Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Կոմիտասեան Երգեր Մեկնաբանող Մշակին` Գէորգ Հաճեանին

$
0
0

ԱՐԱՄ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Հոգեւոր հովիւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց

Մեծ ուրախութեամբ ունկնդրեցի Գէորգ Հաճեանի ձայնատեսային վերջին ներկայացումը YouTube-ի մէջ, որուն պատգամը յարատեւ պայքար ու յաղթանակ ապահովելու ալիքը կը սփռէ: Խորքին մէջ կը բնութագրէ Արցախ աշխարհի ֆետայի բանակի շրջադարձային փուլերը` սկսելով քառօրեայ պատերազմէն, որուն մէջ յստակ կերպով կը բնորոշուին` հայու հաստատակամ, ազատատենչ եւ արծուի կերպարանքով սաւառնող տենչը, հայ զինուորի նախանձախնդրութեան ոգին, հայրենի անոր հողին նկատմամբ ունեցած կապուածութիւնը, հերոսական մարտնչումը հայոց մարտունակ բանակի զինուորներուն, որոնք անձնազոհ, կամաւոր եւ իմացեալ մահի տեսլականով կը պայքարին ոսոխին դէմ` հայրենի հողի պաշտպանութեան, սրբութեան եւ անվտանգութեան համար:

Սիրելի՛ Գէորգ, ներկայացումը իր խրոխտ պատկերներով, թատերական հաճելի ընկալումով ու տարբեր ձեւերով ու կերպերով իր պսակումին կը յանգի` ձեր կողմէն երաժշտական իւրայատուկ կատարումով, որ բացառիկ պատկեր կը պարզէ առաջին հերթին ըմբոշխնողին` ոչ միայն երաժշտական մարզին մէջ հմտացած անձի ներաշխարհը պարուրելու, այլեւ` պարզ ունկնդրողին, որովհետեւ իր մէջ կ՛ընդգրկէ բազմակողմանի ճաշակներ ու պատկերներ` յուզական, հոգեւոր, ազգային, հայրենասիրական, գեղագիտական ու սրբազան շերտերով պատգամներ կը փոխանցէ:

Մեծ հաճոյքով ունկնդրեցի, իր բառերով, տեսալսողական երաժշտութիւնը, որուն մէջ յստակ կերպով կը հնչեն` հայ ժողովուրդի վիշտն ու ուրախութիւնը, ցաւն ու երազը, եւ միանգամայն` հայ զինուորին աղօթքը, հոգեւոր սնունդի առատահոս եւ անսպառ աղբիւրէն լոյսով ողողուելու ու անով ներթափանցուելու, անիմանալի լոյսին ընկերակցութեամբ յաղթական կերպով ընթանալու. հայ զինուորը կը տենչայ լոյսով ճակատելու, որովհետեւ լոյսը օրհնութիւն է, ապահովութիւն է, բարիք է եւ գեղեցկութիւն, լոյսին մէջ կանք զօրեղ ու ամուր, չմոռնանք հայ ժողովուրդը լոյս տենչացող ժողովուրդ է:

Սիրելի՛ Գէորգ, պատանեկութեանս տարիներէն կը ճանչնամ քեզ, Այնճար աւանի նոյն թաղի պատանիներ, տղայական անմեղունակ չարութիւններով, երբեմն հաշտ եւ բարեկամական վերաբերումով եւ երբեմն ալ` ըմբոստ կեցուածքով: Օրերը գլորուեցան երկրորդ ճանաչողական ու մտերմութեան փուլը հանդիսացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, երբ միասնաբար Ընծայարանի որպէս ուսանողներ` թրծուեցանք եկեղեցագիտական, ծիսական, աստուածաբանական, բնազանցական, հայագիտական նիւթերով ու գիտելիքներով: Աստուծոյ կողմէ ստացած գանձերէն մին` գեղեցիկ ու հմայիչ ձայնդ արծարծ պահեցիր դպրեվանքի տարիներուն դասապետի պաշտօնով: Արդէն մենք` դպրեվանեցիներս մեծ հրճուանքով կը լսէինք երանաշնորհ մեր եկեղեցական հայրերուն շունչով օծուն այնքան ճոխ եւ միանգամայն հարուստ շարականները, որ ոչ միայն երգողին, այլեւ ունկնդրողին հոգեկան բաւարարութիւն կը պարգեւէր տարբեր, բազմազան, պարզ եւ խրթին եղանակներով, որուն մէջ աստուածային բնատուր ձայնդ, երաժշտական օրէնքներուն եւ գիտելիքներուն ընկալումը եւ հոգեւոր երաժշտութեան մեկնաբանումը բանալիներն են յաջող եւ մաքուր երգեցողութեան: Տարիները թաւալեցան, դարձեալ հանդիպեցանք նոյն թեմի սահմաններու մէջ` որպէս Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմ, աշխարհագրական հեռաւորութեամբ, տարբեր պաշտօններով ու դերակատարութեամբ: Սիրելի՛ Գէորգ, Քուէյթի մէջ եղար ազգային հասարակական գործիչ, դպրապետ, գործադիր քարտուղար, դասատու, եւ մենք, ես` որպէս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ` յաճախ խօսակցելու եւ տեսնուելու առիթներ կ՛ունենայինք: Նախախնամութեան տուած պարգեւը շարունակեցիր մշակել ու ծաղկեցնել` հայ երաժշտութիւն դասաւանդելով եւ հայ երգը վառ պահելով: Վերջին շրջանին Աստուծոյ ձայնին կանչը քեզ առաջնորդեց դէպի հայրենիք, եւ դուն այնտեղ գտար ինքնութիւնդ. կը լսեմ ու կը տեսնեմ բաւարարութիւնդ ու հրճուանքդ մայր հայրենիքին նկատմամբ, առօրեայ խօսակցութեանդ, ապրումներուդ եւ զգացումներուդ ընդմէջէն` հայրենի հողին սէրն ու կապուածութիւնն ու քաջալերանքը, քարոզչական աշխատանքդ դէպի հայրենիք բացուելու եւ հայութիւնը հայրենիքով ծաղկեցնելու: Ահաւասիկ հանապազօրեայ աշխատանքով, պրպտումներով, այցելութիւններով, ճիգով եղար նշանաւոր ու մաքուր երգող երգիչներու անուանացանկի անդամ: Շատեր կ՛երգեն, շատեր ձայն ունին, սակայն քիչեր երգել գիտեն եւ, մանաւանդ, մաքուր կ՛երգեն, ամէն ձայն ունեցող երգիչ չէ, ամէն երգող երգիչ չէ, ամէն երգով ելոյթ ունեցող անձ չի հրապուրեր իր շրջապատը, վկա՛յ Հայ եկեղեցւոյ շարականներու երգեցողութեան մեկնաբանութիւնը, վկա՛յ եւրոպական ձայնագրութեան հմտութիւնը, վկա՛յ մանաւանդ հայ ժողովուրդի պարծանքը հանդիսացող  անմահ անուն Կոմիտաս վարդապետի յօրինած հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերու ներկայացումը, որոնք որպէս անգին գոհարներ` զանազան բեմերու վրայ հանդիսաւոր ելոյթներով մեծ բաւարարութիւն պարգեւեցին ունկնդիրներուն եւ ընկալողներուն:

Սիրելի՛ Գէորգ, դպրեվանքին մէջ կը կոչուէիր տիրացու Գէորգ, այսօր, սակայն, տարբեր անուն ունիս` կոմիտասեան երգեր մեկնաբանող երգիչ: Աստուած ձայնդ յարատեւ եւ դալար պահէ, ճիշդ է` դպրեվանք ընդունուեցար գուցէ հոգեւորական դառնալու եւ ծառայելու ազգիդ: Այսօր տարբեր ձեւերով եւ կերպերով կը ծառայես նոյն ազգին` երաժշտական կատարումով, ազդեցիկ երգեցողութեամբ: Այսօր ազգային, հոգեւոր ու հայրենասիրական երգերու մեկնաբանութեամբ կը մատուցես անգնահատելի ծառայութիւն` հայրենիքի ու աշխարհացրիւ հայութեան: Ճիշդ է` դպրեվանքի մէջ թրծուեցար, հոգեւորական չդարձար, սակայն մեներգութեան դաշտով եւ սրբազան ներկայացումով կը մատակարարես հայ երաժշտութեան անդաստանին մէջ գնահատելի ծառայութիւն: Ողջոյն, պատիւ եւ օրհնութիւն կոմիտասեան երգեր մեկնաբանող մշակին` Գէորգ Հաճեանին:

3 յունուար 2018
Շարժա

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>