Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Տեսակէտ. Նկատումներ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ Լը Տըրիան յայտարարեց. «Մտահոգ ենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական յարձակումէն եւ Անգարային կոչ կ՛ուղղենք ինքնազսպումի»: Ֆրանսայի կեցուածքը ուղղակի կրկնօրինակն է այս հարցով Ռուսիոյ կեցուածքին, այլ խօսքով` գործնական գետնի վրայ ոչինչ կը խոստանայ:

Ֆրանսայի պահանջով երկուշաբթի օր գումարուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ ու դռնփակ նիստ մը, որուն ընթացքին ո՛չ որոշում մը որդեգրուեցաւ, ո՛չ ալ յայտարարութիւն մը հրապարակուեցաւ: Նիստէն այլ բան կարելի չէր ակնկալել` նկատի ունենալով, որ խորհուրդի մնայուն` իմա՛ վեթոյի իրաւունք ունեցող անդամներէն Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները թրքական կողմին իրենց տուած «կանաչ լոյս»-երով մեղսակից են յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն: Պարզ է, որ անոնք պիտի մերժէին յայտնուիլ ինքնադատապարտութեան (թէկուզ անուղղակի) անհեթեթ կացութեան մէջ: Ուստի ի՞նչ էր նիստի հրաւիրման ետին Ֆրանսայի նպատակը:

Փարիզ թերեւս պարզապէս կ՛ուզէր նեղ կացութեան մատնել Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը, որուն դեսպանը հաւանաբար ճիշդ այդ անախորժ կացութենէն խուսափելու համար էր, որ լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, բացակայեցաւ նիստէն: Նաեւ այդ պատճառով էր, որ նիստն ալ դռնփակ էր: Ֆրանսայի կատարածը ստիպուած եմ կոչելու դիւանագիտական սնամտութիւն, որովհետեւ անոր ճշգրիտ բնորոշումը լիբանանեան բարբառի «մ» տառով սկսող հասարակ բառն է, զոր կը նախընտրեմ այստեղ չօգտագործել: Անիկա լաւագոյն պարագային բան մը ըրած ըլլալ երեւելու սիրոյն կատարուած քայլ մըն էր:

Միւս կողմէ, մինչ Լիբանանի քիւրտերը Պէյրութի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կը կատարեն եւ քիւրտ ղեկավարները Աֆրինի դէմ թրքական յարձակումին ռուսական մեղսակցութիւնը կը քննադատեն, ամերիկեան բացայայտ մեղսակցութեան նկատմամբ կը պահեն քար լռութիւն: Անոնց ղեկավարութիւնը զգացական վերաբերմունք ցուցաբերելով կը մերժէ Սոչիի մէջ միջսուրիական խորհրդաժողովին մասնակցիլ, ինչ որ մեծ գոհունակութիւն պիտի պատճառէ ու մեծապէս հանգստացնէ թրքական կողմը, որ ի սկզբանէ դէմ էր այդ գաղափարին, զոր դժկամաբար ընդունեց միայն Աֆրինի հարցով ռուսական «կանաչ լոյս»-ին սիրոյն:

Քիւրտ ղեկավարութիւնը, դժբախտաբար, չի գտնուիր քիւրտ զինեալներու անձնազոհութեան համահունչ բարձրութեան վրայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>