Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Շնասէրներ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Այս օրերուն, այլ երկիրներու օրինակով, կը նկատենք, որ կան նաեւ հայեր, որոնք կ՛ընդառաջեն Աւետարանի սիրոյ պատգամի նշանաբանին: Գիտենք նաեւ, որ կան սէրը յիշեցնող շատ մը իմաստներ, օրինակ` աշխատասէր, ազգասէր, գթասէր, այլասէր, միմեանց սիրել, իսկ եկեղեցական Ս. պատարագի ընթացքին «Տէ՛ր, ողորմեա՛» շարականով կ՛աղերսենք Աստուծոյ, որ հայ ազգին տայ սէր, միութիւն:

Հասկնալի է, որ շատ են սիրոյ տեսակները, բայց վերջերս գիտցանք, որ մեր ժողովուրդը, անշուշտ` ոչ բոլորը, կը սիրէ կատուն, շունը եւ այլ կարգ մը ընտանի անասուններ եւ այնքան կը գուրգուրան անոնց վրայ, որ կրնայ մանուկի մը նախանձը գրգռել: Անասուններուն մարդկային ծնողէ մը աւելի հոգ կը տանին. շան մը ուտելիքի, բժիշկի, մաքրութեան, նոյնիսկ երբեմն գործողութեան ծախսերը կը հասնին այնպիսի գումարներու, որոնցմով կրնան սաներ որդեգրել հայկական դպրոցներու մէջ:

Նկատած ենք երբեմն, որ երիտասարդ պարմանուհի մը այնքան սեղմ գրկած կ՛ըլլայ իր սիրած շունը, որ յաճախ մայրեր չեն գիտեր այդպէս շիտակ եւ ուժգին գրկել իրենց քանի մը ամսական երեխան, որուն ամէն մէկ կակուղ անդամը կ՛երերայ հոս-հոն, երբեմն առանց գլխանոցի, նոյնիսկ` սաստիկ ցուրտին կամ տաքին:

Ինչ կը վերաբերի փողոցներուն մէջ շուներու պտոյտին, այնքան շատցան անոնց երթեւեկները, որ երբեմն առաւօտուն մայթերը անոնց աղտոտութիւններով զարդարուած կը տեսնենք, եւ օր ցերեկով ալ զանոնք պտտցուցած ատեն անոնց տէրերը ազատութիւն կու տան իրենց պէտքերը կատարելու ուզած տեղերնին:

Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել գամփռի նման այն խոշոր շուներուն, որոնք յանկարծ դիմացդ կ՛ելլեն մայթերու մէկ անկիւնէն` իրենց հսկայ մարմնով, հակառակ անոր որ կապը տիրոջ ձեռքը կ՛ըլլայ, բայց անոնք անպայման վախ կ՛ազդեն փոքրիկի մը, սիրտը տկար անձի մը կամ յղի կնոջ մը. երբեմն ալ արու եւ էգ շուներ հեռուէն զիրար տեսնելով` ահռելի հաջոցներ կ՛արձակեն:

Չմոռնանք նաեւ, որ ամիսներ առաջ լիբանանեան արուարձաններէն մէկուն մէջ տարիներու երկու դրացիներ շուներու հաջոցին պատճառով եւ իրենցմէ մէկուն ջղայնութեան պահուն զէնքով զիրար զարկին եւ սպաննուեցան այրն ու կինը, իրենց երիտասարդ զաւակը եւ նաեւ այլ դրացի մը` միջամտելու ատեն, ու տակաւին ուրիշ ի՜նչ հարցեր կը ծագին մարդոց միջեւ այլ տեղերու մէջ: Ա՛լ չենք խօսիր շուներու ներկայութիւնը տուներու մէջ, ուր մանուկներ կան, եւ առողջապահական հարցեր կրնան ծագիլ:

Չենք գիտեր, թէ վերջերս ինչո՛ւ անասուններու սէրը այսքան մեծցած է մարդոց մէջ, արդեօք մարդիկ սկսած են զիրար ատե՞լ եւ իրենց բարեկամութիւնը կը փնտռեն շունի մը, կատուի մը կամ այլ անասունի մը ներկայութեան մէջ: Նոյնիսկ լսուած է, որ անոնց տարեդարձը կը տօնեն, ոսկի կ՛անցընեն, ժառանգ կը ձգեն եւ այլն: Այլ հարց, որ կան նաեւ ոստիկան շուներ, որոնք կը մարզուին պետական հետախուզական մարմիններուն կողմէ, նաեւ` որսի շուներ, որոնք ընդհանրապէս միայն մասնաւոր կերպով կ՛ընկերակցին իրենց տէրերուն, իսկ անասուններու պաշտպան ընկերութիւնները ի՞նչ նպատակներով կը գործեն, պէտք է իրենց հարցնել:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>