Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Դիմաւորելով 100-ամեակը (2). Ներազգային Փտածութիւնը Եւ Մեր Սիրած Դիրքապաշտութիւնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Իշխանութիւնը մարդկանց կուրացնում է, եթէ մարդիկ աւելի փոքր են, քան` իրենց պաշտօնը, հարբեցնում է, եթէ աւելի տկար են, քան` իրենց պաշտօնը:

Յովհաննէս Թումանեան, 1921

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Երբեմն պէտք է մտածել, առանց արտաքին ազդակներու մէջ փնտռելու մեր ներազգային դժուարութիւններն ու ձախողութիւնները: Այս կարենալ ընելու համար ճշմարիտ հոգեկան ուժ պէտք է: Յովհաննէս Թումանեանի իմաստուն խօսքը, 1921-ին գրուած նամակի մը մէջ, ստիպեց, որ պահ մը մոռնամ մեր ամէնօրեայ մտմտուքները:

Ի՞նչ կ՛ըսէ Յովհաննէս Թումանեան, ժողովուրդին հետ ապրած եւ անոր համար բաբախած ազգային ոգիի եւ իմաստութեան բանաստեղծը. «Իշխանութիւնը մարդկանց կուրացնում է, եթէ մարդիկ աւելի փոքր են, քան` իրենց պաշտօնը, հարբեցնում է, եթէ աւելի տկար են, քան իրենց պաշտօնը»: Ի հարկէ, արժանաւորներ եղած են եւ կան, բայց անոնց շուքին, երբեմն ալ` զանոնք կոխկռտող փոքրեր եւ տկարներ, որոնք եսի բաւարարման համար գիտեն ստորնութիւններու լծակները գործածել: Այս հասարակաց ընթացքը, բոլոր ժողովուրդներու պարագային, կը յառաջացնէ հաւաքականութեան եւ ժողովուրդին դժբախտութիւնը: Պատմութիւնը մեզի կտակած է անուններ` Յուդայէն մինչեւ ազգի մը ծոցէն ծնած եւ օտարին սպասարկող դաւաճանները, անցնելով մանր փառասէրներէն:

Եթէ միայն մարդիկ գիտնային, թէ ինչո՛ւ պէտք է զբաղեցնեն այս կամ այն պաշտօնը, ատա՞կ են, օգտակա՞ր են, ոչ ըստ իրենց եսին եւ փառասիրութեան, այլ` ըստ արդիւնքի, արտադրուած բարիքի: Քանի մը անգամ այս կարգի վերաբերումներու յառաջացուցած չարիքի մասին գրած եւ խօսած եմ` յիշելով Կոմիտասի դառնութիւնը: Երբ կը լսենք Յովհաննէս Թումանեան կամ Կոմիտաս, կ՛ունենա՞նք բաւարար առաքինութիւն` խորհելու համար, որ անոնք կրնա՞ն խօսած ըլլալ նաեւ մեր մասին: Այս ձեւի մտածում կ՛ըլլայ Սոկրատի կատարած հոգեմաքրումի փորձ: Նոյն ժամանակներու բովէն անցած Կոմիտաս կը լրացնէ Յովհաննէս Թումանեանի ցաւի պատկերը: Պատկեր, որ յաճախ պէտք է փռել մեր եւ հանրութեան առջեւ, նաեւ` այսօր եւ վաղը, որպէսզի ժողովրդական ողջմտութիւնը աճի եւ տարածուի: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն` միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնը զգեցած է իբրեւ հանդերձ, զոր մերկութիւնն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: …Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է…

Տարիները կ՛անցնին, պատմութիւնը օղակ կը փոխէ, բայց մենք կը հասնի՞նք իմաստութեան` յաղթահարելով դիրքապաշտութիւնը, մտածելով ազգի եւ մարդոց իրաւունքի մասին: Հարկ է քանի մը անգամ կարդալ Կոմիտասի դառնութեան խօսքը, եւ մտածել Յովհաննէս Թումանեանի հետ, թէ կա՞ն իշխանութեամբ կուրացածներ, իշխանութեամբ հարբեցածներ, որպէսզի իրատեսութիւնը տիրէ, առաջանորդուի ազգը, արտահանուին ազգի զաւակներու արժանիքները` փոխանակ խրելու շահախնդրութիւններու ճահիճին մէջ: Երբ հանրային կարծիքը կը սկսի խորհիլ եւ խօսիլ առաջնորդի մը անկարողութեան մասին` ժամանակը եկած պէտք է համարել նորի եւ նորարարութեան մասին, յաղթահարելով անփոխարինելութեան առասպելը, որ կը ծնի, երբ իշխանաւորը կը յաւերժանայ իր դիրքին վրայ:

Բայց այս ընելու համար իր քաջութիւնը եւ ազնուութիւնը պահած ժողովուրդ պէտք է:

Փորձ ունեցող երկիրներու օրինակին պէտք է հետեւիլ:

Ֆրանսան ունի պետական Հաշիւներու պալատ (Cour des Comptes), որ կը քննէ պետական ելեւմուտքը, ծախսերու արդարացիութիւնը եւ կը վճռէ, նոյնիսկ` կառավարութեան դէմ: Ունի նաեւ Պետական խորհուրդ (Conseil d՛Etat), որ կը քննէ որոշումներու օրինականութիւնը` կառավարութեան կամ Ազգային ժողովի եւ կը վճռէ: Մեր վերանկախացած հայրենիքը եթէ օժտուած ըլլար նման հսկողութեան եւ անկաշկանդ գործող կառոյցներով, այսօր կ՛ունենայինք աւելի արդարութիւն, աւելի մեծ վստահութիւն պետութեան հանդէպ: Ինչո՞ւ նմանօրինակ հսկողութիւն պիտի չհաստատուի հասարակական կազմակերպութիւններու պարագային, անոնք ըլլան բարեսիրական, քաղաքական, գիտական, մարզական եւ այլ, միշտ` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Վերականգնումը, վստահութիւնը, արդարութիւնը սունկի պէս չեն բուսնիր: Անոնք կարիք ունին արդար եւ յարգուող օրէնքներու` գործադրելի առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններ նկատի առնելու:

Ինքզինքս կրկնեմ. Պէտք է յաճախել ՄԵԾԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑԸ եւ իմանալ: Կրկին կը գտնեմ Յովհաննէս Թումանեանը, որ 1921-ին Աւետիք Իսահակեանին ուղղուած նամակի մը մէջ կ՛ըսէ. «Մենք թէ՛ դրսից, թէ՛ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը: Գլխաւորապէս մենք: «Մենք եմ ասում, եւ սրա մէջն է ճշմարտութիւնը: Մի մասը խաչագող սրիկաներ, մի մասը գողեր ու աւազակներ, մի մասը` ապիկար թշուառականներ, եւ չերեւաց մի բազմութիւն, գոնէ մի խմբակ, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր: Էսքան աղէտների ու պարտութիւնների մէջ ոչ մի մեղաւոր չերեւաց, ոչ ոք պատասխանի կանչուեց, ոչ պատասխան տուեց: Եւ շարունակւում է… Եւ ոչ մէկը գոնէ անձնասպան չեղաւ, որ ապացուցանէր, թէ գոնէ ամօթ ու խղճմտանք կայ էս մարդկանց մէջ կամ էս ժողովրդի մէջ: Բայց ես ի՞նչ եմ ասում – չկարողացան գոնէ վշտանալ կամ վշտացած երեւալ»:

Եթէ երգիծագիր մը Յովհաննէս Թումանեանի խօսքերը իւրացնելով առասպել հիւսէր եւ անուններ հնարէր ու յիշէր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), զանգուածները ըսուածը որպէս իրականութիւն պիտի ընդունէին:

Ոչ ոք պատասխանատուութեան կը կանչուի:

Զբօսաշրջութեամբ, բարեսիրութեամբ եւ պատկեր-շքանշանով այնքա՜ն ընդարմացած ենք, որ այլեւս չենք անհանգստանար:

Այսօր ալ դիրքապաշտական, փառասիրական, փտածութեան եւ անորակի մասին խօսողներ կան, բայց անոնք, ինչպէս միշտ, մաս չեն կազմեր որոշում կայացնողներու եւ առաջնորդողներու շրջանակին:

Մեր անմիջական ժամանակակից գրողներէն Ալիս Յովհաննիսեանը 2017-ին լոյս տեսած իր «Լենինական, Կումայրի, Գիւմրի» գիրքին մէջ, երկրաշարժի աղէտի խորքի պաստառին վրայ կը գրէ հետեւեալը. «Մէկին անծայր վշտից դուրս բերելու հնարներ մարդը միշտ կարող է գտնել, եթէ փորձի: Իւրաքանչիւրին պէտք է զբաղեցնել` ըստ իր հակումների, նախասիրութիւնների. աշխատասէրին աշխատանք տալ, բնածին լիտերին աշխատանք կազմակերպելու հնարաւորութիւն: Թուում է` ամենադժուարը բնածին անբանի համար զբաղմունք գտնելն է, բայց Հայաստանում մարդու այդ տեսակը հեշտութեամբ է տեղ գտնում, տեղաւորւում է բոլոր այն աթոռներին, որոնց վրայ նստելու համար խելացի, բանիմաց մարդիկ դեռ տատանւում են, լրացուցիչ հիմնաւոր գիտելիքներ ձեռք բերած չլինելով` դեռ յապաղում են: Եւ ժամանակը աշխատում յօգուտ մակերեսում լողացողների…»։ Ալիս Յովհաննիսեանը կը խօսի իր անմիջական տեսածի մասին, մինչդեռ կարելի է ընդհանրացնել եւ խօսիլ համայն հայութեան մասին, նաեւ` սփիւռք(ներ)ի մասին:

Յովհաննէս Թումանեան կ՛ըսէ. «Չերեւաց մի բազմութիւն, գոնէ մի խմբակ, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր»:

Աւելցնենք, որ երկրի հետ ազգի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր…

Եթէ Յովհաննէս Թումանեան ապրէր, ի՞նչ կը կարծէք որ պիտի ըսէր:

Այսօրուան եւ վաղուան համար` հարցում էր:

Եթէ հարցնէր, ի՞նչ պիտի ըսէինք:

 

4 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>