Յարգարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,
Գոհունակութեամբ կարդացի «Ազդակ»-ի 12 յունուարի թիւին մէջ լիբանանահայ արուեստագէտներու վերաբերող լիբանանեան հեռատեսիլի կայանին պատրաստած հաղորդումին մասին: Լիբանանահայ երիտասարդները, այո՛, իրօք, հայկական հարազատ երգերը ո՛չ միայն լիբանանահայ շրջանակներէ ներս, այլ նաեւ լիբանանցի հասարակութեան հրամցուցին որակեալ ձեով:
Զարմանքս կը վերաբերէր «Ազդակ»-ի կատարած միեւնոյն գնահատականին` Էմ. Թի. Վի.ի զոյգ հաղորդումներուն: Առաջինին բնոյթը եւ բովանդակութիւնը ամբողջովին հեռու էր երկրորդէն. ճիշդ է, որ «Ազդակ»-ով տրուածը կը վերաբերէր երկրորդ հաղորդումին, սակայն թէ՛ վերնագիրով եւ թէ՛ նախաբանով ընդհանուր գոհունակութիւն կը յայտնուէր երկու յայտագիրներուն:
Առաջին յայտագիրով հանդէս եկած քաղաքական գործիչին կամ արուեստագէտին յայտարարութիւնները խորքին մէջ հայկական Սուրբ Ծնունդի խորհուրդին հետ որեւէ առնչութիւն չունէին, մինչ երիտասարդ լիբանանահայ արուեստագէտները հայկական հարազատ երգը հարազատ գործիքներով ներկայացնելով` տօնին հայկականութիւնը ընդգծեցին:
Այս առիթով, խնդրեմ, նկատի ունենալ նաեւ առաջարկ մը: Մեր մշակութային միութիւնները պէտք է նախապէս կապ հաստատեն լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններու պատասխանատուներուն հետ եւ հրամցնեն Սուրբ Ծնունդի առիթով սփռուելիք հաղորդումներ, ուր գերակշիռը ըլլայ տօնին կրօնական խորհուրդը եւ ազգային դիմագիծը:
Շնորհակալութիւն
ԸՆԹԵՐՑՈՂ ՄԸ