ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Քառասուն տարի առաջ, ամառնային երկարատեւ զբօսաշրջութեան վերջին շաբաթը կնոջս հետ Պոլիս էինք` մեր երազած «Հայկական Պոլիս»-ը այցելելու: «Թաքսիմ» մայր հրապարակի պանդոկները խճողուած գտնելով` մօտակայքը ընտրեցինք: Նախապէս կայացուցած մեր որոշման համաձայն, առաջին հերթին Սկիւտար եղանք: Թաղամասի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէն ետք ուղղուեցանք տեղւոյն Պաղլարպաշրի գերեզմանատունը` տեսնելու համար արեւմտահայ քերթողութեան բազմատաղանդներէն` Պետրոս Դուրեանի շիրիմը:
Դեռ պատանեկութենէս սիրահարած էի իր բանաստեղծութիւններուն, որոնցմէ շատերը գոց սորված էի: Ըստ իս, անձնական ապրումներու երգիչ է Դուրեան: Իր մէջ կ՛արտացոլան ներքին, մտերիմ զգացումներ, բայց մանաւանդ` վիշտ, թախիծ, կարօտ, սէր, մորմոք: Ասոնց վրայ աւելցնենք` բողոք ու անէծք: Իր գործին մէջ Դուրեան դրած է հոգեկան մթնոլորտ մը, որ հարազատ է իր խառնուածքին: Այդպէս, ան բացառութիւն է մեր բանաստեղծութեան մէջ:
Ինծի կը թուի, որ արուեստագէտ ըլլալու համար բաւական չէ կարենալ յուզուիլ, հարկ է նաեւ յուզուիլ գիտնալ, այսինքն գտնել կերպը` ուրիշին փոխանցելու յուզումը:
Դուրեանի մէջ վիշտը կարծես բռնի մտած է, հակառակ իր կամքին ու բնոյթին: Ան ամրօրէն կառչած ըլլալով հանդերձ կեանքին, կը զգայ սակայն, որ հողը կ՛երերայ իր ոտքին տակ, եւ արեւն ու լուսինը կը պլպլան գլխուն վերեւ: Աւելի շատ կրակ կայ Դուրեանի հոգիին մէջ, քան` մոխիր, աւելի շատ բոց կայ, քան` ծուխ: Բողոք մըն է իր վիշտը:
Դուրեանի սէրը մելամաղձոտութեամբ լեցուն դժգոհանք է, հոգեկան պոռթկում, ներքին հրկիզում, բո՛ց, որ կ՛այրէ, բա՛ն մը, որ կը մղէ զինք լալու եւ միաժամանակ լացնելու: Իր սիրտը արիւնող սիրտ մըն է, որուն վէրքերը սպի չունին: Գերեզմանը ամէն տեղ է, ու ան` ամէն բանի մէջ:
Գերեզմանատան մէջ հետաքրքրութեամբ մօտենալով հէք քերթողի շիրմասիւնին, ետեւի կողմը քանդակուած գտանք բանաստեղծի «Իմ մահը» քերթուածին վերջին քառեակը, 1898-ին, եղբօրը` Եղիշէ արք. Դուրեանի կողմէ: Տեղեկացանք, որ ձախին թաղուած էր իր մայրը` տիրամայր Արուսեակ Դուրեանը, եւ որ` 1950-ականներու աւարտին գերեզմանատան մէկ մասը կը գրաւուի պետութեան կողմէ` պողոտան ընդլայնելու նպատակով, որուն պատճառով առաջին շարքին գտնուող Դուրեանի եւ տիրամօր շիրիմները այստեղ տեղափոխուած են:
Վերջերս կարդացի «Եռագոյն» արեւմտահայերէն լրատուական կայքի մէջ Սեւան Տէյիրմենճեանի խորիմաստ արձանագրածը, որ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը ո՛չ միայն մեր այս արդի ժամանակներու ուխտավայր մըն է, ո՛չ միայն վաղուց կորուսեալ անցեալէն մասունքի մը վերաբերումին արժանացած է, այլ բոլո՛ր հայերուն համար եղած է այցելավայր մը` շատ հին ժամանակէ սկսեալ: