Բ.- Մերօրեայ Զեղումներ
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ծանօթ.- Յօդուածի առաջին մասը կու տար պատմական ակնարկ, աստղագիտական տարրեր եւ Պարիս Հերունիի վարկածը` Զօրաց քարերու տարիքին շուրջ:
Կարապի Երգ.- Կենսաբանական գիտութիւններու թեկնածու Վաչագան Վահրադեանը հարիւր տոկոս համաձայն է Հերունիի տեսութեան: Վահրադեանը նկատած է, որ հնավայրի (զոր ինք կը կոչէ «Անգղի Քարահունջ») դասաւորումը նմանութիւն ունի Անգղի (Կարապ-Cygnus ) համաստեղութեան հետ: Նկատած է նաեւ, որ այդ «անգղ»-ի երկրային «պատճէնում»-ի իրանին վրայ կը գտնուին այլ ծիսական հնավայրեր, ինչպէս` «Պորտաքար», որ առնչուած է արգասաբերութեան ծէսերու: (1) Ըստ Վահրադեանի, Զօրաց քարերը մաս կը կազմեն ընդարձակ ծիսական համալիրի մը: Վարկածին հիմնական դրոյթը այն է, որ հնավայրը ընդօրինակած է ա՛յն ձեւը, որ Կարապի համաստեղութիւնը ունէր հազարամեակներ առաջ:
Այո՛, համաստեղութիւններ կը փոխեն իրենց ձեւերը: Ամէնէն ծանօթ օրինակն է Մեծ արջը: Կողքի գծապատկերը ցոյց կու տայ, որ անոր ձեւը նկատելիօրէն փոխուած է 100 հազար տարուան ընթացքին:
Տեսութիւնը կը հիմնուի քանդակի մը վրայ, որ գտնուած է աշխարհի հնագոյն ծանօթ տաճարին` «Կէօպեկլի թեփէ»-ի մէջ (Potbelly Hill, կամ` «Պորտաւոր Բլուր»), որ կը գտնուի Ուրֆայէն 12 քմ դէպի հիւսիս-արեւելք: Կը պատկանի Ն. Ք. 11-րդ դարուն: Վահրադեանը ատիկա կը կոչէ «Պորտասար»: Կարգ մը հնագէտներ կը կարծեն, որ այդտեղ պատկերուած են այդ ժամանակին ծանօթ համաստեղութիւններ:
Համաստեղութիւնները գրաւած են նախամարդու ուշադրութիւնը, որովհետեւ կը համապատասխանեն տուեալ եղանակի մը: Կարապի համաստեղութիւնը, օրինակ, այժմ կը յայտնուի սեպտեմբերին: Ուշ պրոնզէ դարուն անիկա կը յայտնուէր յուլիսին: Յօդուածի Ա. մասին մէջ նշած էի, որ ախթարքը սահած է շուրջ երկու ամիսով:
Պորտաւոր բլուրի բարձր գեղարուեստով կատարուած քանդակներուն մէջ տեսնուող անգղի կերպարանքը որոշ չափով կը տարբերի համաստեղութեան ներկայ ձեւէն: Թուաբանական «յետհաշուարկ» (extrapolation)կատարելով Վահրադեանը հասած է այն եզրակացութեան, որ ներկայ ձեւը 85 տոկոսով կը համընկնի Անգղի համաստեղութեան ա՛յն ձեւին հետ, որ անիկա ունէ… տասնչորս հազարամեակներ առաջ: Վահրադեանը չի յայտներ սակայն, թէ համաստեղութեան բազում աստղերէն որո՞նք ներառած է իր համընկնումի (correlation) հաշուարկին մէջ: Վիճակագրական հաշուարկներ անիմաստ կը դառնան, երբ տուեալները (data) ընտրովի եւ / կամ փոքրաքանակ են:
Ընթերցողին կը մնայ կողքի գծապատկերին մէջ բաղդատել անգղի քանդակը Անգղի համաստեղութեան հետ: Ըստ իս, այդ աստղահոյլը այնքան կը նմանի անգղի, որքան հիւսիսային բեւեռի աստղերը` արջի: Ի դէպ, չիները Մեծ արջի համաստեղութիւնը նմանեցուցած են կառքի: (2) Այլ մշակոյթներ` այլ բաներու: Բացի այդ, քանդակի դասաւորումը չի համապատասխաներ երկնային համաստեղութիւններու դասաւորումին: Անգղ-Կարապի կողքին չկայ կարիճ: Չկան նաեւ առասպէլական միւս էակները:
Տարակուսանք կը պատճառէ այլ պարագայ մը եւս: Վահրադեանը կը տեղեկացնէ, որ հիմնական քարերէն մէկը վերջերս գողցուած է: Ասիկա կը թելադրէ դաւադրական տեսութիւն (conspiracy theory): Արդե՞օք նենգ թշնամին գաղտագողի եւ աննկատ փոխադրած է մի քանի թոն կշռող հոյաժայռը, պարզապէս որպէսզի խափանէ Վահրադեանի տեսութիւնը:
Ինչպէս Հերունին, այնպէս եւ Վահրադեանը կը յենի նաեւ լեզուական եւ մատենագրական այլ անհաւաստի վարկածներու վրայ: Նիւթին այդ երեսը զանց կ՛առնեմ իմ չիմացութեան պատճառով: Կան, սակայն, ակնյայտ ձաբռտուքներ: Թրքերէն «dik» (ցից) բառը արեւելահայերէն հնչումով հարկ է որ ըլլար «դիկ», բայց ոմանք կը գրեն «դիք» ( իմա` «Աստուածներ»), որպէսզի «Դիք-դիք քարեր» ենթադրէ երկնային առնչութիւն:
«Հայասիրական».- Վահրադեանը կրկնապատկած է հերունիական վարկածին տարիքը, հաւանաբար ան մղուած է հայրենասիրութենէ: Ատիկա յստակօրէն կը թելադրեն նաեւ իր քաղաքական ելոյթները:
Ազգայնամոլական ինքնախաբէութիւնը ունի հիւանդագին արտայայտութիւններ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ սփիւռքի մէջ: Կը փորձուի ամէն գնով ջատագովել այն վարկածը, որ մշակոյթը ծագած է պատմական հայաստանի տարածքին: Աստղագիտութեան առնչուող վարկածներէն մէկը այն է, որ հայեր եղած են աստղագէտ մոգերու դաս մը, որ ուղեւորուած (թերեւս առաքուած) է ամէնուր եւ տարածած` մշակոյթ: Վերջին «փաստ»-ը այն է, որ միայն հայ մը, ոմն Արման Ռեւազեան, կրցած է վերծանել առեղծուածային «Փաւստոսի սկաւառակ»-ի (Phaistos) նշանագրերը: Այդ փոքրիկ սկաւառակը (15 սմ տրամագիծ) 1908 թուականին գտնուած է Կրետէ կղզիի վրայ գտնուող մեհեանի մը ներքնայարկին մէջ: Ըստ Արմանի սկաւառակը կ՛ըսէ. «Հայա աստծոյ փոխանորդ Արտաշ արքան գրեց այս մեհենագիրը, եւ հայ գիտնականները անկիւնաչափ յայտնագործելով` կարողացան Երկրի ու արեւի անկիւնը չափել: Մ. թ. ա. 1500 թուականին նրանց յաջողուել է բեւեռային աստղը գտնել: Արմանայ աշխարհի գիտնականները կարող են կարդալ սկաւառակը»:
Ռեւազեանը ակնյայտօրէն ծանօթ չէ ամենատարրական աստղագիտութեան: «Աշխարհի անկիւն»-ը անիմաստ եզր է: Կարելի չէ դիտել աշխարհը, երբ կը գտնուիս անոր վրայ: Իսկ արեւու անկիւնը, որ մօտաւորապէս հաւասար է լուսնի անկիւնին (հետեւաբար` խաւարում), կարող են չափել մանուկներն իսկ: Ատիկա մէկ մատի լայնք է: Ռեւազեան ծանօթ չէ «կանխում»-ի շրջանին: Ո՞վ է լսեր Արտաշ արքայի մասին, որ տիրած է Ն. Ք. 33-րդ դարուն (1800 + 1500ի` բաց առեալ «Արմանա» աշխարհի Արման Ռեւազեանէն:
Իրողութիւնը այն է, որ ամբողջ 125 տարի լեզուագէտներ չեն իսկ փորձած վերծանել սկաւառակը, որովհետեւ շատ հակիրճ է եւ եզակի, չկան այլ նմուշներ: Տեսականօրէն կարելի է զայն վերծանել ցանկացած ձեւով: Օտար «Արմաններ» այդ «կարդացած» են բոլորովին այլ ձեւով: Այս կը յիշեցնէ Ռահպանի եղբայրներու «Երեք երգեր»-ը, ուր միեւնոյն անընթեռնլի նամակը երեք անձերու կողմէ կը կարդացուի երեք բոլորովին տարբեր ձեւերով, երեք յետին նպատակներով: Կարգ մը հնաբաններ կը կարծեն, որ սկաւառակը կեղծ է, չարաճճի կատակ մը: Հնագիտութեան մէջ պատահած են նման դէպքեր: Յունաստանի կառավարութիւնը կը մերժէ զայն ենթարկել գիտական փորձի, որովհետեւ ներկայ միջոցը (Thermoluminescence – ջերմալուսարձակում) կը պահանջէ որպէս փորձի նմուշ տաշել սկաւառակին` շուրջ 5 տոկոսը:
Արման Ռեւիզեանին վարկածը խանդավառութեամբ կ՛աւետէ «Մագաղաթ» կայքը: Բայց ի՞նչ կրնանք որսալ մեր կարթը նետելով այս պղտոր ջուրերուն մէջ: Ուրիշ ի՞նչ` բացի արգահատանքէ: (3)
Գիտականը` անտեսուած .– Բոլոր վարկածներուն հեղինակները ոչ մէկ ճշգրիտ հաշուարկ կատարած են այն միակ հաստատ չափումին, որուն Զօրաց քարեր աստղադիտարանը ակնյայտօրէն կը ծառայէր: Ատիկա ամառնային արեւադարձն է, տարուան ամենաերկար օրուան արեւածագի ուղղութիւնը (ԱԱ): Կողքի պատկերը կը բաղդատէ երեք աստղադիտարաններ: Երեքին առանցքներն ալ ուղղուած են դէպի ամառնային արեւադարձ: Նապթա մօտ է հասարակածին: Շեղումի անկիւնը գրեթէ հաւասար Երկրի առանցքի թեքումին: (23-24 աստիճան). Սթոնհենճին շեղումը շատ աւելի մեծ է (շուրջ 41 աստիճան), որովհետեւ կը գտնուի շատ աւելի հիւսիս: Հիւսիսային բեւեռներու վրայ ամառնային արեւադարձի օրը արեւը երկինքի վրայ շրջան կ՛ընէ առանց մար մտնելու:
Փոքր գծանկարի չափումներէն դատած` Զօրաց քարերու շեղումը (ա) կը թուի ըլլալ 32- 33 աստիճան: Միթէ այդ կը համապատասխանէ՞ 7,5 եւ կամ 14 հազար տարի առաջ տեղի ունեցող արեւադարձերու անկիւնին: Դատումներ կատարելու համար հարկ է, որ պատասխանը ունենայ շատ աւելի նուազ քան 0,3 անկիւնի ճշգրտութիւն: Ո՜վ զարմանք, այս էական հարցը Հերունիին եւ Վահրադեանին կողմէ պատասխան չէ ստացած: Չէր կրնար ստանալ, որովհետեւ կարելի չէ ձեռք բերել այդպիսի ճշգրտութիւն ունեցող տուեալներ: Աստղագէտներ քաջ գիտեն ասիկա եւ չեն իսկ փորձեր ձեռք զարնել նման հարցերու:
Հնագէտներ համաձայն են, որ դամբարանները կը պատկանին Ն.Ք. երկրորդ հազարամեակին: Քարերու շարանի ժայռերը կրնան ծառայած ըլլալ որպէս կիկլոպեան պարիսպի մը յենակներ:
Այդտեղ կան մօտ 30 դամբարաններ: Հաւանական է, որ գտնուած ըլլար նաեւ պաշտամունքային կառոյց: Աստղադիտարաններ, տաճարներ եւ դամբարաններ յաճախ կը գտնուին համատեղ:
Դոկտ. Փիլիպոսեանին ելոյթը մեծամիտ էր եւ անարդար: Հնագէտներ առ հասարակ կ՛արհամարհեն «սիրողական» աստղա-հնագէտները: Այո՛, կան անհիմն վարկածներ, բայց Զօրաց քարերը վստահաբար ծառայած են նաեւ որպէս դիտարան: Նեշընըլ Ժէօկրաֆիք 128-ամեայ ամսագիրը անցեալ տարի հնավայրը դասած էր աշխարհի 10 հնագոյն «աստղադիտարաններու» (stargazing site) շարքին: (4) Քարերու անցքերը ոչ միայն աւելի ճշգրտօրէն կ՛որոշեն ուղղութիւնը, այլեւ կրնան ուղղուիլ հորիզոնէն վեր, դէպի երկինք: Այդ անցքերուն միջոցով կարելի էր հետեւիլ ոչ միայն աստղերու, այլեւ լուսնի եւ արեւու ծիրերուն: Մինչդեռ Սթոնհենճը կրնայ որոշել միայն հորիզոնի (ծագում եւ մայրամուտ) ուղղութիւնը: Այս իմաստով, Զօրաց քարերը գերազանց են: Քարերուն միայն փոքր տոկոսը ունին անցքեր, ուրեմն անոնք պարտադիր չէին քարերու փոխադրութեան համար: Բացի այդ` փորուած են քարերու բարակ եւ թոյլ մասերուն մէջ: Հաւանաբար կոտրուէին փոխադրութեան ընթացքին:
Փրկութեան ոգեղէն լաստեր.- Զօրաց քարեր արգելոցի վարիչ նշանակուած է Սիսիանի աւագանիի անդամ, մանկական գեղարուեստի դպրոցի ուսուցիչ, նկարիչ Աշոտ Աւագեանը: Աւագեան հմայուած է նոր քարէ դարու ժայռապատկերներով, ինչպէս եւ` միջնադարեան մանրանկարչութեամբ: Այդ ժառանգի օգնութեամբ կը փորձէ գտնել «աշխարհ ընկալման նոր եզրեր»: Կը մէջբերեմ մշակոյթի նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան» պաշտօնական կայքէջը. (5) «Աւագեանը փորձում է կապ հաստատել ոգեղենութեան տիեզերական ֆենոմենի (երեւոյթ Հ. Պ.) հետ …»:
Հայաստանի պետական կայքէջը կը խօսի ոչ թէ աստղագիտութեան, այլ «տիեզերական ոգեղէնականութեան» մասին: Ողբա՛մ զքեզ, Հայո՛ց աշխարհ …
«Ոգեղէնական» ուղղութեան հետեւորդները կը հաւատան, որ Զօրաց քարեր կը գտնուին Երկրի կեղեւի «բեկման վայրերում», որովհետեւ այդ ճեղքերու արանքէն մեր մոլորակը կը ստանայ «տիեզերական էներկիա»: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ որ, այո՛, մեր շրջանը հարուստ է ճաթռտուքներով (հետեւաբար եւ` երկրաշարժերով), բայց «Սթոնհենճ»-ը եւ այլ «հենճ»-եր շատ հեռու են անոնցմէ:
Այդ մարդիկ իբր թէ կը չափեն հնավայրի մագնիսական դաշտը եւ կամ ելեկտրական յատկութիւնները: (6) Այդ չափումները կրնան ցոյց տալ հանքերու, յատկապէս մետաղային հանքերու գոյութիւնը, ուրիշ ոչինչ: Նման միջոցներով կը յայտնաբերուին ականներ եւ մետաղադրամ գանձեր: Ի դէպ, մերօրեայ մոգեր կը նախընտրեն գործածել «ելեկտրամագնիսական դաշտ» եզրը, ինչ որ ոգեղէնականօրէն ցանկալի է, բայց` գիտականօրէն սխալ, որովհետեւ կ՛ենթադրէ շարժում (տինամիզմ ): Աւելի քան տասնեւհինգ տարիներու պրպտումներէ, անձնապէս չեմ հանդիպած որեւէ ուսումնասիրութեան, որ կը պարունակէ նման չափումներ:
Այլ մարդիկ կ՛առաջադրեն որ Զօրաց քարերը կը գտնուին ստորերկրեայ գերբնական ուժերով օժտուած ջուրի հոսանքներու միախառնման վերեւ: Հետեւաբար այդտեղ գտնուողը կը ստանայ ոգեղէն «դրական լիցքեր»: (7)
Աւագեանը կ՛ըսէ, որ Զօրաց քարերու կեդրոնական շրջանակը ունի «մոգական» յատկութիւն: Կը մերժէ հնավայրի աստղադիտարան ըլլալու հանգամանքը, որովհետեւ այդտեղ կառուցուած պատի հիմերուն մէջ եւս յայտնաբերուած են քարեր, որոնք ունին անցքներ (տես կողքի նկարը): Իր խօսքով, «դա եւս մէկ ապացոյց է, որ «Զօրաց քարերն» աստղադիտարան չի եղել, քարերն այնտեղ են բերուել շինարարական նպատակներով, անցքերն էլ արուել են դրանց տեղաշարժի համար»: Աւագեանը չ՛աւելցներ, որ քարերուն միայն փոքր տոկոսը ունի անցքեր:
Աւագեանին եւ ընդհանրապէս արշաւախումբին մօտեցումը լաւագոյն պարագային անտեղեակութենէ կու գայ: Հնավայրին պաշտպանողական դեր ունեցած ըլլալը չի բացառեր անոր հանգամանքը որպէս աստղադիտարան: Հերունիի անհիմն վարկածը պէտք չէ որ ժխտական հետեւանք ունենար գիտական արշաւախումբի կողմնորոշման վրայ:
Յօդուածի առաջին մասին մէջ յիշուած Սալիսպըրի աստղադիտարանը որ ծանօթ Սթոնհենճէն հիւսիս Արեւելք լոկ 3 քմ-ի վրայ կը գտնուի, նոյնպէս Ն.Ք. երկրորդ հազարամեակի ծառայած է որպէս պաշտպանողական կառոյց: Անգլիացիք, սակայն, ի տարբերութիւն մեզի, այդ տեղեկութիւնը որպէս փաստ չեն գործածեր ջրելու համար կառոյցին աստղադիտարան ըլլալու հանգամանքը: Նման կառոյցներ կան Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ եւ այլուր:
Միթէ կարելի չէ՞ր հնավայրի վարիչ նշանակել անձ մը, որ ունենար մասնագիտական հմտութիւն հնաբանութեան, եւ առ նուազն տարրական գիտելիք` աստղագիտութեան մէջ:
Կրկնութեան գնով կը կատարեմ հետեւեալ հաստատումը: Զօրաց քարեր հնավայրը եզակի կառոյց մը չէ: Պատմական նոյն շրջանին կը պատկանին բազմաթիւ այլ հնավայրեր, որոնք եղած են ե՛ւ աստղադիտարան ե՛ւ ծիսական «մեհեան» ե՛ւ մահաստան: Երբեմն նաեւ` ամրոց: Այս հանգամանքները զիրար չեն բացառեր: Արշաւախումբին անհանդուրժողականութիւնը գիտականօրէն չ՛արդարացուիր:
Զօրաց քարեր հնավայրը աշխարհի հնագոյն աստղադիտարանը չէ, սակայն միակ պրոնզէդարեան դիտարանն է, որ ունի անցքեր` ուղղուած դէպի երկինք: Իր տարածուն ըլլալու պատճառով նաեւ աւելի ճշգրիտ է, քան Սթոնհենճը եւ այլ դիտարաններ: Միթէ ասիկա բաւարար չէ՞ հպարտութիւն զգալու համար:
Հերունիի, Վահրատեանի եւ այլ վարկածներ, որոնք կը միտին պատմական Հայաստանը ներկայացնել որպէս համաշխարհային մշակոյթի ծննդավայր, գիտական հիմք չունին: Հայկական մշակոյթը կարիք չունի նման խախուտ անթացուպերու: Անգրագէտ վարկածները կրնան միայն վարկաբեկել մեզ` այդ մշակոյթը կրողներս:
(Շար. 2 եւ վերջ)
——————–
1.- Անահիտի պաշտամունքը քողարկուած ձեւով շարունակուած է: Լուսանկարը առնուած է 19-րդ դարուն:
2.- https://earth-chronicles.com/histori/what-associated-the-constellation-ursa-major-different-people.html
3.- http://www.magaghat.am/2013/12/մ-թ-ա-1500թ-Փաւստոսի-սկաւառակի-նշանագրերը/
4.- Top Ancient Sites for Stargazing, B.A. Tafreshi, National Geographic Nov. 2016
5.- Տես http://hushardzan.am/12043/
6.- «Առեղծուածներ Հայկական Բարձրաւանդակին Վրայ», Մ. Ծիրանի, Ասպարէզ 23 Օգ. 2016
7.- Տես, օրինակ www.hayary.org/wph/?p=4889