Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը Թրքութեան Գաղափարախօս, Ցեղապաշտութեան Եւ Ազգայնամոլութեան Մարմնացում

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Նիհալ Աթսըզի առաջին պատմական վէպը 1946 թուականին «Գորշ գայլերու մահը» («Bozkurtlarin Ölümü») վերնագրով լոյս տեսած է: Այս աշխատանքը գրած է իր դատավարութենէն ետք, երեք տարի գործազրկութեան ժամանակաշրջանին: Շատ յայտնի աշխատանք է, թուրք գրականութեան մէջ ամենատարածուած պատմական վէպերէն մէկն է:

Աթսըզը այս վէպին մէջ պատմական իրադարձութիւններով կը նկարագրէ կէօքթուրքերուն ժամանակաշրջանին թրքական կեանքը, ապրելակերպը, կենցաղը եւ սովորութիւնները: Վէպին հիմք ծառայած են,  այսպէս կոչուած, Չինաստանի ոտնձգութիւնները, այդ օրուան թուրքերու կրած ազդեցութիւնները:

Աթսըզին յաջորդ գործը` «Գորշ գայլերը կը վերածնին»-ը («Bozkurtlar Diriliyor») հրատարակուած է 1949 թուականին, դարձեալ անգործութեան տարիներուն: Նշեալ գործը «Գորշ գայլերու մահը» աշխատանքին շարունակութիւնը կը համարուի: Աթսըզը այս վէպին մէջ օգտագործած է հին թրքական պատմութեան մէջ առաջին ապստամբութեան նիւթը եւ անոր հերոս Քիւրշատը: Հեղինակը հոն յառաջ մղած է թուրքերուն հայրենիքը` Էօթիւքենի (թրքական, մոնկոլական եւ Կեդրոնական Ասիոյ պատմութեան մէջ սուրբ մայրաքաղաք) եւ պոզքուրթներու վերածնունդի հասկացողութիւնները:

Անոր երրորդ աշխատութիւնը «Տելի քուրթ» (Deli Kurt, խենթ գայլը) վէպն է, որ հրատարակուած է 1958 թուականին: Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւն մը նիւթի վերածած է ան:

Աթսըզը 1972 թուականին լոյս ընծայած է վերջին վէպը` «Ռուհ Ատամ» («Ruh Adam» «Հոգիէ մարդը») խորագրով: Այս վէպը թրքական գրականութեան մէջ շատ ընդունուած տեսակ մը չէ: «Հոգիէ մարդը» գիրքի հերոսին` Սելիմ Փուսաթին անհատականութեան մէջ կը տեսնենք Աթսըզը: Առաջին հայեացքէն պատմական վէպ կարծուած այս աշխատանքը ներկայացուած է հմտօրէն ու մեծ ճարպիկութեամբ, ուր հեղինակը «խորհրդանշական» վիպական ոճով զրոյցներ կը կատարէ: Բաւական բարդ հոգեբանական վէպ է: Գիրքը ունի հոգեւոր եւ առեղծուածային մթնոլորտ: «Հոգիէ մարդը», ինքն իրեն դէմ պայքարող մարդու մը արկածներն են:

Աթսըզի լոյս ընծայած գրութիւններուն մէջ ցայտուն կերպով կը շեշտադրուի թրքութիւնն ու «Իւլքիւճիւ»-իութիւնը, որոնք կը ներբողեն համաթրքութեան ծրագիրները, աւելի հեռու երթալով` Թուրանն ու թուրանականութիւնը:

Նիհալ Աթսըզը հեղինակ է նաեւ 44 բանաստեղծութիւններու, որոնք ամփոփուած են «Եոլլարըն սոնու» («Yollarin Sonu», «Ճանապարհներու աւարտը») անունով գիրքին մէջ (1946):

Աթսըզին բանաստեղծութիւնները նախաիսլամական գրականութեան ոճով են եւ անոր ընդհանուր թեմաները` «իտէալիզմ» (թրքերէն` «Իւլքիւճիւ»: Այսինքն` իտէալիստ, գաղափարապաշտ), «պատիւ», «արգիլուած սէր», «պատերազմ» եւ «պատմութիւն» է:

Ստորեւ տրուած ոտանաւորը, որ գրուած է 1931 թուականին, կը ներկայացնէ Աթսըզի որդեգրած քարոզչութիւնը դէպի թրքութեան մոլեռանդութիւնն ու իր իսկ «Մեծ բաղձանքը», որ թրքացեղ ազգերու միացումն է Թուրան անուան տակ, աւելի յստակացնելու համար կը գրէ. «ԱՄԷՆ ՄԷԿ ԹՈՒՐՔ ԱԶԱՏ ԿԸ ԾՆԻ, ԱԶԱՏ Կ՛ԱՊՐԻ, ԱԶԱՏ ԿԸ ՄԵՌՆԻ»:

Թուրքերուն Թիւրքիւն
(«Türklerin Türküsü»)

Բաղձանքի ճամբուն մեռնիլը օրէնք չէ թուրքերուն,
Թուրքը միայն կը խոնարհի իր աւանդութիւններուն
Եօթը բանակ միանալով փայլի մեր դիմաց,
Արիւնով կը մարենք, կը կոտորենք, կը յաղթենք զայն:
Հեղեղումը ստեղծեցինք, արեւմուտքը քնացած ատեն,
Նոյ չծնած խրխնջաց մեր բանակներուն ձին,
Եթէ հարցնես, այսպէս պիտի ըսէ երկինք կոչուած այս երդիքը,
Թուրքի ուժը կայծակ մըն է, թուրք գիտելիքը ծով:
Գետինը ճեղքուի, երկինքը փուլ գայ, հրոյ ճարակ դառնայ չորս կողմ,
Մեծ Բաղձանքին նորէն կը քալենք ոտքով,
Կայծակէն, բուքէն, փոթորիկէն չվհատող,
Մահուամբ զուարճացող խիզախ սրտով թուրքեր ենք…

(Թարգմանութիւնը` Աւօ Գաթրճեանի)

Միւս կողմէ` Աթսըզը յաւերժացուցած է «Քըզըլ էլմա»-ի (KIZIL ELMA, «Կարմիր խնձոր») գաղափարը: Ազգային իտէալ եղած «Քըզըլ էլմա»-ն թուրք միասնականութեան, այսինքն Թուրանի ստեղծումն է, թուրանական դաշինքը կամ կայսրութիւնը: Ասոր առաջին շրջանը «անկախութիւն»-ն է, երկրորդը «միասնականութիւն»-ը, իսկ երրորդը «ներխուժումներու» շրջանն է: Այդ իմաստով ալ թրքական դիցաբանութեան մէջ թուրքերու ու յատկապէս Օղուզ թուրքերու համար առանձնացուած, սակայն աւելի շատ երկիրներու կամ ալ անոնց ազգային երազանքները հրապուրիչ կերպով խորհրդանշող արտայայտութիւն է «Քըզըլ էլմա»-ն:

Այս իսկ պատճառով Աթսըզը իր ստեղծագործութիւններէն մէկը նուիրած է «Քըզըլ էլմա»-ին, որուն մէջ հետեւեալը կը գրէ.

Կարմիր Խնձոր

Կեանք կոչածդ, հարիւր դրամ արժող փամփուշտով կ՛աւարտի,
Հեռու է Աստուծոյ ճանապարհը. կանուխ ել լաւ հագիր:
Մեղք, ամբողջ կեանքի ընթացքիդ այդքան կարօտցած.
Պիտի մահանաս, գեղեցիկ «Կարմիր խնձոր»-իդ չհասած:

(Թարգմանութիւնը` Աւօ Գաթրճեանի)

Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզի գիրքերը

Աջակողմեան սուր Նիհալ Աթսըզը 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն Թուրքիոյ մէջ համայնավարութեան շարժումին եւ իսլամիզմի կողմնակիցներուն կտրականապէս դէմ կանգնած է: Ան ողջ կեանքի ընթացքին ձախակողմեան շրջանակներու կողմէ «ֆաշիստ» յայտարարուած է, սակայն Աթսըզը ինքզինք ֆաշիստ չէ նկատած, այլ միայն ու միայն թուրքիստ-թուրանական համարած է: Թուրք-իսլամական տեսակէտը պաշտպանողներու հետ բնաւ չէ համագործակցած, այլ թրքութեան պաշտպանը եղած է:

Աթսըզը իր քաղաքական կեցուածքներուն եւ տեսակէտին համար առիթով մը հետեւեալը գրած է. «Իմ մասիս զանազան տեսակի խօսքեր ըսող մարդոց եւ իսկական գաղափարս հարցնողներուն կ՛ուզեմ հետեւեալը ըսել, թէ ես ո՛չ ֆաշիստ եմ, ո՛չ դեմոկրատ: Ես ոչ մէկ օտար ծագում ունեցող գաղափարի ինքզինքս չիջեցնող ազգային գիտակցութեամբ եւ հպարտութեամբ թուրք եմ: Քաղաքական, ընկերային դաւանանքս թուրքիզմն է»:

Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզին յօդուածները հետագային ամփոփուած են «Յօդուածներ» վերնագրով չորս հատորներու մէջ:

Աթսըզի «յօդուածներ» գիրքի երրորդ հատորին մէջ ցայտուն կերպով կ՛ընդգծուին անոր ցեղապաշտական կեցուածքները` հայ, յոյն եւ քիւրտ ժողովուրդներուն նկատմամբ: Հոս լուսարձակի տակ կ՛առնենք անոր գրութիւնները, թէ ի՛նչ գրած է քրտական հարցէն մեկնելով. «Եթէ քիւրտերը իրենց խելքը գլուխը չհաւաքեն, եթէ շարունակեն խաղալիք դառնալ օտար ուժերու, եւ եթէ շարունակեն վազել քրտական պետութիւն մը հիմնելու երազին ետեւէն, այն ատեն անոնց ճակատագիրը պիտի ըլլայ արմատէն բնաջնջուիլ երկրագունդի վրայէն: Թուրք ցեղը 1915-ին հայերը, 1922-ին ալ յոյները այս երկրէն ոչնչացնելով` ցոյց տուած է, թէ ինչե՜ր կրնայ ընել բոլոր անոնց, որոնք աչք կը տնկեն գետի նման արիւն հոսեցնելու գնով շահուած այս հողերուն»:

Աթսըզի նոյն գիրքէն կը մէջբերենք ուրիշ շատ ծանր հատուած մը. «Այո՛, եթէ քիւրտը կը յամառի հոս մնալ, եթէ տակաւին կը պնդէ, որ պէտք է խօսի չորս-հինգ հազար բառերէ կազմուած իր տարօրինակ լեզուն, կամ եթէ կ՛ուզէ քրտական պետութիւն մը հիմնել այս հողերուն վրայ, այն ատեն թող երթայ հոսկէ: Մենք այս հողերուն տիրացանք գետի նման արիւն հոսեցնելով, արմատախիլ ընելով վրացիները, հայերը, յոյները, դարձեալ գետի նման արիւն հոսեցնելով` այս հողերը պաշտպանեցինք խաչակիրներու արշաւանքներուն դիմաց: Քիւրտերը մինչեւ 1839 զինուորական ծառայութիւն իսկ չըրին: Բայց նոյնիսկ եթէ հարիւրէն հարիւր մեծամասնութիւն դառնան, Թուրքիոյ որեւէ հողամասին վրայ պետութիւն մը հիմնելու իրենց երազը երազ մը ըլլալէ անդին պիտի չերթայ, ինչպէս` յոյներուն Բիւզանդիոնի երազը կամ հայերուն մեծ Հայաստան մը հիմնելու երազը: Այս պատճառով լաւ կ՛ըլլայ, որ անոնք հոսկէ երթան, հեռանան` նախքան Թուրքիոյ գլուխը դարձեալ փորձանքի մատնելը: Ո՛ւր կ՛երթան: Իրենց սիրտը ուր որ կ՛ուզէ, հոն երթան: Իրան երթան, Փաքիստան, Հնդկաստան, Պարզանիին երթան: ՄԱԿ-ին դիմելով` Ափրիկէի մէջ հողամաս մը ուզեն: Եթէ կ՛ուզեն սորվիլ, իրենց հայ բարեկամներուն թող հարցնեն, որպէսզի իմանան, թէ թուրքը ինչպէս համբերատար է, բայց եթէ բարկանայ, Գաղանի առիւծ կը դառնայ»:

Ցեղապաշտութեան -թուրանականութեան դատավարութիւնը

Ցեղապաշտական արտայայտութիւններու շարքը կ՛երկարի, քանի որ այսպիսի գրութիւններ ու մտածումներ գիրքին մէջ բազմաթիւ են: Երբ կը կարդանք Աթսըզին գիրքը, հոն շեշտուած ձեւով կը տեսնենք, որ Աթսըզը բնաւ ալ չի մտածեր պատահարները քողարկելու կամ ծածկելու մասին` գործածելով «բնաջնջել», «արմատախիլ ընել»-ու նման բառեր, կամայ թէ ակամայ կը մտնէ «ցեղասպանութեան» ըմբռնումի բնագաւառէն ներս: Նիհալ Աթսըզի աչքին այսպիսի արարքներ թուրք ցեղին մեծութեան ու զօրութեան փաստերն են:

Աթսըզը թուրք գրականութեան պատմութեան մէջ մասնագիտացած է եւ հրատարակած է շարք մը գիտական ակնարկներ` օսմանեան գրականութեան եւ պատմութեան մասին: Անոր հարցերը ամփոփուած եւ հրատարակուած են 1975 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Թիւրք թարիհինտէ մեսելելեր» («Թուրք պատմութեան մէջ հարցեր», «Türk Tarihinde Meseleler») խորագրով գիրքին մէջ:

Նիհալ Աթսըզը, առանց բառերը ծամծմելու, գիրքին 50 եւ 51 էջերուն մէջ բառացիօրէն հետեւեալը կը գրէ. «Թուրանականութիւնը մեզի համար սրբազնագոյն նպատակ է: Թուրանականութիւնը վեհ գաղափար մըն է, քանի որ ազնուական նպատակ մըն է… երէկ հերթը Հաթայինն էր` Իսկենտերունի սանճաքինը, այսօր Կիպրոսինն է, իսկ վաղը հերթը պիտի գայ Արեւմտեան Թրակիոյ եւ Քերքուքի, եւ հետեւեալ օրն ալ` Ազրպէյճանի եւ հուսկ ուրեմն` աւելի անդին: Այս է հաստատ ճշմարտութիւնը: Եւ ոչ ոք թող իր գլուխը պահէ աւազին մէջ»:

Իսկ Թուրքիոյ եւ թուրքերու պատմաշինծու ըլլալու իրողութիւնը Աթսըզը այսպէս երեւան կը հանէ ու կը խոստովանի. «Մեր ամէն բանին նման` տակաւին յստակ չեն մեր պատմութեան ուրկէ սկսիլը, ինչ փուլերէ անցնիլը, ովքե՞ր թուրք են իսկապէս եւ այլն»:

Հիւսէյն Աթսըզը «իտէալիզմ»-ը  աւելի դրսեւորելու եւ անոր համակիրներուն թիւը բազմացնելու համար մահը վերլուծած է հետեւեալ ձեւով.  «Իտէալիզմ»-ի ճամբուն վրայ մեռնողները, երբ վերջնական խաւարի մէջ կը կորսուին, ուղեղներու մէջ, ճրագի մը պէս լուսաւորելը լաւ է: Սակայն աւելի լաւ է ուղեղներէն եւ հոգիներէն ալ հեռու գտնուելով` խաւարին հետ մէկ ըլլալ:

«Ապրիլը` կարճ ժամանակ մը ապրիլ է միայն: Իսկ մահը` մինչեւ տիեզերքի յաւիտենականութիւնը: Յիշողութիւններու եւ հոգիներու մէջ դարերով ապրում կամ ալ յիշողութիւններէն եւ հոգիներէն ջնջուելէն ետք յաւիտենականութեան մէջ, մինչեւ վերջը ապրիլը կը շարունակէ»:

Իսկ այլ յօդուածով մըն ալ ապրելու, զոհողութեան եւ նահատակութեան մասին ընդգծումներ ընելով` լայն բացատրութիւն տուած է, եւ հոն հետեւեալը կ՛ըսէ. «Ապրելու իրաւունքէն հրաժարիլը ի՜նչ լաւ բան է, առանց յիշուելու, հոգիներէն ջնջուիլը, մոռցուած ապրիլը ատկէ լաւ է: Ամէն զոհողութիւն սքանչելի է, սակայն ստեղծագործութեան ստորագրութիւն դնելը, իտէալիզմի ճամբուն, անուն չթողած ջնջուիլը ամէն ինչէ սքանչելի է»:

Աթսըզի գաղափարախօսութիւններէն է նաեւ. «Ազգային զգացումները արթուն եղած տեղը օտար բջիջներու փողը չի նուագուիր: Իտէալները արեամբ, զոհողութեամբ, սխրագործութեամբ կը սնանին: Մեր մեռած ընթացքը, մեր աչքերուն փայլած վերջին լոյսը ազգային ժառանգի երազը պիտի ըլլայ»:

Կծու ու սուր ոճ ունեցող, մոլեռանդ ազգայնամոլ Աթսըզը իր ցեղապաշտութեամբ յատկանշուող վերաբերմունքներուն ու գրականութեան ճամբով տարածած քաղաքական գաղափարներուն մասին առիթով մը ըսած է` «Ըրինք, բայց նորէն կ՛ընենք»:

Հետագային անոր գաղափարներու հիման վրայ ծնունդ առած են ազգայնական կուսակցութիւններ, ինչպէս` Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (MHP), «Պէօյիւք պիրլիք փարթիսի»-ն (Մեծ միասնութիւն կուսակցութիւն, Պէ. Փէ. Փէ.) եւ այլն:

Մէ. Հէ. Փէ. կուսակցութեան հիմնադիր Ալփարսլան Թիւրքեշ Աթսըզի գործակից եւ հետեւորդ եղած է: Մէ. Հէ. Փէ. կուսակցութեան հովանաւորութեամբ կը գործէ երիտասարդական «Պոզ քուրթ» («Գորշ գայլ») կազմակերպութիւնը, որ հետագային անուանափոխուեցաւ «Իւլքիւ օճաքլարը»-ի: Այս բոլորը Մէ. Հէ. Փէ. կուսակցութեան պատկանող «Իւլքիւ օճաք»-ները եւ անոնց հազարաւոր «իւլքիւճիւ»-ները Աթսըզի գաղափարախօսութեան ծնունդն են:

Միւս կողմէ` Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնէն անջատուած Մուհսին Եազըճըօղլուի (1954-2009) ղեկավարութեամբ ծնունդ առած «Պէօյիւք պիրլիք փարթիսի»-ն ալ նոյն Աթսըզի գաղափարախօսութիւններով տոգորուած է, բնականաբար նաեւ կը դաւանի համաթրքական գաղափարախօսութիւն, իսկ անոր երիտասարդական թեւը աշխուժ ձեւով կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ:

Այսպիսով, Թուրքիոյ մէջ ազգայնամոլութիւնը աճ արձանագրած է թէ՛ հասարակական եւ թէ՛ իշխանութիւններու մակարդակին վրայ:

Աթսըզին անունը յաւերժացնելու համար կարգ մը «Իւլքիւ օճաք»-ներ, փողոցներ եւ այլ ազգայնամոլ կեդրոններ, կառոյցներ ու հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ համացանցի վրայ կայքէջեր եւ Դիմատետրի վրայ շատ մը էջեր անոր անունը կը կրեն:

Նիհալ Աթսըզի դատավարութիւնը եւ այդ պատճառով տեղի ունեցած ցոյցը պատճառ դարձան, որ 3 մայիս 1945 թուականէն սկսեալ մինչեւ այսօր Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ թուրք ցեղապաշտներու կողմէ «Թրքութեան օր»  յիշատակուի, եւ զանազան ձեռնարկներ կազմակերպուին:

Թրքութեան գաղափարախօս Աթսըզ «Թրքութեան օր»-ուան առիթով 1974 թուականին «Էօթիւքեն» պարբերաթերթի 5-րդ թիւին մէջ հետեւեալը գրած է. «Մայիսի 3-ը տօն չէ, ազգային գիտակցութեան ապստամբութիւնն է»:

Վերջապէս, թրքութեան գաղափարախօս Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը Թրքական Հանրապետութեան մէջ եղաւ թրքութեան առաջին գաղափարախօսը: Աթսըզ եղաւ այն ազգայնամոլ անձը, որ համաթրքութեան գաղափարները ամէնէն ազդու օրինակներով տարածեց եւ անոր համար ալ դատապարտուեցաւ ու բանտարկուեցաւ նոյն ինքն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:

Անոր կտակած գրականութիւնը եւ գիրքերը կը մնան համաթրքութեան ժառանգութիւն: Ժողովուրդին մէջ հրահրեց ազգայնական զգացումներ եւ խեղաթիւրուած տեղեկութիւններով, իր սրամիտ յատուկ ոճով վերակենդանացուց եւ ներկայացուց թուրանական ժողովուրդները` սելճուք-թուրքերը, մոնկոլները, օսմանցի թուրքերը, թիւրքմենները անոր գրական գործերով կեանք առին Աթթիլաները, Ալփարսլանները, Տուղրիլները, Լենկ Թիմուրները, Օղուզ Խաներն ու Ճենկիզ Խաները, որոնք պատմութեան ընթացքին պատուհաս դարձան համայն աշխարհին: Այդ բարբարոսներուն արշաւած տարածաշրջանի ժողովուրդները, առաջին հերթին` յատկապէս հայ ազգը, մարդկային, հողային եւ մշակութային բնաջնջումով, կորուստով ու կոտորածով մեծ վնաս կրեցին:

Հիւսէյն Աթսըզի գրութիւններուն մէջ ցայտուն կերպով հրապարակուած են ցեղային եւ կրօնական խումբերու դէմ ատելութեան դրսեւորում պարունակող գրութիւններ, յօդուածներ, որոնց մէջ առկայ եղած են ընդհանուր առմամբ ցեղապաշտական ու ազգայնական բնոյթի արտայայտութիւններ:

Աթսըզը դէմ եղած է Մուսթաֆա Քեմալի որդեգրած քաղաքականութեան, յատկապէս երբ այս վերջինը Թրքական լեզուաբանական ընկերութեան քարտուղար նշանակած էր հռչակաւոր լեզուաբան, բանասէր եւ ուսուցիչ Յակոբ Մարթայեանը (22 մայիս 1895, Կ.Պոլիս – 12 սեպտեմբեր 1979, Կ. Պոլիս)` ծանօթ «Տիլաչար»-ը (թրքերէնի մէջ Տիլաչար կը նշանակէ լեզու բացող): Աթսըզի թեզը այն էր, որ Թրքական լեզուաբանական ընկերութեան քարտուղար մը պէտք չէ հայ ըլլայ, այլ միայն` թուրք:

Աթսըզը իր ցեղապաշտ գաղափարներով տասնեակ հազարաւոր սերունդներ սնուցանեց ու տակաւին կը սնուցանէ, անոնք պատուհաս կը դառնան Թուրքիոյ տարածքին, յատկապէս` ոչ թուրք ժողովուրդներուն համար:

Ընդհանուր առմամբ, ան ատելութեան դրսեւորումներ ցուցաբերած է ոչ թուրք ազգերու նկատմամբ. զանազան յօդուածներու կամ բանաստեղծութիւններու բացասական շեշտադրումով անդրադարձ կատարած է, յատկապէս հայերը թիրախ դարձած են բազմաթիւ հրապարակումներու մէջ, եւ ատելութեամբ խօսած է անոնց մասին: Անոր գրականութիւնը թարգմանուած է շատ մը լեզուներու, յատկապէս` թրքացեղ ճիւղին պատկանող լեզուներուն:

Այսպէս, տասնամեակներ Աթսըզի «Պոզ քուրթ»-երը (Գորշ գայլ), անոր ցուցմունքներուն հետեւելով, շարունակ գործեցին երբեմն ինքնագլուխ, իսկ երբեմն ալ` թրքական իշխանութիւններու, բանակին ու կազմակերպուած ոճիրի հեղինակութիւններուն հետ, յագուրդ տալու համար իրենց ազգայնամոլական մոլուցքին, միաժամանակ իրականացնելու համար պետական պատուէրներ «ներքին եւ արտաքին ընդդիմադիրներ»-ու չէզոքացում, յատկապէս հայերը եւ քիւրտերը ճնշելով եւ այլն:

Այսպէս, Աթսըզը թրքութեան ցեղապաշտական մոլուցքով գրգռեց իր վոհմակներու շարքայինները` ատելութիւն սերմանելով ոչ թուրք ժողովուրդներու նկատմամբ:

(Շար. 2 եւ վերջ)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>