«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը պատերազմական ոճի կայծակնային բռնկումով կամ յանկարծակիութեան գործօնով չէ բնութագրուած: Երկար ատենէ ի վեր նախապատրաստութիւն, զօրքերու կուտակում, ազդանշանի յայտարարութիւն, նպատակի բանաձեւում եւ ապա նոր ներխուժման քայլեր:
Որքան ալ լարուած իրավիճակի կապուելով սպասելի ըլլայ հակամարտութիւններու պարագային ռազմական բախումներու մեկնարկը, այնուամենայնիւ հակառակորդը անակնկալի բերելու եւ գործողութիւնները մետասաներորդ պահուն սկսելու գործնականութիւնը բազմիցս դրսեւորած է ինքզինք տարբեր միջավայրերու մէջ եւ տարբեր ժամանակներու ընթացքին:
Աֆրինի ուղղութեամբ Անգարայի առած քայլը ո՛չ միայն հեռու է յանկարծակիութեան գործօնի տեսութենէն, այլեւ նախքան մեկնարկը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ թիրախին առընթեր կ՛ուզէ ուշադրութիւնը գրաւել համայն աշխարհին, կամ աւելի ճիշդը` միջազգային հանրային կարծիքին:
Սուրիական պատերազմի ապրած անդադար ձեւափոխումներուն հերթական արարն է, որ տեղի կ՛ունենայ` ռազմական գործողութիւնները տեղափոխելով թուրք-քրտական հակամարտութեան հարթութիւն:
Այս երկարատեւ նախապատրաստութիւնը անշուշտ միայն ռազմական ոլորտի եւ զինուժի կուտակման չի վերաբերիր: Զուգահեռ, կար ներխուժումը համաձայնեցնելու խնդիր տարբեր կողմերու հետ: Իսկ քաղաքական նախապատրաստութիւնը «Ձիթենիի ճիւղ»-ին հետեւեալ դիտակէտերուն շուրջ կը զարգացնէ վերլուծական փորձը:
Դամասկոս-Անգարա յայտարարողական հարթութեան վրայ արձանագրուած ելեւէջներու վերջին փուլը թշնամական ոճաբանութեան վերադարձով յատկանշուած էր: Անգարան կը վերյիշեցնէր Ասատի վարչակարգի տապալման նախապայմանականութիւնը, մինչ պաշտօնական Դամասկոսը կ՛ազդարարէր, որ անհետեւանք պիտի չմնայ Անգարայի կողմէ սուրիական տարածքներու ուղղութեամբ կատարուած որեւէ զինուորական ոտնձգութիւն:
Բնականաբար Դամասկոսի հակահարուածի կանաչ լոյսը պիտի գար Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական զօրաբանակի հրամանատարութենէն: Իսկ այստեղ կը շարունակուի արդէն քաղաքական իրադրութիւններու շղթայական կապի տրամաբանութիւնը: Սպառնալիքի յայտարարութիւնը ռազմական գործնականութեան վերածելը կամ ձեւական հակահարուածէն ուղղակի հակայարձակողականի անցնիլը (կամ չանցնիլը) կը նախագծէին խաղի կանոններու ընդհանուր սահմանները:
«Ձիթենիի ճիւղ»-ը թոյլատրուած գործողութեան դաշտի մէջ դիտարկելի երեւոյթ է, այն առումով, որ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած այլ գլխաւոր խաղացողի` Թեհրանի նախազգուշացումները կամ այս առիթով դրսեւորուած անհանգստութիւնը զուսպ է եւ ըստ էութեան չ՛արգելակեր կամ չի կանխարգիլեր ներխուժման իրականացումը:
Մինչ Ուաշինկթըն, Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ կ՛որդեգրէ Իրաքի քիւրտերուն ուղղութեամբ որդեգրած դիրքորոշումներու յարափոփոխ նման պահուածք: Որոշ, սահմանափակ կտրուածքով արտօնել քիւրտերուն խաղաթուղթի կարգավիճակ ձեռք բերելու գործընթացները:
Հակաահաբեկչական պայքարի միջազգային կարգախօսի եւ նորաձեւ եզրերու որդեգրումով Անգարան կը փորձէ միջազգային հանրութիւնը համոզել, որ մարդկութեան դէմ լուրջ սպառնալիքի դէմ պատերազմն է, որ կը մղէ:
Ճիշդ է, որ քրտական գործօնի սահմանափակման համար շահերու համատեղման կէտեր կ՛երեւին ձիթենիի ճիւղերու արտօնուած ծլարձակումներուն մէջ: Աւելի վերէն օգտագործուած մանրադիտակային տեսողութիւնը կը նշմարէ, որ սահմանափակ շրջագիծեր կան նաեւ Անգարայի շարժումներուն համար եւ թոյլտուութիւն պահանջող քայլեր: Որոնց շարքին նաեւ «Ձիթենիի ճիւղ»-ը:
«Ա.»