Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գաղափարական Հարցեր. Սիմոն Տը Պովուար. Յեղափոխական Կին Գաղափարախօսին 110-ամեայ Ժառանգութիւնը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այս տարի 9 յունուարին կը լրանայ ֆրանսացի գրող, փիլիսոփայ, կնոջական շարժման գաղափարախօս եւ ընկերային տեսաբան Սիմոն Տը Պովուարի ծննդեան 110-ամեակը: Սիմոն տը Պովուարը ծնած է 9 յունուար 1908-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ: Ծնունդ առնելով կրօնամէտ եւ մեծահարուստ ընտանիքի մէջ` ան հինգ տարեկանէն կ՛ուղղուի «Քուր տեզիր» կաթողիկէ դպրոցը, ուր կը յաճախէին ազնուական ընտանիքներու աղջիկները: Տը Պովուարի մէջ կասկած կը սկսի ծագիլ դպրոցական պատանի տարիքէն, երբ իր ազգականը` Ժաք Լեկիոն, որ կը յաճախէր պետական վարժարան (աշխարհիկ), իր դպրոցի գրադարանը օգտագործելով` կը կարդար Անտրէ Ժիտի, Ժան Քոքտոյի եւ աշխարհահռչակ այլ գրագէտներու ստեղծագործութիւնները, որոնք կը յանձնէր տը Պովուարին: Այսպիսով, տը Պովուար կը տեսնէ տարբերութիւնը իր կաթողիկէ դպրոցին եւ պետական աշխարհիկ դպրոցին միջեւ. առաջինին մէջ ուսուցիչները միայն քրիստոնէական աստիճաններ ունէին, իսկ երկրորդին մէջ` վկայականներ: Միւս կողմէ, իր ծնողներուն միջեւ ծանր հարցեր ծագած էին, ընտանիքը մատնուած էր քայքայման եւ ամուսնալուծման. տը Պովուարը` իբրեւ կաթողիկէ հաւատացեալ, իր աղօթքները կը բարձրացնէ յանուն իր ընտանիքին միասնականութեան, բայց երբ անոնք ի զօրու չեն ըլլար այդ միասնականութիւնը հաստատելու, կը կորսնցնէ իր հաւատքը:

Իր բարձրագոյն կրթութիւնը նախ կը ստանայ Փարիզի կաթողիկէ ճեմարանին մէջ` ուսողութեան մասնագիտութեամբ (1925), Սան Մարի ճեմարանին մէջ` գրականութիւն եւ լեզուաբանութիւն, ապա Սորպոնի մէջ կ՛ուսանի փիլիսոփայութիւն (1928):

Տը Պովուարը դարձաւ 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն ծաւալած «նոր ձախ» շարժման գաղափարաբանական նշանաւոր դէմքերէն մէկը եւ 20-րդ դարուն միջազգային գետնի վրայ ամէնէն կարեւոր փիլիսոփաներէն մէկը` արեւմտեան մարքսականութեան եւ ֆրանսական կնոջական շարժման մէջ իր կատարած հետազօտական եւ տեսաբանական աշխատանքներով, որոնք աշխարհի մէջ արթնցուցին պայքարի ոգին եւ իրենց տեղը ունեցան նաեւ մեր հայկական ընկերութեան մէջ:

Սիմոն տը Պովուարի տեսաբանական աշխատանքները (մանաւանդ` «Երկրորդ սեռը» գիրքը), որոնք 1960-ականներուն ծնունդ տուին կնոջական շարժման երկրորդ ալիքին, որ կը տարբերէր առաջին ալիքէն (որ ծնունդ առաւ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ տեւեց մինչեւ 20-րդ դարու միջին տարիները եւ կեդրոնացած էր կնոջ քուէարկութեան իրաւունքի ապահովման վրայ) իր ընկերային եւ տնտեսական ուղղուածութեամբ, ինչպէս` հաւասար աշխատավարձի, վիժումի ապահովման եւ բռնութեան դէմ պայքարի սկզբունքներու ներառումով (բռնաբարութեան դէմ եւ ամուսնալուծման իրաւունքի ապահովում):

Տը Պովուարի «Երկրորդ սեռը» աշխատութեան մէջ կը յայտնուին իր ընկերվարական հեռանկարները: Ան այդ աշխատութեան մէջ կը նշէ. «Երբ ընկերվարութիւնը կ՛իրականացուի միջազգայնօրէն, այդ ժամանակ կիներ եւ տղամարդիկ պիտի չըլլան, այլ` իրարու հաւասար աշխատաւորներ: Ընկերվարութիւնը ատոր համար եղաւ այն գաղափարախօսութիւնը, որ պիտի ստեղծէ նիւթական պայմաններ կիներուն համար»: Տը Պովուար նաեւ իր կարծիքը կը յայտնէ դասակարգային պայքարի եւ ընկերվարական յեղափոխութիւնը մղելու հարցին շուրջ` ըսելով. «Ժամանակին կը կարծէի, որ դասակարգային պայքարը պէտք է տեղի ունենայ սեռային պայքարէն առաջ: Այսօր յարմար կը տեսնեմ, որ երկուքը միասնաբար մղուին»:

Տը Պովուարի արեւմտեան մարքսականութիւնը յայտնի է Խորհրդային Միութեան նկատմամբ իր կարծիքներով: Ըստ Տը Պովուարին, խորհրդային համայնավարութիւնը աւելի չբարելաւեց կիներու կեանքը, քան` դրամատիրական պետութիւնները: Խորհրդային Միութիւնը միայն պետական պաշտօններ յանձնեց եւ գործեր ապահովեց կիներուն, իսկ միւս կողմէ` բազմաթիւ կիներ իբրեւ տանտիկիններ մնացին տուներու մէջ: Ըստ իրեն,  աշխատանքը առաջին պայմանն է կիներու անկախութեան: Տը Պովուար կը հաւատար, որ կինը իրապէս պիտի ազատագրուի, երբ վերջնականապէս տապալի հայրիշխանական համակարգը: Ան կը տեսնէր, որ կիները համագործակցաբար պէտք է մղեն իրենց պայքարը` քաղաքական ձախակողմեան շարժման եւ աշխատաւորական շարժման կողքին: Խորհրդային Միութեան կողքին, ան նաեւ քննադատութեան ենթարկեց Չեխոսլովաքիոյ իշխանութիւններն ու Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան ուղղափառ մարքսականութիւնը, որոնք կնոջական հարցը երկրորդական կը նկատէին, իսկ առաջնահերթութիւնը տուած էին դասակարգային պայքարին: Ըստ տը Պովուարին, դասակարգային պայքարի ծիրին մէջ պէտք է մտնէ հասարակութեան մէջ բոլոր զրկուածներուն պայքարը:

Ազատութեան գաղափարն ալ նոյնպէս թանկագին էր տը Պովուարին համար: Ան դէմ էր ամէն տեսակի ճնշման` դասակարգային, ժողովրդային կամ անհատական մակարդակներու վրայ, եւ ըստ իրեն,  բոլոր տեսակի ճնշումները կը ստեղծեն ռազմապաշտ պետութիւն: Հասկնալու եւ ըմբռնելու համար տը Պովուարի ազատութեան գաղափարի խորունկ իմաստը, կ՛արժէ յիշել անոր հետեւեալ խօսքը. «Կը մաղթեմ, որ ամէն մարդու կեանքը ըլլայ անկեղծ ազատութեամբ լի», եւ ահա այս վերջին խօսքն է մաղթանքը ամբողջ մարդկութեան, որ մինչեւ օրս կը մնայ այժմէական ու այդպէս ալ պիտի մնայ յաւիտենապէս:

Սիմոն տը Պովուարի համաձայն, բոլոր զրկուած տարրերուն պայքարը աւելի գործնական է եւ աւելի բանական, քան` խումբ-խումբ կամ դասակարգ առ դասակարգ պայքարը, քանի որ իր մէջ պիտի ընդգրկէ հասարակութեան բոլոր զրկուած տարրերը եւ մէկ փոթորիկով պիտի տապալէ անարդարութեան հիմքը աշխարհի վրայ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>