Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

$
0
0

Քաթալոնիոյ Եւ Արակոնի Միացեալ Թագաւորութեան  Ալֆոնսօ Գ. Եւ Խայմէ Բ. Թագաւորները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի միացեալ թագաւորութիւնը Փերէ էլ Կրան (Պետրոս Մեծ) թագաւորին օրով (1276-1285) իր զօրութեան գագաթնակէտին հասած եւ Սիկիլիան իր տիրապետութեան տակ առած էր, եւ յաղթական պատերազմ մղած Ֆրանսայի դէմ:

Ալֆոնսօ Գ. թագաւոր

Փերէ էլ Կրան թագաւորի մահէն ետք, 1285 նոյեմբերին, անոր յաջորդեց որդին` Ալֆոնսօ Գ., որ կոչուեցաւ էլ Լիպերալ (ազատական): Ալֆոնսոյի մայրը` Քոնսթանս թագուհի ամուսնոյն մահէն ետք կրօնաւորուհի եղաւ եւ մահացաւ 1302-ին, Պարսելոնայի մէջ:

Ալֆոնսօ ծնած էր 4 նոյեմբեր 1265-ին, Վալենսիա եւ թագադրուեցաւ 1286-ի փետրուար 2-ին` Վալենսիոյ եւ ապրիլ 9-ին` Սարակոսայի մէջ:

Արակոնցի ազնուականներ «Ունիոն տէ Արակոն»-ը (Արակոնի միութիւն) կազմած էին: Քաթալան ազնուականները եւս միացան անոնց: Արակոնցի ազնուականները 1283-ին քորթէս (Խորհրդարան) կազմած էին Սարակոսայի մէջ, իսկ քաթալան ազնուականներու քորթէսը կազմուեցաւ Թարրակոնայի մէջ: Ազնուականներու միութիւնը 1286 դեկտեմբերին համաժողով մը կազմակերպեց Սարակոսայի մէջ եւ 1287 յունուարին Թերուէլի մէջ:

Ազնուականները սկսան ինքնուրոյն գործել եւ հարցեր ունենալ թագաւորին հետ: Անոնք 1287 մայիսին ներխուժեցին Վալենսիա եւ ծանր բախումներ ունեցան թագաւորական բանակին հետ: Կռիւները շարունակուեցան մինչեւ դեկտեմբեր, երբ Սարակոսայի տոմինիքեան վանականները միջամտեցին եւ հաշտութեան համաժողով մը կազմակերպեցին: Ազնուականները շարք մը իրաւասութիւններ ձեռք ձգեցին, իսկ թագաւորը զիջումներ ըրաւ: Թագաւորական իշխանութիւնը տկարացաւ եւ անիշխանութիւնը հետզհետէ շեշտուեցաւ:

Ալֆոնսօ թագաւոր նշանուած էր Անգլիոյ Էտուըրտ Ա. թագաւորի դստեր` Էլէանորի հետ: Բայց Ալֆոնսոյի ծնողքը պապական բանադրանքի տակ էր Սիկիլիոյ հարցով: Էտուըրտ 1282-ին մերժեց իր աղջիկը կնութեան տալ, յայտարարելով որ ան տակաւին 13 տարեկան էր եւ շատ կանուխ էր ամուսնութեան համար, եւ յաւելեալ երկու տարի եւս պէտք էր սպասել: Էլէանոր ծնած էր 1269-ին. մայրը` Էլէանոր, Քասթիլիոյ Ֆերնանտօ Գ. թագաւորին դուստրն էր:

Բայց Էլէանորի եւ Ալֆոնսոյի ամուսնութիւնը տեղի չունեցաւ: Ալֆոնսօ մահացաւ 18 յունիս 1291-ին, 26 տարեկանին, Պարսելոնայի մէջ եւ քաղաքին ֆրանիսիսքեաններու վանքին մէջ թաղուեցաւ: Հետագային, 1852-ին, աճիւնները Պարսելոնայի տաճարին մէջ ամփոփուեցան:

Էլէանոր հետագային, 20 սեպտեմբեր 1293-ին ամուսնացաւ Պարի կոմս Հենրի Գ.ի հետ եւ ունեցաւ երկու զաւակ. Էտուըրտ, Պարի հետագայ կոմսը եւ Ժոան, որ Սիւրրէյի կոմսուհին եղաւ: Ան մահացաւ 29 օգոստոս 1298-ին, Ֆլանտրիոյ կոմսութեան Կանտ քաղաքին մէջ եւ Լոնտոնի Ուեսթմինսթըր աբբայութեան մէջ թաղուեցաւ: Նշենք, որ Պարի կոմսութիւնը, Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան կազմին մէջ, հաստատուած էր 1033-ին, իբրեւ կեդրոն ունենալով Պար-լը-Տիւք քաղաքը (հիւսիս-արեւելեան Ֆրանսա, ներկայ Մէոզ նահանգին մէջ): Պար-լը-Տիւք, նեղ հովիտի մը մէջ, կանաչազարդ բարձունքներով շրջապատուած է. մէջէն կը հոսի Օրնէն գետը. պահած է իր միջնադարեան դիմագիծը` նեղ փողոցներով, աւանդական բնակարաններով, Սէնթ-Էթիէն, Նոթրը-Տամ եւ Սէնթ-Անթուան եկեղեցիներով եւ կամուրջներով: Պարի կոմսութիւնը 1354-ին դարձաւ դքսութիւն եւ գոյատեւեց մինչեւ 1776:

***

Խայմէ Բ. թագաւոր

Ալֆոնսօ էլ Լիպերալի յաջորդեց կրտսեր եղբայրը` Խայմէ Բ.: Ան ծնած էր 10 օգոստոս 1267-ին, Վալենսիա, եւ 1285-ին յաջորդած էր հօր իբրեւ Սիկիլիոյ թագաւոր: 1291 մայիսին ան սիկիլիական Քաթանիա քաղաքին մէջ պենետիքթեան վանական Աթանասիու տի Իասիի մօտ գնաց եւ գրեց «Վինութա տի րէ Լափիսու»-ն: Նոյն օրերուն, եղբօր մահէն ետք հռչակուեցաւ Արակոնի եւ Քաթալոնիոյ թագաւոր:

Խայմէ Բ.ի եւ Շարլ լը Պուաթէոյի միջեւ բանակցութիւններ սկսան եւ համաձայնութեան գալու փորձեր եղան, բայց Խայմէ Սիկիլիան չյանձնեց Շարլի եւ իր կրտսեր եղբայրը` Ֆրետերիքը Սիկիլիոյ մէջ իրեն փոխանորդ նշանակեց:

Այդ ժամանակ, 18 մայիս 1291-ին մեմլուքներ գրաւեցին Երուսաղէմի խաչակիր թագաւորութեան վերջին ամրոցը` Աքրան: Նիկողայոս Դ. պապ նոր խաչակրութեան կոչ ուղղեց քրիստոնեայ թագաւորներուն, իշխաններուն եւ եպիսկոպոսներուն, փրկելու համար սուրբ վայրերը: Շարլ միակ ընդառաջողը եղաւ:

Խայմէ, Շարլի հետ պատերազմէ խուսափելու համար պատուիրակութիւն մը ուղարկեց Հռոմ, հաշտութեան նոր բանակցութիւններու համար: Շարլ եւս ուզեց հասկացողութեան գալ, որովհետեւ կ՛ուզէր հունգարիան իր ընտանեկան տիրոյթը դարձնել: Արդարեւ Լատիսլաւ Դ. թագաւոր սպաննուած էր 10 յուլիս 1290-ին եւ հունգար ազնուականներ անոր զարմիկը` Անտրասը թագաւոր ընտրած էին, մինչ Շարլի կինը` Մարիա, Ստեփան Ա. թագաւորին դուստրն էր եւ ինքզինք հունգարական գահին իրաւական յաջորդը կը նկատէր:

Խայմէ Բ. Լէիտայի քորթէսին մէջ

Նիկողայոս Դ. պապ վախճանեցաւ 4 ապրիլ 1292-ին: Խայմէի եւ Շարլի միջեւ բանակցութիւնները շարունակուեցան. միջնորդը Քասթիլիոյ Սանչօ Դ. թագաւորն էր: Հաշտութիւնը գոյացաւ Ֆիկուէրասի մէջ, 1293-ի վերջաւորութեան: Խայմէ ընդունեց զիջումներ կատարել, իսկ Շարլ կարտինալներուն առաջարկեց Փեթրօ տա Մարրոնէն պապ ընտրել: Փեթրօ տա Մարրոնէ 5 յուլիս 1294-ին պապ ընտրուեցաւ եւ առաւ Կեղեստինոս Ե. անունը: Պապը կարգադրեց Ֆրանսայէն, Հռոմէական Սրբազան կայսրութենէն եւ Անգլիայէն հաւաքուող եկեղեցական եկամուտները Շարլի յանձնել, ֆինանսաւորելու համար Սիկիլիոյ վրայ նախատեսուող զինուորական նոր արշաւանք մը: Բայց գահակալութենէն քանի մը ամիս ետք, 13 դեկտեմբեր 1294-ին Կեղեստինոս Ե. վախճանեցաւ:

***

 

Նոր պապը` Բոնիփակիոս Ը. որոշեց վերջ տալ Խայմէի եւ Շարլի հակամարտութեան եւ առաջքը առնել պատերազմին, որովհետեւ կը ծրագրէր նոր խաչակրութիւն մը կազմակերպել սուրբ վայրերը իսլամներէն ազատագրելու համար:

Բոնիփակիոս Ը. 12 յունիս 1295-ին Անակնիի մէջ նոր հաշտութիւն մը կազմակերպեց Խայմէի եւ Շարլի միջեւ: Հակամարտ կողմերուն միջեւ Անակնիի դաշինքը կնքուցեաւ քանի մը օր ետք` յունիս 20-ին: Բայց սիկիլիացիք մերժեցին կրկին անգամ ֆրանսական գերիշխանութեան ենթարկուիլ:

Բանակցութեանց խզումէն ետք, Խայմէի եղբայրը` Ֆրետերիք, 12 դեկտեմբեր 1295-ին Սիկիլիոյ թագաւոր թագադրուեցաւ:

Բոնիփակիոս Ը. դիմեց Խայմէի եւ Շարլի, Ֆրետերիքը հեռացնելու համար իշխանութենէն, եւ Խայմէն հրապուրելու համար 1297-ին Սարտինիոյ եւ Քորսիքայի թագաւորի տիտղոս տուաւ անոր եւ պապական կոնֆալոնիէր նշանակեց զայն: Կոնֆալոնիէրը զինուորական եւ քաղաքական աստիճան էր Պապական պետութեան մէջ: Կոնֆալոնիէրը կը կրէր եկեղեցական զինանշաններ` Սուրբ Պետրոսի  բանալիները եւ Օմպրելլինօ (Մեծ հովանոց): Հետագային, Իննովկենտիոս ԺԲ. պապ (1691-1700) ջնջեց կոնֆալոնիէրի աստիճանը:

Խայմէ թագաւոր Իտալիայէն Արակոն վերադարձաւ, իսկ Ֆրետերիք մնաց Սիկիլիոյ թագաւոր: Խայմէ Պալէարեան կղզիները վերադարձուց հօրեղբօր` Մայորքայի Խայմէ թագաւորին: Արակոնը, ինչպէս նաեւ Մայորքայի թագաւորութեան մնացեալ հողերը` Մոնփելիէն եւ Ռուսիյոնը իրեն վերապահեց: 1298-ի Արկիլէսի դաշինքով Մայորքայի թագաւորը ընդունեց Խայմէի գերիշխանութիւնը:

Խայմէ բանակցութեան մէջ մտաւ եւ գործակցեցաւ հարաւի իսլամներուն հետ, որուն համար ալ Քասթիլիոյ հետ թշնամացաւ: Փոփոլի պարոն ծովակալ Տոն Պերնաթ տէ Սարրիայի զօրակցութիւնը ապահովելէ ետք Խայմէ Քասթիլիոյ Ֆերնանտօ Դ. թագաւորի թշնամիներուն հետ դաշնակցեցաւ: Այնուհետեւ Խայմէի բանակը շարժեցաւ դէպի Մուրսիայի բերրի հողերը, որոնց իսլամ տիրակալները Քասթիլիոյ հետ էին: Իրենց կարգին քասթիլիական ուժերը մտան Մուրսիա: Ընդհատ կռիւներէ ետք Խայմէի բանակը գերակշռութիւն հաստատեց եւ իրեն կցեց Մուրսիան: Այնուհետեւ մեծ թիւով քաթալաններ գացին եւ բնակութիւն հաստատեցին Մուրսիայի մէջ: Հետագային, 1304-ի Թորրելիասի դաշինքով Մուրսիա Քասթիլիոյ միացուեցաւ:

***

Արան հովիտը

Խայմէ Բ. 1313-ին Արան հովիտին ինքնավարութիւն շնորհեց: Արան կը գտնուի Քաթալոնիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմը, Փիրենեան լեռներուն վրայ, Լէիտայէն հիւսիս-արեւմուտք եւ 633.5 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունի: Հոնկէ կը հոսի Կարոն գետը, որ կը բխի Փլա տէ Պերէթէն, կը միանայ Խոէու գետին եւ հարաւ-արեւմտեան Ֆրանսայէն հոսելով կը թափի Ատլանտեան ովկիանոս: Իսկ Նոկուէրա Փալլարեսա գետը կը բխի Կարոնի ճիշդ մօտէն եւ հակառակ ուղղութեամբ հոսելով կը թափի Միջերկրական ծով: Արանի բնակավայրերն են` Վիելհա է Միխարան, Նոթ Արան, Լէս, Պոսսոսթ, Պոսէն, Էս Պորտէս, Քանեխան եւ Վիլամոս,  բոլորը միասին շուրջ տասը հազար բնակչութեամբ: Մեծ թիւով արանցիներ ալ կը բնակին տարբեր շրջաններու մէջ: Անոնք իրենց ուրոյն բարբառը ունին, որ օսսիթան լեզուի մէկ ճիւղէն է: Արանցիք քաթալաններուն մէջ ազգագրական առանձին խմբաւորում են:

Խայմէ թագաւոր լատիներէն գուէրիմոնիա փաստաթուղթով հաստատեց Արանի ինքնավարութիւնը: Հովիտը մինչեւ 1834 պահեց իր իւրայատուկ գոյավիճակը, մինչեւ որ Մարիա

Քրիսթինա թագուհի շրջանը Լէիտա նահանգին կցեց: Վիելհա փապուղին Արանի կեդրոն Վիելհայէն կը հասնի Ալթա Ռիպակորսա եւ զուգահեռ երկու գիծ ունի. Ալֆոնսօ ԺԳ. գիծը բացուած է 1948-ին, իսկ Խուան Քարլոս Ա. գիծը` 2007-ին: Մինչեւ փապուղիին բացումը հովիտը արտաքին աշխարհէն մեկուսացած էր: Ձմրան եղանակին Վիելհայի լեռնանցքը, 2450 մեթր բարձրութեամբ, ձիւնով կը ծածկուի: Արան հովիտը 1990-ին կրկին ինքնավարութիւն ստացաւ:

***

Խայմէ թագաւոր 1321-ին բորոտներու դէմ հալածանքներու սկսաւ, անոնց ենթադրեալ դաւադրութեան մասին յամառ պնդումներէ ետք: Կ՛ըսուէր, որ ֆրանսացի բորոտներ կ՛ուզէին իրենց հիւանդութիւնը տարածել վարակելով ջուրերը: Բորոտները մարդկային ընկերութեան ամէնէն անտեսուած հաւաքականութիւնն էին եւ մեկուսացուած վայրերու` բորոտանոցներու մէջ կեդրոնացուած էին: Բորոտներու շարժումը սկսաւ հարաւային Ֆրանսայի մէջ, 1321-ին: Բորոտներու դէմ հալածանքները եւ տանջանքները սկսան այն հիմնաւորումով, որ անոնք հրեաներուն կողմէ դրդուած են, իսկ հրեաներն ալ Սպանիոյ իսլամներուն կողմէ կաշառուած են, Եւրոպայի քրիստոնեաները վարակելու համար: Բոլոր բորոտները օրէնքէ դուրս հռչակուեցան:

Իր կարգին Խայմէ թագաւոր հրամայեց բոլորտներու մերձաւորները եւ բորոտանոցներու դրացիներն ալ հետախուզել, որովհետեւ դժուար էր անմեղները դաւադիրներէն զանազանել: Համապատասխան հրամաններ ուղարկուեցան Մանեսայի, Էխէա տէ Լոս Քապալիերոսի, Ուեսքայի, Մոնպլանի, Թարասոնայի եւ Պարսելոնայի տեղական իշխանութիւններուն: Բորոտանոցները գրաւուեցան եւ բոլոր բորոտները կամ բորոտութեան նշան ունեցողները մէկ-մէկ հարցաքննուեցան եւ դատուեցան: Կասկածելի նկատուող բորոտը կամ բորոտութեան նշան ունեցողը կը քննուէր, կը հարցաքննուէր եւ ախտաճանաչում կը կատարուէր վախազդեցիկ մարդոց եւ ոչ թէ բժիշկներու կողմէ: Թագաւորին հրամանն էր` բորոտ նկատուողները եւ խոստովանողները անմիջապէս պիտի այրուէին: Հալածանքները ահաւոր համեմատութիւն ստացան. հազարաւոր եւ տասնեակ հազարաւոր բորոտներ կամ բորոտ նկատուողներ խարոյկներու մէջ նետուելով ոչնչացուեցան: Տարի մը ետք, 1322-ին, Ամոնանթ անունով բժիշկ մը Կասքոնյէն Արակոն եւ Քաթալոնիա մեկնելով քննութիւններ կատարեց: Այնուհետեւ ան ներկայացաւ Խայմէ Բ.-ի որդին` գահաժառանգ իշխան Ալֆոնսոյի եւ հաստատեց, որ Արակոնի եւ Քաթալոնիոյ մէջ բորոտներ չեն մնացած:

***

Պլանշ տ՛Անժու թագուհի

Խայմէ թագաւոր Սիկիլիոյ վրայ իր թագաւորութեան օրերուն գրած էր «Մայրէ տէ Տէու» կրօնական բանաստեղծութիւնը, որ նուիրուած է Սուրբ Կոյս Մարիամի:

Խայմէ Բ. ամուսնացած էր չորս անգամ: Առաջին կինը Քասթիլիոյ Սանչօ Դ. թագաւորի դուստր Իզապելլան էր. ամուսնութիւնը տեղի ունեցաւ 1291-ին եւ յետոյ անվաւեր հռչակուեցաւ: Երկրորդ կինն էր Պլանշ տ՛Անժու, ընտանեկան հակառակորդ Շարլ լը Պուաթէոյի դուստրը. ամուսնացան 1295-ին, Վիլապերթրանի մէջ (Քաթալոնիա). զաւակները` Խայմէ (եղաւ վանական), Ալֆոնսօ (հետագայ Ալֆոնսօ Դ. թագաւոր), Մարիա (ամուսնացաւ Քասթիլիոյ Սանչօ Դ. թագաւորի զաւկին` Փետրոյի հետ եւ յետոյ ալ կրօնաւորուհի եղաւ), Քոսնթանս (Վիլիենայի իշխան Խուան Մանուէլի կինը), Խայմէ (հետագային Թոլետոյի եւ Թարրակոնայի արքեպիսկոպոս եւ Աղեքսանդրիոյ պատրիարք), Իզապելլա (Աւստրիոյ դուքս եւ Գերմանիոյ թագաւոր Ֆրիտրիխի կինը), Փերէ (եղաւ Ռիպակորսայի, Էմփուրիէսի եւ Փրատէսի կոմսը), Պլանշ (եղաւ կրօնաւորուհի եւ Սիքսէնա կուսանոցի մեծաւորուհին), Ռամոն Պերենկէր (եղաւ Էմփուրիէսի կոմս եւ Էխերիքայի պարոն) եւ Վիոլանթ: Երրորդ կինը եղաւ Կիպրոսի Հուկ Գ. տը Լուսինեանի դուստրը` Մարի, իսկ չորրորդ կինը` Էլիսենտա տէ Մոնթքատա: Խայմէ Բ. ունէր նաեւ ապօրէն երեք զաւակ, որոնք ծնած էին սիկիլիացի կիներէ:

Խայմէ Բ. թագաւոր մահացաւ 2 (կամ 5) նոյեմբեր 1327-ին, Պարսելոնայի մէջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>