Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Նշմար. Արտօնելի Չէ

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արիւնոտ դրօշ մեր ազատութեան
Ծածանեց ընդդէմ բռնակալութեան,
Յոյսով լեցուեցաւ սիրտը հայութեան,
Երկիւղը պատեց կայսեր Օսմանեան:

Արի՛ք, հայկազո՛ւնք, գոչենք միաձայն,
Սրտագին գոչենք – կեցցէ Հայաստան,
Կեցցէ Հայաստան եւ ազատութիւն,
Հայրենեաց պաշտպան քաջ ֆիտայութիւն:

Չըմնանք, հայե՛ր, օտար լուծի տակ,
Հերիք է հայուն այսքան համբերել,
Թող չծաղրէ մեզ անգութ թշնամին,
Մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին,
Սիրենք միութիւն, չանենք վատութիւն,
Միշտ բարձր պահենք Հայաստան անուն:

Սիրելի՛ ընթերցող. գիտեմ, որ զարմացած  ու զայրացած ես, որովհետեւ այս յեղափոխական երգը տասնամեակներով երգուած է, բայց բառերը այսպէս չէին: Ամէն մարդ գիտէ, որ արիւնոտ դրօշը վեհ Դաշնակցութեանն է, հայրենեաց պաշտպանը վեհ Դաշնակցութիւնն է, եւ միշտ բարձր պահենքը ՀՅԴ անունն է:

Հիմա գանք մեր բուն խնդիրին:

Նոր տարին դիմաւորելէ ետք մեր քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ` դարձեալ համերգ է, յունուար 1-ի երեկոյեան` Օփերայի հրապարակին  վրայ: Տօնական եւ ջերմ մթնոլորտը տիրական է ամէն տեղ: Խօսնակը կը շնորհաւորէ հայ ժողովուրդի Նոր տարին եւ կը յայտնէ, որ 2018-ը յիշատակելի տարի պիտի ըլլայ հայութեան համար, որովհետեւ ազգովին պիտի յիշատակենք  Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան 100-ամեակը եւ մեծ շուքով պիտի տօնենք մեր մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2800-րդ տարեդարձը: Տեղին եւ խօսուն:

Ներկաներուն թիւը աստիճանաբար աճ կ՛արձանագրէ, եւ խանդավառութեան ալիքը կը տարածուի` հասնելով շա՜տ հեռուները:

Տուն վերադարձին, Հ1 պատկերասփիւռի կայանէն հաճելի էր հետեւիլ մեր սրտին մօտիկ Յարութ Փամպուքճեանի փառաւոր երգահանդէսին, որ կայացած էր Երեւանի մէջ:

Փամպուքճեանը  երգահանդէսի աւարտին կը կատարէ նաեւ «Արիւնոտ դրօշ»-ը: Հոս է, որ յանկարծ պաղ ջուր կը թափի մեր տրամադրութեան վրայ: «Արիւնոտ դրօշ»-ին բառերը «յարմարցուած» են. կը հետեւինք ուշադրութեամբ, բարեբախտաբար կրկներգի բաժիններ կան, ուր կրնանք անգամ մը եւս լսել եւ հաստատել, որ ճիշդ լսած ենք: Կայ աւելին. համացանցի միջոցով դարձեալ կը հետեւինք կատարումին, եւ կը հաստատուի այն, ինչ որ վերը յիշուած է:

Համացանցի միջոցով կը ստուգենք երգիչին նոյն երգին կատարումները սփիւռքի մէջ: Սփիւռքի մէջ հարազատ են երգին բառերը, մինչ հայրենիքի մէջ փոխուած են…

Ո՞վ է այս փոփոխութիւն կատարողը (կամ թելադրողը) եւ ի՞նչ  իրաւունքով:

Արտօնելի եւ վայել չէ ոեւէ երգիչի այսպիսի փոփոխութիւններ կատարելը:

1 յունուար 2018
Քաղաք Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>