Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Եւ Մարզերուն Մէջ 2018-ը Կը Նշանաւորուի Աւանդական Դարձած Եւ Նոր Փառատօներով
Համաշխարհային զբօսաշրջային քարտէսին վրայ իր ուրոյն տեղը հաստատել ցանկացող Հայաստանի մէջ այս տարի եւս տեղի կ՛ունենան շարք մը փառատօներ, որոնք ուղղուած են իւրաքանչիւր բնակավայրին բնորոշ աւանդոյթներու, տօներու եւ ուտեստներու հանրահռչակման: «Արմէնփրես»-ը կը ներկայացնէ Սմիթսոնեան հիմնարկին հրապարակած Հայաստանի փառատօներու եւ ձեռնարկներու օրացոյցը: Տարուան ընթացքին Երեւանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ տեղի կ՛ունենան 30-է աւելի փառատօներ: Շարքը կը բացուի Ջերմուկի մէջ փետրուար 17-18-ին տեղի ունենալիք ձնարուեստի «Ձնեմարդուկ» փառատօնով:
Ապրիլ 30-ին Քասքատ համալիրի մէջ կը նշուի Ճազի միջազգային օրը, մայիս 4-5 Երեւանի` Սարեան փողոցին մէջ կը հոսին գինին եւ ուրախ տրամադրութիւնը` հրաւիրելով բոլորը Երեւանի գինիի օրերուն: Մայիս 20-ին Հնաբերդի մէջ տոլմայի փառատօնին հայ խոհարարները կը մրցին ամենահամեղ տոլման պատրաստելու մրցոյթով` տոլման սիրողները հրաւիրելով ուրախ տօնախմբութեան: Յունիս 9-ին Խոտ համայնքին մէջ կը կատարուի աւանդական դարձած ոչխարի խուզման փառատօնը: Յունիս 9-10 Գիւմրիի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Հարթակ» փորձի փոխանակման փառատօնը: Յունիս 10-ին Երեւանի Թումանեանի զբօսայգիին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Համով-հոտով» տօնածիսական ուտեստներու փառատօնը, նոյն օրը նաեւ սայլակներու շքերթ տեղի կ՛ունենայ մայրաքաղաքին մէջ: Յունիս 16-17 Վայոց ձորի Արտաւան համայնքին մէջ էքոթուրիզմի փառատօնը կը խոստանայ երկու հետաքրքրական օրեր` աստղազարդ երկնքի տակ: Յունիս 29-էն յուլիս 1 Ծաղկաձորի մէջ, իսկ յուլիս 20-22 Սեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Յուսոյ առագաստ» փառատօնը: Յունիս 30-ին Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ամենականաչ ձեռնարկը «Հայ բոյս» փառատօնը: Յուլիս 7-ին Քարահունջի մէջ տեղի կ՛ունենայ Սիւնիքի բարիքներու փառատօնը: Յուլիս 8-ին Հանրապետութեան հրապարակը կը վերածուի համընդհանուր ջրամարտի բեմահարթակի. կը տօնուի Վարդավառը: Յուլիս 14-ին Կարապի լիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ ձմերուկի փառատօնը: Յուլիսին Սիւնիքի մարզի Աշոտաւան համայնքին մէջ կը նախատեսուի նաեւ ազնուամորիի փառատօն կատարել: Օգոստոս 4-ին Հիւսիսային պողոտայի մէջ կը ներկայացուին հայկական տարազները, տեղի կ՛ունենայ «Երեւան ՏԱՐԱԶֆեսթ» ձեռնարկը: Օգոստոս 11-ին Սեւան քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Սեւան» երաժշտական փառատօնը, օգոստոս 13-ին Բերդի մէջ` մեղրի ու հատապտուղներու փառատօնը: Օգոստոս 18-19 գարեջրասէրները կրնան մասնակցիլ Երեւանի գարեջուրի փառատօնին: Օգոստոս 18-19 Ախթալայի մէջ տեղի կ՛ունենայ աւանդական դարձած խորովածի փառատօնը: Օգոստոս 25-26 Զօրական համայնքին մէջ «1000 տարուան գիւղամէջ» ձեռնարկը բոլորը կը հրաւիրէ չնաշխարհիկ Տաւուշ, իսկ սեպտեմբեր 2-ին Աշտարակի մէջ կը միաձուլուին գինին ու մշակոյթը: Սեպտեմբեր 8-ին Դիլիջանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Մշակութային վերածնունդ» փառատօնը, սեպտեմբեր 8-12-ին Բիւրականի մէջ, Գիւմրիի, Աշտարակի եւ Երեւանի` «Հայաստան խաղաղութեան խաչմերուկի մէջ» փառատօնը: Սեպտեմբեր 15-ին Երեւանի Անգլիական զբօսայգիին մէջ գիւղական կեանքի եւ աւանդոյթներու հանրահռչակման ձեռնարկ տեղի կ՛ունենայ, սեպտեմբեր 22- ին Խաչիկ գիւղին մէջ կը պատրաստեն ամենամեծ գաթան. տեղի կ՛ունենայ աւանդական գաթայի փառատօնը: Սեպտեմբեր 28-29 Կարապի լիճին մէջ փառատօն տեղի կ՛ունենայ թէյի եւ սուրճի սիրահարներու համար, սեպտեմբեր 29-30 Էրեբունի-Երեւան տօնախմբութիւնը կ՛ազդարարէ Երեւանի 2800-ամեակը: Սեպտեմբեր 29-ին Սարուխանի մէջ գետնախնձորի բերքահաւաքը կ՛ուղեկցի «Մեծ փուռ» փառատօնով: Հոկտեմբեր 6-ին գինիի սիրահարները կրնան մասնակցիլ «Արենի» գինիի փառատօնին:
Ջերմուկի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Ձնեմարդուկ-2018» Փառատօնը
«Ձնեմարդուկ-2018. ձիւնէ արուեստի փառատօն»-ը այս տարի նորութիւններով հանդէս կու գայ: Ծրագիրը պիտի ընդգրկէ սառցամագլցում, հեծանիւային մարզային բաժակի մրցոյթ եւ դահուկավազք: Այս մասին յայտնած է «Ջերմուկի զարգացման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Վազգէն Գալստեանը:
«Ձնեմարդուկ -2018. ձիւնէ արուեստի փառատօն»-ը այս տարի տեղի պիտի ունենայ փետրուար 17-18: Սառցամագլցումը Հայաստանի մէջ պիտի կազմակերպուի առաջին անգամ ըլլալով, սակայն այս տարի եղանակային պայմանները քիչ մը կը խանգարեն: Ջերմուկի մէջ երբեք այսքան տաք ձմեռ չէ եղած, բայց եթէ քանի մը օր անընդմէջ սառնամանիքներ ըլլան, անպայման կ՛իրականացնենք», նշած է Վազգէն Գալստեանը: Անոր խօսքով, քանդակներ պատրաստելու հիմնականօրէն կը մասնակցին Ջերմուկի փոքրիկները, բայց կը հրաւիրուին նաեւ Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան պետական քոլեճի լաւագոյն ուսանողները: Անոնք Ջերմուկի մէջ 2-3 մեթր բարձրութեամբ մեծ արձաններ կը քանդակեն:
Մրցանակային ֆոնտը այժմ կը նախատեսուի միայն տեղացի փոքրիկներու համար: Մրցանակն է ժայռամագլցման անվճար դասընթացքներու մասնակցութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ մարտին: «Քոլեճի փոքրիկները պիտի ստանան խրախուսական պարգեւներ, զանոնք մրցակցութեան մէջ չենք դներ», ըսած է «Ջերմուկի զարգացման կեդրոն»-ին նախագահը:
«Փառատօնի հիմնական նպատակներէն է ծայրայեղ մարզաձեւերը զարգացնելը: «Ձնեմարդուկ» փառատօնի ժամանակ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ հեծանիւային մարզային ձմեռնային բաժակի մրցոյթը, որ կ՛իրականացուի արդէն 4 տարի է ի վեր, տարուան ընթացքին մէկ անգամ: Մեր քաղաքին մէջ գտնուող ճոպանուղիի մօտէն պիտի կազմակերպենք մարդոց հեծանիւով իջնելը, որուն կրնան մասնակցիլ անոնք, որոնք ունին համապատասխան փորձ եւ հմտութիւն: Բոլորը չէ, որ կրնան բարձրանալ վեր եւ հեծանիւով իջնել», շեշտած է Վ. Գալստեանը:
Փետրուար 17-ի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ կրակներով պար եւ ժամը 20:00-22:00 բացօթեայ ձեռնարկ, որ կը կոչուի «Ձմեռնային ցուրտ երեկոյթ»:
Փառատօնի ընթացքին, փետրուար 18-ին, Ջերմուկի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ խաղ` յատուկ քաշուած լարի վրայ քալելու հմտութիւն ունեցողներու համար, որոնք 2-3 հոգիով պիտի ցուցադրեն իրենց հմտութիւնները: Լարը կը կապուի 50 մեթր բարձրութեամբ եւ փափաքողները կրնան մօտենալ եւ փորձել իրենց ուժերը:
Փառատօնը կը ֆինանսաւորուի Ջերմուկի համայնքապետարանին կողմէ, իսկ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն, Սմիթսոնեան հիմնարկը խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ կազմակերպչական, ինչպէս նաեւ տեսաձայնային նկարահանումներու եւ մոնթաժային աշխատանքներու իրականացման: Կազմակերպիչներն են` «Ջերմուկի զարգացման կեդրոն»-ը, «Ջերմուկի երիտասարդական կեդրոն» ՀԵԱԿ-ը եւ Ջերմուկի համայնքապետարանը:
Այվազովսկիի Նուիրուած Ցուցահանդէսը Երկարաձգուած Է
«Հայաստանի ազգային պատկերասրահը, նկատի առնելով հասարակութեան մեծ հետաքրքրութիւնը Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին նկատմամբ, ամիսով մը երկարաձգած է զայն:
Տեղեկացնենք, որ պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեանը դեկտեմբեր 20-ին յայտարարած էր, որ Այվազովսկիի ցուցահանդէսը մօտաւորապէս 44 հազար այցելու ունեցած է: Յիշեցնենք, որ «Արարում» խորագրով ցուցահանդէսը սկսած է սեպտեմբեր 15-ին, նուիրուած է Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին: Ցուցահանդէսի փակումը նախատեսուած էր յունուար 15-ին:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած է 52 գեղանկար, 26 գծանկարչական եւ 1 տեքորաթիւ-կիրառական արուեստի նմուշ, ինչպէս նաեւ` 20 վաւերագիր: Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կը ցուցադրուի Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հաւաքածուի «Քաոս. աշխարհի արարում» հռչակաւոր կտաւը:
Դաւիթ Լոքեանի Նախագահութեամբ Քննարկուած Է Ջերմուկի Զարգացման Ծրագիրը
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Ջերմուկի զարգացման ծրագիրի աշխատանքային խորհրդակցութիւնը:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են` Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեանը, Տարածքային զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Աշոտ Կիրակոսեանը, Ջերմուկի քաղաքապետ Վարդան Յովհաննիսեանը եւ «Երեւան նախագիծ» հիմնարկի տնօրէն Սուրէն Օհանեանը:
Քննարկուած է Ջերմուկի զարգացման 2018 թուականի ծրագիրը, մասնաւորապէս` ներդրումային նոր ծրագիրներու ձեւաւորման եւ ֆինանսական միջոցներու ներգրաւման հարցերը: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան վերաբերող հարցերուն:
Նշենք, որ առաջարկուած է սահմանուած ծրագիրներէն բացի` իրականացնել Ջերմուկի զբօսայգիի բարեկարգումը: Խորհրդակցութեան աւարտին իւրաքանչիւր ծրագիրի համար սահմանուած է յստակ ժամանակացոյց:
Արմաւիրի Մարզին Մէջ Հնարագէտները Բացայայտած Են Նք 7-րդ Հազարամեակի Բնակատեղի
Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Լեռնագոգ գիւղին մօտակայքը հնագէտները նոր բացայայտում կատարած են: «Լեռնագոգ-1» հնավայրին մէջ բացայայտուած է տարածք մը, որ կը թուագրուի ՆՔ 8-րդ հազարամեակի վերջով եւ 7-րդ հազարամեակի սկիզբով: Այս մասին լրագրողներու հետ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեանը:
«Առաջին անգամ այս տարածաշրջանին մէջ արձանագրած ենք կայուն բնակատեղի, որուն ստորին շերտերը կը թուագրուին ՆՔ 8-րդ հազարամեակի վերջով եւ 7-րդ հազարամեակի սկիզբով: Մինչ այդ Հայաստանի տարածքին հնագոյն բնակատեղիներու շերտերը առաւելագոյնը, որ կրնայինք թուագրել ՆՔ 6-րդ հազարամեակի առաջին քառորդն էր: Ասիկա 2017-ի հիմնարար հետազօտութիւններու փայլուն արդիւնքներէն է», յայտնեց Պաւել Աւետիսեանը:
Յայտնենք, որ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ բնակատեղիին մէջ ապրող հասարակութիւնը տիրապետած է որոշ ճարտարապետական հմտութիւններու: Ըստ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Արթուր Պետրոսեանին, այդ հատուածին մէջ գտնուած են կաւէ շինութեան հետքեր:
Արցախի Մէջ Զբօսաշրջիկներու Այցելութիւնները 41 Տոկոս Աճած Են
Արցախի մէջ 2017-ին զբօսաշրջիկներու այցելութիւնները 2016 տարեշրջանին հետ համեմատած` աճած են 41 տոկոս: Նոյն ցուցանիշը 2015-ի հետ համեմատած` աճած է մօտաւորապէս 30 տոկոս, կը հաղորդէ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան առընթեր Զբօսաշրջութեան վարչութեան նախագահ Արտակ Գրիգորեանը:
«Մենք նաեւ ցուցանիշները կը համեմատենք 2015-ի հետ, որովհետեւ յայտնի է, որ 2016-ին զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ ունեցանք անկում: Երբ կը խօսինք զբօսաշրջութեան աճին մասին, միայն 2017-ին կատարուած աշխատանքին արդիւնքը չէ, այլ վերջին տարիներու բուռն քարոզարշաւին շնորհիւ է», ըսաւ Գրիգորեան:
Զբօսաշրջիկներու աշխարհագրական պատկերը տարուէ տարի կ՛ընդարձակուի: Այցելութիւններու թիւով առաջինը Ռուսիոյ քաղաքացիներն են, այնուհետեւ` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իրանի եւ այլն: Արցախի զբօսաշրջութեան տեղեկատուական կեդրոններու միջոցով կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւններու շրջանակին մէջ են հիմնական զբօսաշրջութեան վայրերը, մասնաւորապէս` Ստեփանակերտը, Շուշին, Գանձասարը եւ Տիգրանակերտը, որոնք այցելութիւններու քանակի աճ ունին:
«Կը նախատեսենք մասնակցիլ միջազգային ցուցահանդէսներու: Այս տարի Ռուսիայէն կը սպասենք այցելութիւններու աճ, որովհետեւ այդ շուկան թիրախ ընտրած ենք: Կ՛աշխատինք նաեւ եւրոպական ուղղութեամբ», բացատրեց Գրիգորեան:
«Սորս» Հիմնադրամը Ամփոփած Է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Հետ Գործակցութեան Հերթական Տարին
Արդէն երկու տարի է, որ յատուկ խնամքի կարիք ունեցող 40 փոքրիկ Երեւանի մէջ կ՛օգտուի մասնագիտացած անհատական օգնականի ծառայութենէն` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեան շնորհիւ: Հաշմանդամութիւն ունեցող փոքրիկներուն արդիւնաւէտ աջակցութեան նպատակով Հայաստանի մէջ չորս տարի առաջ ստեղծուած «ՍՈՐՍ» հիմնադրամը թիրախային խումբի մէջ ընդգրկած է նաեւ անոնց ընտանիքները: Արդիւնքը եղած է այն, որ արդէն իսկ կարեւոր փոփոխութիւն արձանագրուած է ո՛չ միայն այդ փոքրիկներուն, այլեւ անոնց ընտանիքներուն կեանքին մէջ: Հաշմանդամութիւն եւ յատուկ խնամքի անհրաժեշտութիւն ունեցող փոքրիկները այդ ծառայութեան շնորհիւ դուրս կու գան ինքնամեկուսացումէ. այլեւս չեն սահմանափակուիր բացառապէս մօր հետ հաղորդակցելով, իսկ ընտանիքները կը վերադառնան կեանքի բնականոն կշռոյթի:
2014 թուականէն իր աջակցութեամբ հիմնադրամի տարբեր ծրագիրներուն միացած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը` իրագործելի դարձնելով սահմանած նպատակներու իրականացումը: 2017 թուականին 40 փոքրիկի հետ 8 ամիս շարունակ շաբաթական 3 օր 6-8 ժամ աշխատանք տարուած է տան, դպրոցին եւ կեդրոններու մէջ: Անհատական օգնականները վերապատրաստման դասընթացքներու հետեւած են, ինչպէս նաեւ գործնական աշխատանք կատարած են փոքրիկներու հետ զարգացման եւ խնամքի կեդրոններու մէջ: Անհատական օգնականի աշխատանքը վերահսկուած է երեք գլխաւոր մասնագէտներու կողմէ, որոնք ճշդած են փոքրիկին հետ աշխատելու զարգացման եւ ֆիզիքական վիճակի բարելաւման ընդհանուր անհատական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ կարգաւորած եւ առաւել արդիւնաւէտ դարձուցած են աշխատանքը փոքրիկ-օգնական-ծնողք շղթային:
«ՍՈՐՍ» հիմնադրամի տնօրէն Մարինա Պարազեանը կարեւոր ձեռքբերում կը համարէ ծրագիրին թիրախային կէտերու իրագործումը: Մասնաւորապէս այն, որ հիմնադրամը յաջողած է ստեղծել` յատուկ խնամքի կարիք ունեցող փոքրիկներու սպասարկման նոր մասնագիտացում, համախմբել հաշմանդամութեան տարատեսակ հարցերով զբաղող առաջատար մասնագէտները, աշխատանքով ապահովել նեղ մասնագիտացմամբ երիտասարդ կազմերը, աջակցիլ թիրախային խումբի մէջ յայտնուած ընտանիքներուն եւ փոքրիկներուն:
Հաղորդենք, որ իւրաքանչիւր փոքրիկի սպասարկումը, ըստ անհրաժեշտութեան, իր մէջ ներառած է` խնամք, ինքնասպասարկման հմտութիւններու զարգացում, զբօսանք, ուղղորդում դպրոցներու կամ զարգացման տարբեր կեդրոններու մէջ, անընդմէջ աշխուժ աշխատանք` իւրաքանչիւր փոքրիկի համար մշակուած անհատական զարգացման ծրագրով: Մանկավարժ-օգնականներէ եւ յատուկ մասնագէտներէ կազմուած խումբը յաջողած է հասնիլ զգալի արդիւնքներու` ապահովել փոքրիկներու յաւելեալ անկախ, ուրախ եւ որակաւոր ցերեկային զբաղուածութիւն, խնամակալ-ծնողներուն` կարելիութիւն տալ քիչ մը հանգստանալու, բնականոն կեանքի վերադառնալու:
Գրքահաւաք` Թալիշի Դպրոցի Գրադարանին Համար
Թալիշի միջնակարգ դպրոցի համար գրքահաւաքը նախաձեռնողներէն է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի մամուլի քարտուղար Անուշ Ղաւալեանը:
Վերջերս Թալիշի միջնակարգ դպրոցը գիրքերու անհրաժեշտութեան հարցը բարձրացուցած է Ազգային ժողովի նախագահի այցելութեան ժամանակ, ու այժմ իրենք, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան միջոցով, կը փորձեն լուծել այդ հարցը:
Գրադարանը տուժած է 2016 ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ, երբ այնտեղ արկ ինկած էր: Աշակերտները դասագիրքերով ապահովուած են, սակայն գեղարուեստական գրականութեան կարիք կայ: Պահանջուած են հայ, ռուս եւ արտասահմանեան դասական հեղինակներու ստեղծագործութիւններ: Փափաքելի է, որ գիրքերը ըլլան հայերէն, թէեւ կարելի է նաեւ ռուսերէն եւ անգլերէն:
Նախաձեռնութիւնը բաց է, կրնան միանալ բոլոր փափաքողները` Ստեփանակերտի, նաեւ Երեւանի մէջ: Օգնել փափաքողները կրնան դիմել Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութեան գրասենեակ:
Անուշ Ղաւալեանը նշած է, որ իրենք կը համագործակցին բոլորին հետ ու կ՛ակնկալեն նոյնիսկ պետութեան մասնակցութիւնը: Յիշեցնենք, որ գրքահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ փետրուար 20: