Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի.- «Նոր Յառաջ»-ի Կայքը

$
0
0

Տարեշրջան մըն ալ անցաւ: Նոր տարեմուտին լաւագոյն բարեմաղթութիւններ` մեր բոլոր ընթերցողներուն, որոնք խմբագրութեանս հետ ճամբորդեցին տարի մը եւս:

Անցեալ տարի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային իրադարձութիւնները շատ հարուստ էին, բազմազան: Տպագիր մամուլի սահմաններուն մէջ խմբագրութիւնս իր տեղեկատուական պարտաւորութիւնները կատարեց, տուն տուաւ մտաւորական դէմքերու խոհերուն, տեսակէտներուն, անդրադարձաւ մշակութային երեւոյթներու: Սակայն

այժմէական տեղեկատուական ճարտարագիտական յառաջխաղացքը կը պարտադրէ նորարարական միջոցներու որդեգրումը` մեր ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը գոհացնելու, նոր ընթերցողներ ներգրաւելու համար, ինչպէս նաեւ նոր եկամուտի աղբիւրներ ձեռք ձգելու` գանձատրել կարենալու համար նորարարութիւնները:

Լրասփիւռներու գործը դադար չունի, սահմանը` անոր աշխատուժին կարողութիւնն է:

Թուային աշխարհը բազմապատկած է լրատու միջոցներու լուր փոխանցելու, լուր տարածելու կարելիութիւնները: Եթէ մինչեւ այժմ «Նոր Յառաջ» դեռ չէր թեւակոխած թուային աշխարհը, հիմնական պատճառը կարող մարդուժի պակասն էր եւ` անոր պատրաստութեան համար պահանջուած երկար ժամանակը: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ մարդուժի եւ նիւթական մեծ ներդրումի կարիք կայ նման ոստում մը կատարելու համար, մանաւանդ` «Նոր Յառաջ»-ի նման փոքր ընկերութեան պարագային, որ կը յանդգնի մնալ անկախ` արեւմտահայերէնը եւ դասական ուղղագրութեան գործածութիւնը կենսունակ պահպանելու մտադրութեամբ:

Ինչպէ՞ս մուտք գործել այդ տարածքը` առանց ցնցուելու, առանց տնտեսապէս անյաղթահարելի դժուարութիւններու առջեւ գտնուելու: «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օժանդակութեամբ կարելի եղաւ անցեալ երեք տարուան ընթացքին նախնական փորձարկումներ կատարել: Կարելի եղաւ երկլեզու թերթի հրատարակութիւնը հիմնաւորել: Պահն է նաեւ երկլեզու կայքէջ մը ապահովելու: 2018 տարեշրջանը պիտի դիմաւորենք թուային աշխարհ մուտք գործելով: Յոյսով ենք, որ այս նոր էջը «Նոր Յառաջ»-ի գործունէութիւնը կ՛ամրապնդէ եւ անոր ընթերցողներուն շրջանակը կ՛ընդլայնէ, ինչպէս նաեւ անոր առաքելութեան հաւատացողներու թիւը կը մեծցնէ, որպէսզի ան նպաստէ ֆրանքեւհայկական, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպա յարաբերութիւններու զարգացման, հայկական աշխարհի տեղեկատուութեան շրջանառութեան ծաւալումին, մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան միջեւ նոր կապերու ստեղծման: Այս քայլը կարեւոր է նաեւ արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութեան գործածութեան աւելի լայն շրջանակ ստեղծելու տեսանկիւնէն: Եւ նկատի ունենալով ֆրանսերէն լեզուով հայկական կայքէջերու հազուագիւտ հանգամանքը` ֆրանսախօս հասարակութեան համար ֆրանսատառ հայկական նոր լրատու

կայքէջի մը հաստատումը անհրաժեշտութիւն է:

Ժ. Չ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles