Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Աշակերտներու Կատարմամբ` Ամանորեան Գեղարուեստական Երեկոյ

$
0
0

Երեքշաբթի, 26 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտութեան` տօնական երանգներով մատուցած եւ Նոր տարուան գալուստը աւետող երգի ու պարի  գեղարուեստական յայտագիրը:

Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանէն Գարինա Աշգարեանը, որ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց բեմին վրայ մատուցուելիք աշակերտական գեղարուեստական յայտագիրին վրայ եւ ըսաւ. «Առաջնորդուելով տօնական մեր սովորութիւններէն` մեր աղօթքը բարձրացնենք, որ ապրինք առողջ, բերքառատ  ու դառնանք շնորհալի սերունդ, որ ժառանգորդ է Մուսա Լերան հերոս ժողովուրդին եւ պիտի շարունակէ ստեղծագործել ու պայքարիլ»:

Օրուան հաղորդավարներ Լարա Գարակէօզեանը եւ Պարոյր Սթամպուլեանը մերթ ընդ մերթ ելոյթներով յատուկ փայլք տուին գեղարուեստական մատուցումին` ներկաներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած պահելով բեմին վրայ:

 

Յայտագիրը ընթացք առաւ նախակրթարանի Դ.-Զ. դասարաններու երգչախումբի ամանորեան երգերով` խմբավարութեամբ վարժարանի երգի դասատու Նայիրի Հապէշեանի. աշակերտները ներկայացուցին «Ամանորի զնգուն զանգեր» եւ «Այ էմ տի ըրթ» երգերը: Ապա Ա.-Գ. դասարաններու երգչախումբը ներկայացուց «Դահոյկներ», «Սուրբ Ծնունդ» եւ «Հիւսիս-արեւելք» երգերը: Այնուհետեւ Թ.-ԺԱ. դասարաններու պարախումբը (պարուսոյց` Ժիրայր Քեչեճեան) հանդէս եկաւ «Ամոր ա լա մեքսիքանա» պարով:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Դ.-Զ. դասարաններու երգչախումբի երկրորդ կատարումով ներկայացնելով երեք երգ` «Երգի հետքերով», «Տօնիր», «Ժպտա՛»:

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Ա.-Բ., Է.-Ը., Գ.-Դ. եւ Ե.-Զ. դասարաններու պարախումբերու յաջորդաբար ներկայացուցած «Ճէյրանի պէս», «Վարդի գովքը» եւ հայկական ժողովրդական պարեր:

Աւարտին, Վարուժան արք. Հերկելեան օրուան հանդիսութիւնը որակեց իբրեւ «տպաւորիչ հանդէս», նաեւ իր բարեմաղթութիւններուն մէջ հանդիսականներուն տուաւ պատգամը` համախումբ մնալու, ինչպէս նաեւ` խաղաղ, խօսուն ու զուլալ պարուրուած տարի մը դիմաւորելու: Ան շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով, որ` «Մեր կեանքի ընթացքը մենք վերանորոգենք եւ դառնանք օրինակելի ժողովուրդ` մեր մարդասիրութեամբ եւ  արժանաւոր ժառանգորդներ»:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեամբ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>