Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Նոր Պատում . Քաղաքական Ձախողութիւնը Մեր Երեւակայութեան Ձախողումն Է

$
0
0

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Միթէ խելամի՞տ է այս օրերուն յուսալ եւ երազել աւելի լաւ աշխարհ: Ուսումնասիրեցէք իշխանութիւններուն դաժանութիւններն ու անտարբերութիւնը, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անտարբերութիւնը,  ամէն մարզի մէջ խախտումները եւ ակնյայտ ու անխուսափելի վայրէջքը, պատերազմի վերսկսման սպառնալիքը, եւ թերեւս, պատասխանը ըլլայ` ո՛չ:

Այս պայմաններուն տակ հայ մարդուն համար մեր խնդիրները կարծես թէ անհասկնալի են, մեր ղեկավարները վտանգաւոր են. հայ  քաղաքացին խոնարհած է եւ` շփոթի մատնուած:  Յուսահատութիւնը կարծես միակ տրամաբանական արձագանգն է:

Բայց վերջին երկու տարիներուն ընթացքին ըրած եմ քանի մը դիտարկումներ, որոնք կը  բացայայտեն այն, որ  քաղաքական ձախողութիւնը, ըստ էութեան, մեր երեւակայութեան ձախողութիւնն է: Այդ դիտարկումները ինծի կը յուշեն, որ յուսահատութիւնն է, որ անտրամաբանական է, եւ  ոչ թէ` յոյսը: Կը կարծեմ, որ յոյսը աւելի լաւ ուղի կը բանայ մեր առջեւ:

Առաջին դիտարկումը ամէնէն ոչ ինքնատիպն է. կը խօսիմ այն հասկացողութեան մասին, որ ուժեղ առաջնորդներ կամ կուսակցութիւններ չեն, որ կը տիրապետեն  քաղաքականութեան, այլ միայն  հզօր քաղաքական պատումները` political narratives:

20-րդ դարու երկրորդ կէսին քաղաքական պատմութիւնը կրնանք ամփոփել որպէս  երկու մեծ «պատումներու» միջեւ հակամարտութիւն. մէկ կողմէ  ընկերվարական ժողովրդավարութեան պատմութիւնը` հակադրուած  նոր-ազատականութեան (նէոլիպերալիզմ) պատմութեան: Առաջինը, յետոյ միւսը  հերթով գրաւեցին քաղաքական վերնախաւին միտքերը: Երբ ընկերվար-ժողովրդավարութեան պատմութիւնը կը գերակշռէր, նոյնիսկ պահպանողականները եւ ազատականները ընդունեցին ծրագիրի հիմնական տարրերը: Յետոյ, երբ 80-ական թուականներէն սկսեալ  նոր-ազատականութիւնը եկաւ հրապարակ`  փոխարինելու միտքերը, քաղաքական կուսակցութիւնները ամէնուր, անկախ իրենց գոյնէն, ինկան անոր հմայքին տակ: Անոր պատմութիւնները  եկան գերակշռելու  ամէն մակարդակի պատումի  մէջ` ե՛ւ անհատին, ե՛ւ ինքնութեան, ե՛ւ կուսակցութեան:

Սա պէտք չէ զարմացնէ մեզ: Պատումը այն միջոցն է, որով մենք նաւարկելու ենք աշխարհը: Անոնք թոյլ կու տան մեզի  մեկնաբանելու  աշխարհի բարդ եւ հակասական ազդանշանները: Մենք բոլորս ունինք պատումի  բնազդ: Մենք ունինք բնածին պահուածք` ըսելու համար, թէ ո՛վ ենք մենք եւ ո՛ւր կանգնած ենք:

Երբ մենք կը բախինք բարդ խնդիրի մը եւ կը փորձենք հասկնալ զայն, ապա ինչ որ կը փնտռենք, ոչ թէ  հետեւողական եւ վստահելի փաստեր են, այլ կը փնտռենք  հետեւողական եւ հասկնալի պատմութիւն մը: Երբ մենք մեզի կը հարցնենք, արդեօք ինչ-որ բան «իմաստ ունի՞», մենք կը ձգտինք ոչ թէ «իմաստ»-ի տրամաբանականութեան, այնպէս, ինչպէս որ գիտնականներն ու փիլիսոփաները կ’ընկալեն,  այլ  կ՛ուզենք գտնել պատումային հաւատարմութիւն: Արդեօք այս պատումը կ՛արտացոլացնէ՞ մեր ներաշխարհի ակնկալութիւնները` բացատրելու համար մարդոց եւ աշխարհի վարքն ու ընթացքը:

Պատումն ու ակնկալութիւնը իրարու հետ կապ ունի՞ն: Արդեօք այնտեղ յառաջխաղաց կա՞յ, քանի որ պատումները պէտք է մնայուն կերպով յառաջընթաց ունենան:

Փաստերը, սակայն, որքան որ ալ հաւաստի ըլլան, չեն կրնար շտկել կամ վերացնել հզօր պատում մը: Միակ բանը, որ կրնայ պատահիլ  եւ արդէն կը պատահի,  վրդովմունքի յառաջացումն է. մարդիկ յաճախ անհասկնալիօրէն կը ժխտեն այն փաստերը, որոնք կը բախին  իրենց միտքերուն մէջ ձեւաւորուած պատումային  «ճշմարտութեան» հետ: Միակ բանը, որ կրնայ հին պատումը  հեռացնել, նոր պատումն է: Անոնք, որոնք կրնան նորապատել, անոնք կը տիրեն աշխարհին:

Իմ երկրորդ` աւելի հետաքրքրական դիտողութիւնս  ասիկա է: Հակառակ ընկերվար-ժողովրդավարութեան եւ նոր-ազատականութեան միջեւ առկայ տարբերութիւններուն` երկու կողմերու պատումները նման են  իրարու, երկուքին պատումները  ունին նոյն պատմողական կառուցուածքը: Մենք կրնանք զայն անուանել  վերակառուցման պատմութիւն (Restoration Story):

Այսպէս, պատումը կ՛ըսէ` անկարգութիւնը կը տիրապետէ երկրին-աշխարհին` մարդկութեան շահերու դէմ աշխատող ուժեղ եւ չար ուժերու պատճառով: Հերոսը, որ կրնայ ըլլալ մէկ անձ կամ մարդոց խումբ մը, կ՛ապստամբի այս անկարգութեան դէմ,  կը պայքարի  չար ուժերուն դէմ  եւ կը յաղթահարէ հակառակորդին գերազանցութիւնը եւ, վերջապէս, կը վերականգնէ նոր կարգն ու օրէնքը:

Այս օրինաձեւին հետեւող պատումները կրնան այնքան հզօր ըլլալ, որ անոնք կրնան սրբել ու մաքրել նախորդ բոլոր պատումները, նոյնիսկ կը  վերացնեն մեր հիմնական արժէքները: Օրինակ` աշխարհի լաւագոյն եւ սիրելի պատմութիւններէն երկուքը` «Օղակներու տէրը» եւ «Նարնիա» շարքը, կը վերակոչեն արժէքներ, որոնք ընդունելի էին միջնադարուն, սակայն այսօր, ընդհանուր առմամբ, կը համարուին վանողական եւ խորշելի: Այս պատմութիւններուն մէջ  անկարգութեան վերացումը խորքին մէջ կը բնորոշուի թագաւորներու կամ  անոնց իրաւայաջորդ ժառանգորդներու  բռնատիրական կարգի օրինական վերահաստատումով. արդարութիւնը եւ կարգը հիմնուած են բռնատիրութեան վերականգման վրայ, իսկ մենք ուրախութեամբ  կ՛ընդունինք եւ կը ծափահարենք բռնատէրի վերադարձը` ի գին երկրի ոչնչացման. նոյնիսկ Նարնիայի պարագային  կը ծափահարենք եւ կ՛ողջունենք աստուածային իրաւունքի յաղթանակը աշխարհիկ իշխանութեան վրայ:

Եթէ այդ պատմութիւնները արտացոլացնէին սովորական մարդոց մեծամասնութեան արժէքները` ժողովրդավարութինը, անկախութիւնը, արդիւնաբերական «յառաջընթացը», ապա ապստամբները պէտք էր որ ըլլային հերոսները, իսկ  թագաւոր-ղեկավարները` չարերը: Հետաքրքրական է, որ մենք առանց մտածելու` կ՛անտեսենք մեր առաջնահերթութիւններու հետ այս բախումը,  քանի որ այդ պատմութիւնները այնքա՜ն ուժեղ կը համընկնին  մեր միտքերու մէջ միշտ առկայ վերը նշած պատումիս կառոյցին հետ: Եւ այսպէս, փաստեր, ապացոյցներ, արժէքներ, համոզմունքներ` բոլորը կը վերանան: Պատումները կը նուաճեն ամէն ինչ:

Նոյն օրինակով, ընկերվարական- ժողովրդավարական գաղափարախօսութեան  պատումը կը բացատրէ, որ աշխարհը անկարգութեան մէջ ինկած է` անզուսպ եւ ինքնասէր վերնախաւին վարքին պատճառով: Ըստ այդ պատումին, վերնախաւին կողմէ աշխարհի հարստութեան եւ քաղաքական համակարգի գրաւումը կը յանգեցնեն աշխատող մարդոց աղքատութեան եւ անապահովութեան: Համախմբուելով` իրենց ընդհանուր շահերը պաշտպանելու համար, աշխարհի ժողովուրդները կրնան վար բերել այս վերնախաւի իշխանութիւնը, վերատիրանալ անոնց նենգ ձեռքբերումներուն եւ ապա հարստութիւնը  վերադարձնել բոլորին:  Միաժամանակ կը վերականգնին կարգն ու կանոնը,  կը վերադառնայ անվտանգութիւնը` շնորհիւ պետութեան, որուն հիմնական դերակատարութիւնը կ՛ըլլայ հասարակական, բարենպաստ, հանրային նախագիծներու ճամբով, ներդրումներ կատարելով` ստեղծել հարստութիւն, որ կ՛երաշխաւորէ բարգաւաճ ապագայ բոլորին համար:

Սովորական մարդիկ այս պատմութեան հերոսներն են, որոնք պարտութեան կը մատնեն ճնշողները:

Նոր-ազատականութեան պատումը կը բացատրէ, որ աշխարհը անկարգութեան մէջ է ինկած  գերիշխող պետութեան համայնացնող միտումներուն պատճառով, օրինակ` ստալինականութեան եւ նացիականութեան հրէշաւոր երեւոյթները, սակայն նաեւ ակնյայտ է պետական ծրագրաւորման բոլոր ձեւերու եւ ընկերային ճարտարագիտութեան բոլոր փորձերու ընդմէջէն: Համայնացումը կը ճզմէ ազատութիւնը, անհատականութիւնը ու նաեւ` հնարաւորութիւնը: Ուրեմն հերոսները` ձեռնարկատէրերը, կը խթանեն  շուկայի փրկարար ուժը` ազատելու համար  հասարակութիւնը պետութեան  ստրկութենէն: Կարգն ու կանոնը կը վերականգնի ազատ շուկայի տեսքով, կը խոստանայ  հարստութիւն եւ հնարաւորութիւն, կ՛ապահովէ բարեկեցիկ ապագայ բոլորին համար: Պատմութեան հերոսներու (ազատութիւն փնտռող ձեռնարկատէրեր) կողմէ ազատագրուած սովորական մարդիկ կը յաղթեն ու կը վերացնեն ճնշողները:

Անցնինք երրորդ դիտարկման. վերականգման պատմութեան պատումային կառուցուածքը յաջողած քաղաքական վերափոխումներու ամենահասարակ տարրերէն մէկն է, ներառեալ` բազմաթիւ կրօնական յեղափոխութիւններ:

Այս անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ չորրորդ դիտարկման. թէ` ինչո՞ւ, հակառակ անոր բազմաթիւ եւ ակնյայտ ձախողութիւններուն, մենք կը կարծենք, որ մնացած ենք գերեվարուած նոր-ազատականութեամբ. պատճառը այն է, որ մենք չենք կրցած պատրաստել ու  արտադրել նոր պատում մը` փոխարինելու համար  հայկական իրականութեան մէջ տիրող նոր-ազատականութիւնը:

Մենք  չենք կրնար վերացնել մէկու մը պատմութիւնը` առանց անոր տալու նորը: Բաւական չէ հին պատումը մերժել, վիճարկել, որքան որ ալ այդ հին պատումը վարկաբեկուած  ըլլայ: Փոփոխութիւնը կը կատարուի միայն այն ժամանակ, երբ հինը կը փոխարինես միւսով: Երբ մենք զարգացնենք ճիշդ պատումը եւ սորվինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զայն պատմել, միայն այն ատեն մեր պատումը կը խախտէ մարդոց քարացած միտքը քաղաքական լուսապատկերի ամբողջ երկայնքին:

Սակայն այսօր քաղաքական կուսակցութիւններու լաւագոյն առաջարկը մնացորդ մըն է` Քէյնսեան ընկերային ժողովրդավարութեան առաջարկի տաքցուած տարբերակ մը: Այս մօտեցումին առնչուած շարք մը խնդիրներ կան: Առաջինը այն է, որ այս հին պատմութիւնը կորսնցուցած է իր բովանդակութեան եւ պատմողական ուժին մեծ մասը: Այն, ինչ որ մենք այժմ կը կոչենք Քէյնսեան, կրճատուած է, ընդամէնը ունի երկու բարակ գլուխներ.

Ա.- Նուազեցնել տոկոսադրոյքները, երբ տնտեսութիւնը լարուած է,

Բ.- Օգտագործել հակասիկլային հանրային ծախսերը (հանրային փող ներթափանցելով  տնտեսութեան մէջ, երբ գործազրկութիւնը բարձր է կամ ընկրկումը կը սպառնայ): Այլ միջոցառումներ, ինչպիսիք են հարկերու բարձրացումը, երբ տնտեսութիւնը կ՛արագանայ, ճշդուած փոխարժէքի համակարգը, դրամագլուխի վերահսկողութիւնը եւ հաւասարակշիռ դրամատնային համակարգը, որոնք բոլորը Ճոն Մէյնարտ Քէյնսը կը համարէր իբրեւ լրացուցիչ յաւելումներ, հիմա վերացուած եւ մոռցուած են:

Առանց նոր եւ առաջնորդող պատումի,  պատմութեան, որ կը թոյլատրէ մեր հայեացքը պահել` սեւեռած դէպի աւելի լաւ ապագայ եւ ոչ  թէ աւելի լաւ անցեալ, անխուսափելի էր, որ մեր  կուսակցութիւնը, որ կը  ձգտի  դիմակայել հարուստ վերնախաւի իշխանութեան, կը կորսնցնէ իր ուղղութիւնը: Քաղաքական նորացումը կախուած է մեր  նոր քաղաքական պատմումէն: Առանց նոր պատումի` դրական եւ առաջադրական պատումի մը, այլ ոչ թէ` յետընթաց եւ ընդդիմադիր, ոչինչ կը փոխուի: Նոր  պատումով ամէն ինչ կը փոխուի:

Մենք պիտի կառուցենք նոր պատում մը, որ պարզ է եւ հասկնալի: Եթէ անիկա պիտի  փոխէ մեր քաղաքականութիւնը, ապա պէտք է «խօսի» կարելի եղածին չափ շատ մարդոց` կտրել անցնելով աւանդական քաղաքական գիծերը: Անիկա պէտք է արձագանգէ խորը կարիքներու եւ ցանկութիւններու հետ: Անիկա պէտք է բացատրէ խառնաշփոթը, որ կը  տիրապետէ մեր շուրջ, ցոյց տայ այդ խառնաշփոթէն փախչելու ճամբան: Եւ քանի որ կեղծիքներու տարածումը շահաբեր չէ ոեւէ մէկուս համար, անիկա պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ իրականութեան վրայ:

Ասիկա կրնայ հնչել անհեթեթ ու անհասանելի: Բայց կայ, կը հաւատամ, յստակ եւ գրաւիչ վերականգման պատմութիւն, որ պէտք է բարձրաձայնել:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>