Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Նշմար. Ս. Ծնունդի Տօնին Առիթով «Էմ. Թի. Վի.» Կայանէն Սփռուած Զոյգ Յայտագիրները Գնահատանքի Արժանի Երեւոյթներ Են

$
0
0

Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով լիբանանեան պատկերասփիւռի «Էմ. Թի. Վի.» կայանը ներկայացուց յատուկ երկու յայտագիրներ: Առաջինը` շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին` «Միասնաբար տօնենք Ս. Ծնունդը» (սաուա մընայէտ), ուր հաղորդավար Ռանիա Աշքար հիւրընկալեց լիբանանահայ քաղաքական անձնաւորութիւն մը, արուեստագէտներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն միաբան մը: Յայտագրի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայկական Ս. Ծնունդը  6 յունուարին նշելու իրողութեան, Ս. Ծննդեան աւանդական սեղանի պատրաստութեան եւ շրջուն աւետաբեր խումբերուն, ինչպէս նաեւ` Ժիպէյլի «Արամ Պեզիքեան» որբերու թանգարանի մասին:

Իսկ երկրորդ յայտագիրը` «Երաժշտութիւն» (միուզիքըլ) պատկերասփռուեցաւ կիրակի, 7 յունուար 2018-ին, դարձեալ նոյն կայանէն: Այս անգամ Ռանիա Աշքար հիւրընկալեց հայասէր արուեստագէտ, դաշնակահար Ղասսան Եամմինը,  որ տէր եւ տնօրէնն է «Էքոլ տէ զ՛ար» երաժշտական քոլեճին: Յայտագիրի ընթացքին Ղասսան Եամմին իր հիացմունքը արտայայտեց հայ մշակոյթին հանդէպ` նշելով, որ իր մասնագիտութիւնը Փարիզի մէջ կատարելագործելէ առաջ Պէյրութի մէջ ունեցած է հայ ուսուցիչներ, որոնք հայ մշակոյթի պատմութեան մասին բազմաթիւ տեղեկութիւններ տուած են իրեն: Հարցազրոյցին զուգընթաց, հայ երաժշտութեան գոհարներ հնչեցին` նուագակցութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի` տուտուկ եւ շուի, Անթոնի Հուսնիի` սազ, Գառնիկ Փանոսեանի` տուտուկ, Ռոտոլֆ Մանուկեանի` հարուածային գործիքներ: Երաժշտական կարգ մը կտորներուն մեներգով ընկերակցեցաւ աշուղական երգերու մեկնաբան Նժդեհ Պոտրումեանը:

Յայտագրին ընթացքին լսուեցան տարբեր երաժշտական կտորներ, ինչպէս` «Մուսա տաղի ազգագրական երգ», Սայաթ Նովայէն «Յիս քու ղիմէթըն», «Արցախի պար», «Խորոտիկ եար», «Ծաղկած բալենի», «Քոչարի», «Ծաղկիր ինձ համար», «Գարուն, գարուն, գարուն է»: Այստեղ լուսարձակի տակ պէտք է առնել, որ իւրաքանչիւր երգի ներկայացումէն առաջ արուեստագէտ Ղասսան Եամմին մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ տուեալ երգի հեղինակին, բառերուն, երգին մէջ տեղ գտած յուզումներուն եւ ուրախութեան, ինչպէս նաեւ հայկական երաժշտութեան իւրայատկութեան մասին, ինչ որ զգալիօրէն զարմացուց հաղորդավարը: Ղասսան Եամմին երախտագիտութիւն յայտնեց «Էքոլ տէ զ՛ար» երաժշտական քոլեճի տուտուկի ուսուցիչ Գէորգ Քէշիշեանին, որ մեծ ներդրում ունեցաւ այս յայտագրի պատրաստութեան եւ ներկայացման մէջ: Ան իր հարցազրոյցը եզրափակեց` յայտնելով, որ հայկական երաժշտութիւնը իր հարուստ ժառանգութեամբ միշտ այժմէական է եւ նորարարական երաժշտութեան մէջ իր անուրանալի դերը ունի:

Երկու յայտագիրները, որոնք ներկայացուեցան «Էմ. Թի. Վի.» կայանի կողմէն, հայութեան հանդէպ յարգանքի արտայայտութեան դրսեւորումն են: «Միասնաբար տօնենք Ս. Ծնունդը» եւ «Երաժշտութիւն»  յայտագիրները հպարտութիւն առթող եւ հայկական երաժշտութիւնը պանծացնող երեւոյթներ են:

Վարձքը կատար բոլորին:

Կ. Ա.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles