ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Երկու որբացած քոյրեր էին մայրս եւ մօրաքոյրս:
Խարբերդի Բալուի շրջանը լոյս աշխարհ եկած, սակայն առանց իսկ վայելելու իրենց մանկութեան անուշ տարիները` բռնած էին գաղթի ճամբան եւ ծնողազուրկ, հազար ու մէկ դժուարութիւններով հասած էին Լիբանանի «Քէլէկեան» որբանոցը, ուր մնացած էին մինչեւ որոշ տարիք մը, ապա մայրս ընտանիք կազմած էր նոյն որբանոցին մէջ հասակ առած երզնկացի որբի մը հետ, եւ այդ որբերէն կազմուած զոյգը աշխարհ բերած էր 4 զաւակներ: Երէց եղբայրս, երկու քոյրերս եւ այս տողերը գրողը:
Մօրաքոյրս, քանի մը տարի մօրս նորակազմ ընտանիքին մօտ մնալէ ետք, հարս գացած էր Հալէպ, իսկ աւելի ուշ` 1947-ին, ընտանիքով ներգաղթած էին Հայաստան:
Հայաստան տակաւին «Երկաթէ վարագոյրին» ետին կը գտնուէր, եւ ներկայ օրերու նման մօրս եւ իր Հայաստան հաստատուած քրոջը` իրարու այցելելու պատեհութիւնը այնքան ալ հեշտ չէր, սակայն մեր կարելին ըրինք, որ երկու քոյրեր զիրար տեսնելու առիթը ունենան` մօրս ուղարկելով Հայաստան, իսկ աւելի ուշ մօրաքոյրս ամսուան մը համար հրաւիրեցինք Պէյրութ, որուն առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ ու ծանօթացայ 1972-ին:
Երեւան վերադարձէն քանի մը ամիս հազիւ անց մահացաւ մօրաքոյրս: Տխուր էինք, միեւնոյն ժամանակ մայրս կը մխիթարէինք, որ իրարու հետ տեսնուելէ եւ երկար տարիներու կարօտը առնելէն ետք է, որ կորսնցուց իր գերդաստանէն ողջ մնացած միակ հարազատը:
Դժբախտաբար շատ մանրամասնութիւններ չունիմ մօրս տխուր անցեալէն: Չէր ուզեր խօսիլ իր մանկութեան դաժան տարիներուն մասին, իսկ մենք չէինք ուզեր, որ հարցումներով ան վերապրի իր տխուր անցեալը:
Տեղեակ էինք, որ մայրս Ամերիկա հաստատուած երկու զարմուհիներ ունէր` Սառա Գոբոյեան եւ Հելէն Սուքիասեան: Առաջինէն Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի շրջանին հայերէնով նամակներ կը ստանայինք:
Լոս Անճելըս հաստատուելնէս ետք աւելի հեշտ եղաւ մօրս եւ իր զարմուհիներու միջեւ կապ պահելը: Շատ յաճախ հեռաձայնային երկար խօսակցութիւն կ՛ունենային, եւ երբ նոր ընտանիք պիտի կազմէի, Հելէն Սուքիասեանը սիրով ընդառաջեց մեր հրաւէրին: Ներկայ գտնուեցաւ մեր պսակի արարողութեան եւ շաբաթ մը մնաց մեր քով ու վերադարձաւ իր ընտանիքին մօտ: Սառա Գոբոյեանը` «Սառա մօրաք»-ը, այդպէս կը կանչէինք զինք, նոյն շրջանին կը գտնուէր Քալիֆորնիա` իր երէց աղջկան մօտ, սակայն սրտի կաթուած մը անցուցած էր եւ տակաւին հիւանդանոցը գտնուելով` դժբախտաբար չկրցաւ ներկայ գտնուիլ:
Մայրս եւ իր զարմուհին` Սառան, տեղահանութեան տարիներէն ի վեր զիրար չէին տեսած, իսկ Հելէնը` Ամերիկա ծնած էր, եւ իրարու բնաւ չէին հանդիպած:
Մայրս եւ իր քոյրը ղրկուած էին Լիբանան: Սառան երկար տարիներ թափառած էր որբանոցէ որբանոց: Որոշ շրջան մը մնացած էր Յունաստան, ապա զինք փոխադրած էին Անգլիա, եւ այդ տարիներուն է, որ Ցեղասպանութենէ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ պանդուխտ գացած հօրեղբայրը կարողացեր էր գտնել զինք եւ հակառակ իր նիւթական դժուար պայմաններուն` տարեր էր իր մօտ, ուր Սառան, առաջին անգամ ըլլալով, ծանօթացած էր իր 10 տարեկան հօրեղբօր աղջկան` Հելէնին:
Տարիներ ետք Սառա Գոբոյեանը հիանալի գաղափարը ունեցած էր անգլերէնով գրի առնելու եւ հատորի մը մէջ մանրամասնօրէն նկարագրելու իր դժոխային ոդիսականը:
«God՛s Miracle in My Life»` այս է խորագիրը Սառա Գոբոյեանի հատորին:
Վերջերս գրադարանիս մէկ անկիւնը աչքիս զարկաւ այս հիանալի հատորը: Տարիներ առաջ կարդացած էի, սակայն յափշտակութեամբ վերստին կարդացի եւ որոշեցի անպայման թարգմանել հայերէնի: Ներկայիս, ժամանակի սղութեան պատճառով, պիտի բաւարարուիմ քանի մը հատուածներ թարգմանելով: Աւելի ուշ, երբ հանգստեան կոչուիմ, ծրագիրներուս ցանկին մէջ անպայման պիտի աւելցնեմ այս հիանալի գրքոյկին հայերէնի ամբողջական թարգմանութիւնը:
***
Ամերիկաբնակ զարմուհիները` Հելէն Սուքիասեանը եւ Սառա Գոբոյեանը, երկուքական աղջիկ զաւակներ ունին, որոնք օտար ամուսնութիւններ կնքած են:
Հայերէն քիչ կը հասկնան, սակայն բնաւ չեն խօսիր: Նոյնիսկ ճիգ չեն թափած իրենց ծնողներուն հետ քանի մը բառ հայերէն փոխանակելու:
Անոնց յարկերուն տակ մայրենի լեզուն կորսուած է, ինչպէս նաեւ ո՛չ մէկ հայկական սովորութիւն կամ աւանդութիւն կը կիրարկուի իրենց մօտ, մինչեւ իսկ մոռցուած է հայկական Ծնունդի թուականը, ինչպէս նաեւ` հայկական եկեղեցի յաճախելու սովորութիւնը: Դարձած են 100 տոկոս ամերիկացիներ:
Սառա մօրաքին երէց աղջիկը հաստատուած է Հարաւային Քալիֆորնիա եւ մեր բնակած շրջանէն մէկ ու կէս ժամ հեռու կ՛ապրի իր ընտանիքին հետ:
Լոս Անճելըս մեր նոր հաստատուած տարիներուն քանի մը անգամ իրարու տուն այցելեցինք: Ուրախ էինք նոր հարազատներ գտած ըլլալով, մանաւանդ` մայրս, որ իր չգիտցած անգլերէնով կը հետաքրքրուէր իր զարմուհիին աղջկան եւ թոռներուն մասին:
Վստահաբար իրենք եւս ուրախ էին հարազատներ գտած ըլլալով, սակայն մեր միջեւ կար կենցաղի հսկայ տարբերութիւն մը:
Իրենց համար միակ հաճելին հայկական եւ միջինարեւելեան ճաշացուցակն էր, սակայն հայկական սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն բոլորովին անծանօթ ըլլալով` չկար հարազատի ջերմութիւն:
Հելէնին աղջիկներէն միայն մէկուն` Անահիտին հետ ծանօթանալու առիթը ունեցանք, երբ արձակուրդով Քալիֆորնիա եկած էր ամուսինին հետ:
Խոստացանք վերադառնալէ ետք իրարու հետ մեր կապը շարունակել: Սկիզբի շրջանին` քանի մը հեռաձայնային խօսակցութիւն, ապա այդ մէկն ալ մոռցուեցաւ: Մեր երկուքին ծնողները հեռացած են այս աշխարհէն, եւ որպէս երկրորդական զարմիկներ` որեւէ հարազատութիւն չէ մնացած:
Անահիտը եւ իր ամուսինը, տարիներ անզաւակ մնալէ էտք, որոշած էին քանի մը զաւակ որդեգրել: Ամուսինը օդաչու է եւ յաճախ կ՛այցելէ Չինաստան, եւ քանի մը տարուան տարբերութեամբ, որդեգրեցին չին 2 աղջիկներ: Չին զաւակները շատ հաւանաբար նոյնիսկ տեղեակ չեն իրենց որդեգիր մօր հայ ըլլալէն: Շատ հաւանաբար նոյնիսկ լսած չեն, թէ ազգ մը գոյութիւն ունի, որ կը կոչուի հայ:
Հայաստանի երկրաշարժի տարին էր, եւ շատ մը հայեր Գիւմրիէն ու Սպիտակէն հայ որբուկներ սկսած էին որդեգրել: Երբեմն կը մտածեմ, թէ չիներու փոխարէն` կարելի չէ՞ր քանի մը հայ որբեր ազատել: Հաւանաբար քանի մը կեանք փրկած ըլլային, սակայն իրենց որդեգիր մօր նման` անոնք եւս պիտի ձուլուէին ու դառնային ամերիկացիներ:
Երբ տղուս յայտնեցի չին «զարմիկներուն» մասին, նախ կարծեց, թէ կը կատակեմ, ապա բացատրեցի պատճառներն ու պայմանները` այդ «ազգականական» կապին, որուն բնաւ չհամոզուեցաւ:
Սառա Զաքարեանը (հետագային` Գոբոյեան), տակաւին պարմանուհի, 6 ամսուան վիզայով մուտք գործած էր Ամերիկա եւ այդ պայմանաժամի աւարտին ստիպուած էր դուրս գալ Միացեալ Նահանգներէն:
Վերջնականապէս հոն մնալու միակ միջոցը ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցողի մը հետ ամուսնութիւն կնքելն էր, եւ իր հօրեղբայրը ստիպած է իրեն ամուսնանալ, որպէսզի կարենայ մնալ «կաթի եւ մեղրի երկիրը» (այդպէս ճանչցուած էր Ամերիկան):
Գիրքին այդ գլուխը նորութիւն մըն էր ինծի եւ վստահաբար շատերուն համար, եւ այդ պատճառով որոշեցի թարգմանել նախ այդ հատուածը, իսկ աւելի ուշ` գիրքը ամբողջութեամբ:
Յաջորդ յօդուածով` «Ամերիկա` կաթի եւ մեղրի երկիր» (Սառա Գոբոյեան):
Լոս Անճելըս, 2018