ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու չորեքշաբթի, 10 յունուարին յայտնեց. «Իրանն ու Ռուսիան պէտք է սանձեն սուրիական վարչակարգը: Անոնք պէտք է գիտակցին Սուրիոյ մէջ իրենց պարտաւորութիւններուն»: Մէկ օր առաջ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի դեսպանները կանչուած էին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, եւ անոնց փոխանցուած էր Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ սուրիական բանակի գործողութիւններուն նկատմամբ Անգարայի հետզհետէ աճող մտահոգութիւնը:
Թուրքիա, Իրան եւ Ռուսիա Ասթանայի ժողովի ընթացքին Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտի ստեղծելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին եւ ստանձնած անոր պահպանման երաշխաւորի դերը: Սակայն Իտլիպի մէջ թրքական բանակի գործողութիւնները դժգոհութիւն յառաջացուցած էին Մոսկուայի եւ Թեհրանի մօտ, որոնք Անգարան մեղադրած էին համաձայնութիւնը խախտելու մէջ: Պարզ է, որ սուրիական բանակը պիտի չյանդգնէր Իտլիպի մէջ գործողութիւններու ձեռնարկել` առանց ռուսական եւ իրանեան կանաչ լոյսին: Այդ գործողութիւնները ռուսական պատժական տնօրինում մըն են: Երկուշաբթի, 8 դեկտեմբերին Իտլիպի Տարաթ Իզզա շրջանին մէջ անծանօթ զինեալներու կողմէ «Առ.Փի.Ճի.»-ով թրքական բանակի շարասիւնին դէմ կատարուած յարձակումը, թրքական զինուորական մեքենայի մը քանդումն ու անոր յաջորդած բախումը կու գային ընդգծելու լրջութիւնը թրքական կողմին յղուած «պարտաւորութիւններդ կատարէ՛, այլապէս զայն ուրիշը պիտի կատարէ» պատգամին:
Բնականաբար ատիկա նեղ կացութեան կը մատնէ եւ լրջօրէն կը մտահոգէ Անգարան, որովհետեւ Իտլիպի մէջ դերակատարութեան կորուստը կը նշանակէ սուրիական տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան լուսանցքայնացումը` անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով:
Ուաշինկթըն յայտարարած էր, որ քիւրտերուն հետ իր դաշինքը կ՛աւարտի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին աւարտով: Ռուսիա` շահագործելով քիւրտերը մտահոգող ամերիկեան կեցուածքը` քիւրտերը սիրաշահելով Միացեալ Նահանգները Սուրիայէն դուրս մղելու մտադրութեամբ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները հրաւիրած է այս ամսուան ընթացքին Սոչիի մէջ նախատեսուած միջսուրիական խորհրդաժողովին, սակայն Թուրքիան քրտական կողմի մասնակցութեան դէմ վեթօ հաստատած է` սպառնալով չմասնակցիլ եւ արգելակել սուրիական ընդդիմադիր շարք մը խմբաւորումներու մասնակցութիւնը նշեալ խորհրդաժողովին:
Ստեղծուած կացութեան մէջ Մոսկուա կրնայ Անգարային առաջարկել Իտլիպի մէջ Դամասկոսի զինուորական գործողութիւնները «սանձել», եթէ Անգարան վերցնէ Սոչիի խորհրդաժողովին քրտական մասնակցութեան դէմ իր վեթոն: Միւս կողմէ, սուրիական բանակի գործողութիւններու շարունակման իբրեւ հետեւանք, Իտլիպի մէջ թրքական դերակատարութեան վերացումը կրնայ փրկել քրտաբնակ Աֆրինը: Իսկ ո՞րն է աւելի լաւ քիւրտերուն համար… Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքովի երէկ կատարած` «երաշխաւոր երկիրները պէտք է (Սոչիի խորհրդաժողովի) մասնակիցներու ցանկին շուրջ համաձայնութիւնը վերջնականացնեն» յայտարարութիւնը կու գայ յուշելու, որ Մոսկուայի նախընտրութիւնը առաջին լուծումն է:
Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ Ասթանայի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը պիտի ենթարկուի անմիջական վիրահատութեան մը, որուն համար անխուսափելի գին մը պիտի վճարեն նաեւ քիւրտերը: