Image may be NSFW.
Clik here to view.
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
10 յունուար 2013-ին Փարիզի` Քուրտիստանի տեղեկատուական գրասենեակին մէջ սպաննուեցան` ՔԱԿ-ի (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) հիմնադիրներէն Սաքինէ Ճանսըզը, Ֆրանսայի մէջ ՔԱԿ-ի ներկայացուցիչ Ֆիտան Տողանը եւ երիտասարդ գործիչ Լէյլա Սէօյլեմեզը:
Ըստ յօդուածագիր Օրհան Քեմալ Ճենկիզի («Ալ Մոնիթըր», 20/1/2014), ոճիրը գործողներուն նպատակն էր հարուածել խաղաղութեան եւ բանակցութիւններու գործընթացը, որ կ՛ընթանար թրքական կառավարութեան եւ ՔԱԿ-ի միջեւ: Ճենկիզ կը գրէ, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը ի յայտ բերած է, որ ոճրագործը` Էօմեր Կիւնէյ կը պատկանի ՔԱԿ-ին, եւ ան Սաքինէ Ճանսըզի վարորդն էր, հաւանաբար այսպէս դիւրին էր սպաննել ՔԱԿ-ի անդամները: Ոճիրէն 2 օր ետք համացանցի վրայ կը զետեղուի Կիւնէյի ձայնը: Ձայնագրութեան մէջ կը բացայայտուի, ըստ աղբիւրին, որ Կիւնէյ ՄԻԹ-ի անդամի մը հետ երկխօսութիւն կ՛ունենայ, վերջինս անոր կը խոստանայ վճարել 6000 եւրօ, եթէ հասնի իր նպատակին, եւ կը յորդորէ ոճրագործութեան պահուն ձեռնոց գործածել եւ ինչ տեսակի զէնք գործածել: ՄԻԹ-ի անդամը կ՛ըսէ Կիւնէյին. «Աստուած մեզի օգնէ, չենք հանդուրժեր որեւէ պզտիկ սխալ, մեզի համար քու ապահովութիւնդ կարեւոր է»:
Անշուշտ այս բոլորին ճիշդ ըլլալը հարցական է, որովհետեւ նոյն ժամանակ ՄԻԹ-ի ներկայացուցիչ Հաքան Ֆիտան բանակցութիւններու մէջ էր ՔԱԿ-ի բանտարկեալ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանին հետ, եւ այս ոճիրը հարուած մըն էր բանակցութիւններու գործընթացին: Արդեօք ՔԱԿ-ի մէջ պատահած ներքին պայքարի հետեւա՞նք էր պատահածը: Մինչ ՄԻԹ հերքեց, թէ որեւէ կապ ունի այս արարքին հետ, սակայն անոր շուքը տակաւին այս ոճիրի ետին կը կանգնի:
Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» ( 12/2/2014) թերթը անդրադառնալով այս հարցին` կը գրէ, որ Կիւնէյ 2003-2011 ապրած է հարաւային Գերմանիոյ Պաւարիա նահանգը: 2011-ին Կիւնէյ իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ անդամակցելու ՔԱԿ-ին եւ կը պաշտօնավարէ իբրեւ թարգմանիչ եւ վարորդ, սակայն, ըստ գերմանական աղբիւրներուն, ան որոշ համակրանք ունէր թրքական ազգայնական կողմերու հանդէպ, հետեւաբար կասկածելի էր անոր անդամակցութիւնը ՔԱԿ-ին. այսուհանդերձ, Կիւնէյ յաջողեցաւ Սաքինէ Ճանսըզի վստահութիւնը շահիլ:
Շէնքին տեսախցիկը ցոյց կու տայ, որ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին Կիւնէյ կը հասնի Ճանսըզին հետ, ժամը 12:56-ին ան գրասենեակէն դուրս կ՛ելլէ. երբ ոստիկանութիւնը կը հասնի, կը տեսնէ երեք կիներու դիակները, որոնք գնդակահարուած էին իրենց գլուխէն եւ ստամոքսէն` անձայն ատրճանակով: Սակայն, ըստ ֆրանսական ոստիկանութեան, Կիւնէյ նկարած է մօտ 300 ՔԱԿ-ի կուսակցական անդամատոմս եւ ապա` այրած զանոնք: Ձերբակալութեան պահուն ան ըսաւ, որ ՔԱԿ-ի հրամանով ինք այրած է բոլոր փաստաթուղթերը եւ նկարները ղրկած` իր ղեկավարութեան:
Սակայն 17 դեկտեմբեր 2016-ին անակնկալօրէն Կիւնէյ մահացաւ: Անոր դատավարութիւնը պիտի սկսէր 23 յունուար 2017-ին, բայց այսպիսով դատը փակուեցաւ: Փարիզի դատարանը յայտարարեց, որ ոճիրը հետեւանք էր ՔԱԿ-ի ներքին պայքարին: Թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը (18/12/2016) հաղորդեց, որ Կիւնէյ մահացաւ ուղեղային հիւանդութենէ մը: Օրաթերթը հերքեց, որ ան որեւէ կապ ունի ՄԻԹ-ին հետ, եւ ամբաստանեց գերմանական գաղտնի սպասարկութիւնը` այս հարցի ետին կանգնելու յանցանքով: Սակայն Մուրատ Շահին` ՄԻԹ-ի նախկին ներկայացուցիչը, քրտական «ԱՆՖ Նիուզ» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց այն իրողութիւնը, որ Կիւնէյ ՄԻԹ-ի անդամ էր: Մաքսիմ Ազատի «Ենի Էօզկիւր Փոլիթիքա» կայքին մէջ հրատարակուած իր յօդուածին ընդմէջէն ուղղեց հետեւեալ հարցումները. արդեօք Կիւնէյի մահը բնակա՞ն էր, թէ՞ զայն թունաւորեցին, արդեօք դատավարութիւնը մասնաւո՞ր երկարեցաւ մինչեւ Կիւնէյի մահը, եւ վերջապէս, եթէ ոճրագործը սպաննուեցաւ, ապա ո՞ւր են սպանութեան հրամանը տուողները:
Սակայն, ինչպէս միշտ, արեւմտեան երկիրներու համար փոքր ազգերու ճակատագիրը կը մնայ շանթաժի առարկայ, եւ վերջերս, երբ նախագահ Էրտողան այցելեց Ֆրանսա, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ երկու երկիրները պիտի ստորագրեն 3,4 միլիոն տոլարնոց զինուորական համաձայնագիր: Նախագահ Մաքրոն շատ մեղմ ձեւով անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ հակաժողովրդային բռնութիւններուն: Ներկայ իրավիճակով քրտական հարցը շատ կը նմանի հայկական հարցին, «մարդասէր» Եւրոպան դարձեալ իր շահերը կը հետապնդէ, եւ երբեք չկարծենք, որ օրին մէկը հայկական կամ քրտական հարցը պիտի լուծուի եւրոպական երկիրներու ձեռամբ: Էօմեր Կիւնէյի հարցը փակուեցաւ, սակայն հարցումները տակաւին կը մնան անպատասխան, եւ զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ ՄԻԹ-ը նոր ոճիրներ գործէ: Մինչ նախագահ Մաքրոն կ՛ըսէ, որ կարգ մը երկիրներ պէտք է վերահաստատեն իրենց «rule of law»-ն (օրէնքի գերիշխանութիւնը), ան կը մոռնայ ոճիր մը, որ պատահեցաւ ֆրանսական հողերուն վրայ` օտար գաղտնի սպասարկութեան մը կողմէ: