգներ»-ով հազարաւոր աշխատաւորներ կը հեռացուին իրենց աշխատանքներէն` առանց դատական վճիռներու: Այս ալ չի բաւեր, «գործս ետ կ՛ուզեմ» ըսելով` հացադուլի սկսած Նուրիէ եւ Սեմիհ կը բանտարկուին:
Բանուորական ոճիրները, կիներու դէմ ոճիրները հասած են կոտորածներու մակարդակի:
Միայն մարդիկ եւ կեանքերը չեն կոտրուողները: Հարիւրաւոր տարիներ դիմադրութիւն ցուցաբերած Քուրշունլու մզկիթի, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիի, Քառոտանի մինարէի նման պատմական արժէքներ, հսկայական թաղամաս մը, անուններէն մէկը Կեաւուր թաղ եղող Սուրը բառին բուն իմաստով գետնի հաւասար եղած են, անշուշտ` դարձեալ պետական հսկողութեամբ: Զբօսայգիներ, յուշարձաններ, գերեզմանատուներ քանդուած են, եկեղեցիներ` պղծուած: Նոյնիսկ դիակները բռնութեան կ՛ենթարկուին:
Կարծես այս բոլորը չեն բաւեր, քաղաքացիները ոճիր գործելու քաջալերող, նոյնիսկ խրախուսող «Օրէնքի ուժով հրահանգներ»-ը եւ ամէն օր նորայայտ զինեալ մարզումի բանակավայրերը կարծես նոր ոճիրներու եւ կոտորածներու պատրաստութիւնը ըլլան:
Չըլլա՞յ թէ ծանր եւ նոր ամօթանքներ պիտի ապրեցնեն այս հասարակութեան, որ արդէն իսկ անցեալի ծանր ամօթանքներով բեռնաւորուած է:
Այս հասարակութեան ապագան հանդիսացող զաւակներուն, բացի ամօթանքէ, ուրիշ բան չունի՞նք կտակելիք:
Անշո՛ւշտ ունինք:
Մեր զաւակներուն ոչ թէ ոճիրի եւ բռնութեան ամօթանքը, այլ ժողովրդավարութիւն, տարբերութիւններով հանդերձ` միատեղ ապրիլ եւ բռնութեան ու զուլումին դիմադրելու մշակոյթը կտակելը տակաւին կարելի է:
Ժամանակն է Թահիր Էլչի ըլլալու եւ բռնութեան դէմ ելլելու, խաղաղութիւնը պաշտպանելու:
«Խաղաղութեան համար ակադեմականներ»-ու կողքին, «Այս ոճիրին մեղսակից չենք ըլլար» բարձրաձայնելու ժամանակն է:
«Շաբաթօրեայ մայրեր»-ուն հետ միասին, անոնց նման յամառ եւ աննկուն կերպով, առանց խրտչելու կամ յոգնելու` մեր զաւակներուն գերեզմաններն ու դահիճները փնտռելու ժամանակն է:
Օսման Քաւալայի նման` ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան, միատեղ ապրելու կամքին, Անատոլիայի մշակոյթին, արուեստին ու երգին կեանք տալու ժամանակն է:
Դատաւորներուն ու դատախազներուն գլուխները աւազի մէջ թաղած, փաստաբանական պալատներուն ամչկոտ յայտարարութիւններ ընելէն բացի, բան մը չըրած այս մթնոլորտին մէջ, 42 շաբաթէ ի վեր, իրաւունքի, օրէնքի եւ արդարութեան համար պայքարող «Արդարութեան հսկում»-ի կանգնած փաստաբաններուն կողքին հսկելու ժամանակն է:
Ժամանակն է կողքը կանգնելու Ահմեթ Շըքի եւ միւս լրագրողներուն, որոնք բռնութեան առջեւ չեն խոնարհիր:
Ժամանակն է ուժ տալու Նուրիէի եւ Սեմիհի ու իրենց նման «Օրէնքի ուժով հրահանգներ»-ու բռնութեան դիմադրողներուն:
Այշէ ուսուցչուհիին նման «երեխաները չմեռնին» ճչալու ժամանակն է:
Կը հարցնէ՞ք` ինչպէ՛ս պիտի ընենք:
Փողոցը կեանք է, ազատ տարածք է, սորվինք կիներէն եւ չլքենք փողոցը:
Քալենք ոչ թէ մարդասպաններուն եւ գողերուն ճամբայէն, այլ` Հաճի Հալիլներուն, որոնք ամէն տեսակ վտանգ աչքի առնելով` պաշտպանած են իրենց հայ դրացիները, Լիճէի կառավարիչ Հիւսէյին Նեսիմիներուն ճամբայէն, որոնք հայերու ջարդուելուն դէմ կեցած են:
Ըլլանք Հրանդ Տինք, մեր ծալած թեւերը լայն բանանք եւ հսկայ աշխարհը գրկենք ու մէջը սիրով լեցնենք:
Եկէ՛ք` ըլլանք Հրանդ Տինք, խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, միատեղ ապրելու մշակոյթին եւ երկխօսութեան ամէնէն ընդարձակ ճակատը կազմենք:
Աշխարհը ստեղծուած օրէն ի վեր արդարութեան, ազատութեան, հաւասարութեան, խաղաղութեան համար պայքարողներու, դժոխքը դրախտի վերածել պահանջողներուն տոհմէն կու գանք: Ասկէ առաջ ըրած ենք, դարձեալ պիտի ընենք:
19 յունուար 2018