Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Հայաստան» Հիմնադրամին Միջոցներով Արցախի Մէջ Շուտով 37 Խորքային Հորեր Պիտի Կառուցուին

Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցներով Մարտունիի, Ասկերանի եւ Հադրութի շրջաններուն մէջ շուրջ 870 հեկտար հողատարածքներու ոռոգման համար շուտով պիտի սկսի 37 խորքային հորերու կառուցման ծրագիրը:

Այս մասին յայտնած է Արցախի գիւղատնտեսութեան նոր նշանակուած փոխնախարար Տիգրան Ծատրեանը եւ` աւելցուցած, որ ներկայիս հիմնադրամին կողմէ կ՛իրականացուի նախագիծներու պատրաստութիւնը, որուն պիտի յաջորդեն շինարարական աշխատանքները:

«Ծրագիրը ընդհանրապէս պիտի իրականացուի նախապէս հողերու սեփականաշնորհման ժամանակաշրջանին բնակիչներու կողմէ ձեռք բերուած այգիներու մէջ. անոնցմէ պիտի օգտուին շուրջ 850 հողագործներ: Իսկ ինչո՞ւ Մարտունիի, Ասկերանի եւ Հադրութի շրջանները ընտրուած են. ըսեմ, որ այս մէկը պատահական չէ եղած, որովհետեւ նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններու համաձայն, այդ շրջաններուն մէջ վերգետնեայ ջրային աղբիւրները քիչ են», յայտնեց փոխնախարարը:

Ըստ փոխնախարարին, բացի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ յատկացուած միջոցներէն, 2018-ի պետական պիւտճէով գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը եւս նախատեսած է գումարներ նոր ոռոգման համակարգերու եւ խորքային հորերու կառուցման, ինչպէս նաեւ ջրանցքներու եւ ջրամբարներու սպասարկման համար, որոնց շնորհիւ պիտի աւելնան ոռոգման տարածքները:

«Ընթացիկ տարուան մէջ պետական պիւտճէով արթեզեան ջրհորներու կառուցման եւ վերանորոգման համար կը նախատեսուի ծախսել 300 միլիոն դրամ, ջրախնայողական արհեստագիտութեան համար` 335 միլիոն, իսկ ջրամբարներու, ջրանցքներու եւ ջրատարներու կառուցման եւ վերանորոգման համար` 200 միլիոն դրամ: Նախարարութեան կողմէ այժմ կը մշակուի այլ ծրագիր մը, ըստ որուն, առաւել քան 1 հեկտար հողատարածքներ ունեցող հողագործները ջուրի առկայութեան պարագային պիտի կարենան օգտուիլ կաթիլային ոռոգման համակարգի տեղադրման պետական աջակցութենէն», ըսաւ Տ. Ծատրեան` աւելցնելով. «Սակայն այստեղ կան շարք մը հարցեր, որովհետեւ նկատի առնելով այն, որ ներկայիս ոռոգման կաթիլային համակարգը կը տեղադրուի հողագործներու կողմէ, յաճախ ժամանակի կամ ոչ ճիշդ տեղադրման արհեստագիտական հարցեր  կը յառաջացնէ: Այդ նպատակով հետագային կը նախատեսուի գործընթացը իրականացնել կեդրոնացուած ձեւով: Մասնաւորապէս, հողագործին կողմէ յայտի ներկայացման պարագային, գիւղանախարարութիւնը մասնագիտացուած կազմակերպութեան հետ պիտի կնքէ պայմանագիր եւ կաթիլային համակարգը պիտի տեղադրուի ամենակարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ` ապահովելով նաեւ երաշխաւորուած սպասարկում:

Ծնելիութիւնը Խթանող «Բազմազաւակ Ընտանիքների Մասին» Օրէնքը Կը Հաստատուի

Կառավարութիւնը հինգշաբթի, 18 յունուարի նիստին հաստատեց «Բազմազաւակ ընտանիքներու մասին» օրէնքին նախագիծը: Չորս եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքները կը համարուին բազմազաւակ եւ կ՛օգտուին որոշ արտօնութիւններէ:

Կառավարութիւնը ուսումնասիրած, հետազօտած, քննարկած եւ պարզած է, որ Հայաստան ժողովրդագրական լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ: Հարցերը սուր են, յատկապէս` ծնելիութեան ցած մակարդակով պայմանաւորուած:  Պատասխանատուները նաեւ պարզած են, որ  ծնելիութիւնը չ՛ապահովեր նոյնիսկ բնակչութեան պարզ վերարտադրութիւն, որուն համար անհրաժեշտ է միջին հաշուով 2,1 փոքրիկ:

Կառավարութիւնը վստահ է, որ միայն պարզ վերարտադրութեան յաղթահարումով (մէկ ընտանիքի մէջ 2-3 զաւակ) կարելի չէ ապահովել ընդլայնուած վերարտադրութիւն եւ հասնիլ ծնելիութեան մակարդակի էական բարձրացման: Յառաջիկային ամուսնական տարիք պիտի մտնէ 2000-ական թուականներու սկիզբը ծնած ոչ բազմաքանակ սերունդը, որուն վերարտադրողական ներուժը անհրաժեշտ է առաւելագոյնս օգտագործել:

Հաստատուած օրէնքը կը սահմանէ բազմազաւակ ընտանիքը. «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բնակող ընտանիքն է, որուն ամուսնական մէկ զոյգը, իսկ միածնող ընտանիքի պարագային` միակ ծնողը, ծնած եւ կամ որդեգրած են եւ կը խնամեն չորս եւ աւելի  զաւակ»:

Պաշտօնական վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ  Հայաստանի մէջ աղքատ են գլխաւորաբար երեք եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքները:

1 յունուար 2014-ին Հայաստանի մէջ երրորդ եւ չորրորդ զաւակի ծննդեան միանուագ նպաստ  սահմանուած է 1 միլիոն, իսկ հինգերորդ եւ յաջորդ զաւակի ծննդեան պարագային` 1,5 միլիոն դրամ:

Առողջապահութեան Բարելաւում` Արցախի Համար «Թուֆենկեան» Հիմնադրամը Քաշաթաղի Մէջ Դարմանատուն Վերանորոգած Է

Ազատագրուած Քաշաթաղի գիւղերէն մէկուն` Իշխանաձորի մէջ, ամիսներ տեւած վերանորոգման աշխատանքներէն ետք, վերաբացուեցաւ տեղի դարմանատունը: Բացման արարողութեան մասնակցեցան Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանը, «Թուֆենկեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, ինչպէս նաեւ` Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, Բերձորի հիւանդանոցի եւ Իշխանաձորի համայնքի ներկայացուցիչները:

«Թուֆենկեան» հիմնադրամին կողմէ 2004-2006 թուականներուն կառուցուած դարմանատունը Քաշաթաղի հարաւը գտնուող 16 հեռաւոր գիւղերուն բժշկական ծառայութիւններ տրամադրող միակ կառոյցն է: Աւելի քան մէկ տասնամեակ գործելէն ետք դարմանատունը անմիջական վերանորոգման եւ բարեկարգման կարիք ունէր իր ծառայութիւնները շարունակելու համար:

Գիտակցելով այս կառոյցի կարեւորութեան  Իշխանաձորի եւ ողջ հարաւային Քաշաթաղի համար` «Թուֆենկեան» հիմնադրամը այս տարուան սեպտեմբերին յանձն առաւ դարմանատան վերանորոգումը: Ինչպէս հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ կատարուող բոլոր շինարարական աշխատանքները, դարմանատան վերանորոգումը եւս վստահուեցաւ տեղացի աշխատողներուն:

Դարմանատունը վերանորոգուած  է ամբողջութեամբ, ներառեալ` պատերու, յատակի եւ առաստաղի բարեկարգումը, նոր պատուհաններու եւ դռներու տեղադրումը եւ արտաքին յարդարումը: Ապահովուած է այս առողջապահական կառոյցի պահպանումը` յառաջիկայ տասնամեակներու համար:

Դիմելով բացման արարողութեան մասնակիցներուն` «Թուֆենկեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը ըսաւ. «Քաշաթաղի վերաբնակեցումը եւ զարգացումը կարեւոր են ոչ միայն այստեղ ապրող մեր հայրենակիցներուն, այլ նաեւ ամբողջ Արցախի եւ Հայաստանի համար: Մենք պէտք է շարունակենք աշխատիլ միասին` այս ազատագրուած տարածքներուն նոր կեանք հաղորդելու եւ այստեղ ապրելու նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելու համար»:

Դարմանատան բժշկական անձնակազմը ներկայիս բաղկացած է 6 մասնագէտներէն, որոնք առողջապահական ծառայութիւններ կը տրամադրեն տարեկան աւելի քան 500 հիւանդներու:

Դարմանատան կողմէ տրամադրուող խնամքը Քաշաթաղի համար առաջնային կարեւորութիւն ունի: Ազատագրուած այս շրջանի բազմաթիւ բնակիչներու համար բժշկական խնամքը դժուարամատչելի է վատ ճանապարհներու եւ երթեւեկութեան պատճառով: Մինչեւ վերջերս գիւղերուն մէջ գործող առողջապահական կառոյցներ գրեթէ գոյութիւն չունէին, եւ յաճախակիօրէն հանդիպող այնպիսի դէպքերը, ինչպիսիք են` օձի խայթոցները, յանկարծակի հիւանդութիւնները եւ անգամ ծննդաբերութիւնները, կրնային պատճառել մահացութիւն:

Իշխանաձորի դարմանատան կառուցումը, սարքաւորումներով զինումը եւ հետագայ վերանորոգումը «Թուֆենկեան» հիմնադրամին կողմէ` Քաշաթաղին մէջ առողջապահութեան բարելաւման ուղղուած ծրագիրներէն մէկն է: 2005 թուականէն ի վեր հիմնադրամը կառուցած, կահաւորած է եւ սարքաւորումներով  զինած է հեռաւոր համայնքներու մէջ, որոնց շարքին` Մշենի եւ Աղաւնատուն գիւղերուն մէջ գտնուող քանի մը փոքր դարմանատուներ: Բացի այդ, 2008-2010 թուականներուն հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Քաշաթաղի մէջ գործած է շարժական դարմանատուն մը, որ երկու տարիներու ընթացքին բժշկական խնամք տրամադրած է մօտ 2000 անձերու, որոնց շարքին` 597 երեխաներու:

Արցախի ազատագրուած սահմանամերձ գիւղերուն մէջ առողջապահական իրավիճակի հետագայ զարգացման նպատակով «Թուֆենկեան» հիմնադրամը 2018 թուականին կը նախատեսէ դարմանատուն կառուցել հիւսիսային Քաշաթաղի Մոշաթաղ գիւղին մէջ, ուր բժշկական որեւէ ծառայութիւն ներկայիս հասանելի չէ:

2017-ին Արցախի Մէջ Ամուսնութիւններու Թիւը Աճած Է

Ըստ Արցախի արդարադատութեան նախարարութեան հաղորդած տուեալներուն,  2017-ին Արցախի մէջ արձանագրուած է 961 ամուսնութիւն` նախորդ տարուան 934-ի փոխարէն:  Ամուսնացող տղամարդոց միջին տարիքը 28-ն է, իսկ կիներունը` 23-ը:

Նախարարութեան տուեալներով, 2017-ին արձանագրուած է 227 ամուսնալուծում` նախորդ տարուան 168-ի փոխարէն: Ամուսնալուծուողներուն միջին տարիքը 33-ն է: Ամուսնալուծութեան դիմում կը կատարեն աւելի շատ կիները: Ամուսնալուծուող քաղաքացիներէն 153 զոյգը ունի անչափահաս զաւակ:

Ճամբարակի Երկու Անապահով Ընտանիքներ Օգնութիւն Ստացան

Օգնէ՛ հայրենակիցիդ, տո՛ւր անոր ապրելու, ստեղծելու, աշխատելու կարելիութիւն: Այս նպատակին կը ծառայէ «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան նախաձեռնած «Օգնիր եղբօրդ» հաղորդաշարը, որուն ուշադրութեան առարկայ կը դառնան ընկերային անապահով ընտանիքները, անոնց պատմութիւններն ու հարցերը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ հաղորդաշարի շահառու ընտանիքներուն: Հաղորդաշարի նախաձեռնողներն ու Հայ օգնութեան միութեան ներկայացուցիչները նուիրատուութիւնը յանձնած են Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակի մէջ բնակող երկու ընտանիքի:

Հայաստանի Մէջ Կը Ծրագրուի Հիմնել Համահայկական Թուային Գրադարան

Հայաստանի Ազգային գրադարանը  2017-ին շարք մը ձեռքբերումներ ունեցած է, ինչպէս` մատենագիտական աշխատանքներու կազմում, Գրատպութեան թանգարանի բացում եւ այլն: Նախորդ տարի կատարուած աշխատանքին եւ այս տարի սպասուող ծրագիրներուն մասին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին ներկայացուց գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը:

«Նախորդ տարուան ամէնէն ծանր իրադարձութիւնը Հայաստանի Ազգային գրապալատի ձուլումն էր Հայաստանի Ազգային գրադարանին: Մենք գրապալատի ամբողջ  հաւաքածոն տեղափոխեցինք մեր քով: Աշխատակիցներէն ոչ մէկը դուրս մնաց: Այն գործառոյթները, որոնք կը կատարէր գրապալատը, այժմ կը շարունակէ իրականացնել  գրադարանը», յայտնեց Զարգարեան:

Գրադարանը նկուղային ապահով տարածք յատկացուցած է «Ազգային անձեռնմխելի հաւաքածու» համարուող գիրքերուն: Այնտեղ կը պահուին տարբեր հրատարակիչներու տրամադրած արժէքաւոր գիրքերէն օրինակներ:

Տնօրէնը շեշտեց, որ գրադարանի արձանագրուած ընթերցողներուն թիւը 31 հազար 755 է:

«2017-ին արձանագրուած է 3367 մարդ, անոնցմէ 2357 ուսանողներ են, 1010-ը` գիտական ընթերցասրահի ընթերցողներ: Գրքատածքը կազմած է 1 միլիոն 499 հազար միաւոր, այսինքն տարուան ընթացքին այդքան անգամ գիրք սպասարկուած է, իսկ ընթերցողներուն յաճախումներուն թիւը հասած է 247 հազար 828-ի», ըսաւ Զարգարեան:

Անդրադառնալով միջազգային համագործակցութիւններուն` Տիգրան Զարգարեան կը տեղեկացնէ, որ նախորդ տարի ռուսերէնով եւ հայերէնով հրատարակուած է մատենագիտական գրքոյկ մը` «Պատրաստուած Է ԽՍՀՄ-ում. Հայաստան 1950-1991 թուականներ» խորագիրով: Այնտեղ ներառուած են Հայաստանի գիտնականներու ատենախօսութիւններ, ընդգրկուած են գիտութեան բոլոր ճիւղերը:

Կազմուած է Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Armenian Review» հայագիտական հանդէսի յօդուածներու մատենագիտութիւնը` 1950-ականներէն մինչեւ 2010:

«Մեր ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի գիրքերու թուայնացումը: Մենք աշխարհով մէկ սփռուած տպագիր գիր եւ մամուլ ունինք: Շատ համարներ մեր քով չկան: Զանոնք գտնելով, թուայնացնելով եւ թուայնացուած պատճէնները մեր քով պահելով` հասանելի կը դարձնենք ընթերցողներուն, հետազօտողներուն: Այս նպատակով ստացած ենք նոր թուայնացման սարքեր, որոնք մեզի կարելիութիւն տուին առաջադրել համահայկական թուային գրադարան ստեղծելու գաղափարը», ընդգծեց տնօրէնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>