Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Անդրադարձ. Կեղծաւորութիւնն Ու Աֆրինի Զենումը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքը երեքշաբթի, 16 յունուարին յայտարարեց. «Աֆրինը մեր գործողութիւններու շրջագիծին մէջ չէ»: Այդպիսով, թրքական բանակին տալով Աֆրինի դէմ իր յարձակումը շղթայազերծելու «կանաչ լոյս»-ը: Երկու օր ետք, սակայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց Թուրքիան` նշելով. «Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք` կեդրոնանալու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ եւ Աֆրինի դէմ յարձակում չգործելու»: Ուաշինկթընի կատարածը պարզ ու յստակ կեղծաւորութիւն է: Յստակ է, թէ թրքական բանակին Աֆրին մուտք գործելը պիտի չունենայ զինուորական, իմա՛` գործնական ու իմաստալից հետեւանքներ` ամերիկեան բանակը ՕԹԱՆ-ի իր հին զինակիցը հարուածելով պիտի չպաշտպանէ իր նոր ու ժամանակաւոր զինակիցները` քիւրտերը:

Թրքական իշխանութիւնները բնականաբար ականջ տուին միայն առաջին պատգամին եւ ամերիկեան բանակին միջամտութեան վտանգի չԷզոքացումէն ետք ուղղուեցան Մոսկուա` այդտեղ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ նոյն հարցով «խորհրդակցելու» եւ Մոսկուայէն եւս ստանալու «Կանաչ լոյս»-ը, որ չուշացաւ. ռուս զինուորները հեռացան Աֆրինէն: Թրքական բանակի յարձակումին շղթայազերծումէն ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ մտահոգ է այդ գործողութեամբ եւ կոչ ուղղեց ինքնազսպումի: Մոսկուայի կատարածը եւս Ուաշինկթընի նման կեղծաւորութիւն մըն է:

Նախքան թրքական յարձակումին շղթայազերծումը, սուրիական կողմը սպառնաց վար առնել Աֆրինի դէմ յարձակում գործող թրքական պատերազմական օդանաւերն ու ուղղաթիռները: Թրքական ռմբաձիգները արդէն անկաշկանդ յարձակումներ կը գործեն Աֆրինի մէջ գտնուող քրտական դիրքերուն դէմ: Մոսկուա վստահաբար Դամասկոսի կատարած սպառնալիքը օգտագործած է Անգարայի հետ բանակցութեան ընթացքին իր դիրքը ամրապնդելու եւ թրքական կողմէն զիջումներ ապահովելու համար: Ռուսիոյ նախագահի Սուրիոյ հարցով պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ կիրակի, 21 յունուարին յայտարարեց, որ իր երկիրը շաբաթ օր Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է այս ամիս Սոչիի մէջ միջսուրիական խորհրդաժողովի մասնակիցներու ցանկին շուրջ: Այլ խօսքով` Աֆրինն ու անոր բնակչութիւնը կը զոհաբերուին նշեալ խորհրդաժողովի թէական յաջողութեան համար: Դամասկոս իր կարգին այն յոյսը ունի, որ Աֆրինի ողբերգութիւնը քիւրտերը մղէ իրեն հետ համաձայնութիւն գոյացնելու:

Քիւրտերը այն գնդակն են, որուն խփելով մեծ տէրութիւնները կը փորձեն իրարու դէմ կոլ նշանակել կամ առնուազն շահեր ապահովել: Քիւրտերը չյաջողեցան վերածուիլ խաղացողի մը եւ մնացին «գնդակ»-ի կարգավիճակին մէջ: Աֆրինի քիւրտերուն դժբախտութիւնը այն է, որ ռուսերուն եւ ամերիկացիներուն շահերը համընկնեցան, իրենք մնացին մերկ` առանց որեւէ ծածկոյթի: Աֆրինի ողբերգութիւնը այն օրինակն է, որմէ դաս պէտք է առնեն Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ գտնուող քիւրտերը, որոնց ողբերգութիւնը ի տես իրենց եղբայրներու զենումին ձեռնակապ ականատեսի կարգավիճակին դատապարտուած ըլլալն է:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>