Հազարաւոր քիլոմեթրեր եւ տասնեակ երկիրներ բաժնող Պրազիլի ու Արցախի միջեւ համագործակցութեան, Արցախի ու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Սան Փաւլօ ապրող 25-30,000 հայերու հիմնախնդիրներու եւ Պրազիլի ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի աշխատանքներուն մասին «Ապառաժ»-ը զրուցած է Պրազիլի Սան Փաւլօ քաղաքի ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի նախագահ, իրաւաբան Գէորգ Զատիկեանին հետ:
Պրազիլի ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը
ՀՅԴ Հայ դատը Պրազիլի` Սան Փաւլոյի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ սկսած 1985 թուականէն: Պրազիլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ հայանպաստ քաղաքականութիւն յառաջացնելու Հայ դատի հիմնական նպատակներէն բացի` գրասենեակը այս տարիներու ընթացքին գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ այլ ուղղութիւններով` հայապահպանութեան, երիտասարդական խումբերու կազմաւորման, Համազգային մշակութային միութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան մասնաճիւղերու հիմնադրման:
Համագործակցութիւնն ու խոչընդոտները
Պրազիլի քաղաքական գործիչներէն շատեր մեզ շատ լաւ կ՛ընդունին` քաղաքապետարանէն ծերակոյտ եւ նախագահ: Սան Փաւլոյի հայ գաղութը յայտնի է որպէս աշխատասէր եւ պատուով ժողովուրդ, որովհետեւ մենք միշտ օգնած եւ գործունէութիւն ծաւալած ենք ոչ միայն ի նպաստ մեզի, այլ նաեւ` Սան Փաւլոյի:
Հայերը Պրազիլի մէջ ունին միայն մէկ խնդիր` ֆինանսի սակաւութիւն: Ի տարբերութիւն հայերու` Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան ահռելի գումարներ կը ծախսեն եւ կը դժուարացնեն մեր աշխատանքները: Թրքական լոպին թափ ստացաւ յատկապէս վերջին տարիներուն, երբ մեր գրասենեակը աւելի մեծ թափով սկսաւ աշխատանք տանիլ Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ:
Հայ համայնքի հիմնախնդիրները
Կառոյցներու առումով հայերը խնդիր չունին Պրազիլի մէջ: Այսօր Սան Փաւլոյի մէջ կը գործեն Սուրբ Գէորգ առաքելական, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներ, «Արարատ» անունով կոչուած է հրապարակը, մեթրոյի կայարանը եւ կամուրջը: «Արմենիա» հրապարակին վրայ կանգնեցուած է Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողը: 1964 թուականէն Սան Փաւլոյի համալսարանին մէջ կը գործէ հայագիտական ամպիոն, իսկ քաղաքի ռատիոկայանը կը հեռարձակէ նաեւ հայերէն հաղորդումներ, հայկական երգ ու երաժշտութիւն: Շուտով Պրազիլի մէջ կը բացուի նաեւ Հայաստանի դեսպանատուն:
Մեր հիմնախնդիրը հայապահպանութիւնն է: Շատ աւելի հեշտ է հայ մնալ երկրի մը մէջ, ուր քու դէմդ հակադրութիւն կայ, բայց երբ որ երկիրը քեզ շատ լաւ կ՛ընդունի եւ քու առջեւդ կը բանայ բոլոր դռները, ժամանակի ընթացքին կը ձուլուիս: Կը մոռցուի նաեւ հայոց լեզուն: Եթէ սկիզբը փորթուգալերէն քանի մը բառ կ՛օգտագործես, ապա որոշ ժամանակ անց հայերէն ընդհանրապէս չես գործածեր:
Պրազիլը չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը
Թէեւ համացանցով տարածուած է այն տեղեկութիւնը, որ Պրազիլը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն պէտք է հասկնանք, որ օրէնքը ընդունուած է միայն ծերակոյտին մէջ եւ չէ հաստատուած Ազգային ժողովին եւ նախագահին կողմէ:
Այն իրականութիւնը, որ Պրազիլը չէ ընդունած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնքը, կը փաստէ Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար, Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնքը առաջադրած Ալուիզու Նոնեսի այցը Հայաստան, մասնաւորապէս` Ծիծեռնակաբերդ, ուր Ա. Նոնեսը նշած է, որ ցաւալի «դէպք» է տեղի ունեցածը: Ան չէ ըսած, որ «ցեղասպանութիւն» տեղի ունեցած է: Եթէ այդ օրէնքը ընդունուէր, ապա արտաքին գործոց նախարարը կը նշէր «ցեղասպանութիւն» բառը:
Մենք եւ Պրազիլի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Գալոյեանը կը շարունակենք աշխատանքներ ծաւալել այդ ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում
Մենք կը գիտակցինք Արցախի անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան եւ կարեւորութեան: Շարունակական աշխատանք կը ծաւալենք Պրազիլի պաշտօնեաներուն հետ եւ զանոնք պարբերաբար կը բերենք Արցախ ու կը ծանօթացնենք Արցախի հիմնախնդիրին, պատմութեան, մշակոյթին եւ առանձնայատկութիւններուն:
Պրազիլի եւ Արցախի միջեւ կարելի է համագործակցութեան եզրեր հաստատել` կրթական, առողջապահական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ: Ինչպէս Արցախը, այնպէս ալ Պրազիլը յայտնի են գինի արտադրութեամբ եւ, կը կարծեմ, որ պէտք է մտածել այդ ուղղութեամբ:
Այո՛, դժուարութիւններ կան, բայց աշխարհի միւս կողմը մենք կ՛արժեւորենք մարդու իրաւունքները եւ կը հասկնանք, որ ինչպէս բոլոր ժողովուրդները, այնպէս ալ հայերը իրաւունք ունին ապրելու եւ արարելու իրենց պատմական հողին վրայ:
Գէորգ Զատիկեանին հետ զրուցած է Լուսինէ Թեւոսեանը