Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

$
0
0

Սարտինիոյ Գրաւումը Քաթալոնիոյ Եւ Արակոնի Թագաւորութեան Կողմէ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ալֆոնսօ Դ. թագաւոր

Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի Խայմէ Բ. թագաւորի որդին` Ալֆոնսօ Դ., կոչուած` էլ Պենիկնէ (ազնիւ), մեծապէս ընդարձակեց թագաւորութեան հողերը եւ նուաճումներ կատարեց, իր զօրութիւնը հասցնելով մինչեւ Սարտինիա եւ Յունաստան:

Ալֆոնսօ Խայմէ Բ.ի եւ Պլանշ տ՛Անժուի երկրորդ որդին էր, ծնած` 2 նոյեմբեր 1299-ին, Նափոլի: 1314-ին, 14 տարեկանին ան Լէիտայի տաճարին մէջ ամուսնացաւ Թերեզա տ՛Էնթենսա ի Քապրերայի (1300-1327)  հետ, որ Ուրկէլի կոմսութեան ժառանգորդն էր, Կոմպալտ տ՛Էնթենսայի եւ Քոնսթանս տի Անթիլիոնի դուստրը: Քապրերա տոհմի պետ Էրմենկոլ Ժ., Ուրկէլի կոմսը եւ Ակէրի դերկոմսը, Թերեզայի մօրենական մեծ հօր եղբայրն էր, Փերէ էլ Կրանի, Ալֆոնսօ Գ.ի եւ ժամանակ մըն ալ Խայմէ Բ.ի մօտիկը գործակից եւ աջակից եղած էր եւ իր ժառանգութիւնը Ալֆոնսոյի կտակած, եթէ ան ամուսնանար Թերեզայի հետ:

Քապրերաները քաթալան ազնուական տոհմ են եւ Կիրոնայի դերկոմսերը եղած են: Կիրոնայի դերկոմսութիւնը կոչուած է Քապրերայի դերկոմսութիւն: Հետագային անոնք Ակէրի դերկոմսերը եւ Ուրկէլի ու սիկիլիական Մոտիքայի կոմսերը եղած են: Քապրերա դղեակը կը գտնուէր Քաթալոնիոյ կեդրոնական Օսոնա գաւառի լ՛էքիրոլ գիւղին մօտ. գիւղը կոչուած է Սանթա Մարիա տէ Քոնքօ: Տոհմին նահապետը եղած է Կոսֆրէտ տէ Քապրերա, որ իշխած է 1002-1017:

Ալֆոնսօ Դ. Թագաւորին կնքանշանը

Ալֆոնսօ 1319 դեկտեմբերին գահաժառանգ հռչակուեցաւ, երբ իր երէց եղբայրը` Խայմէ (1296-1334) իր իրաւունքէն հրաժարելով Մոնթեսայի ուխտի վանական դարձաւ: Մոնթեսայի վանական ուխտը հիմնուած էր Վալենսիոյ Քոսթերա շրջանին մէջ գտնուող Մոնթեսա ամրոցին մէջ եւ Սուրբ Կոյսի հովանիին տակ գործող կրօնական ու զինուորական կազմակերպութիւն էր: Յովհաննէս ԻԲ. պապ 10 յունիս 1317-ին հաստատած էր միաբանութիւնը: Առաջին ղեկավարը եղաւ Կուիլերմօ տ՛Էրիլ:

***

Սարտինիա կղզին Փիզայի եւ Ճենովայի ենթարկուած էր: Փիզացի տելլա Կիրարկեսչի ընտանիքը եւ ճենովացի Տորիա եւ Մալասփինա ընտանիքները աւատատէր տիրակալներ էին: Միայն կղզիին կեդրոնական-արեւմտեան Արպորէայի շրջանը պահած էր իր ինքնիշխան գոյավիճակը, ուր կ՛իշխէր տեղացի Լաքոն ընտանիքը: Փիզացիք իբեւ կեդրոն ունէին Քասթէլ տի Քասթրոն (ներկայ Քակլիարին), կղզիին հարաւը, որ հիմնուած էր 1216-1217-ին, փիզացի վաճառականներու կողմէ:

Ճենովացի Տորիաները եւ Մալասփինաները կեդրոնացած էր Լոկուտորօ գաւառին մէջ: Իսկ Սասսարի քաղաքը, կղզիին հիւսիս-արեւմուտքը, փոքր հանրապետութիւն մըն էր: Կղզիին հիւսիս-արեւելեան Կալլուրա գաւառը եւս փիզացիներուն կը պատկանէր:

Կիրոնայի քորթէսը 1321-ին Մայորքայի Սանչօ թագաւորին իրաւասութիւն տուաւ գրաւելու Սարտինիան: Արշաւանքի համար որոշուեցաւ կազմակերպել 20 մարտանաւերէ, 200 ձիաւորներէ եւ մեծաթիւ բանուորներէ բաղկացած բանակ մը: Սանչօ իր հրեայ հպատակներէն դրամ պահանջեց նաւատորմ պատրաստելու համար: Նոյն օրերուն երկու քրիստոնեաներ յուդայական դարձան: Իբրեւ հակադարձութիւն հրեաներուն իրաւունքները խլուեցան եւ անոնց սինակոկը փակուեցաւ:

Նշենք, որ Մայորքայի թագաւորութիւնը, հիմնուած` 1231-ին, կ՛ընդգրկէր Պալէարեան կղզիները` Մայորքա, Մինորքա, Իպիսա եւ Ֆորմենթերա: Թագաւորը միաժամանակ Ռուսիյոնի եւ Սերտանիայի կոմսութիւններուն, օսսիթանեան հողերուն` Մոնփելիէի սենիորութեան ու Օմելայի պարոնութեան, եւ Օվերնիէի մէջ` Քարլայի դերկոմսութեան տիրակալն էր:

Ալֆոնսոյի արշաւանքը դէպի Սարտինիա

Մինչ Սարտինիոյ գրաւման պատրաստութիւններ կը տեսնուէին, Սանչօ թագաւոր ձեռնարկեց Փերփինիանի տաճարի կառուցման: Փերփինիան կը գտնուի Ֆրանսայի ներկայ Փիրէնէ-Օրիանթալ նահանգին մէջ, Ռուսիյոնի դաշտին մէջ, Միջերկրականի ափերէն 13 քիլոմեթր արեւմուտք. քաղաքին մէջէն կը հոսի Թէթ գետը եւ անոր հարկատուներէն` Պաս: Փերփինիան Ռուսիյոնի կոմսութեան եւ Մայորքայի թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր: Փերփինիանի Սանթ Խուան Պափթիսթա տաճարը քաթալան գոթական ճարտարապետութեան գոհարներէն է. անոր կառուցումը աւարտեցաւ ԺԵ. դարուն եւ 1602-էն Փերփինիան-Էլնէի եպիսկոպոսութեան աթոռանիստն է:

Սակայն Սանչօ թագաւոր չյաջողեցաւ իրագործել Սարտինիոյ գրաւումը եւ մահացաւ 1324-ին:

***

Սարտինիոյ Արպորէա շրջանի աւատատէր Հուկ Բ. 1323-ին ինքզինք Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի թագաւորութեան վասալ հռչակեց, յարձակեցաւ փիզացիներուն վրայ եւ յաղթական ճակատամարտեր մղեց Վիլլաննոսվաֆորրուի եւ Սանլուրիի մէջ:

Հուկ Բ. 15 մայիսին 200 ձիաւորներով եւ 2 հազար հետեւակ զինուորներով, որոնք կը գտնուէին Կուէրօ տէ Ռոքապերթիի եւ անոր եղբօրորդի Տալմոյի հրամանատարութեան տակ, Պարսելոնայէն ուղղուեցաւ Արպորէա եւ Քարթու ցամաք ելաւ: Քարթու կը գտնուի Քասթէլ տի Քասթրոյէն քիչ հեռու:

Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի գահաժառանգ իշխան Ալֆոնսօ 300 նաւերէ բաղկացած զօրաւոր նաւատորմ կազմեց եւ ծովակալ Ֆրանսիսքօ Քարրոսը հրամանատար նշանակեց: Ձիերը եւ զէնքերը նաւերուն մէջ լեցնելով, 31 մայիս 1323-ին Ալֆոնսօ Փորթ Ֆանկոսէն (Թորթոսայի մօտակայքը) ճամբայ ելաւ դէպի Սարտինիա: Ճամբուն վրայ Մինորքայի Մահոն քաղաքը ցամաք ելաւ եւ քանի մը օր ետք հոնկէ ուղղուեցաւ Սարտինիոյ արեւմտեան Օրիսթանոյի ծոցի Սան Մարքօ հրուանդանը:

Վիլլա տի Չիէսայի պարիսպները

Քաթալան նաւատորմը 13 յունիսին հասաւ կղզիին հարաւային Սուլսիս շրջանը եւ Ալֆոնսոյի հրամանատարութեան տակ զօրքը յունիս 28-ին պաշարեց պատսպապատ Վիլլա տի Չիէսան (ներկայիս` Իկլեսիաս): Փիզացիք քաղաքը կը պաշտպանէին 250 ձիաւորներով, հազար զինուորներով եւ 600 քաղաքացիներով:

Տաք ու խոնաւ կլիմային պատճառով ճահճատենդը (մալարիա) տարածուեցաւ եւ երկու կողմերն ալ ծանր կորուստներ տուին: Փիզացիք սովի մատնուեցան եւ մինչեւ իսկ շուներն ու կատուները կերան:

Քանի մը ամսուան պաշարումէ ետք, 7 փետրուար 1324-ին Վիլլա տէ Չիէսա անձնատուր եղաւ:

Քանի մը օր ետք, փետրուար 13-ին Ալֆոնսոյի զօրքը քալեց դէպի Քասթէլ տի Քասթրօ, գրաւեց ամրոցին արեւելեան Պոնարիա բլուրին դիրքերը եւ պաշարեց քաղաքը:

Փիզայի հանրապետութիւնը 112 նաւերէ բաղկացած նաւատորմ մը պատրաստեց: Նաւատորմը, կոմս Մանֆրէտի տելլա Կերարտեսքայի հրամանատարութեան տակ, ճամբայ ելաւ Փիոմպինոյի ափերէն եւ համախմբուեցաւ Փորթօ Փիսանոյի մէջ: Փորթօ Փիսանօ, Լիկուրիական ծովու ափին, Առնոյի գիտաբերանին, կարեւոր նաւահանգիստ է. երեք աշտարակներ կը պաշտպանէին նաւահանգիստը, իսկ այլ աշտարակ մըն ալ` նաւերը: Նաւատորմը այնուհետեւ հասաւ Թերրանովա (ներկայիս` Օլպիա, Սարտինիոյ հիւսիս-արեւելքը), ուր համախմբուեցան փիզացի ձիաւոր եւ հետեւակ ուժեր: Փետրուար 25-ին փիզացիք հանդիպեցան քաթալան մարտանաւերուն, որմէ ետք Քափոթերրա (ներկայիս` Քակլիարիի արուարձան) ցամաք ելան:

Կոմս Մանֆրէտի տելլա Կերարտեսքա փետրուար 26-ին իր ուժերը կեդրոնացուց Քասթէլ տի Քասթրոյի արեւմուտքը, Քափոթերրայի ծոցին մէջ: Ան բանակը երեք թեւի բաժնեց եւ որոշեց նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը առնել: Կոմս Մանֆրէտիի նպատակն էր պաշարման շղթան քակել եւ Սանթա Կիլլայէն անցնելով հասնիլ Ութա եւ Տեքիմոմանու:

Ճակատամարտը տեղի ունեցաւ փետրուար 29-ին, Լութոքիսթերնայի մէջ (ներկայիս` Քակլիարի Էլմաս օդակայանին վայրը):

Փիզացիք յարձակման անցան, բայց ուժեղ դիմադրութեան հանդիպեցան: Կոմս Մանֆրէտի երեսին հարուած մը ստացաւ եւ կորսնցուց սաղաւարտն ու ձին: Բայց շարունակելով գօտեմարտը` քանի մը տեղէ վիրաւորուեցաւ, որմէ ետք ճակատը ձգելով քաշուեցաւ Քասթէլ տի Քասթրօ:

Փիզացիներուն մէկ մասը սկսաւ քաշուիլ դէպի ամրոց, բայց ձիաւոր եւ հետեւակ զօրքին մնացեալ մասը շարունակեց դիմադրութիւնը. Սանթա Կիլլայի տղմուտ ջուրերուն շուրջ բուռն կռիւներ մղուեցան:

Փիզացի 200 ձիաւոր եւ 300 հետեւակ զինուորներ համախմբուեցան Էնրիքօ տելլա Մուլայի շուրջ եւ գրոհի անցան: Իշխան Ալֆոնսօ ունէր 2 հազար հետեւակ եւ 800 ձիաւոր զինուոր: Արիւնալի սուինամարտեր մղուեցան: Արակոնցի եւ քաթալան զօրքը տուաւ 160 զոհ, իսկ փիզացիք տուին 200 հետեւակ եւ 100 ձիաւոր զոհ, որմէ ետք ցիրուցան նահանջի ճամբան բռնեցին: Կոմս Մանֆրէտի վիրաւոր վիճակով ճակատ վերադարձաւ եւ փորձեց շարունակել ճակատամարտը, բայց անօգուտ:

Քակլիարի

Նոյն օրը ծովակալ Ֆրանսիսքօ Քարրոս Քակլիարիի ծոցին մէջ նուաճեց Փիզայի նաւատորմը: Մեծ թիւով փիզացիներ գերի ինկան:

***

Փիզայի եւ Ճենովայի հանրապետութիւնները 1324 սեպտեմբերին պատերազմ հռչակեցին Արակոնի եւ Քաթալոնիոյ թագաւորութեան դէմ: Նոյեմբերին Փիզայի եւ Ճենովայի նաւատորմերը Կասփարէ Տորիայի հրամանատարութեամբ Սաւոնայի (Լիկուրիա) նաւահանգիստը համախմբուեցան: Քաթալան նաւատորմը, Ֆրանսիսքօ Քարրոսի հրամանատարութեամբ, Քակլիարիի ծոցին մէջ կեդրոնացած էր:

Քակլիարիի ծոցը, Սարտինիոյ հարաւը, Թիրհենեան ծովու (Քորսիքա եւ Սարտինիա կղզիներէն Իտալական թերակղզի եւ Սիկիլիա) ափին, կոչուած է նաեւ Հրեշտակներու ծոց: Արեւելեան կողմը Քարպոնարայի հրուանդանն է` ամրոցով եւ մօտակայ Քաւոլի եւ Սերփենթարա կղզիներով: Քարպոնարա (ներկայիս` Վիլլասիմիուս) գիւղը ռազմագիտական արժէք կը ներկայացնէ եւ ծովահէններու կեդրոն էր:

Փիզայի եւ Ճենովայի հանրապետութեանց մարտանաւերը դեկտեմբեր 29-ին հասան Քակլիարիի ծոցը եւ նաւամարտը սկսաւ: Թէեւ փիզացիք եւ ճենովացիք յաղթանակ արձանագրեցին, բայց նաւամարտը չփոխեց պատերազմին ընթացքը: Արակոնցի եւ քաթալան զօրքերը արդէն հասած էին Սարտինիոյ խորերը եւ գրաւած ռազմագիտական արժէք ներկայացնող գիւղերն ու ամրոցները:

Բոնիփակիոս Ը. պապ 1297-ին Սարտինիոյ եւ Քորսիքայի թագաւոր տիտղոսը տուած էր Խայմէ Բ. թագաւորին: Այս հիմամբ ալ Ալֆոնսօ 1324-ին Սարտինիոյ եւ Քորսիքայի թագաւորութեան կազմաւորումը հռչակեց:

Արակոնցի եւ քաթալան զօրքերը Ռամոն տէ Փիրալթայի հրամանատարութեան տակ 1325 յունուարին յարձակեցան Սթամփասէի վրայ եւ անոր փիզացի բնակչութիւնը սուրի քաշեցին: Փիզա հաշտութիւն խնդրեց: Սարտինիոյ մէջ գործող փիզացի զօրքերու մնացորդները եւ պաշարուած Քասթէլ տի Քասթրոյի բնակիչները 1326 յունիսին անձնատուր եղան արակոնցիներուն: Քասթէլ տի Քասթրօ անցաւ նոր կազմաւորուած Սարտինիոյ եւ Քորսիքայի թագաւորութեան եւ անոր մայրաքաղաքը եղաւ, վերակոչուելով Քասթէլ տի Քալլար: Մեծ թիւով քաթալաններ գացին եւ բնակութիւն հաստատեցին Սարտինիոյ մէջ:

Սարտինիոյ եւ Քորսիքոյի թագաւորութիւնը իր առանձին փոխարքան ունեցաւ:

Սարտինիոյ գրաւումէն ետք քաթալաններ Պոնարիայի Սուրբ Կոյսի շիրիմը կառուցեցին: Պոնարիայի Սուրբ Կոյսը ծովագնացներու պաշտպան եւ ծովու աստղ նկատուած է: Պոնարիայի Սուրբ Կոյսի տաճարը Քակլիարիի պատմական կառոյցներէն է: Նշենք, որ Պոնարիայի Սուրբ Կոյսին անունով կոչուած է Արժանթինի մայրաքաղաքը` Պուէնոս Այրէս:

***

Գահաժառանգ իշխան Ալֆոնսօ հօր` Խայմէ Բ. թագաւորի մահէն ետք, 1327 նոյեմբերին գահ բարձրացաւ իբրեւ Արակոնի եւ Քաթալոնիոյ Ալֆոնսօ Դ. թագաւոր: Գահակալութենէն երկու շաբաթ առաջ` 20 հոկտեմբերին, Սարակոսայի մէջ, ծննդաբերութեան ժամանակ մահացաւ կինը` Թերեզա տ՛Էնթենսա, եւ Սարակոսայի Ֆրանսիսքեաններու եկեղեցիին մէջ թաղուեցաւ: Ալֆոնսոյի եւ Թերեզայի զաւակներն են` Ալֆոնսօ, Քոնսթանս (ամուսնացաւ Մայորքայի Խայմէ Գ. թագաւորին հետ), Փերէ (ապագայ Փերէ Դ. թագաւոր), Խայմէ (եղաւ Ուրկէլի կոմսը), Իզապելլա, Ֆատրիքէ (մանկութեան մահացած) եւ Սանչօ (քանի մը օր ապրած. անոր ծննդաբերութեան ժամանակ մայրը մահացած էր):

Ալֆոնսօ Դ. 5 փետրուար 1329-ին Սան Միկէլ տէ Թարասոնա եկեղեցիին մէջ ամուսնացաւ Քասթիլիոյ Ալֆոնսօ ԺԱ. թագաւորի քրոջ` Էլէանորի (1307-1359) հետ: Էլէանոր նախապէս ամուսնացած էր Ալֆոնսոյի երէց եղբայր Խայմէի հետ (որ յետոյ կրօնաւոր եղաւ):

Ալֆոնսօ Դ.ի եւ Էլէանորի զաւակներն են` Ֆերնանտօ եւ Խուան: Էլէանորի շնորհիւ Արակոնի եւ Քաթալոնիոյ թագաւորութիւնը նոր հողեր եւ տիրոյթներ ձեռք ձգեց: Ֆերնանտօ եղաւ Թորթոսայի մարքիզը, Ալպարրասինի եւ Ֆրակայի սենիորը, ձեռք ձգեց նաեւ Օրիուէլան, Քալիոսան, Կուարտամարը, Ալիքանթէն, Մոնֆմրթէն, Էլտան, Լա Մոլան, Նովելտան եւ Ասփէն: Խուան դարձաւ Էլչէի, Պիէլի եւ Պոլսայի սենիորը:

Քաթալաններ գործօն մասնակցութիւն բերած էին չորրորդ խաչակրութեան (1202-1204). Պոլսոյ մէջ հիմնուած էր Լատին կայսրութիւնը. կազմաւորուած էին նաեւ խաչակիր այլ իշխանութիւններ: Աթէնքի եւ Նէոփաթրասի (կեդրոնական Յունաստան) դքսութիւններուն մէջ քաթալաններ գերիշխող ուժ դարձան ԺԴ. դարուն սկիզբէն, գրաւեցին Թեսալիոյ հարաւային շրջանները, Նէոփաթրասը իրենց ենթարկեցին եւ այնուհետեւ գրաւեցին կեդրոնական Յունաստանի շարք մը բնակավայրեր` Զէյթունիոն (ներկայիս` Լամիա), Լոյտորիքի, Սիտերոքասթրոն եւ Վիթրենիցա (ներկայիս` Թոլոֆոն):

Ալֆոնսօ Դ. թագաւոր մահացաւ 24 յունուար 1336-ին, 36 տարեկանին, Պարսելոնայի մէջ: Ամուսնոյն մահէն ետք Էլէանոր զաւակներուն` Ֆերնանտոյի եւ Խուանի հետ Քասթիլիոյ եւ Լէոնի թագաւորութիւն փոխադրուեցաւ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles