Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.- Սուլթանամէտ Էրտողանի Կարմիրծովեան Ոտնձգութիւնը

$
0
0

Երուսաղէմի մայրաքաղաք հռչակման շուրջ ծագած սուր բանավէճն եւ Թեհրանի ու Իրանի այլ մեծ քաղաքներու մէջ կազմակերպուած «գարնանային» յեղափոխութիւն բուրող խլրտումները մոռացութեան մատնած ու լուսանցքի տակ առած են այդ օրերուն պատահած այլ դէպք մը, որուն մասին տեղին է մելան հոսեցնել:

Արդարեւ, դեկտեմբեր 24-ին, երբ Արեւմուտքը կը պատրաստուէր տօնելու Ս. Ծնունդը, Սուտանի մայրաքաղաք  Խարթումի միջազգային օդակայանին պատուոյ բեմահարթակը բացուած ու կարմիր գորգ փռուած էր: Նախագահ Օմար Պաշիր անձամբ եկած էր դիմաւորելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որ երկօրեայ այցելութեամբ եւ բազմաթիւ համաձայնագրեր ստորագրելու ճոխ թղթածրարով մը ժամանած էր:

Մէկ բան յստակ էր. Թուրքիոյ սուլթանամէտ նախագահը շինարարական, երկրագործական եւ տնտեսական բազմաթիւ համաձայնութիւններու կողքին, նաեւ այլ ծաւալապաշտ գաղափարներ ունէր, որոնք յստակօրէն բացայայտուած էին: Ան ժամանած էր Ափրիկէի խորերը` իր իւրայատուկ համաթուրանական երազներու մէկ այլ օղակ կամրջելու: Այսպէս, հակառակ իր կարճ այցելութեան, ան ժամանակ տրամադրած էր հիւրընկալ երկրի նախագահին հետ միասնաբար այցելելու ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող Սաուաքին կղզին, որ դարեր առաջ եղած է բանուկ նաւահանգիստ մը: Հաւանաբար դեռ այսքանն ալ ո՛չ մէկ հարցադրումի դուռ կը բանայ եւ բնական կը նկատուի, որ նմանօրինակ ուղեւորութիւն կատարուի:

Սակայն այս կորսուած կղզեակին կատարուած այցելութեան ետին այլ հաշիւներ կային, որոնք քանի մը ժամ ետք բացայայտուեցան, երբ Խարթումի մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, սուլթանամէտ Էրտողանը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Սուտանի պետութիւնը Կարմիր ծովուն մէջ գտնուող այդ հողաշերտը յանձնած է Թուրքիոյ հոգատարութեան, եւ շուտով շինարարական աշխատանքներ պիտի սկսին, նախապէս օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուած այս կղզին վերակառուցելու եւ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու` պատմական փառքին արժանի վիճակի հասցնելով:

16-րդ դարուն Սաուաքինը կը գտնուէր օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ 19-րդ դար, որմէ ետք, նախքան Սուտանի տիրապետութեան տակ անցնիլը, կարճ ժամանակով եգիպտացիք իշխեցին: Հոն նոյնիսկ ղպտի փոքրամասնութիւն մըն ալ եկեղեցի  կառուցեց:

Թէեւ Էրտողան կը շեշտէ, որ Անգարայի փափաքածը Սուտանի` Կարմիր ծովու ափերուն վրայ ռազմակայան մը չէ, այլ` այս կղզիին վրայ գտնուող օսմանեան աւերակները, սակայն այս որոշումը պիտի անհանգստացնէ հիւսիսի դրացիները` Սէուտական Արաբիան եւ մանաւանդ Եգիպտոսը, որուն յարաբերութիւնները Անգարայի հետ 2013-էն ի վեր պաղած են, իսկ այդ տարածաշրջանին մէջ միշտ հարցեր ունի հարաւի իր դրացիին հետ:

Բնականաբար Սաուաքինի վերակառուցումով, զբօսանաւերու կողքին, նաեւ թրքական դրօշ պարզած մարտանաւերու եւ ծովուժին պատկանող այլ միաւորներու այցելութիւնները յաճախակի պիտի դառնան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>