Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Յունուար Ա. – 2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

$
0
0

Հակառակ սուրիական տագնապի համեմատական մեղմացման` Նոր տարին տարածաշրջանին մէջ նոր լարուածութեան սրումով բացուեցաւ:

Սուրիոյ մէջ զինեալ բախումները մեծ համեմատութեամբ նուազեցան, սակայն արտաքին ազդակներու վերացումը տակաւին կը յամենայ: Միացեալ Նահանգներու տարածաշրջանէն ներս իրենց նուազագոյն շահերը ապահովելու համար կը շարունակեն օգտագործել քրտական գործօնը, իսկ Թուրքիա` Իտլիպի իր լծակները:

Իրանի մէջ զարգացող դէպքերը եւս իրենց անդրադարձը պիտի ունենան տարածաշրջանին վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով Իրանի մեծ ազդեցութիւնը` Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն վրայ:

Իրան առանցքային դեր կը խաղայ Մերձաւոր Արեւելքի ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանման մէջ, ուժեղ ազդեցութիւն ունի Լիբանանի մէջ, իրաքեան առանցքին վրայ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր մրցակիցն է, սուրիական տագնապի լուծման մէջ որոշիչ դեր ունի, իսկ Եմէնի մէջ  Սէուտական Արաբիոյ ազդեցութեան նուազեցման նպաստող գլխաւոր գործօնը կը հանդիսանայ:

Արաբական «գարուն»-ի հրահրման օրինակները Իրանի մէջ եւս յստակ կ՛երեւին: Այս բոլորին լոյսին տակ, Իրանի ներկայ իշխանութիւնները բնականաբար ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկիրը զանգուածային անկարգութիւններէ զերծ պահելու եւ Սուրիոյ մէջ պատահածին կրկնութիւնը չարտօնելու, յատկապէս` տարածաշրջանի երկիրներու միջամտութենէն զգուշանալու համար:

Իրանի մերձակայքը գտնուող երկիրները, սակայն, իրանեան տագնապի հրահրումով այնքան ալ չեն շահագրգռուած,  որովհետեւ նման պարագայի իրենց երկրի կայունութիւնը եւս վտանգի պիտի ենթարկուի:

Ռուսիա բնականաբար դէմ պիտի արտայայտուի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հրահրումով ծնունդ առած նման շարժումի, Թուրքիա` նոյնպէս, յատկապէս որ ան կը շարունակէ կրել Սուրիոյ դէպքերուն միջամտելու իր ձախաւերութեան հետեւանքը` իր իսկ երկրին սահմանային ապահովութեան խախտումով:

Իրանի հիւսիսը Հայաստանն է, որուն համար եւս կարեւոր է Իրանի կայունութեան պահպանումը: Իրան-Հայաստան քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացման նոր փուլ մտան վերջին շրջանին: Արցախեան հարցով Իրան մշտապէս որդեգրած է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն:

Հաւանաբար Սէուտական Արաբիան կը հանդիսանայ միակ օգտուողը ստեղծուած այս կացութենէն` Եմէնի մէջ Իրանին դէմ իր ազդեցութեան գօտին ընդարձակելու առումով:

Իրանի իշխանութիւնները ամէն գնով կը փորձեն ու պիտի փորձեն անսալ ժողովուրդի պահանջին` արտաքին ազդակներու ազդեցութիւնը նուազագոյնի հասցնելու համար:

Ահաբեկչական խմբաւորումներու, յատկապէս` ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք, շրջանը բռնկումի առաջնորդելու Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի այս նոր փորձը, արդիւնքի չհասնելու պարագային անգամ, պիտի երկարաձգէ տարածաշրջանի տագնապներուն վերջնական լուծումը, կամ վերատեսութեան ենթարկէ լուծման տարբերակները:

Տարածաշրջանի հայ համայնքներուն համար ալ անակնկալ զարգացումներով յղի տարի մը կրնայ ըլլալ: Նախորդ տարիներու փորձառութիւնը, սակայն, միեւնոյն ռազմավարութեամբ շարժելու հրամայականին դէմ յանդիման կը դնէ զիրենք` ջատագովը հանդիսանալու ժողովուրդներու արդար պահանջին, առանց ներքաշուելու արտաքին լծակներու ազդեցութեան մէջ:

«Գ.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>