Ա.- Առաջին Սերունդ – Հերունի Եւ Այլք
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Մօտիկ անցեալին լրատուական միջոցներու մէջ կրկին մակերես ելաւ քաշկռտուք մը, որ կարելի չէր կոչել գիտական բանավէճ: Դրդապատճառը հնագէտ դոկտ. Ա. Փիլիպոսեանի զեկոյցն էր Զօրաց քարեր հնավայրի պեղումներուն շուրջ: (1, 2) Յայտնաբերուած հնածոներու մէջ զգայացունց նորութիւններ չկան: Պրոնզէ դարու դամբարաններու նուիրուած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հրատարակուած են: (3)
Աւանդը.- Կողքի պրոնզեայ թերթիկը գտնուած է Սեւանի աւազանէն եւ կը ներկայացնէ արեգակնային դրութեան պատկերացումը պրոնզէ դարու աւարտին (11-րդ դար ն.ք.). երկիրը (ներքեւ), արեւը (վերեւ), ապա լուսինը եւ այդ շրջանին ծանօթ հինգ մոլորակները (Փայլածու, Արուսեակ, Հրատ, Լուսնթագ եւ Երեւակ) ներկայացնող խորհրդանիշներ(4): Նկատել, որ պատկերացուած բոլոր երկնային մարմիններուն յարաբերական դիրքերը շարժուն են: Այդտեղ չկան աստղեր: Երկնակամարի վրայ մոլորակներու դիրքի փոփոխութիւնը նկատելու համար բաւարար է հետեւիլ առաւելագոյնս քանի մը ամիս, մինչդեռ աստղերու դիրքերը կը փոխուին շատ աւելի դանդաղ, այդ կարելի է նկատել միայն այն ատեն, երբ հազարամեակներ շարունակ ճշգրիտ տոմարներ կը պահուին: Երկնակամարի փոփոխութեան գլխաւոր պատճառը այն է, որ երկրի առանցքը իր ուղղութիւնը տակաւ կը փոխէ:
Հնագէտներ նկատած են, որ իրենց ուղղութեան համար երկնային հիմք ունեցող կառոյցներ (ինչպէս` եգիպտական բուրգերը) դարերու ընթացքին փոփոխութիւններու ենթարկուած են` հետեւելով երկնային «շեղումներու»: Երկնային ուղղութիւնները այսպիսով կ՛օգնեն ճշդելու կառոյցին տարիքը: Էլմա Պարսամեան,Պարիս Հերունի (5) եւ այլք փորձած են նոյն սկզբունքով որոշել Զօրաց քարերուն տարիքը:
Քիչ մը աստղագիտութիւն.- Երկիրը ենթակայ է երկնային մարմիններու ձգողութեան, յատկապէս` արեւի, լուսնի եւ հսկայ մոլորակ Լուսնթագի: Ձգողութիւնները պատճառ կը դառնան, որ դարձող Երկրի առանցքը իր ուղղութիւնը փոխէ երկու ձեւերով:
Առաջին.- Տղոց (երբեմնի) խաղալիք հոլը ենթայ է երկրի ձգողութեան: Անոր առանցքը կը թաւալի` գծելով կոն մը, որ այքան ալ կայուն չէ: Առանցքի այս շրջանը գիտական բարբառով կը կոչուի «կանխում» (precession): Հոլին պտոյտը կը տեւէ երկվայրկեաններ, իսկ անհամեմատ աւելի մեծ Երկրի առանցքի շրջանը կը տեւէ շուրջ 26 հազար տարի: Առնուազն չորս հազար տարի առաջ ձեւաւորուած ախթարքը (Horoscope) այժմ պտտած է մօտ 55 աստիճան: Այդ կը նշանակէ, որ մեր բոլորին կենդանակերպերը կատարած են ոչ թէ մէկ, այլ երկու ամսուան ոստում(6): Այս կէտը կը յանձնեմ ախթարք բաժնի ուշադրութեան:
Երկրորդ.- Շեղումի անկիւնը (նկարին մէջ նշուած «Շ» տառով) նոյնպէս փոփոխական է: Ներկայիս այդ 23,4 աստիճան է: Տասը հազար տարի առաջ եղած է 24,2 աստիճան: Ուշ պրոնզէ դարէն ի վեր ատիկա շեղած է մօտ ( իմա` լոկ) 0,2 աստիճան: Օրաթերթի էջի երկայնքին նման շեղում կը համապատասխանէ շուրջ 1,5 մմ-ի, այսինքն` կէս գիրի հասակ: Լոկ կէս գիր` աւելի քան 3 հազար տարուան ընթացքին: Պարզ է ուրեմն, որ աստղա-հնագիտական չափումները հարկ է որ կատարուին ամենա-ամենամեծագոյն ճշգրտութեամբ:
Պատմական.- Ոչ գիտական անհաւաստի աստղաբաշխութիւնը, որ կարեւոր դեր կը գրաւէր հաւատալիքներուն մէջ, հիմնուած էր գիտական աստղագիտութենէ ստացուած հաւաստի տեղեկութիւններու վրայ: Չինաստան ունի հնագոյն անընդմէջ աստղագիտական ճշգրիտ տոմարները: Բաբելոնը ունէր զարմանահրաշ աստղագիտութիւն, որ հիմնուած էր ապշեցուցիչ գրահաշիւի (algbra) վրայ (7): Նկատել սակայն, որ անոնք հզօր պետութիւններ էին: Գիտութիւնն ու տոմարները կը կարօտին հաստատուն պետութեան: Հնագէտներու ծանօթ առաջին աստղագիտական արձանագրութիւնը 32 հազար տարեկան է: Այդ ոսկորի վրայ գծուած լուսնային «օրացոյց» մըն է: Հարիւրաւոր պրոնզէդարեան «աստղադիտարան»-ներ կան ամէնուր: Չակերտած եմ, որովհետեւ նման կառոյցներ կարելի է պատրաստել հասարակ միջոցներով: Հարկ չկայ հեռու վայրերէ քարշ տալ եւ տաշել հոյա-քարեր (mega-lith): Գործածուած են գերաններ եւ շատ աւելի փոքր ժայռեր: Լոկ երկու գերան կանգնեցնելով` կարելի է որոշել երկնային մարմիններու ծագելու կամ մար մտնելու ուղղութիւնները: Այդպէս կը ճշդուին թուականներ: Փայտակերտ աստղադիտարաններ պարբերաբար կը յայտնուին ամէնուր:
Ասոնցմէ ամէնէ նշանաւորն է բնիկ ամերիկացիներու «Medicine Wheel»-ը («Բուժիչ անիւ», նկատել` ծիսական առնչութիւնը): հնագոյն աստղադիտարանը կը գտնուի երբեմնի վերին Եգիպտոսի մէջ (այլ ոչ` Հայաստանի, Նապթա, 6-րդ հազարամեակ, Ն.Ք.): Հետաքրքրական են յատկապէս «նախակարապետեան» ծագումները: Երբ երկնակամարի ամէնէն փայլուն աստղը` Շնիկ (Sirius) աստղը ծագէր արեւէն անմիջապէս առաջ, այդ կը նշանակէր, որ Նեղոսը պիտի յորդի: Այդ յոյժ կենսական
տեղեկութիւն էր Եգիպտոսի համար: Շնիկը կը գտնուի Հայկի (Orion ) համաստեղութեան մէջ: Հայկ որսորդ մըն էր իր շնիկով: Նապթայի պարզունակ «աստղադիտարան»-ը կարող է ատիկա ցոյց տալ: Կ՛ենթադրուի, որ Մեծամօրի աստիճանաձեւ «աստղադիտարան»-ը (զիկկուրատ, 26-րդ դար, Ն.Ք.) նոյնպէս ծառայած է Շնիկ աստղի «արեւային ծագումը» (helical rise) ճշդելու(8): Պատմական Հայաստանի տարածքին վրայ բերքահաւաքի նուիրուած տօնակատարութիւնները կը սկսէին այդ օր: Նկատել` Շնիկի առկայութիւնը ամէնուր:
Կը նկատենք կարեւոր հանգամանք մը: Պարզունակ «աստղադիտարան»-ը կ՛առնչուի ծիսակատարութեան հետ: Այս իմաստով վատահամբաւ են միջին ամերիկեան աստղադիտարան-բուրգերը, ուր մարդկային զոհաբերութիւններ կը կատարուէին գլխաւորաբար արեւ աստուծոյն:
Կայ նաեւ առնչութիւն պաշտամունքային վայրերու եւ դամբարաններու միջեւ: Ատիկա շարունակուած է քրիստոնէութեան շրջանին: Գերեզմանատուներ կը գտնուէին եկեղեցիներու կից: Այսպիսով, կը համատեղուին «աստղադիտարան»-ը, «տաճար»-ը եւ մահաստանը (necropolis):
Տաճարներուն ու դամբարաններուն շուրջ կը կանգնեցնէին «երկայն-քարեր» (menhir)(9), երեւելի մարդոց դամբարաններուն շուրջ կը կանգնեցնէին քարէ շրջանակներ (cromlech): Վերջերս պեղուած Զօրաց քարերու կեդրոնական գլխաւոր դամբարանին շուրջ եւս կայ նման բան:
Ի դէպ, այդ դամբարանը հնավայրին միակ մասն է, որ ենթարկուած է ակադեմական ուսումնասիրութեան: Աստղա-հնագիտական բոլոր վարկածները կը յենին անհատական, անհաւաստի եւ անհաշուետու նախաձեռնութիւններու վրայ:
Լեզուաբանական.- Հայերը հնավայրը կոչած են «Զօրաց քարեր», թրքերէնով` «Ղոշուն թաշ»: «Ղոշուն» կը նշանակէ զինուորական ջոկատ: Ինչպէս շատեր գիտեն, «թաշ» կը նշանակէ քար: Բազմաթիւ վայրերու մէջ կան մահացած զինուորականներու յիշատակին նուիրուած «մենհիր»-ներու շարաններ: Ամէնէն նշանաւոր շարանները կը գտնուին Քարնաքի մէջ Ֆրանսա (Տե՛ս կողքի նկարը): Կը պատկանին 3-5-րդ հազարամեակներուն Ն.Ք.: Ըստ ոմանց, տեղացիք հնավայրը կը կոչէին «Ցից քարեր» կամ «Տիք-տիք քարեր»: «Տիք» թրքերէնով կը նշանակէ «ցից»: «Քարահունջ» անուանումը նոր է: Հնավայրէն 40 քմ հեռաւորութեան վրայ, Գորիսի մօտիկ սարալանջի մը վրայ կայ այդ անունը կրող գողտրիկ գիւղ: Կը կարծուի, թէ կը նշանակէ «ժայռերու տակ ծուարած»: Հնչիւնային նմանութիւններուն վրայ հիմնուած եզրակացութիւնները (օր. Քար-նաք) բոլորովին անհիմն են: Կը պատկանին Հայաստանը որպէս ողջ աշխարհի քաղաքակրթութեան օրրան ներկայացնող վարկածներու դասին: Բանասէր դոկտ. Հրաչ Մարտիրոսեանը ջրած է հնավայրի «Քարահունջ» անուանումը(10):
Վարկածներ.- Աստղա-հնագիտական առասպելները Արեւմուտքի մէջ նորաձեւութիւն դարձան 60-ական թուականներուն (11): Այդ շրջանին կը ծաղկէին «հիփփի»-անման շարժումներ: Անոնք խոր անվստահութեամբ կը նայէին «ուղղափառ» գիտութեան ասքերուն: Իմաստութիւն կը փնտռեն նահապետական անցեալին մէջ եւ այլուր: Այս առանձին նիւթ է: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ ծիսակատարութիւն Սթոնհենճի մէջ: Աստղա-հնագիտական առասպէլներու նորոյթը Հայաստանի մէջ ստացաւ շեշտուած ցեղակրօն բնոյթ, սկսաւ հրապարակային արտայայտութիւն գտնել շատ աւելի ուշ: Ուշացումին պատճառը շատ հաւանաբար քաղաքական էր: Աստղա-հնագիտութիւնը ի հարկէ ծանօթ էր հայ ակադեմականներուն: Հրատարակուած են լուրջ ուսումնասիրութիւններ` Մեծամօրի եւ այլ հնավայրերու շուրջ: Կան երկու հիմնական վարկածներ, որոնք գլխաւորաբար կը միտին երկարել հնավայրին տարիքը: Առաջինը Պարսամեան-Հերունի վարկածն է, իսկ երկրորդը` Վ. Վահրադեանի:
Անձնապէս «բախտը» ունեցած եմ աշնանային գիշերահաւասարի օր մը (Vernal Equinox) Զօրաց քարերու մօտ հանդիպելու դոկտ. Վահրադեանի արշաւախումբին: Բախտը ունեցած եմ նաեւ վարկածը իմանալու իր բերնէն:
Ա.- Պարիս Հերունի (Պարիս Սաչեան, 1933-2008) ճարտարագէտ մըն էր, մասնագիտացած` ռատիօ-հեռադիտակներու մարզին մէջ (12): Հիմնած եւ վարած է Երեւանի ճարտարագիտական համալսարանի ալիքահաւաք սարքերու (Antenna Systems) բաժինը, ինչպէս եւ` Ռատիօ-բնագիտութեան հաստատութիւնը: 1984 թուականին հնագէտ Օնիկ Խնկիկեանին հետ գտնուած է Զօրաց քարերու մօտ: Ի դէպ, Խնկիկեան (ծնած` 1940-ին, Պուլկարիա) կը հաւատայ, որ նախքան Քրիստոս 5-րդ հազարամեակին (միջին քարէ-դար) Պալքանները կը գտնուէին Անատոլիայի եւ, հետեւաբար, արգասաբեր մահիկի ազդեցութեան ոլորտին մէջ(13): Այս համահունչ է այն վարկածին, թէ եւրոպական աստղադիտարանները կառուցուած են հայկական ճարտարագիտութեամբ: Խնկիկեան անձամբ աստղա-հնագիտական տեսութիւններ չէ մշակած:
Ի տարբերութիւն Հերունիի եւ այլոց` Էլմա Պարսամեան (1929 ) Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ աշխատող աստղա-բնագէտ մըն է: Հրատարակած է շուրջ 130 մասնագիտական յօդուածներ: 80-ական թուականներուն, իր մասնագիտութենէն հեռու, ուսումնասիրած է Մեծամօրը եւ հաշուարկած` «զիկկուրատ»-ի տարիքը` հիմնուած այն ենթադրութեան վրայ, որ անիկա ուղղուած է Շնիկի ծագումին: Պարսամեան խորամանկօրէն նշած է, որ հաշուարկներուն մէջ գոյ է անորոշութիւն (uncertainty), որովհետեւ հարկ էր, որ հնադարեան աստղագէտը «ճիշդ» դիրքաւորուէր զիկկուրատի հարթակին վրայ, բայց ինչպէ՞ս: Բացի այդ, իր հաշուարկը կը համընկնէր դասական միջոցներով կատարուած հնագիտական ենթադրութիւններուն հետ: Ուրեմն` ոչ մէկ հարց: Այս առաջին աստղա-հնագիտական տեսութիւնն էր Հայաստանի մէջ: Պարսամեան առաջարկած է նոյն մեթոտը գործածել Զօրաց քարերու պարագային, զորս կոչած է Քարահունջ կամ հայկական Stonehenge: Պարսամեան, սակայն, չէ շարունակած այդ ծրագիրը` թերեւս խուսափելով մասնագէտներու անբարենպաստ ակնարկներէն:
Մեծամօրի տեսութեան հրատարակումէն 10 տարի ետք, երբ «61 տարին կոտրեր էր դուռը», Հերունի կատարեց զգայացունց յայտնութիւն` Զօրաց քարերուն շուրջ: Հերունի գործածած էր Պարսամեանի մեթոտը` առանց անոր հետ կապուելու եւ կամ նոյնիսկ յիշելու անոր անունը: (Պարսամեան այս մասին իր դժգոհութիւն արտայայտած է հրապարակաւ:) Հերունիի աստղագիտական վարկածը կը հիմնուի այն կէտին վրայ, որ 84 քարեր անցքեր ունին: Այդ անցքերը կրնան ծառայել երկնային ուղղութիւնները աւելի ճշգրտօրէն որոշելու համար: Այդ անցքէն կարելի է տեսնել, թէ ե՛րբ որոշ աստղ մը կը գտնուի այլ ժայռի մը եւ կամ հեռաւոր լերան մը վերեւ: Այս ենթադրութիւնները վստահաբար ճիշդ են: Հերունի
կ՛առաջարկէ, որ կաւէ կամ փայտէ լիցքեր գործածուած են ամրացնելու համար խողովակները եւ ճշդելու անոնց ուղղութիւնը: Թերեւս այդպէս էր: Քանի մը անցքեր փորուած են արմուկաձեւ: Փոքրիկ հայելիի մը օգնութեամբ կարելի է ստուգել, թէ ե՛րբ որոշ աստղ մը կը գտնուի ժայռի ուղիղ վերեւ: Այս ենթադրութիւնը թերեւս ճիշդ է: Հայելիներ գոյութիւն ունեցած են Ն.Ք. չորրորդ
հազարամեակին: Հայելիներ գտնուած են նաեւ Զօրաց քարերու դամբարաններուն մէջ (2-րդ հազարամեակ, Ն.Ք.): Պարզ չէ սակայն, թէ անոնք բաւարար որակ ունէի՞ն: Հերունի իր գիրքին մէջ (5) կ՛ըսէ, որ բազմաթիւ նման գործիքներ գտնուած են, բայց ցոյց չի տար որեւէ լուսանկար կամ այլ ապացոյց: Փիլիպոսեան ակնյայտ թունոտ հեգնանքով յայտարարեց, թէ որեւէ «խողովակ» չէ յայտնաբերուած:
Հերունի կը պնդէ, որ նման անցքեր գոյութիւն չեն ունեցած որեւէ այլ տեղ: Ասիկա ճշգրիտ չէ: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ անցքաւոր քար մը «Ամազոնի սթոնհենճ»-ի մէջ (Պրազիլ): Շրջանը ի պատիւ այդ «աստղադիտարան»-ին` կը կոչուի parque arqueológico do solstício (Արեւադարձի հնագիտական այգի):
Կան աւելի բարդ վարկածներ: Գիշերահաւասարի (equinox) միջօրէին արեւի աստիճանը հաւասար է վայրի հորիզոնականին: Ասիկա կարելի է դիւրաւ փաստել (տե՛ս գծապատկերը): Հայաստան 39-րդ հորիզոնականին վրայ է: Քարեդարեան «գործիք»-ին անկիւնը իսկապէս մօտ է այդ թիւին: Հերունիի ենթադրութիւնը ոչ թէ սխալ է, այլ` անհաւանական: Այդ անկիւնը որոշելու համար բնաւ հարկաւոր չէր պազալթի մէջ ճշգրիտ անցքեր փորել: Կարելի էր պարզապէս չափել ցողի մը շուքին երկայնքը: Հերունիի տուեալներով, յստակ չէ, թէ շարանը ճշգրտօրէն ունի՞ հիւսիս-հարաւ ուղղութիւն: Յստակ չէ նաեւ երրորդ քարի դերը: Յստակ չեն նաեւ շարք մը այլ կէտեր:
Հերունի այսքանով չի բաւարարուիր, ան ունի այլ օրակարգ, կը շարունակէ` ըսելով, որ հայեր այդ ձեւով գիտցած են ոչ միայն Սիսիանի աշխարհագրական հորիզոնականը, այլեւ` երկրագունդի շառաւիղը: Այս վարկածը հիմնաւորուած չէ: Շառաւիղը հաշուելու համար հարկ էր չափումներ կատարել իրարմէ մեծ հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկու վայրի մէջ(14):
Ապա կու գան վարկածները, որոնք ոչ միայն աստղագիտական են, այլեւ` պատմական:
Հնավայրի մէջ եղած են 223 քարեր: Եթէ բոլորը գործածուին ուղղութիւններ որոշելու համար, ապա կը ստանանք շուրջ 25 հազար կարելի գիծ: Երկնային մարմիններուն թիւը մեծ է: Եթէ յիշենք, որ քարերը երկրաշարժի եւ այլ պատճառներով վստահաբար խախտած են, ապա կը ստանանք անլուծելի քաոս: Երկնքի վրայ, բաղդատաբար հսկայ լուսնի եւ արեւու, տրամագիծերը լոկ 0,5 աստիճան են: Հարցը կը մեղմանայ, եթէ գործածուին միայն 84 անցքեր ունեցող քարերը. այսուհանդերձ, կը մնայ քաոսային: Կարելի չէ որեւէ հաւաստի հաշուարկ կատարել: Այս ուղղութեամբ Հ1-ի վրայ ելոյթ ունեցած է Հնագիտական հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեանը:
Հերունի կ՛ըսէ, որ յենած է այդ գիծերուն` որոշելու համար Երկրի թեքումի փոփոխութիւնը եւ, հետեւաբար, «յայտնաբերած», որ այդ 7500 տարեկան է: Եթէ յիշենք, որ պրոնզէ դարէն ի վեր շեղումը լոկ 0,3 աստիճան է, ապա այդ հաշուարկը կը դառնայ բոլորովին անհաւաստի: Նոյնն է պարագան արեւադարձի եւ այլ շեղումներուն: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ, թէ վերը տեսնուած որպէս դիտակ գործածուած քարը թեքած է մօտ 21 աստիճան: Անցքաւոր քարերու աւելի քան կէսը բոլորովին տապալած է: Ինչպէ՞ս կարելի է հիմնաւորել 0,3 աստիճանի շեղումը` հիմնուած այդ քարերուն ուղղութեան վրայ:
Հերունիի ծրագիրը ոչ թէ աստղագիտական է, այլ` ազգայնամոլական: Հերունի կ՛ուզէ հնավայրի ճամբով հիմնաւորել այն վարկածը, որ քաղաքակրթութիւնը ծնունդ առած է Հայաստանի մէջ, Ն.Ք. 40-րդ դարուն, թէ` հնավայրը եղած է Ար (արեւ) աստծու եւ իր դպրութեան դպիր Տիրի տաճարը: Ար բարի է, փաստ, որ հնավայրին մէջ չէ յայտնաբերուած զոհասեղան: Գլխիվայր շրջուած այլ տրամաբանութեամբ մը Հերունի կ՛ենթադրէ, թէ քանի որ նման հաշուարկներ կը կարօտին բարդ թուաբանութեան, ապա հնավայրը հարկ է, որ ծառայած ըլլայ նաեւ որպէս համալսարան: Հերունիի անիրապաշտ գծանկարը ցոյց կու տայ մահիկ մը: «Ս» գիրի նմանութեամբ կառոյց կայ Սթոնհենճի մէջ: Զօրաց քարերու կեդրոնական դամբարանին շուրջ կայ ոչ թէ մահիկ, այլ` աւերակ շրջանակ (Cromlech): Գծանկարը թեքուած է դէպի հիւսիս` այդ չգոյ «նմանութիւնը» թելադրելու համար:
Ոչ մասնագէտ ընթերցողի համար Հերունիի գիրքը կը թուի ըլլալ յոյժ գիտական: Կ՛ըսէ, որ գտած է բազմաթիւ գործիքներ, բայց ցոյց չի տար որեւէ լուսանկար:Այդտեղ կան բազմաթիւ ցուցակներ եւ տարազներ (ֆորմիւլա): Քիչ մը անհամեստութեան գնով կը հաստատեմ, թէ ես, որ բնագիտութեան դոկտորական ունիմ եւ դասաւանդած եմ աստղագիտութիւն, չկրցայ տեսնել առնչութիւն` այդ տոմարներու եւ տարազներու միջեւ: Ցաւօք, մղուած եմ ենթադրելու, որ անոնք զետեղուած են մեր աչքերուն «փոշի փչելու» համար: Ի դէպ, գրահաշիւային գծային (linear) տարազները անբաւարար էին հաշուելու բարդ դրութիւններու (System) ընթացքը: Ատիկա միայն իր գիրքի հրատարակութենէն ետք կարելի դարձած է` շնորհիւ թուայնացման: Աստղագիտութիւնը այժմ կ՛ապրի փառաւոր «ոսկեդար»:
Հեղինակաւոր «Springer»-ի հրատարակած «Համաշխարհային աստղագիտական ձեռատետրը» (manual) 2014-ին 7 էջ երկարութեամբ յօդուածով մը անընդունելի կը գտնէ Հերունիի վարկածները(15):
Հերունիի աւանդը կը շարունակեն իր աշակերտ Գուրգէն Վարդանեանը եւ այլք(16):
(Շար. 1)
————————————
- Տես, Օրինակ, Թումանեան Գարեգին, «Բրոնզեդարեան դամբարանները մահուան պատկերացումներում եւ դրանց կառուցուածքի առանձնայատկութիւնները», «Պատմաբանասիրական Հանդէս», թիւ 2, 2011
- Տես https://armeniasputnik.am/armenia/20170907/8563777/armenia-astxaditaran-zorac-qarer.html
- Տես www.newsinfo.am/arm/article/view/V1QQz5G9t7
- Mercury, Venus, Mars, Jupiter եւ Saturn
- Herouni, ParisArmenians and Old Armenia:archaeoastronomy, linguistics, oldest history. Tigran Mets.2004. Պարիս Հերունի «Հայերը եւ հնագոյն Հայաստանը (ՀիմքերըՀայոց)» 2006
- Իւրաքանչիւր ամիս կը համապատասխանէ 360/12 = 30 աստիճանի: Ուրեմն 55 աստիճան կը նշանակէ շուրջ 2 ամիս:
- Բաբելոնեան կարգ մը տեսութիւններ բարելաւուեցան միայն 19-րդ դարուն: Նման վարկածներ կան մայաներու շուրջ:
- Ծագման պահը որոշ չափով կը տարբերի վայրէ վայր: Մեծամօր շատ աւելի հիւսիս է, քան` Նապթան:
- Գույումճեան բառարանը ատիկա անյաջող կերպով թարգմանած է որպէս «հնաքար»
- file:///C:/Users/User/Desktop/Քարահունջ-Stonehenge.-առասպելի-վերջը.pdf
- Տես, օրինակ, «Stonehenge Decoded», Gerald Hawkins, 1963
- Ռատիօ-հեռադիտակները կը բանին եզի ծանօթ հեռատեսիլի «dish»-երու (պնակ) սկզբունքով: Ամէնէ խոշորը ( 500մ) կը գտնուի Չինաստանի մէջ: Շատ աւելի կը հրապուրէ զբօսաշրջիկնները, քան գիտնականները:
- Տես, օրինակ, Օ. Խնկիկեան, «Հայերի ծագման Պալքանեան տեսութիւնը եւ հնագիտական տուեալներ», «Պատմաբանասիրական Հանդէս» 1, 2007
- Այդ Ն.Ք. 3-րդ դարուն մօտ 10 առ հարիւր ճշգրտութեամբ կատարած է Աղեքսանդրիոյ գրադարանապետ Eratosthenes
- Carahunge – A Critical Assessment, Handbook of Archaeoastronomy and Ethnoastronomy, Springer 2014
- Գուրգէն Վարդանեան, «Քարահունջ աստղադիտարան», Որոտան,7 մարտ 2011 անկիւնը իսկապէս մօտ է այդ թիւին: