Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ս. Ծնունդին Առիթով Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Շնորհաւորեց Հայ Համայնքը
Շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ այցելեց Դամասկոսի հայոց առաջնորդարան եւ հանդիպում ունենալով Դամասկոսի հայոց առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հետ, շնորհաւորեց հայ համայնքը` Ս. Ծնունդին առիթով:
Սապպաղ դիտել տուաւ, որ հայութիւնը Սուրիոյ ընկերային հիւսուածքին անբաժան մէկ մասնիկն է եւ կարեւոր ներդրում ունի սուրիական կեանքի զանազան ոլորտներու զարգացման մէջ: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ ժողովուրդը մէկ է ու միասնական իր բոլոր բաղադրիչներով եւ կ՛ապրի խաղաղ գոյակցութեան սկզբունքով, երկրի նախագահ` տոքթ. Պաշշար Ասատի հովանիին ներքեւ:
Իր կարգին Արմաշ սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց Համմուտէ Սապպաղին` շեշտելով, որ Սուրիան կրօնքներու եւ քաղաքակրթութիւններու համերաշխ գոյակցութեան երկիրն է:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան:
Սուրիոյ նախագահին յանձնարարութեամբ հայ համայնքը շնորհաւորելու եկած էր նաեւ նախագահական գործերու նախարար Մանսուր Ազզամ:
Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Սուրիոյ Վարչապետ Իմատ Խամիս Շնորհաւորեց Հայ Առաքելական Եւ Աւետարանական Համայնքը
Կիրակի, 7 յունուար 2018-ին Սուրիոյ վարչապետ երկրչփ. Իմատ Խամիս, պետական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ հայ առաքելական եւ աւետարանական համայնքին: Ան այցելեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին եւ Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին ու պետութեան անունով շնորհաւորեց հայութիւնը` Ամանորին եւ Ս. Ծնունդին առիթով:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:
Հանդիպման հայկական կողմէն ներկայ էին Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ եւ պետական երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան, Ազգային Կրօնական ժողովի, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ:
Վարչապետ Խամիս բարձրօրէն գնահատեց հայ համայնքին կարեւոր դերը երկրի զարգացման ու վերականգնումին մէջ` շեշտելով, որ Սուրիան քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու բնօրրանը եղած է պատմութեան ընթացքին ու պիտի պահէ իր գունեղ դիմագիծը:
Իր կարգին, Շահան արք. Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահին ու վարչապետին զօրակցական այս այցելութեան համար` դիտել տալով, որ հայ համայնքը հաւատարմութեամբ ծառայեց ու պիտի ծառայէ սուրիական հայրենիքի բարգաւաճման, վերականգնումին, որովհետեւ անմասն մէկ բաժինն է այս երկրի ընկերային հիւսուածքին:
Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանին հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեւցոյ «Փոլատեան» սրահին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին վեր. Յարութիւն Սելիմեան բարձր գնահատեց վարչապետ Իմատ Խամիսի այցելութիւնը եւ դիտել տուաւ, թէ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքը ինչպէս անցեալին, նաեւ պատերազմի տարիներուն, ի հեճուկս իր դիմագրաւած բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն եւ տագնապալի իրավիճակին, մնաց կանգուն եւ կառչած սուրիական հայրենիքին, ինչպէս նաեւ եկեղեցական թէ ազգային կառոյցներով ու կազմակերպութիւններով միշտ գործեց եւ կը շարունակէ գործել անկողմնակալ կեցուածքով, առաջնորդուած մեր ժողովուրդի նկարագիրին յատուկ սկզբունքներով` դրական ներկայութեամբ:
Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ ազգային երկխօսութեան արդիւնքը կ՛ըլլայ երկրի մը ապագայ ուղղութիւնը նախապատրաստող, առաւել «բազմակարծիք եւ ժողովրդավարական» պետութեան կառուցման միջոցով: Իբրեւ իսլամ-քրիստոնեայ ազգեր` մեր կենցաղի, լեզուական եւ մշակոյթի տարբերութիւններով հանդերձ, իրար քով համախմբուելու եւ մէկտեղելու ուժականութիւնը ունինք, ի գործ դնելու ամէն կարելիութիւն երկրիս խաղաղութեան համար:
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Հալէպի Մէջ
Շաբաթ, 6 յունուար 2018-ի առաւօտուն, Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը յիշատակուեցաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջՍ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:
Պատարագէն ետք, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, հոծ հաւատացեալներու կողքին, սրբազան հօր եւ Ազգային իշխանութեան շնորհաւորելու եկած էին նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան:
Կիրակի, 7 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մեռելոցի օրուան առիթով, Հալէպի ազատագրումէն վերջ առաջին անգամ ըլլալով Ազգային գերեզմանատան Ս. մատրան մէջ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ:
Ապա տեղի ունեցաւ ննջեցեալներու շիրիմներուն այցելութիւն եւ մոմավառութիւն:
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ
Շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ աստուածայայտնութեան տօնին առիթով:
Յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ օրուան խորհուրդը տուաւ Ճեզիրէի Հայոց առաջնորդական փոխանորդ Ռուբէն աբղյ.Նալպանտեան:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք, ապա ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը թափօր կազմած ուղղուեցաւ դէպի ազգային առաջնորդարանի դահլիճ, ուր հայր սուրբը շնորհաւորութիւններ ընդունեց:
Միացեալ Նահանգներ
Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Ջրօրհնէք «Արարատ Տան» Մէջ
29 դեկտեմբերին, հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած արարողութիւններ տեղի ունեցան «Արարատ տան» Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ:
Առաջնորդ rրբազանը հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինի սրահին մէջ կատարեց տնօրհնէքի ու ջրօրհնէքի արարողութիւն: Ան շնորհաւորեց հաստատութեան տնօրէնութիւնը, անձնակազմն ու բնակիչները, ամենայն բարիք մաղթեց բոլորին եւ հրաւիրեց Կոմիտաս արք. Օհանեանը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը: Կոմիտաս Արք. Օհանեան իր կարգին շնորհաւորեց «Արարատ տան» բնակիչները եւ առողջ ու երկար կեանք մաղթեց բոլորին: Հաստատութեան գործադիր տնօրէն Տէրիք Ղուկասեան եւ հիւանդանոցի բաժինի վարիչ Մարկարիթա Քէշիշեան յաջորդաբար արտասանեցին շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսքեր` հաստատութեան հանդէպ Ազգային առաջնորդարանի հոգածու վերաբերմունքին ու հոգեւոր մատակարարութեան համար, ու այս առիթով, նուէր մը յանձնեցին առաջնորդ սրբազանին: Նոր տարուան առթիւ հաստատութեան պատասխանատուներուն ու բնակիչներուն տրամադրութեան տակ դրուեցան Ազգային առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութիւններէն օրինակներ:
Այնուհետեւ հաստատութեան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագիչն էր Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, որ իր քարոզին ճամբով հրաւիրեց ներկաները Մանուկ Յիսուսը հռչակելու իրենց կեանքի ուղին ու ճշմարտութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ Աստուածորդին իբրեւ նուէր տրուած է մարդկութեան, եւ մաղթեց, որ այս տօնին խորհուրդը լիցքաւորէ բոլորին կեանքերը:
Պատարագի աւարտին Կոմիտաս արք. Օհանեան կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, ապա ներկաները ստացան Ս. հաղորդութիւն: Երգուեցան Ս. Ծննդեան նուիրուած շարականներ եւ հոգեւոր երգեր: Բոլոր այն տարեցները, որոնք ի վիճակի չէին մասնակցելու սրբազան արարողութեան, քահանայ հայրերու մխիթարական այցելութիւնը վայելեցին եւ իրենց սենեակներուն մէջ ստացան Ս. հաղորդութիւնը:
Կէսօրին, ներկայ հոգեւորականները, «Արարատ տան» պատասխանատուները եւ բնակիչները բոլորուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ` հիւրընկալութեամբ հաստատութեան տնօրէնութեան: Այս առիթով առաջնորդ սրբազանին անունով խօսք արտասանեց առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, որ կանաչ եւ անփորձանք տարի մը մաղթեց ներկաներուն:
«Վահէ Օշական` Միջնարար» Ժապաւէնի Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, համագործակցութեամբ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»-ի «Նարեկացի» ամպիոնին, վերջերս Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ ներկայացուեցաւ բեմադրիչ Հրայր Անմահունիի մօտաւորապէս քսան տարիներու վրայ երկարող աշխատանքը` «Վահէ Օշական` միջնարար» վաւերագրական շարժապատկերը:
Բացման խօսքը կատարեց Շրջանային վարչութեան անդամ Վիլմա Սարգիսեան-Գույումճեան, որ ընդգծեց կարեւորութիւնը այս եւ նման ձեռնարկներու եւ փոխանցեց, թէ Համազգայինը միշտ հետամուտ եղած է նման ձեռնարկներ իրականացնելու ու զանոնք հանրութեան ներկայացնելու:
«Եու.Սի. Էլ.Էյ.»-ի «Նարեկացի» ամպիոնի վարիչ դոկտ. Փիթըր Քաուի ներկայացուց Հրայր Անմահունիի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ան յայտնեց, թէ իբրեւ դասախօս Անմահունի հրաւիրուած է զանազան շրջաններ եւ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան ցարդ անլոյծ մնացած հարցերու վերաբերեալ կազմակերպուած յատուկ ծրագիրներուն: Հիմնադիրն է Սան Ֆրանսիսքոյի «Հայկական ֆիլմարուեստի փառատօն»-ին: 1986-էն ի վեր ստեղծագործած է վաւերագրական եւ արուեստին նուիրուած ժապաւէններ: Քաուի շեշտեց, որ Անմահունիի արուեստը ճանաչողական մեծ արժէք ունի:
Այնուհետեւ մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկաները դիտեցին «Վահէ Օշական` միջնարար» ժապաւէնը: Իրենց տեսակէտները արտայայտելու համար ներկայ էին Գրիգոր Պըլտեան, Մարկ Նշանեան եւ Գրիգոր Շահինեան, նաեւ Վահէ Օշական, որ կը կարդար իր գրութիւններէն, բանաստեղծութիւններէն պատառիկներ, իսկ երեքը իրենց վերլուծումները կը կատարէին:
Ժապաւէնի աւարտին Յակոբ Կիւլլիւճեան ընդգծեց, թէ Օշական մարդն ու գրականութիւնը իւրօրինակ են, բայց անհասկնալի չեն` աւելցնելով, որ անոր մշակած գրականութիւնը, անոր հանդէպ իր մօտեցումը եւ իմաստասիրութիւնը, այսօ՛ր, անկաշկանդ մտածող երիտասարդութեան սիրտին աւելի մօտ են:
Ապա սկսաւ «լուսաբանական ասուլիս»-ը ղեկավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ Փիթըր Քաուիին, Յակոբ Կիւլլիւճեանին եւ Հրայր Անմահունիին, որոնց «սքայփ»-ով միացաւ նաեւ Թալին Ոսկերիչեան, որ խօսեցաւ թարգմանական աշխատանքին ընթացքին իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Բեմադրիչ Հրայր Անմահունի նկատել տուաւ, որ Օշականի գրականութիւնը անժամանցելի է եւ այդ պատճառով, որքան ալ երկար ժամանակ խլած է ժապաւէնի պատրաստութիւնը, սակայն անոր յաջող աւարտը գոհունակութեամբ պարուրած է սիրտը: Ան ըսաւ, որ սոյն աշխատանքը իր տեսակին մէջ առաջինն է` աւելցնելով, որ հաւանաբար շարունակուին հայ մշակոյթի մեծերուն նուիրուած ժապաւէնները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին, որ խթան հանդիսացած էր ժապաւէնի յաջողութեան եւ «Կիւլպենկեան» հիմնարկին հետ հաւասարապէս ստանձնած էր անոր նիւթական հովանաւորութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Արա Օշական, որ վեր առաւ Հրայր Անմահունիի բծախնդիր աշխատանքը, որուն ընդմէջէն կ՛արտացոլար իր հօր հարազատ կերպարն ու մտածումները: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլորին սոյն առիթը ընծայելուն համար:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի ու տեսերիզի վաճառք:
Ս. Ստեփանոսի Տօնին Առիթով Սարկաւագաց Համագումար Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու կազմակերպութեամբ Կրօնական ժողովին` Ս. Ստեփանոս Նախավկայի եւ նախասարկաւագի տօնին առիթով, 23 դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագաց միօրեայ համագումար:
Հաւաքը սկիզբ առաւ ժամերգութեամբ, որուն աւարտին, Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան արտասանեց բացման խօսքը եւ մաղթեց շինիչ համագումար մը:
Առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Կրօնական ժողովի անդամ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, նիւթ ունենալով «Սարկաւագը` սպասաւոր»-ը: Ան անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին սարկաւագներու ծառայական գործունէութիւններուն եւ արձանագրեց նկատողութիւններ, թէ ներկայիս սարկաւագները ինչպէս պէտք է շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` խոնարհութեամբ եւ համեստութեամբ:
Երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, նիւթ ունենալով` «Սարկաւագը եւ խորանը»: Ան խօսեցաւ սրբազան արարողութիւններու եւ յատկապէս Ս. պատարագի ընթացքին սարկաւագի դերին կարեւորութեան մասին: Ան նաեւ փոխանցեց խորանի երգեցողութիւնը միաձայն կատարելու գործնական ուսուցումներ:
Այնուհետեւ, փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ սրբազան հայրը: Ան, առաջին հերթին գնահատեց եկեղեցիներուն ծառայող բոլոր սարկաւագները եւ յորդորեց, որ անոնք լեցուին Ս. Ստեփանոս Նախավկայի առաքինութիւններով, խոնարհութեամբ ու նուիրումով կատարեն իրենց առաքելութիւնը:
Համագումարը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ»-ով եւ «Կիլիկիա»-ի երգեցողութեամբ: Մասնակիցները իբրեւ նուէր ստացան Ազգային առաջնորդարանի նոր հրատարակութիւններէն` «Արարողութիւն Սրբոյ պատարագի» եւ «Աստուծոյ խօսքը» գրքոյկները:
Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 75-ամեակի Տօնակատարութիւն
17 դեկտեմբերին նշուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 75-ամեակը` հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:
Սրբազանը ողջունեց Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները եւ անոնց նուիրեց առաջնորդարանին նոր հրատարակած աղօթագիրքերէն: Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ դպրոցի վերակացու եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի ատենապետ Կէյլ Չելեպեանը` իր նուիրեալ եւ անսակարկ ծառայութեան համար:
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեակը, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երկար տարիներու բեղուն աշխատանք:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բազմամեայ անդամներ եւ առաջնորդարանի բարերարներ Ռոպերթ եւ Արփի Պարսամեան ամոլին ամուսնութեան 50-ամեակին առիթով առաջնորդը իր շնորհաւորութիւնները եւ գնահատանքը յայտնեց անոնց, թէ՛ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, եւ թէ՛ առաջնորդարանին իրենց տրամադրած երկարամեայ նուիրեալ ծառայութեան համար:
Պատարագին յաջորդեց հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն ընթացքին առաջնորդ հօր կողմէ «Հայ Ոգի» պատուոյ շքանշանին արժանացան Լինտա Գալայճեանն ու Մարինա Պարսումեանը:
Յունաստան
Պաշտօնական Այցելութիւն Աթէնքի Քաղաքապետին
18 դեկտեմբերին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան պաշտօնական առաջին այցելութիւնը տուաւ Աթէնքի քաղաքապետ փրոֆ. Եորղոս Գամինիսին: Առաջնորդին կ՛ընկերանային Ազգային վարչութեան անդամներ Պօղոս Չոլաքեան, Պետրոս Կիւրիւնլեան եւ Արաքսի Աբէլեան:
Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին ընդունելութեան համար, որ առաջին հանդիպումն է Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելէն ետք, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Աթէնքի քաղաքապետի անոր պաշտօնը, որ Յունաստանի համար բաւական մեծ պատասխանատուութիւն ենթադրող պետական պաշտօններէն մէկն է:
Քաղաքապետը իր կարգին շնորհաւորեց սրբազան հօր Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց` յատուկ կերպով նշելով Յունաստանի հայ համայնքին գործունէութիւնն ու կարեւորութիւնը: Ան յիշատակեց Աթէնքի հայոց մայր եկեղեցին եւ անոր հայկական ճարտարապետական իւրայատուկ ոճին գեղեցկութիւնը:
Սրբազան հայրը եւ Ազգային վարչութեան անդամները քաղաքապետին ուշադրութեան յանձնեցին հետեւեալ փափաքները. Աթէնքի մայր եկեղեցւոյ ճամբուն եւ շրջապատի բարեզարդումը եւ լուսաւորումը, Աթէնքի «Վասիլէոս Ղէորղիու» պողոտային վրայ զետեղուած հայկական խաչքարի լուսաւորումը` նկատի ունենալով, որ ներկայիս դադրած էր լուսաւորուած ըլլալէ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետին վերյիշեցուցին
Աթէնք-Երեւան մայրաքաղաքներու եղբայրացման գծով տրուած նախկին քաղաքապետներու որոշումներուն իրականացումը: Առաջնորդ
սրբազանը անդրանիկ այցելութեան առթիւ իր եւ Ազգային վարչութեան անունով քաղաքապետին յանձնեց յարգանքի յուշատախտակ մը: Քաղաքապետը իր կարգին սրբազան հօր յանձնեց գիրք մը` Պէնաքի թանգարանէն: