ԼԱԼԷ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
Արդեօք արեան կա՞նչն էր պատճառը Հայաստան հաստատուելուս: Մաս կազմեցի Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւին եւ առաջին անգամ մասնակցեցայ Երեւանի միջազգային կանանց միութեան կազմակերպած ծննդեան տօնավաճառին` վաճառելով մուսալեռցի տիկիններու պատրաստած անուշեղէնները:
Նոր տարին կը մօտենար, Մուսա Լերան միութեան երիտասարդական թեւը պատրաստութիւններ կը տեսնէ` այցելելու Հայաստանի հինգ գիւղերու մանկապարտէզներ, Ձմեռ պապիի եւ Ձիւնանուշի հետ նուէրներ բաժնելու:
Ծնողներէս լսեր էի, որ եօթանասունական թուականներուն Այնճարի մէջ Կաղանդ պապան ուղղաթիռով եկած էր, որ մինչեւ օրս կը յիշուի: Այդ Կաղանդ պապան եղբայր Գաբրիէլն էր, այսօր նոյն այդ Կաղանդ պապան Հայաստանի գիւղերուն մէջ կը շրջի` դառնալով Ձմեռ պապի եւ Գաբրիէլ Ամօ:
Սենեակը լեցուած էր նուէրներով, Վարագը, Վարանդը, Կարէնը, Աստղիկը, Գաբրիէլ Ամոն եւ ես ձեռքէ ձեռք տոպրակները կը փոխանցէինք` իւրաքանչիւրս մեր բաժինը աւելցնելով տոպրակին մէջ. տաքուկ էր մթնոլորտը ու տօնական, կը յիշէինք մեր մանկութիւնը, թէ ինչպէ՛ս անհամբեր կը սպասէինք Կաղանդ պապայի այցելութեան դպրոցներէն ներս, ինչպէ՛ս նաեւ Կաղանդի գիշերը` մեր հարազատներու տուներուն մէջ:
Կիրակի առաւօտ Մուսա Լեռ երիտասարդութեան Ձմեռ պապին պատրաստ էր մեկնելու տարբեր մարզերու մանկապարտէզներ` ուրախացնելու երեխաները: Ինքնաշարժներու մէջ տեղաւորուած` յառաջացանք դէպի Արարատեան դաշտ: Պղտոր, մշուշապատ ուղիներով հասանք առաջին գիւղը` Հովտաշէն. լուռ էր ամէնուրեք, սառած բոյսերն ու տերեւները մեզի կ՛ուղեկցէին տխուր, սակայն` գեղեցիկ եղանակով: Հասանք մանկապարտէզ. մեզ դիմաւորեցին ուսուցչուհիները, որոնց դէմքերը փայլուն էին եւ ուրախ, ինչպէս` գարնան ծաղիկներ. «Ձմեռ պապին էստեղ է՜», կը բացագանչէին բոլորը:
Միւս երիտասարդներուն հետ ես ալ աճապարանքով մեր պատրաստած տոպրակները կը պատրաստուէի ներս մտցնելու: Ուրախ էր մթնոլորտը լսարանին մէջ… այդպէս կը թուէր ականջիս…
Ու ահա անցայ լսարան, տոպրակս դրի գետին, հայեացքս ուղղեցի փոքրիկներու դէմքերուն եւ յանկարծ տիրեց լռութիւն: Փոքրիկները Ձիւնանուշին հետ միասին կ՛երգէին, Ձմեռ պապին կը պարէր, սակայն ես ապշած, խլացած կը դիտէի մանուկները, անոնց անմեղ, փայլուն աչուկներն ու անկեղծ հոգիները արեւու ճառագայթներու նման կը շողշողային. այդ պահուն աչքէս սահեցաւ կաթիլ մը արցունք. կաթիլ մը արցունք, որուն մէջ կը թափանցէր ցաւի ու տխրութեան պատկեր մը, որ սակայն տեսանելի չէր մեզի այդ վայրկեաններուն. ցնծութիւն կար հոն, ուրախ մանուկներ կային հոն… Եւ այսպէս, շարունակելով մեր պտոյտը, այցելեցինք չորս գիւղ եւս, տեսանք փոքրիկներու միամիտ հաւատքը, ինչպէս նաեւ` քանի մը երեխաներու վախն ու սարսափը Ձմեռ պապիէն, զգացինք ջերմ ընդունելութիւնը ուսուցիչներուն:
Հազա՛ր փառք` մեր բարերարներու աջակցութեան, որոնց շնորհիւ մենք կրցանք ժպիտներ գծել մեր հայ մանուկներու դէմքերուն:
Սիրտս լեցուած էր տարբեր զգացումներով, չափազանց ուրախ էի, բայց նաեւ` տխուր. կը մտածէի` արդեօք մեր բարերարներուն ձգած ժպիտը մանուկներու հոգիներուն` զանոնք ուրախ պիտի պահէ՞ր մինչեւ յաջորդ բարերարի մը այցը: