Հաւաքեց` ՊԵՏԻԿ
Այո՛, ամէն հայ պէտք է հպարտ ըլլայ իր ազգութեամբ, մանաւանդ երբ գիտութեան եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ միջազգային համբաւ վայելող դէմքեր այսօր կը յայտարարեն, որ երկար ցուցակ մը կազմող հայեր իրենց գործերով եւ գիւտերով մարդուն կեանքը աւելի հեզասահ ու հաճելի դարձուցած են: Անվիճելի իրականութիւն է, որ գիտութեան եւ արուեստի աշխարհներուն մէջ անպայման կը հանդիպիս մեծանուն հայերու:
Կարդացէք առաջին ցուցակը.
1.- Ստեփան Ստեփանեան Միացեալ Նահանգներու շինարարական աշխարհին մէջ մեծ յեղաշրջում յառաջ բերած է իր սարքած պեթոն շաղող բեռնակառքերով, որ այսօր կը տեսնենք մեր շուրջը: Ան Օհայօ նահանգ հաստատուած է 1906-ին ու հիմնած` երկու մեծ շինարարական ընկերութիւններ, որոնց աշխատանքը դիւրացնելու համար Ստեփանեան հասած է պատրաստ շաղախ փոխադրող կառքերու գիւղին:
2.- Կիներն ու վարսայարդարները երախտապարտ են Գաբրիէլ Գազանճեանին, որ 1911-ին հնարած է տաք ու պաղ օդի հոսանք յառաջացնող մազի փոքր սեշուարները:
3.- Քրիստափոր Տէր Սերոբեան պոլսահայ գիտնականը 1854-ին հրաւիրուած է Ամերիկա` փրկելու համար տոլարը հնարագէտ զեղծարարներէն: Ան գտած է «green zveta» կանաչ գոյնի բարդ բաղադրութիւնը, որ կարելի չէ կեղծել: Այս գիւտին համար ան ստացած է 6000 տոլար…
4.- Լուտեր Սիմճեան` հայրը աւելի քան 200 արձանագրուած գիւտերու, գիւտարարն է դրամատուներու մուտքին զետեղուած այն դրամարկղերուն, որոնք կը կարդան մեր անձնական քարտերը, կը ճշդեն պահանջուած գումարին գոյութիւնը եւ կը հրամցնեն մեզի այդ գումարը` գիշեր թէ ցերեկ, դրամատան փակ կամ բաց ժամերուն: Ասիկա ATM կոչուած սարքն է: Ան ծնած է Այնթապ, 1905-ին ու ապրած Ամերիկա` մինչեւ 1997-ը: Անոր գիւտին համար երախտապարտ է ամբողջ աշխարհը:
5.- Բժշկութեան աշխարհին մէջ ծանր հիւանդներու ճշգրիտ ուղեղային ախտաճանաչումը դիւրացնող PET Scan-ի գիւտը կը պարտինք Միշէլ Տէր Պօղոսեանին, որ ապրած եւ գործած է Ամերիկայի մէջ ու մահացած` 19 յունիս 1996-ին: