Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Լոյս Տեսաւ. Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 7 –Համաստեղութիւն» Հատորը

$
0
0

Լոյս տեսաւ, դարձեալ առցանց, Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 7 – համաստեղութիւն»  հատորը, որ երրորդն է, որ ոչ տպագիր կը հրատարակուի:

Ան կը համախմբէ հեղինակին գրած  ուղեգրութիւնները` սփիւռքի կարգ մը գաղութներ կատարած իր ճամբորդութիւններուն առիթով: Գիրքի ներածականին մէջ Վրէժ-Արմէն կը նշէ. «Տեղեկագրութիւն չէ ըրածս, այլ` արձանագրութիւնը տպաւորութիւններու եւ անոնց առթած մտորումներուն: Օրագրային բնոյթ չունին անոնք, սակայն կա՛յ պատմողական գիծ մը, որ կրնայ հեշտացնել ընթերցումը»:

Ուղեգրութիւնները կը վերաբերին Թորոնթօ, Վանքուվըր, Աթլանթա, Մասաչուսեց,  Ֆլորիտա, Ֆրեզնօ, Աւստրալիա, Սուրիա ու մանաւանդ Լիբանան այցելութիւններու, իսկ Լիբանանը` «կարեւոր տեղ կը գրաւէ այս հատորիս մէջ, քանի որ իրերու բերմամբ բազմիցս այցելեր եմ Մայրիներու երկիրը», կը գրէ հեղինակը, ապա կ՛աւելցնէ. «Միւս կողմէ` կը բացակային բազմաթիւ գաղթօճախներ, ուր գացեր եմ ու վայելեր նաեւ անո՛նց ասպնջականութիւնը, սակայն յետոյ «Ոստայն»-ներու չեն վերածուած այդ այցելութիւնները, չեմ գիտեր` ինչո՛ւ: Աւելցնեմ սակայն, որ գրեթէ իւրաքանչիւր ճամբորդութեանս արձանագրութիւնը պահուած է անկապ օրագրի կամ նամակի ձեւով, եւ օր մը թերեւս ի վերջոյ անոնք եւս կը գրուին, կը պատմուին… Օ՛ր մը»:

Գրութիւններուն կ՛ընկերանան բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք չեն ընդգրկուած էջերը զարդարելու, այլ` «շրջապատ մը կամ մթնոլորտ մը ցոյց տալու համար, բառերով չըսուածը պատկերով արտայայտելու նպատակով»:

Վրէժ-Արմէնի ուղեւորական այս պատումները ցարդ ամփոփուած են «Ոստայն 3 – հաղորդութիւն» եւ «Ոստայն 6 – ժամադրավայր» հատորներուն (երկուքն ալ յատկացուած` Հայաստան կատարուած ճամբորդութիւններուն) եւ ներկայ հատորին մէջ: Այս վերջինին զուգահեռաբար պատրաստուած է ու շուտով լոյս կը տեսնէ  «Ոստայն 8 – ճանապարհներ»-ը, որ նոյնպէս կը բաղկանայ «ուղեգրութիւններէ,  արձակուրդային բնոյթի, որոնց մէջ, սակայն, գրեթէ միշտ առկայ են հայութեան հետ առնչումներ կամ մարդկային ապրումներ` ոչ միայն հայութեան առնչուած»:

Հեղինակին չորս վերջին հատորները մատչելի են ընթերցողին Հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ (https://hayerenblog.wordpress.com/ գիրքեր): Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակին ոչ անձնական բնոյթի նամակները, որ հետզհետէ կ՛ամբողջանայ:

6 յունուար 2018


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles