Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ցեղասպանութեան Ժամանակ Ճափոնցիները Օգնած Են Փրկուած Հայերուն Եւ Յոյներուն

$
0
0

ՎԻԳԷՆ ԲԱԲԳԷՆԵԱՆ

2010 թուականին «Տը Արմինյըն Ուիքլի» պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ ներկայացուցած էի, թէ ինչպէ՛ս ճափոնցիները  Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերեն հայերուն: Ես նշած էի, թէ ինչպէ՛ս 1922 թուականի փետրուարին հայկական բարեգործական հիմնադրամ ստեղծուած է Թոքիոյի մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան օգնութեան կոմիտէի միջազգային կոմիսար Լոյալ Վիրթի այցելութենէն ետք: Հայկական բարեգործական հիմնադրամը ստեղծուած է յայտնի ճափոնցի բանկիր ու դիւանագէտ Վիկոնտ Էիչի Շիբուսաուայի կողմէ: Այսօր Վիկոնտը յայտնի է որպէս ժամանակակից ճափոնական դրամատիրութեան հիմնադիր ու մեծ մարդասէր: Ան ներգրաւուած եղած է մօտ 500 ձեռնարկութիւններու ու տնտեսական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ընկերային ապահովութեան, կրթութեան ու միջազգային փոխանակութեան մօտ 600 կազմակերպութիւններու հիմնադրման գործին մէջ: Հայկական բարեգործական հիմնադրամին կ՛աջակցէին ճափոնական հասարակութեան բոլոր խաւերը` սկսած հասարակ մարդոցմէ մինչեւ երեսփոխաններ, յաջողակ առեւտրականներ ու կայսերականներ: Ճափոնական օրիորդներու դպրոցը  նոյնիսկ իր վրայ վերցուցած էր 2 հայ որբերու խնամքի ամբողջ պատասխանատուութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած` ճափոնական մէկ այլ հետաքրքրական պատմութիւն կը դառնայ Միմի Մալայեանի կողմէ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ նկարահանուելիք ժապաւէնի մը նիւթը: Միմին մեծն Տիանա Աբգարի թոռնիկն է: Ան  պիրմացի հայ էր, որ ապրած է Ճափոնի մէջ, 1891 թուականին մինչ իր մահը` 1937: Ան  յայտնի գրող էր,  դիւանագէտ, ինչպէս նաեւ կը զբաղէր առեւտուրով: Ամենանշանակալի փաստն այն է, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գոյութեան կարճ ժամանակահատուածին մէջ (1918-1920) ան եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Ճափոնի մէջ: Ատիկա դիւանագիտական  պաշտօն էր, որ հնարաւորութիւն կու տար անոր խօսիլ ինքնիշխան պետութեան անունով` անհատներուն ու հաստատութիւններուն դիմելու ժամանակ: Այդ ճանապարհով Տիանան յաջողած է ճափոնական կառավարութենէն յատուկ թոյլտուութիւն ստանալ, որով հնարաւորութիւն կը տրուէր, որ  Ռուսիայէն հայ գաղթականներ գան Ճափոն: Այս թոյլտուութիւնը մեղմացուցած է գաղթականներուն վիշտը: Երբ գաղթականները կը մեկնէին Ճափոնէն, օգնած է անոնց Միացեալ Նահանգներու կամ այլ վայրերու մէջ մշտական բնակութիւն հաստատելու ժամանակ:

Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին ճափոնցիներու մարդասիրութեան վերաբերեալ երեւի ամենանշանակալի պատմութիւնը ճափոնական նաւու նաւապետին ու անձնակազմին կողմէ 1922 թուականին Զմիւռնիայի աղէտէն ետք նաւահանգիստ փախած գաղթականներու կեանքը փրկելն է: Երբ 1922 թուականին սեպտեմբեր 9-ին թրքական ազգայնական զօրքեր մտած եւ գրաւած էին քաղաքը, հարիւր հազարաւոր հայ ու յոյն գաղթականներ փախած էին դէպի Զմիւռնիայի նաւահանգիստ: Թուրքերու կողմէ քաղաքի գրաւմանը յաջորդած են հայ ու յոյն քաղաքացիներու` սովորական դարձած կոտորածներն ու արտաքսումը: 4 օր անց քաղաքի հայկական հատուածին մէջ կրակ բռնկած է, որ աւերուած է քաղաքի մեծ մասը: Աղէտին ականատես մօտ 20 դաշնակիցի ռազմանաւեր ու բեռնատար նաւեր կանգնած էին նաւամատոյցին մէջ, որոնց մէջ նաեւ` ճափոնական նաւ մը: Բազմաթիւ օտարերկրացիներ ականատես եղած են, թէ ինչպէ՛ս ճափոնական նաւը զօրաշարժի ենթարկուած է, որպէսզի փրկէ խելագարութեան եզրին հասնող փախստականները: Աննա Հարլոու Պիրճը, որ Զմիւռնիայի միջազգային քոլեճի ամերիկացի փրոֆեսէօր Պիրքի կինն էր, ականատես դարձած է, թէ ինչպէ՛ս յուսահատ փախստականները Զմիւռնիայի այրելու ժամանակ հաւաքուած են նաւակայանի քով: Կարելի էր տեսնել լողացող կիներ ու տղամարդիկ, որոնք յոյս ունէին, որ կը փրկուին, բայց կը խեղդուէին: Աննան կը գրէ. «Այդ ժամանակ նաւամատոյցին մէջ կանգնած էր նաեւ  ճափոնական բեռնատար նաւ մը, որ նոր ժամանած էր`  բեռցուած շատ արժէքաւոր մետաքսով, ժանեակով եւ ճենապակիով, որոնք հազարաւոր տոլարներ կ՛արժէին: Երբ ճափոնցի նաւապետը տեսաւ իրավիճակը, չվարանեցաւ: Ամբողջ բեռը լեցուեցաւ նաւամատոյցի կեղտոտ ջուրերուն մէջ, իսկ նաւ նստեցան քանի մը հարիւր գաղթականներ: Անոնց տարին Փիրաէուս եւ ապահով իջեցուցին յունական ափ». ասիկա զետեղուած է Թ. Ստաւրիտիսի` Ամերիկայի մէջ հելլենական միջազգային հիմնադրամի ամսագրին մէջ տպագրուած  յօդուածին մէջ:

Այս մասին մէկ այլ հաղորդում կայ «Նիւ Եորք թայմզ» պարբերականին մէջ, 1922 թուականի սեպտեմբեր 18-ին. «Գաղթականներն անընդհատ կու գային. Զմիւռնիայի աղէտի նոր զարգացումներուն պատճառով: Չորեքշաբթի (սեպտեմբեր 14-ին) Զմիւռնիայի մէջ  կար փախստականներ տեղափոխող 6 շոգենաւ` մէկ ամերիկեան, մէկ ճափոնական, երկու ֆրանսական ու երկու իտալական: Ամերիկեան ու ճափոնական շոգենաւերը կ՛ընդունէին բոլոր եկողները` առանց անոնց թուղթերը ստուգելու, մինչդեռ միւսները կ՛ընդունէին միայն օտարերկրացիները` անձնագրերով»:

Ճափոնական նաւու մարդասիրական գործողութիւններուն մասին կը վկայեն նաեւ Զմիւռնիայի աղէտէն փրկուած հայերն ու յոյները: Կան ականատեսներու բազմաթիւ վկայութիւններ այդ մասին: Ատոնք յայտնաբերած են պատմաբաններ Սթաւրոս Սթաւրիտիսն ու ճափոնցի Նանակօ Մուրատա-Սավայանագին իրենց Ճափոնի ու Զմիւռնիայի աղէտին շուրջ իրականացուցած ուսումնասիրութեան ընթացքին: Վերջերս Սթաւրիտիս յաջողած է գտնել նաւուն անունը` «Տոկէի Մարու», որ հրապարակուած է այդ ժամանակի բազմաթիւ յունական թերթերու մէջ: 2016 թուականի յունիս ամսուն Աթէնքի մէջ յունական համայնքի կազմակերպութիւնները պարգեւատրած են Ճափոնի դեսպան Մասուօ Նիշիպայաշին վահանի ձեւ ունեցող պարգեւով` ի պատիւ 1922 թուականին Զմիւռնիայի աղէտի ժամանակ իրենց ազգը փրկելուն ուղղուած ջանքերուն համար: Ատիկան ժեսթ մըն է, որուն ես կը հաւատամ, որ հայկական համայնքներն ալ պէտք է հետեւին:

Ճափոնցիներու մարդասիրական արձագանգը մէկն է այդ աղէտալի դէպքերու ժամանակ միջազգային բարի կամքի դրսեւորման պատմութիւններէն. դէպքեր, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ վերացուցած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող քրիստոնեայ համայնքները: Մօտ 50 ազգ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերու փրկութեան գործին: Հակառակ անոր, որ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւններու մեծ մասը ուղղուած է ատոր` որպէս չարիք ըլլալուն, այնուամենայնիւ կան անհամար պատմութիւններ մարդոց կարեկցանքի ու մեծահոգութեան մասին, որոնք պէտք է ուսումնասիրուին գիտնականներու կողմէ:

Անգլերէնէն թարգմանեց`
ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>