Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` Արժէքներու Պահպանման Նմուշ Մը

$
0
0

ՍԱԼԲԻ ԱՆՆԱՅԵԱՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, արդէն իսկ լոյս տեսաւ եւ մեր տուներուն մէջ է 2018 տարուան օրացոյցը:

Այս տարուան օրացոյցին հիմնական նպատակն է  մեր նախնիներուն կողմէ մեզի փոխանցուած ազգային նաշխերը 365 օր մեր ուշադրութեան կեդրոնը դարձնել եւ փոխանցել զանոնք յաջորդ սերունդներուն:

Օրացոյցը մեզ վերադարձնելով մեր արմատներուն, մեր տատիկներուն սուրբ ձեռքերով գործուած նուրբ ձեռագործներուն` մեր ժողովուրդը հաղորդակից դարձուց հայու մաքրամաքուր ոգիին: Մինչ մերօրեայ օտարաբոյր սովորութիւնները կը վտանգեն մեր ազգային դիմագիծը, նման արժէքաւոր օրացոյց մը հաստատ քայլերով մուտք գործեց մեր տուներէն ներս, եւ մենք զայն թագադրեցինք իբրեւ գաղութի ողողուած այլազան արուեստի գործերուն «թագուհի»-ն, ոչ թէ ըսելու համար` «հայկական է` պատուական է», այլ այն, որ պատուական է` հայկական է:

Լուսանցքային ներկայութիւն մը պիտի չդառնայ այս օրացոյցը մեր բնակարաններուն մէջ, այլ` տիրական, որովհետեւ ան մեզ կը ներշնչէ հայկական ոգեղէնութիւն` մեզի փոխադրելով Մարաշ, Զէյթուն, Ուրֆա եւ Վան:

Հայկական մշակոյթը սիւնն է հայ տան, եւ աւելի՛ն, գեղարուեստական գործեր արտադրելէն աւելի, բարձր արուեստ է գնահատող հոգիներ կազմել եւ, անշուշտ, անձնական փորձառութենէ մղուած, կ’ըսեմ, որ մեծ է թիւը սոյն օրացոյցը գնահատողներուն, որոնք նոյնիսկ փափաքեցան շրջանակի մէջ զետեղելով` մնայուն ներկայութիւն դարձնել զայն իրենց բնակարաններուն մէջ:

Վարձքը կատա՛ր ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին, որ նախաձեռնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը կատարէ ԼՕԽ-ի առաքելութեան քարոզչութիւնը:

Բարի՛ տարի բոլորիս:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles