Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած է մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ գիտաժողով մը, որուն մասնակցած են Տիգրանակերտի Մարդու իրաւունքներու միութեան, Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու հիմնադրամի Տիգրանակերտի ներկայացուցչութեան, Տիգրանակերտի Փաստաբաններու պալատի, միջազգային իրաւապաշտպան «Հիումընզ ռայթց ուոչ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:
Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» թերթին կայքը: Գիտաժողովի ժամանակ ելոյթ ունեցած է Մարդու իրաւունքներու միութիւնը: Տիգրանակերտի մասնաճիւղի նախագահ Ռաժի Պիլիժին նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները յատկապէս բազմացած են քրտական կարգաւորման գործընթացի դադրեցման եւ ստիպողական վիճակի յայտարարութենէն ետք:
Իսկ «Հիումընզ ռայց ուոչ»-ի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Էմմա Սինքլէյր Ուեպը հանդէս եկած է «Մարդու իրաւունքներու վիճակը Թուրքիոյ մէջ 2017 թուականին» խորագիրը կրող զեկոյցով: Ուեպը նշած է, որ ներկայի Թուրքիան կը գտնուի կամայականութիւններու փուլին մէջ. «Ձերբակալութիւններ, կալանաւորումներ, աշխատանքէ հեռացումներ, արգելքներ. այլ խօսքով` կամայականութիւններ: Կը ցանկան կատարեալ վախի կայսրութիւն մը ստեղծել»:
Անդրադառնալով ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահէտտին Տեմիրթաշի դատավարութեան` Ուէպը աւելցուցած է. «Տեմիրթաշի դէմ յարուցուած գործին նայելով` կարելի է հակիրճ նկարագրել երկրին մէջ տիրող իրավիճակը»:
Մարդու իրաւունքներու միութեան անչափահասներու յատուկ յանձնաժողովի նախագահ Ռահշան Պաթարայ Սամանն ալ նշած է, որ երկրին մէջ ստիպողական վիճակ յայտարարելէն ետք համակարգուած կերպով բազմացած են խոշտանգումի դէպքերը: Նոյնը վկայած է նաեւ Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու հիմնադրամի Տիգրանակերտի ներկայացուցիչ, փաստաբան Պարըշ Եաւուզը: Իսկ HDP-ի խօսնակ Այհան Պիլկինը կարծիք յայտնած է, որ թրքական պետութիւնը կը վախնայ կազմակերպուած հասարակութենէն, այդ պատճառով ճնշում կը գործադրէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն վրայ:
«Ետ կը պահանջենք մեր աշխատանքը» կարգախօսով շարժման աշխուժ մասնակիցներէն Ուելի Սաչըլըքն ալ ըսած է. «Մեր գործունէութիւնը շարժում չի համարուիր, մեր գոյութիւնը կ՛որակուի որպէս յանցանք: Մենք քիւրտ ենք, ալեւի ենք, ատոր համար ալ մեզի հետ կը թշնամանան. եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն չենք, ուրեմն ահաբեկիչ ենք»: